Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13471

Սփիւռք-Հայաստան Յարաբերութիւններու (Թաւշեայ) Մթնշաղին

$
0
0

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

«Սփիւռքի հասցէն իր միացեալ կազմակերպութիւններու հասցէն է, սփիւռքի հասցէն ազգային
գաղափարախօսութեան շուրջ հաւաքուած այդ ամբողջ կազմակերպ սփիւռքն է:
Որեւէ այլ կերպի փափաք` թէ, պէտք է Հայաստանէն կազմակերպուի սփիւռքը,
արդէն իսկ հիմակուընէ կը յայտարարեմ, որ դատապարտուած է ձախողութեան»:

ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

 

Թաւշեայ յեղափոխութեան յաջորդեց իմքայլական կառավարութեան առաջին տարին: Որքանո՞վ 2019-ին իրականացաւ համակարգային փոփոխութիւններուն մեծ խոստումը: Ի՞նչ անդրադարձ ունեցաւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն վրայ եւ ի՞նչ հեռանկար բացաւ անոնց զարգացման նպատակամղուածութեան իմաստով: Այս հարցումներու բանաձեւումն ու անոնց մեկնաբանական պատասխաններ առաջարկելու այս փորձը կը ձգտի հասնիլ սփիւռքի յետթաւշեայ յեղափոխութեան այս փուլին մասին մտածելու հրաւիրող եզրայանգումներու:

Յիշեցման կարգով նշենք, որ հայրենի քաղաքական բեմին վրայ դեռեւս առնուազն 2013-էն ի վեր նախագահական վարչակարգէն խորհրդարանական վարչակարգի անցնելու առաջարկը, որ հիմնականօրէն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) քաղաքական փլաթֆորմին մաս կազմած է անկախութեան հռչակման յաջորդած Սահմանադրութեան քննարկման տարիներուն, ըստ ձեւի, համակարգային փոփոխութիւն մը կ՛ենթադրէր: Այդ մէկը տեղի ունեցաւ, այսինքն Հայաստանը անցաւ խորհրդարանական կառավարման վարչակարգի: Այդ մէկը կ՛ենթադրէր ժողովրդավարութեան նոր որակ` որոշումներու կայացման հոլովոյթը գործադիր իշխանութեան ձեռքերուն մէջ կեդրոնացման բացառումով: Ժողովրդավարացման որակաւորման այս քայլը, իր կարգին, ըստ սկզբունքային ենթադրութեան, պիտի յանգէր համակարգի «արմատական» բարեփոխումներու, ըստ օրին Դաշնակցութեան ղեկավարներու հրապարակային յայտարարութիւններուն, կամ` ցանկութեան®

Հոս է որ, թերեւս, անհրաժեշտ էր աւելի յստակացնել. երբ «համակարգային փոփոխութեանց» մասին կը խօսուէր, վերացականօրէն բանաձեւուած «ընկերային արդարութիւնը» պիտի բացատրուէր որպէս հարստութեան խիստ կեդրոնացման, անարդար վերաբաշխումի եւ հասարակութեան սուր բեւեռացման վերջ տալու քաղաքական յանձնառութիւն եւ կամք: Բայց այն պահուն, երբ օրին իշխող բացարձակ մեծամասնական ուժը` Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ, Հանրապետական), նախագահ Սերժ Սարգսեան անձնապէս, համոզուեցան, որ անհրաժեշտ է սահմանադրական փոփոխութիւն կատարել եւ անցնիլ խորհրդարանական համակարգի, ի մտի ունեցան իշխանութեան վրայ մնալու, թերեւս եւ` յարատեւելու, պատեհութիւնը, այն, ինչ դրացի Վրաստանին մէջ Սահակաշվիլի փորձած էր: Թէ ի՛նչն էր, որ Սերժ Սարգսեանին,  այնքան ինքնավստահութիւն կը ներշնչէր, որ Սահակաշվիլիի ձախողութիւնը անտեսեց եւ հաւատաց, որ իշխանութեան վրայ իր շարունակականութիւնը երաշխաւորուած է,  առայժմ միայն հարցում մըն է, որուն պատասխանը լաւագոյն պարագային վարկածներով կարելի է բանաձեւել:

Այդ վարկածներէն մէկը կրնայ ըլլալ այն, որ Սարգսեան եւ Հանրապետականը քիչ մը շատ վստահ էին, որ համակարգի իշխող օլիկարխ  դասը, մեծ դրամագլուխը, առաւել` պետական եւ ազգային հաստատութիւնները, ընդ որում` զինուորականութիւն եւ աւանդական/պահպանողական արժէքներու պաշտպաններ, ինչպէս` Մայր Աթոռը, ՀՀԿ-ի ընդմէջէն իրենց մենաշնորհային դիրքի շարունակականութեան երաշխիք հանդիսացող քաղաքական ուժը գտած էին: Չէ՞ որ Հանրապետականը ինքզինք կը սահմանէր որպէս ազգային պահպանողական կուսակցութիւն® Վարկածին երկրորդ բաժինը ժողովրդային լայն զանգուածին մէջ էապէս անարդար այս համակարգին հանդէպ կուտակուած դժգոհանքի ու ցասումի եւ անոնց բողոքի վերածուելու կարողականութեան անտեսումն է: 2008 մարտէն ի վեր Սերժ Սարգիսեան դէմ յանդիման գտնուեցաւ ժողովրդային բողոքի պարբերական արտայայտութիւններու եւ պոռթկումներու, ընդ որում` 2013-ի նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքները հարցականի տակ դնող զօրաշարժը, 2015-ին «Ելեկտրիկ Երեւան»-ը, 2016-ի պատերազմին յաջորդած պայթումները եւ ստուար թիւերով, սակայն հետեւողական «Սերժիկ հեռացի՛ր» ցոյցերը, որոնք մասնաւորաբար 2017-էն սկսեալ Երեւանի փողոցներու մէջ աւելի քան տեսանելի էին: Սերժ Սարգսեան, իր խարիզմայի բացակայութեամբ, բայց քաղաքական անժխտելի համբերատարութեամբ ու ճկունութեամբ այդ բոլորէն վերապրած էր: Յաջողած էր մինչեւ իսկ փրոթոգոլներու արդիւնքով սփիւռքի մէջ իր անձին դէմ ծաւալած հակակրութիւնը զգալիօրէն նուազեցնել` Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցի ձեռնարկներով եւ, մանաւանդ, Համահայկական հռչակագրով: Ապրիլ 2018-ին, հետեւաբար, ոչ իսկ իշխանութեան փոփոխութիւն պիտի ըլլար, այլ` համակարգի շարունակականութեան կենդանի վկայութիւն:

Այսպէս, 2015-ի աւարտին սահմանադրական փոփոխութեան հանրաքուէի դրական արդիւնքէն անմիջապէս յետոյ Հանրապետականի միահեծան (monopolic) նախաձեռնութեամբ համակարգային փոփոխութիւնը համահաւասարեցաւ վարչակարգի փոփոխութեամբ իշխանութեան յարատեւումը ապահովելու ծրագրի մը: Այդ մէկը ա՛լ աւելի յստակ դարձաւ, երբ Հանրապետականը Սարգսեանին յայտարարեց իր թեկնածուն: Յարգելով երկու կուսակցութեանց միջեւ ստորագրուած համագործակցութեան համաձայնագիրը` ՀՅ Դաշնակցութիւնը միջամուխ չեղաւ քոալիսիոն գործընկերոջ «մանիպուլացիա»-ներուն, չառարկեց իսկ, երբ հակառակ իր սկզբնական խոստումին Սարգսեան որոշեց իշխանութեան վրայ մնալ: Համաձայնագրի մը տարրին ու ոգիին հաւատարիմ մնալը գնահատելի է որպէս բարոյական վարքագիծ, բայց, այս պարագային, գինը բարձր էր: Հարցը Դաշնակցութեան հասցէին եղած ամէն տեսակի բամբասանքներն ու հայհոյանքները որպէս «նախկիններու գործընկեր» չէ միայն. «մեղաւոր է Դաշնակցութիւն» յանկերգին այն նորագոյն տարբերակը, որ հնչելու սկսաւ անցնող տարուան աւարտին մանաւանդ, գրեթէ «բնական» երեւոյթ են կուսակցութեան պատմութեան մէջ:

Բարձր գինը, որուն ակնարկուեցաւ, համակարգի արմատական փոփոխութիւններու հաւաստիութեան (credibility) կորուստն է, եւ անկախացումէն ետք տնտեսութեան ազատականացումը արդէն ազատ-շուկայամոլութեան վերաճած քաղաքական գաղափարախօսութեան մը ոչ միայն շարունակականութիւնը, այլեւ խորացումը ի դէմս ներազգային ոլորտի մէջ կեդրոն-ձախ այլընտրանքի մը զարգացման ու ամրակայման բացակայութեան: Ի դէպ, Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան վրայ յարատեւելու կարճատեսութիւնը ոչ միայն յանգեցաւ անկախութեան պայքարին մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունեցած Աշոտ Նաւասարդեանի հիմնած կուսակցութեան վարկաբեկման եւ քաղաքական դաշտէն գրեթէ անհետացման, այլեւ իր` Սերժ Սարգսեանի տասնամեայ նախագահութեան անաչառ արժեւորման անկարելիութեան գոնէ ներկայ իրավիճակին մէջ: Ի վերջոյ, իր բոլոր վերիվայրումներով Սերժ Սարգսեան նաեւ քաղաքական այն անձնաւորութիւնն է, որ գտնուեցաւ իր պաշտօնի պատասխանատուութեան բարձրութեան եւ նախընտրեց հրաժարիլ, նախքան որ երկիրը յաւելեալ պառակտումի հասնէր: Ինչ որ նաեւ, պէտք է յիշեցնել, ի պատիւ իրեն ըրաւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը 1998 փետրուարին:Կը մնայ յուսալ, որ Սարգսեան բարոյական բարձրութեան իր ժեսթը ամրակայէ` հեռու մնալով Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ռեւանշիստական հոգեբանութենէն,  որ իր հրաժարումի տասնամեայ լռութենէն ետք, 2008 մարտ 1-2-ի ողբերգութեան պատճառ դարձած ազդակներէն մէկուն վերածուեցաւ:

Մօտիկ անցեալի այս վերյուշումը, ի լուր բոլոր անոնց, որոնք անցնող տարուան քննադատական եւ ինքնաքննադատական տեսանկիւնէն մօտեցման մը հակամէտ են եւ զգուշ` սեւուսպիտակեան պարզացման ամէն տեսակի թակարդներէն, կարեւոր է նաեւ հասկնալու համար, թէ ինչո՛ւ յօդուածիս առաջին նախադասութեամբ 2019-ն որակուեցաւ իմքայլական եւ ոչ թէ թաւշեայ յեղափոխութեան տարի: Փաստօրէն հայրենի իրականութեան մէջ այսօր եւս տիրապետող է քաղաքական մէկ ուժ, որ իր ձեռքերուն մէջ կեդրոնացուցած է որոշումներու կայացումը: Ինչպէս անցեալին եղած է ՀՀԿ եւ, ինչ որ իմաստով, նաեւ Հայոց համազգային շարժումը: Եւ ինչպէս երկու պարագաներուն, դարձեալ ամբողջ ուշադրութիւնը եւ որոշումներու կայացման պատասխանատուութիւնը կեդրոնացած է մէկ անձի վրայ, որ իշխանութեան թիւ մէկ ղեկավարն է: Երեւոյթը տարբեր չէ ընդհանրապէս բոլոր երկիրներու պարագային, սակայն անկախութեան յաջորդած տարիներու փորձը ցոյց կու տայ, որ, ի տարբերութիւն պետական հաստատութիւններու կայունութիւնը ապահոված եւ ժողովրդավարութիւնը խորացուցած զարգացած երկիրներուն, Հայաստանի մէջ իշխանութեան թիւ մէկ ղեկավարի փոփոխութիւնը միշտ ալ եղած է տագնապալի` Տէր Պետրոսեանէն Քոչարեան (հրաժարական), Քոչարեանէն Սարգսեան (մարտ 1-2) եւ Սարգսեանէն Փաշինեան (թաւշեայ յեղափոխութիւն): Պատճառը յստակ կը թուի. ժողովրդավար վարչակարգի պետական հաստութիւններու (institutions)տկարութիւն: Հետեւաբար անհրաժեշտ է պահ մը եւս վերադառնալ 2018 եւ վերատեսութեան ենթարկել իրերայաջորդ դէպքերը, որոնք յանգեցան իմքայլական կառավարութեան:

Թաւշեայ յեղափոխութեան աւարտին փաստօրէն երկու ուղի կար իշխանափոխութիւնը վերածելու համակարգային փոփոխութեան: Առաջինը` Մոնքլոայի (Moncloa) ուղին, ի հետեւումն Սպանիոյ մէջ բռնատէր Ֆրանքոյի մահէն ետք քաղաքական կուսակցութիւններու միջեւ լայն համաձայնութեան մը, ինչ կը վերաբերի անցումային գործընթացին, որուն մէջ ճշդուեցան պետական քաղաքականութեան ընդհանուր ուղեգիծները: Մոնքլոայի համաձայնութիւնը բոլոր հարցերը չլուծեց, փաստօրէն որոշուեցաւ անտեսել Ֆրանքոյի հալածանքներու եւ զանգուածային ոճիրներու պատմական արդարութեան եւ արդարահատոյցի հրամայականը, որ անխուսափելիօրէն օրակարգի վրայ եկաւ յաջորդ տասնամեակներուն: Այդուհանդերձ, քաղաքական գլխաւոր ուժերը յաջողեցան կերտել ժողովրդավարութեան ամուր համակարգ մը, ուր քաղաքական փոփոխութիւնն ու այլընտրանքային կարելիութիւնը ապահովուած են առանց մեծ ցնցումներու, նոյնիսկ երբ երկիրը կը դիմագրաւէ տնտեսական ահաւոր տագնապ մը, ինչպէս պատահեցաւ 2008-էն ետք, կամ դէմ յանդիման կու գայ քաղաքական լուրջ մարտահրաւէրի մը, ինչպիսին է Քաթալոնիոյ հարցը կամ ծայրայեղ աջի ի յայտ գալը: Միջկուսակցական քաղաքական համաձայնութեան այս առողջ ուղին որդեգրուեցաւ թաւշեայ յեղափոխութեան յաջորդող ամիսներուն, երբ կը թուէր, թէ Ազգային ժողովը պիտի վերածուէր այն բեմին, ուր պիտի ամրակայուէր բազմակուսակցական համակարգը: Այդ գործընթացի շարունակումը պիտի ապահովէր նաեւ խորհրդարանական վարչակարգի հաւաստիութիւնը եւ բարձրացնէր Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան որակը: Տարին, սակայն, վերջացաւ իշխանափոխութեան յաջորդող փուլին համակարգային փոփոխութիւնները իմքայլական կամ փաշինեանական My way-ով կատարելու որոշումին, երբ պարտադրուեցան խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ, որոնց արդիւնքը ի սկզբանէ յայտնի էր` իշխանութեան բացարձակ կեդրոնացումով իմքայլական կառավարութեան մը ի յայտ գալը, Ազգային ժողովի մէջ ազդեցիկ ընդդիմութեան մը բացակայութիւնը, ընդ որում` ոչ իսկ նոր Նիկոլ Փաշինեան մը, որ բեմ բարձրանար եւ անվախօրէն իշխանութեան երեսին ճշմարտութեան մասին (truth to power) խօսէր: Այլ խօսքով, ի դէմս իշխանութիւնը մէկ քաղաքական ուժի ձեռքերուն մէջ կեդրոնացած մնալուն` չկայ ժողովրդավարութեան որակի բարելաւում, հակառակ որ խորհրդարանական վարչակարգը, սկզբունքով, շատ աւելի հաւասարակշռուած, շատ աւելի համակարգուած եւ շատ աւելի համաձայնուած պետական քաղաքականութեան մը երաշխիքը կու տայ:

Թաւշեայ յեղափոխութեան իմքայլացումը հետեւանք է ժողովրդային զօրաշարժի ամբոխահաճոյ կամ պոպուլիստ յատկանիշին: Նշելի է, որ այդ յղացքը պէտք չէ ընկալել որպէս ժխտական, որպէս անպայմանօրէն ցածորակ քաղաքականութիւն: Պոպուլիզմի երեւոյթը այնքան տարածուած է, որ այն արդէն ակադեմական բանավէճի ու տեսաբանական բանաձեւման թեմայ է: Ամբոխահաճոյութիւնը ժողովրդային զօրաշարժի ռազմավարութիւն մըն է, որ անհրաժեշտութիւն կը դառնայ, երբ քաղաքական համակարգը անելի կը մատնուի եւ չի կրնար զանգուածները տագնապեցնող հիմնախնդիրներու լուծման իրաւական միջոցներ ապահովել: Երբ պոպուլիստ զօրաշարժ մը կը դառնայ կենդանի երեւոյթ, այդ արդէն փաստ է գործող համակարգի սնանկացման: Այդ մէկը պատահեցաւ ապրիլ 2018-ին Հայաստանի մէջ թաւշեայ ժողովրդավարական յեղափոխութեամբ: Որպէս ժողովրդային զօրաշարժի ռազմավարութիւն` պոպուլիզմը ինքնին գաղափարախօսութիւն մը չէ: Հետեւաբար պոպուլիստ ամէն զօրաշարժ զերծ չէ գաղափարախօսական գունաւորումէ: Պոպուլիստ զօրաշարժ մը կրնայ ձախակողմեան ըլլալ, ինչպէս պարագան է Հարաւային Ամերիկայի մէջ ընկերային շարժումներու նախաձեռնած զօրաշարժերուն, կամ` ծայրայեղ աջակողմեան, ինչպէս պարագան է Թրամփի զօրավիգ կանգնած հատուածներու ետին գտնուող քաղաքական, հասարակական թէ մտաւորական ուժերուն:

Պոպուլիստ զօրաշարժերը կ՛ըլլան նաեւ լիպերալ, որ պարագան է 1988-89 թուականներուն Արեւելեան Եւրոպայի մէջ համայնավարական ամբողջատիրութիւնները տապալած ժողովրդային զօրաշարժերուն եւ Հայաստանի մէջ ապրիլեան զօրաշարժին, որուն գլուխը անցած էր օրէնսդիր իշխանութեան մէջ ներկայացուած քաղաքական կուսակցութիւն մը, մասնաւորաբար` մէկ ղեկավար անձնաւորութիւն: Որպէս ազատամիտ իմաստով լիպերալ յեղափոխութիւն թաւշեայ յեղափոխութիւնը, եւ յատկապէս անոր նախաձեռնող/ղեկավար տարրը, ինքզինք հակադրեց համակարգի մինչ այդ իշխող ուժի` Հանրապետականի պահպանողականութեան: Հայաստանի մէջ քաղաքական/գաղափարախօսական բախումը, հետեւաբար, ամէն հեռաւորութիւն պահելով հանդերձ, համահունչ էր Միացեալ Նահանգներու քաղաքական ոլորտին մէջ քաղաքական/գաղափարախօսական մրցակցութեան, որ ընդհանրապէս յատկանշած է այդ բեմը, շատ աւելի քան` եւրոպական ոլորտի յատուկ աջ/ձախ մրցակցութեան: Հայաստանի մէջ, փաստօրէն, թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք ձախի այլընտրանքը մնաց քաղաքականութեան լուսանցքին, կամ, աւելի որոշակի, արտախորհրդարանական ոլորտին մէջ:

Ձախի բացակայութիւնը նախկին խորհրդային երկրի բեմահարթակէն այնքան ալ զարմանալի չէ անշուշտ, եւ, ամէն պարագայի, նոյնիսկ այն տարիներուն, երբ կեդրոն-ձախ կուսակցութիւն մը,  ի դէմս ՀՅ Դաշնակցութեան, մաս կը կազմէր պետական ոլորտին` որպէս խորհրդարանական խմբակցութիւն թէ մասնակից գործադիր իշխանութեան, շատ դժուար եղած էր, եթէ ոչ անկարելի, ձախակողմեան այլընտրանքի ընտրազանգուածի կազմաւորումը եւ ընդարձակումը: Ընդ որում` համակարգային փոփոխութեան բառացի իմաստով ամենահիմնական հարցերը, իմա՛ հարստութեան կեդրոնացման եւ ընկերային բեւեռացման վերացում` ի խնդիր ընկերային արդարութեան վրայ կառուցուելիք համակարգի մը, մնացին տեսութիւն, ընտրական փլաթֆորմ եւ խոստում, աւելի քան` գործնական յանձնառութիւն, զօրաշարժի նախաձեռնութիւն եւ համակարգի նկատմամբ քննադատական շարքեր, մանաւանդ` երիտասարդութիւն պատրաստելու նախանձախնդրութիւն: Կար անշուշտ ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին սպառնալիքի շատ իրական պատճառը` զգուշ ըլլալու համար ներքին ամէն վերիվայրումէ: Բայց իրողութիւն է, որ այդ զգուշութիւնը նաեւ յանգեցաւ համակարգի հանդէպ հասարակական դժգոհութեան ու ցասումի տարողութեան թերգնահատման: Այս նկատառումները միայն տեսական չեն: Թաւշեայ յեղափոխութիւնը առիթ ստեղծած էր արտախորհրդարանական ընդդիմութիւն մը յառաջացնելու կեդրոն-ձախի գաղափարախօսական ուղղուածութեամբ, ուր իրենք իրենց հարազատ զգային նաեւ բոլոր այն հասարակական շարժումներն ու քաղաքական ուժերը, որ այս կամ այն հարցով գաղափարախօսականօրէն իրենք իրենց ձախ-յառաջդիմական կը նկատէին: Այդ մէկը տեղի չունեցաւ, եւ քաղաքական/գաղափարախօսական բեւեռացումը հայրենի հասարակութեան ոլորտին մէջ իմքայլական կառավարութեան առաջին տարին կը դրսեւորուի ազգային/ապազգային բաժանման գիծով:

(Շար. 1)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13471

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>