
1922-ի Փոքր Ասիոյ աղէտէն ետք Տարտանելի եւ շրջակայքի հայեր ամերիկեան նաւով կ՛ապաստանին Արղոսթոլի քաղաքը` Քեֆալոնիա կղզին
ՄԱՅՔ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ
(«Ազատ Օր», Յունարէնէ թարգմանեց` Ք. Է.)
Գաղթականութեան առաջին տարիներուն Յունաստան հաստատուած հայ զանգուածներու թիւի ճշգրիտ սահմանումը բաւական բարդ ու դժուար փորձ մըն է, որ առանձին գիտական լայն աշխատութեան կը կարօտի: Ներկայ յօդուածին մէջ պիտի փորձենք ուրուագծել որոշ տուեալներ, որոնք առնուած են ծանօթ եւ հաւաստի աղբիւրներէ` նպատակ ունենալով մեր թերթի ընթերցողներուն ներկայացնել ընդհանուր պատկեր մը, որ կը հաւատանք, թէ կը համապատասխանէ պատմական իրականութեան:
Գաղթականական Առաջին Ալիքները
1921-ի վերջաւորութեան Յունաստան ապաստանեցաւ գաղթականներու առաջին ալիքը` Կիլիկիայէն եւ Իզմիթէն: 18 դեկտեմբեր 1922-ին Աթէնքի Ազգային առաջնորդարանին ուղղուած իր գրաւոր զեկուցումին մէջ Գէորգ քհնյ. Դաւիթեան արդէն գրի առած է 3.950 հայերու անունները, որոնք 1921-ի դեկտեմբերին ժամանակաւորապէս հաստատուած էին Փիրէա, Քալամաթա, Լաւրիօ, Վոլոս, Սամոս, Միթիլինի, Խիոս եւ Սիրոս շրջաններուն մէջ:
9 ամիս յետոյ, Փոքր Ասիոյ եւ Զմիւռնիոյ ամբողջական աղէտէն ետք, յոյն գաղթականներու կողքին, մօտ 100.000-120.000 հայ գաղթականներ Կիլիկիոյ, Փոքր Ասիոյ եւ արեւելեան Թրակիոյ շրջաններէն ապաստան գտան Յունաստան: Այս թիւերը, այնպէս, ինչպէս գրի առնուած են պատմաբաններու կողմէ եւ ներկայացուած են այն ժամանակի զեկոյցներուն մէջ, կը թուին ըլլալ չափազանցուած, մասնաւորաբար եթէ անոնք համեմատենք պաշտօնական առաջին արձանագրութիւններուն հետ, որոնք կատարուեցան պետական սպասարկութիւններու եւ հայկական առաջնորդարանին կողմէ: Այսպէս, հայ գաղթականներու թիւը, որոնք Յունաստան հասան 1922-ին, հայ որբերու թիւին հետ միասին, հաւանաբար կը հասնէր մինչեւ 90.000-ի: 1924-ի օգոստոսին յունական խնամատարական սպասարկութիւններու հսկողութեան տակ գտնուող գաղթականներու ընդհանուր թիւն էր 55.000 հոգի:
1920-ական թուականներու վերջաւորութեան Յունաստանի մէջ ապրող հայութեան ընդհանուր թիւն կը հաշուէր 65.400 անձեր, որոնցմէ 36.600-ը կ՛ապրէր Աթէնքի, Փիրէայի եւ շրջակայ նահանգներուն մէջ, իսկ 28.800-ը` Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ մէջ:
Առաջին տարիներէն, Ազգերու Լիկային կողմէ հաստատուած յատուկ մարմին մը, նորվեկիացի Ֆրիտեոֆ Նանսենի հսկողութեան տակ, ստանձնեց հայ գաղթականներու փոխադրութիւնը դէպի Խորհրդային Հայաստան:
Առաջին կարաւանը` բաղկացած 3000 անձերէ, յառաջ եկաւ կեդրոնական Մակեդոնիոյ շրջաններէն եւ մինչեւ 1925-ի նոյեմբերը տեղափոխուեցաւ Հայաստան:
1931-32 տարիներուն ներգաղթը աւելի մեծ ծաւալ ստացաւ: Փիրէայի նաւահանգիստէն մօտ 8-10.000 հայրենակիցներ յունական նաւերով հասան Պաթումի նաւահանգիստը եւ անկէ` Խորհրդային Հայաստան: Հոս պէտք է նաեւ նշել, թէ գաղթականութեան առաջին տարին արձանագրուեցան բազմաթիւ մահեր` տառապանքներու, սնունդի պակասի եւ առողջապահական յարմար պայմաններու չգոյութեան պատճառով: Առաւել, պէտք է նկատի ունենալ, որ 1923-ի բնակչութիւններու փոխանակման պատճառով Յունաստան ապաստանած 1500-2000 հոգիէ բաղկացած «հայ-հոռոմ» անունով խումբին մասին պետական կամ այլ տոմարներու մէջ որպէս հայ արձանագրութիւն չկատարուեցաւ:
Ցեղասպանութեան Որբերը
1922-ին միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններ Յունաստան փոխադրեցին 7000-8000 որբեր, որոնք նախապէս պատսպարուած էին Թուրքիոյ տարածքին գտնուող որբանոցներուն մէջ: Այս որբերը, գլխաւորաբար 1915-ի Ցեղասպանութենէն ազատած, խնամուեցան Յունաստանի ամբողջ տարածքին գտնուող հաստատութիւններու մէջ: Անոնցմէ մեծագոյներն էին` Սիրոսի, Կորնթոսի եւ Քերքիրայի (Corfu) որբանոցները: Մաս մը որբերէն փոխադրուեցան այլ երկիրներ` շնորհիւ «Lord Mayorr՛s Fund» հաստատութեան ջանքերուն: Այսպէս, յաջորդ տարուան ընթացքին Յունաստանի մէջ ապրող որբերու պաշտօնական պատկերը հետեւեալն էր. Քաւալա` 693, Քերքիրա` 1778, Քեֆալոնիա` 314, Թասոս` 72, արքայական հին պալատ` 165, Խալքիտա` 621, Օրոփոս` 396, Զափիօ` 71, Կորնթոս` 1670, Սիրոս` 732: Ընդհանուր` 6512 որբեր:
Մինչեւ 1927 վերեւ նշուած որբանոցներուն մեծամասնութիւնը այլեւս չէր գործեր: Մաս մը որբերէն, որոնք արդէն հասակ նետած էին, փոխադրուեցան Մակեդոնիոյ շրջանը` զբաղելու համար հողագործութեամբ, իսկ այլ որբեր տնտեսական դժուարութիւններու եւ մրցակցութեան պատճառով, մեկնեցան դէպի Խորհրդային Հայաստան եւ Ֆրանսա: Ամերիկեան «Նիր Իսթ ռիլիֆ» մարդասիրական կազմակերպութեան տեղեկագիրին համաձայն, մօտ 2500 որբեր ղրկուեցան Եգիպտոսի հայկական գաղութը (Գահիրէ եւ Աղեքսանդրիա), հայկական ընտանիքներու կողմէ որդեգրումի յատուկ ծրագիրի մը գործադրութեան պատճառով:
30 սեպտեմբեր 1923-ին «Նիր իսթ ռիլիֆ»-ը հրապարակեց տեղեկագիր մը` ներկայացնելով հայկական որոշ վարժարաններու թուական պատկերը: Անոր համաձայն, աշակերտութեան թիւն էր` Աթէնք 255, Քոքինիա` 653, Տուրղութի` 745, Փակրաթի` 415, Թեսաղոնիկէ եւ շրջակայք` 790, Փիրէա` 317, Փալէօ Ֆալիրօ` 60, Նէօ Ֆալիրօ` 96, Մոսխաթօ` 34, Քիֆիսիա` 70, Մարուսի` 65, Միթիլինի` 250, Ռեթիմնօ` 150, Խանիա` 47, Լաւրիօ` 101: Ընդհանուր` 4048 աշակերտներ:
Գաղթականները Աթէնքի Մէջ
Գաղթականութեան սկզբնական շրջանին հայերը հաստատուած էին գլխաւորաբար հինգ շրջաններու մէջ` Տուրղութի` 7000, Փակրաթի` եւ Քեսարիանի` 3000, Լիփազմա` (Այիոս Տիոնիսիոս-Փիրէա) 5000, Քոքինիա` 6000 եւ Աթէնքի կեդրոնը` 5000 գաղթականներ Զմիւռնիայէն, որոնք համեմատաբար աւելի լաւ վիճակի մէջ կը գտնուէին:
Առաջին Մարդահամարը
Բաւական տարիներ ետք, 1938-ին, յունական կառավարութեան դիմումին ընդառաջելով, յունահայոց Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը մարդահամար կազմակերպեց այն շրջաններէն ներս, ուր հայեր կ՛ապրէին: Անոր աւարտին 35 շրջաններու մէջ արձանագրուեցան 27.080 հայեր: Այսպէս, Տուրղութի` 4.500, Քեսարիանի` 1000, Փերիսթերի` 250, Քոքինիա` 4800, Լիփազմա (Այիոս Տիոնիսիոս-Փիրէա)` 3.000, Մարուսի` 180, Քիֆիսիա` 60, Մոսխաթօ` 100, Ամպելոքիփի` 60, Թաւրոս` 35, Ֆալիրօ` 150, Քալիթէա` 100, Լաւրիօ` 400, Վոլոս` 300, Կորնթոս` 100, Էյիօ` 100, Փաթրա` 500, Փիրղոս` 150, Նաւփլիօ` 30, Քալամաթա` 800, Քերքիրա` 150, Կրետէ` 700, Միթիլինի` 300, Սամոս` 30, Խիոս` 20, Սիրոս` 20, Թեսաղոնիկէ` 5.000, Տրամա` 650, Սերրես` 300, Քաւալա` 800, Քսանթի` 750, Քոմիթինի` 800, Ալեքսանտրուպոլիս` 800, Տիտիմոթիքօ` 150, Նէա Օրեսթիատա` 100:
Յաջորդ տարիներուն մարդահամարի արդիւնքը կասկածի տակ առնուեցաւ: Կարգ մը անձնաւորութիւններ, որոնք քաջատեղեակ էին հայկական շրջաններուն մէջ տիրող կացութեան, իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին` ըսելով, որ թիւերը մօտաւորապէս պատրաստուած են, սակայն ճշգրիտ չեն: Անոնց համաձայն, Տուրղութիի հայութեան թիւը կը հասնէր 6.500, իսկ Քոքինիոյ եւ Թեսաղոնիկէի մարդահամարի թիւերը 1000-ական հոգիով նուազ էին: Եթէ այս վարկածը նկատի ունենանք, 1938-ին` հայութեան թիւը մօտ 31.000 էր:
Ներգաղթը
1946-ին ծայր առաւ դէպի Խորհրդային Հայաստան ներգաղթի սփիւռքեան արշաւը: Յունաստանի մէջ բաւական արդիւնաբեր քարոզչական աշխատանք մը տարուեցաւ համոզելու համար առաւելագոյն թիւով հայրենակիցներ Հայաստան վերադարձնելու նպատակով: Գաղթականներու առաջին ալիքը, մանաւանդ անոնք, որոնք տնտեսական եւ ընկերային անապահով կեանք մը կ՛ապրէին, համոզուած էին հայրենադարձութեան: 1946-ին Փիրէայէն եւ Թեսաղոնիկէէն ճամբայ ելան 1372 ընտանիքներ (4974 անձեր), իսկ 1947-ին` 3478 ընտանիքներ (13.241 անձեր). երկու տարուան մէջ 18.215 հայեր Յունաստանէն տեղափոխուեցան Հայաստան:
Նոյն ժամանակաշրջանին, երբ արդէն Յունաստան հիւծած էր համաշխարհային պատերազմի եւ ներքին կռիւներու պատճառով, սկսաւ հայերու արտահոսքը դէպի Արեւմուտք` Քանատա եւ Արժանթին, որ տեւեց երկար տարիներ: Անոնցմէ շատեր երիտասարդներ էին, որոնք ապահով եւ բարեկեցիկ կեանքի մը որոնումով նոր վայրեր փնտռեցին իրենց ընտանիքներուն համար:
1940-ական թուականներու վերջաւորութեան Յունաստանի հայ գաղութը կը հաշուէր մօտ 9500 հոգի: Ամբողջ տասնամեակ մը ետք գաղութը կորսնցուցած էր իր թիւին 2/3-ը:
1950-ական թուականներուն, բաւական տքնաջան աշխատանքներէ ետք, յունահայ համայնքը կարողացաւ կարգի բերել իր կրթական եւ միութենական պայմանները` զանոնք յարմարեցնելով յառաջ եկած նոր տուեալներուն:
Եզրափակելով, 30 տարուան ընթացքին, 1922-ի հայ գաղթականութեան թիւին միայն 1/10-ը մնացած էր Յունաստանի մէջ: