Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13507

Նշմար. Եգէականի Մէջ ՕԹԱՆ-ի Ծրագիրն Ու Թուրքիան

$
0
0

vaho_030416

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները 11 փետրուարին ազդանշանը տուին Եգէական ծովուն մէջ գաղթականները ապօրինի կերպով Եւրոպա տեղափոխողներուն դէմ գործողութիւններուն: Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի ծրագիրի նախաձեռնութեան միացած են Յունաստանն ու Թուրքիան: Գործողութեան ղեկավարութիւնը վստահուած է Գերմանիոյ` հաւանաբար «թշնամի դաշնակիցներ» Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող զգայնութիւններուն պատճառով: ԱՖՓ հաղորդեց, որ Թուրքիա կը մերժէ ՕԹԱՆ-ի նաւերուն արտօնել իր ջրային տարածք մուտք գործելը` պնդելով, որ մարտանաւերու տեղակայման շրջանները որոշելու համար ՕԹԱՆ-ի տորմիղի գերմանացի հրամանատար Եորկ Քլայն պէտք է այցելէ Անգարա` այդ հարցը համակարգելու համար: ՕԹԱՆ կը մերժէ այդ քայլը կատարել:

Անգարա կը գիտակցի, որ ՕԹԱՆ-եան այս նախաձեռնութեան ամբողջական կիրարկումը կը նշանակէ իր հողերուն վրայ գտնուող գաղթականները Եւրոպա «ուղարկելու» ճամբով Եւրոպական Միութեան ու ընդհանրապէս Արեւմուտքին վրայ ճնշում բանեցնելու իր քաղաքականութեան մահը: Այդ պատճառով ալ ան «համակարգում»-ի պիտակին տակ կ՛ուզէ նախօրօք տեղեակ դառնալ ՕԹԱՆ-ի նաւերուն տեղակայման վայրերէն` զանոնք աննշմար շրջանցելու եւ գաղթականներու դէպի Եւրոպա հոսքը անարգել շարունակելու համար: Այդ է նաեւ պատճառը, որ Թուրքիան մասնակից դարձած է Մերքելի ծրագիրի նախաձեռնութեան, որ խորքին մէջ իր դէմ ուղղուած է: Թուրքիոյ նպատակը բացայայտող յաւելեալ փաստ մըն է այն իրողութիւնը, որ Անգարա նաեւ կը մերժէ ՕԹԱՆ-ի օդանաւերուն արտօնել գաղթականներուն հոսքը հսկելու համար թրքական ջրային տարածքին վերեւ թռիչքներ կատարել: ՕԹԱՆ կը գիտակցի այս բոլորին, ուստի կը մերժէ նաւերու տեղակայման հարցը համակարգելու համար գերմանացի հրամանատարը ուղարկել Անգարա:

ՕԹԱՆ-ի ծրագիրի յաջողութեան պարագային Եւրոպական Միութիւնը հաւանաբար պիտի չստիպուի գործադրելու գաղթականներու դէպի Եւրոպա հոսքի հակակշռումին համար Թուրքիոյ 3 միլիառ եւրոյի օժանդակութիւն տրամադրելու 29 նոյեմբեր 2015-ին գոյացած համաձայնութիւնը, մանաւանդ որ ատիկա արդէն Իտալիոյ կողմէ արգելակուած է: Յամենայն դէպս, ՕԹԱՆ-ի ծրագիրը ցուցանիշ մըն է էրտողանեան քաղաքականութեան նկատմամբ Դաշինքի անդամներուն դժգոհութեան եւ իրենց դաշնակից Թուրքիոյ նկատմամբ անվստահութեան:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13507

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>