Image may be NSFW.
Clik here to view.
ԿՈՉՆԱԿ
Սուրիական պատերազմի ծանր պայմաններուն բերումով, սուրիահայութեան, մանաւանդ հալէպահայութեան, գաղթի երեւոյթը տարերային բնոյթ ստացաւ, իսկ վերջին շրջանին Քանատա գաղթը այնպէս մը ընկալուեցաւ, որ կարծէք այս էր փնտռուած յարմարագոյն ելքը:
Իրականութեան մէջ գոյութիւն ունէին այս ընկալումին տուն տուող զանազան պատճառներ, որոնք անհրաժեշտ է հրապարակային սրտբաց քննարկման ենթարկել` գէթ ղեկավար մարմիններէն առաւել ծրագրուած ռազմավարութեան մը որդեգրումին ակնկալութեամբ:
Ա) Սուրիահայութեան տագնապի սկզբնական հանգրուանին իսկ մեր ժողովուրդը արդարօրէն կ՛ակնկալէր, որ գաղութի ղեկավարութիւնը բա՛ն մը ընէ, նուազագոյնը բա՛ն մը ըսէ, ուղղութիւն մը ցոյց տայ, անելէն դուրս գալու միջոց մը մատնանշէ, յո՛յս ներշնչէ: Գաղութի ղեկավար կողմերը, սակայն, յստակ ուղղութիւններ չտուին, «գաղութը պիտի պահենք, մի՛ գաղթէք» չըսին, կամ գաղթը կանխարգիլող գործնական միջոցներու չդիմեցին, ինչպէս օրինակ` աշխատանքի զանազան հնարաւորութիւններու ստեղծում, անապահով գօտիներու մէջ ապրողներուն համար այլընտրանքներու որոնում եւ այլն: Իսկ անոնք, որոնք ըսին, որ սուրիահայ գաղութը ամէն գնով պիտի պահենք ու զօրավիգ կանգնինք անոր, լոզունգի սահմաններէն դուրս չելան ու սահմանափակուեցան նիւթական օժանդակութիւններու յատկացումով կամ ազգային-միութենական կեանքի պահպանումով:
Բ) Անցնող 34 տարիներուն մամուլի եւ ժողովրդային հաւաքներու ընթացքին շարունակ խօսուեցաւ Հայաստան ներգաղթի մասին, սակայն մեր ժողովուրդի զաւակները երբեմն նախընտրեցին արեւմտեան երկիրները` յանձն առնելով այնտեղ տիրող դժուարութիւններուն կուրծք տալը, սակայն, կայուն կեանք մը ապահովելու տարբերակը. փոխարէնը` հայրենիքի մէջ ապրելու, տոկալու եւ հայեցի սերունդներու պահպանման ի խնդիր արմատ նետելու գիտակցութիւնը տեղի տուաւ:
Բարեբախտաբար ոմանք վճռական էին հայրենիք հաստատուելու իրենց որոշումին մէջ, եւ այսօր Հայաստանի մէջ շուրջ 10-15 հազար սուրիահայեր կ՛ապրին եւ կը փորձեն համարկուիլ հայաստանեան միջավայրին: Այսուհանդերձ, դէպի Հայաստան ներգաղթը ակնկալուած տարողութիւնը չստացաւ, որովհետեւ սուրիահայութեան ներգրաւման ուղղուած Հայաստանի պետութեան քաղաքականութիւնը աւելի լոզունգային էր, քան խորքային: Սուրիահայերուն հայրենիքի մէջ հաստատելու ուղղուած հեռանկարային ծրագիրներու չգոյութիւնը, աշխատանքի սակաւ առիթներն ու սահմանափակ վարձատրութիւնը, բնակարանային դժուարութիւնները պատճառ դարձան, որ սուրիահայեր չկարենան ապահովել հայրենիքի մէջ գոյատեւելու եւ արժանապատիւ կեանք մը ապրելու իրենց կարիքները:
Ճիշդ է, որ հայրենիքի մէջ պետութեան, սփիւռքի նախարարութեան կամ զանազան կազմակերպութիւններու, միութիւններու ճամբով օժանդակութիւններ տրամադրուեցան սուրիահայութեան, բայց սուրիահայութիւնը Հայաստանի մէջ պահելու եւ ամրապնդելու երկարաժամկէտ ծրագիրներ չորդեգրուեցան` ո՛չ աշխատանքային եւ ո՛չ ալ բնակարանային հարցերու լուծման ուղղուած: Այս ծիրէն ներս խօսքը գործէն շատ աւելի մեծ ծաւալ ստացաւ, իսկ սուրիահայութեան ներգրաւման աշխատանքը այնքան թոյլ էր, որ արեւմտեան պետութեան մը փոքր մէկ որոշումը սուրիահայերուն գաղթը ուղղեց դէպի Քանատա:
Գ) Մեր ժողովուրդի զաւակները եւս ակնկալուած կապուածութեամբ ու հեռանկարով չկառչեցան հայրենիք հաստատուելու գաղափարին: Ոմանց համար հայրենի անցագիրը այլ երկիր անցնելու միջոց մը դարձաւ միայն: Խոտոր երեւոյթ էր յատկապէս Հայաստան հաստատուող կարգ մը անհատներու հոգեբանութիւնը, երբ անոնք պատրաստակամութիւն չյայտնեցին իրենց զաւակներուն եւս քաղաքացիութիւն ապահովելու, հայրենիքի մէջ զինուորական ծառայութենէն զանոնք զերծ պահելու համար` հայրենիքէն միայն օգուտ քաղելու, առանց հայրենիքին մէջ արմատ նետելով անոր ծառայելու պատրաստակամութեան:
