Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13453

Գրիգոր Միթիլեանի Յիշատակին (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

$
0
0

Krikor-Mitilian_9-19-15Քառասուն օրեր առաջ մեզմէ յաւէտ բաժնուեցաւ հարազատ մը` Գրիգոր Յ. Միթիլեանը:

Յետ եղեռնեան առաջին սերունդէն էր ան, մարաշցի ուստա Յակոբին եւ ատանացի Պէաթրիսին անդրանիկ որդին: Ծնաւ ու հասակ առաւ Պուրճ Համուտի մէջ, Մարաշ թաղամասի կազմաւորման հանգրուանին եւ իր սերնդակիցներուն նման օրինակելի աշխատասիրութեան մարմնացում մը հանդիսացաւ` վայելելով բոլորին յարգանքը:

87 տարիներ ապրեցաւ ան, բայց իր հարազատներուն եւ զինք ճանչցողներուն համար միշտ մնաց երիտասարդի անխոնջ կորովով Գրիգորը: Այդ սերունդի հայորդիներուն մեծամասնութեան նման բարձրագոյն ուսումնառութեան առիթ չունեցաւ ան բայց կեանքի ասպարէզը յաջողութեամբ դիմակալեց եւ իր յարատեւ կամքով եւ բնատուր ձիրքերը զուգորդելով աշխատասիրութեան հետ, իր եղբօր հետ իրենց ընտանիքները կազմեցին, բարեկեցիկ կեանք մը ապահովելով իրենց ընտանիքներուն ու զաւակներուն, հակառակ Լիբանանի տնտեսական ու ապահովական վերիվայրումներուն:

Հայաստան այցելելու բախտը չունեցաւ, բայց մնայուն կերպով կը հետեւէր հայաստանեան լուրերուն, կ՛ուրախանար ու կը հպարտանար դրական ամէն մէկ տեղեկութեամբ: Վերջին տարիներուն մեր յաճախակի հանդիպումներուն գլխաւոր թեման եղաւ Հայաստանը:

Գրիգոր Միթիլիեանն ու իր սերունդին պատկանող շարք մը հայորդիներ մեր սերունդին` վաթսունականներու մեր պատանի սերունդին,շատ բան սորվեցուցին իրենց կեանքի օրինակով: Այդ տարիներուն թաղեցիները պարզ դրացիներ չէին, այլ հարազատներու մտերմութիւնն ու իրար օգնութիւնը տիրապետող էին այդտեղ:

Գրիգոր Միթիլեանը հեռացաւ այս աշխարհէն, իր սերունդէն շատերն ալ գացին… բայց իրենց ապրած կեանքի աւանդը թող օրինակ ծառայէ մեզի ու գալիք սերունդներուն:

Սիրելի՛ Գրիգոր, յուղարկաւորութեանդ արարողութեան  ներկայ չկրցայ գտնուիլ, թող այս տողերը յարգանքի ու երախտիքի համեստ արտայայտութիւն ըլլան` քուլայ մը խունկ շիրիմիդ վրայ»:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

Գ. ՍԱՆԹՈՒՐԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13453

Trending Articles