Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13471

Արա Սարգիսեանի Յիշատակին

$
0
0

Ara-Sarkissian_030516Բառեր չեմ գտներ զգացումներս ու սրտիս արտասովոր ցաւը թուղթին յանձնելու: Արդէն քառասուն օրեր անցան բարեկամ, ընկեր, եղբօր «Կիպրոսէն լուրեր» էջի հիմնադիր Արա Սարգիսեանի այս անգութ աշխարհէն հեռանալէն:

Անհաւատալի է եղածը:

Արան այնպիսի անձ մըն էր, որ գուրգուրաց բոլորին, մտահոգուցեաւ բոլորով, լացաւ բոլորին հետ եւ ուրախացաւ բոլորին յաջողութիւններով եւ նուաճումներով:

Անհուն սէր ունէր իր ընտանիքին, կնոջ, զաւակներուն, թոռներուն եւ քոյրերուն նկատմամբ:

Երգը, երաժշտութիւնը եւ արհեստագիտութիւնը մեծ նշանակութիւն ունէր Արային համար: Ան տարբեր շրջաններու այս իմաստով մեծ աշխատանք տարած է` պատրաստելով ձայնասփիւռի յայտագիրներ եւայլն, իսկ վերջերս հիմնեց Դիմատետրի էջը, որ մօտ 5000 այցելու ունէր եւ կը գոհացնէր բոլորը` հարուստ գիտելիքներով եւ նորութիւններով:

Կեանքը սիրող անձ մըն էր Արա, երբեք դժգոհ չէինք տեսներ զինք. դժբախտ լուրը կայծակի արագութեամբ կը տարածուի: Այդպէս ալ եղաւ. բոլոր զինք ճանչցողները ցնցուեցան, մարդիկ չէին կրնար հաւատալ, որ շէն բնաւորութեան տէր Արան անդարձ մեկնած էր այս աշխարհէն.

Ճիշդ է, որ ան երկար ժամանակէ ի վեր Լիբանան չէր ապրեր, սակայն ան կապը չէր խզած գաղութին հետ:

«Վանայ Ձայն»-ով, «Ազդակ»-ով եւ իր «Կիպրոսէն լուրեր» էջով, պարբերական այցելութիւններով կապը պահած է իր բարեկամներուն եւ հարազատներուն հետ: Սիրուած էր բոլորին կողմէ եւ արժանացած անոնց յարգանքին:

Խունկ, մոմ եւ յարգանք իր յիշատակին:

Բաժնուեցար ընտանիքէդ, սակայն վստահ եմ, որ հոգիդ կը մնայ հոս` մեր բոլորին հետ:

Կը մնաս միշտ վառ կենդանութեամբ, կը մնաս մեր սրտերուն մէջ աննման յատուկ քաղցր յուշերովդ:

ՄԱՐԱԼ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13471

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>