Ուրիշներ Հայաստանի մէջ զբօսաշրջիկի մտայնութեամբ ապրեցան` մերթ շքեղ բնակարաններ վարձելով, մերթ փորձելով նոյնութեամբ շարունակել Սուրիոյ մէջ նախապատերազմեան իրենց կենցաղը, երբեմն դժուարանալով ընդելուզուիլ հայաստանեան միջավայրին մէջ, իսկ վերջաւորութեան նախընտրեցին արեւմտեան երկիրներու դժնդակ պայմաններուն ու այլասերիչ բարքերուն մէջ տոկալ` յանուն այսպէս կոչուած ԱՊԱԳԱՅԻ:
Դէպի արեւմտեան երկիրներ գաղթողներէն շատեր իրազեկ անգամ չէին գաղթի օրէնքներուն, կամ թէ` ի՛նչ են տուեալ երկրի քաղաքացիական օրէնքները, ինչպիսի՛ պարտաւորութիւններ կամ իրաւունքներ պիտի ունենան որպէս գաղթական, ի՛նչ հարցաթերթիկներ ստիպուած պիտի ըլլան ստորագրելու եւ այլն: Երբեմն պարզապէս զիրար ընդօրինակելու հիւանդագին սովորութիւնը բանեցաւ, եւ առաջին իսկ դժուարութեան դէմ ոմանք հայրենիքը լքելով` ուղղուեցան Արեւմուտք:
Այս հոգեբանութիւնը ունեցողներ իրենց զաւակներուն ապագան կը տեսնէին արեւմտեան երկիրներու մէջ: Այստեղ հարց կը յառաջանայ, թէ մենք` սուրիահայերս, ինչպէ՛ս կ՛ըմբռնենք «ապագայ» հասկացողութիւնը: Մեր զաւակները կ՛ուզենք կերտել լոկ որպէս մա՞րդ, թէ՞ որպէս Հայ Մարդ: Օտարութեան մէջ ձուլումը անխուսափելի է եւ կարճատեսութիւն է ենթադրել, որ օտար ափերու մէջ մեր սերունդներուն սպիտակ ջարդ չի սպառնար: Այսօր Ցեղասպանութենէն ճողոպրած 2-րդ եւ 3-րդ սերունդներու շառաւիղները որքանո՞վ հայերէն կը խօսին, իսկ անոնց յաջորդող սերունդները ինչպէ՞ս պիտի կարենան դէմ դնել ուծացման, մանաւանդ որ Արեւմուտքի մէջ կը զարգանայ որպէս աշխարհաքաղաքացի կայանալու իրավիճակը® երեւոյթ մը, որ մեզ` հայերս աստիճանաբար կը պարպէ ազգայնականութենէն: Փաստօրէն արեւմտեան երկիրներուն մէջ, վաղ թէ ուշ, ձուլումը անխուսափելի երեւոյթ է:
Միւս կողմէ, ստեղծուած թոհ ու բոհին մէջ վիրաւորական էր կարգ մը սուրիահայերու ազգայնական ձեւանալու երեւութական խոցելի արարքները, երբ անոնք հայրենիքէն հեռու, օտար ափեր հաստատուած առաջին իսկ օրերէն բեմերու վրայ ազգայնաշունչ ելոյթներով հանդէս կու գային` վիրաւորելով շատերու հայրենասիրական զգացումները: Աւելի՛ն. անոնցմէ ոմանք օտարութեան մէջ իրենց առած քայլին հետեւորդներ ապահովելու համար, կամ` առանձին մնալու մտավախութենէն մղուած, կը սկսէին քաջալերել Սուրիա ապրող հայերը, որ իրենց օրինակին հետեւին եւ իրե՛նք իսկ օտար միջավայրին մէջ տակաւին չկայացած, Քանատա գաղթելու քաջալերական մթնոլորտ մը կը ստեղծէին` առանց ըմբռնելու իւրաքանչիւրին ընտանեկան պարագան կամ դժուարութիւնները:
Այս բոլորին լոյսին տակ, եկէք, պահ մը խորհինք, թէ մեզ ի՛նչն էր, որ կը պակսէր սուրիահայութեան տագնապի անցնող տարիներուն ժողովուրդի տարերային գաղթը կանխարգիլելու, գաղութը պահելու կամ գաղթողները ուղղորդելու ռազմավարական ծրագիր մը սերտելու, Միջին Արեւելքի հայ գաղթօճախներու պահպանման համար միջոցներ որոնելու, համոզելու մեր ժողովուրդի զաւակները, որ պատերազմը ժամանակաւոր երեւոյթ է եւ վերջ մը պիտի ունենայ անպայման:
Դժբախտաբար չունեցանք ազգային ղեկավարութիւն մը կամ հեղինակութիւն մը, որ ուղղութիւն տար ժողովուրդին, գաղթի երեւոյթը կանխող կարգախօս մը ճշդէր: Ուստի բնական էր, որ ժողովուրդին ճակատագիրը պիտի ձգուէր անհատական որոշումներու, իսկ գաղութէն հեռանալու եղանակը պիտի ստանար տարերային բնոյթ:
Սուրիահայութիւնը փրկելու մարտահրաւէրը առկայ է: Համահայկական առումով ռազմավարական յառաջխաղացք մը արձանագրելու համար ո՛չ մասնագէտներու, ո՛չ ալ միջոցներու պակասը ունինք: Ուստի, ի մի բերելով մեր ազգի հիմնահարցերով տագնապող լաւագոյն ուժերը, Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի, հնարաւոր է ստեղծել համախոհութիւն` ազգային ռազմավարութեան մը ի խնդիր եւ ոտքի հանել համայն հայութիւնը` տէ՛ր կանգնելու սուրիահայութեան: