Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13456

Նուիրեալ Սարկաւագը Եւ Տիպար Հայը. Մովսէս Սրկ. Տէր Առաքելեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

$
0
0

«Եկեղեցին հայկական` մեծ վարագոյր մ՛է բանուած,
Որուն ետեւ ըսկիհին մէջ կ՛իջնէ ինքը Աստուած,
Որուն առջեւ գլխահակ` կու գայ իմ ազգս ամբողջ
Հաղորդուիլ անցեալին հաց ու գինւով կենսառողջ»:

ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ

Movses-Der-Arakelian_9-18-15Մարդ անհատը հաւաքականութեան մէջ ինքզինք փաստելու եւ իր գաղափարական ուղղութիւնը որոշելու համար պէտք ունի տիպարի մը, որպէսզի անկէ ուժականութիւն ստանայ: Քրիստոնէական կեանքը առանց Քրիստոսի կենդանի օրինակին, վարքին ու վարդապետութեան պիտի չունենար բազմահազար հետեւորդներ: Ուստի տիպարի մը ներկայութիւնը եւ ազդեցութիւնը մարդկային ընկերութեան մէջ կենսական է` իր բազմազան երեսներով: Այսօր դժբախտաբար տիպար անձի բացակայութիւնը մեծ դատարկութիւն կը ստեղծէ մեր իրականութեան մէջ:

Այս մտորումները ունեցանք, երբ քառասուն օրեր առաջ Պէյրութի Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին կորսնցուց իր նուիրեալ սարկաւագը` Մովսէս Տէր Առաքելեանը:

Ան ծնած է 1927-ին, Մուսա Լեռ: Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ: 1939-ին, այլ հայրենակիցներու նման, գաղթի ճամբան բռնելով հասած է Դամասկոս, ապա հաստատուած Լիբանան` Պուրճ Համուտի հայահոծ շրջանը:

1952-ին ամուսնացած է պիթիասցի Ալիս Չափարեանի հետ եւ բախտաւորուած է 1 մանչ եւ 1 աղջիկ զաւակներով:

Հայ եկեղեցւոյ հանդէպ իր սէրը յայտնաբերուած է, երբ երիտասարդ տարիքին մաս կազմած է հայաստանեայց առաքելական եկեղեցասիրաց  եղբայրակցութեան, ապա երկար տարիներ ծառայած է Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Արամ արք. Քէշիշեան (այժմ կաթողիկոս) 1985-ին սարկաւագական ձեռնադրութիւն շնորհած է նուիրեալ 5 անձերու` Մովսէս Տէր Առաքելեանի, Գէորգ Պէպէճեանի, Պետրոս Պալպուչաքեանի, Հրանդ Արսլանեանի եւ Թորոս Գայայեանի:

Հայ եկեղեցւոյ շարականներուն հանդէպ իր սէրը արտայայտեց, երբ հետեւեցաւ մասնայատուկ շարականի դասերու` դպրապետ Դանիէլ Պէքմէզեանի կողմէ տրուած:

Մովսէս սարկաւագ իր ծառայական կեանքը արժեւորեց նաեւ կարիքաւորներուն, հիւանդներուն, աղքատներուն եւ սգաւորներուն այցելութեամբ: Ան իր կարողութեան չափով, լուռ կերպով օգտակար դարձաւ բազմաթիւ կարօտեալներու եւ իր այցելութիւններով ոգեւորեց հիւանդները եւ քաջալերեց, որ իրենց հաւատքին վրայ հաստատ մնան ու վստահին Աստուծոյ:

25 դեկտեմբեր 2011-ին, սարկաւագաց տօնին առիթով, Լիբանանի հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան օրհնութեան եւ գնահատանքի գիր շնորհեց Մովսէս սրկ. Տէր Առաքելեանին հայ եկեղեցւոյ հանդէպ իր նուիրեալ ծառայութեան քառասնամեակին առիթով:

Մովսէս սարկաւագին կեանքին ու նկարագիրին բնորոշ յատկանիշներն էին` պարտաճանաչ եւ նուիրեալ ծառայութիւնը, խոնարհութիւնը, աւետարանին քարոզչութիւնը եւ հաւատացեալները Քրիստոսի զրահով գօտեպնդումը:

Իր մահով այսօր կը սգան իր հարազատները, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին եւ բոլոր զինք ճանչցողները, որովհետեւ կորսնցուցին իսկական եւ բարի հայր մը, նուիրեալ սարկաւագ եւ տիպար քրիստոնեայ մը:

Սիրելի՛ Մովսէս սարկաւագ,

Մահուանդ քառասունքին առիթով այս համեստ տողերը անուշաբոյր վարդեր, խունկ եւ աղօթք թող դառնան շիրիմիդ վրայ:

Յիշատակդ անթառամ մնայ:

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13456

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>