Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13232

Մուսա Լեռ –Այնճարի 80-ամեակ. «Յաւերժ Մուսա Լեռ» Մուսա Լերան Եւ Այնճարի Երգերու Երգարանը

$
0
0

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Թէ մուսալեռցիք մեծ սէր ունէին երգի եւ պարի հանդէպ, կասկածէ վեր է: Դարերու ընթացքին այս ժողովուրդի առօրեային մաս կազմած են  երգն ու պարը ` թմբուկ-զուռնայի տիրական ներկայութեամբ:

Մուսա Լերան ժողովրդային բոլոր տօնակատարութիւններուն ընթացքին (ազգային, կրօնական թէ ընտանեկան) ներկայ եղած են մանաւանդ թմբուկ-զուռնան եւ ժողովրդային  շուրջպարերը, որոնք յատուկ շունչ եւ ոգի  փոխանցած են ներկաներուն: Նշանաւոր էին թմբկահար Կիրակոս Խօշեանը, զուռնաճիներ`  Տէւէճը, Խաչեր Շաննագեանը, Գպրսլի պապուկը եւ աւելի ուշ` Յովհաննէս (Վանիս) Գապաքեանը…

Յիշատակելի էին  նաեւ Բարեկենդանի առիթով բացօթեայ  շուրջպարերը, որոնց ընթացքին պարագլուխ կիները կը յօրինէին բարբառով երգեր (Հոմ Տինի…):

Պէտք չէ մոռնալ, որ Մուսա Լերան մէջ ժողովրդային  տօներն ու հարսանիքները կ՛երկարէին գրեթէ մէկ շաբթուան վրայ, որոնց  միջուկը կը կազմէին  ժողովրդային երգերն ու պարերը:

Այս ժողովուրդը ունէր նաեւ իր աշուղները, որոնք երգեր կը յօրինէին, շատ անգամ` ուղղակի խրախճանքներու ընթացքին: Նշանաւոր էին  Խըտրպէկէն Մարգարեան տոհմի աշուղները (յատկապէս աշուղ Տոլար Պապուկը` Եսայի Մարգարեան), Հաճի Հապիպլիէն աշուղ Դեւելլին` Պօղոս Սուբկիկեան եւ ուրիշներ…

Երգերուն մեծ մասը Մուսա Լերան բարբառով կը կատարուէին. կային նաեւ երգեր, որոնք թրքերէն լեզուով կը կատարուէին, յատկապէս` հինումի ընթացքին: Այս երգերու կատարումին մէջ յայտնի էր մանաւանդ հինումներու թագաւոր Վենետիկ պապուկը (Աւետիս Գուճանեան): Ասոնք մօտաւորապէս 40-50 երգեր էին, որոնք սակայն մոռացութեան տրուած են թրքերէն լեզուով ըլլալնուն պատճառով:

1960-ականներուն, առաջին անգամն ըլլալով, «Այնճար» պարբերաթերթի եւ Ազգային Յառաջ վարժարանի «Մուսա Լեռ» տարեգիրքի հրատարակութեանց մէջ, ծանօթ ուսուցիչ եւ դաստիարակ Թովմաս Հապէշեան  կը ներկայացնէ Մուսա Լերան աւանդութիւնները եւ կ՛անդրադառնայ նաեւ մուսալեռցիներու երգերուն:

Այս տարիներուն նաեւ, առաջին անգամն ըլլալով, Մուսա Լերան պարեղանակները կը նոթագրուին Սարգիս Փանոսեանին կողմէ, որ մեծ վաստակ ունի երաժշտական կրթութիւն ջամբելու Այնճարի նոր սերունդին` կազմելով երգչախումբեր, կազմակերպելով ձեռնադաշնակի դասընթացքներ…

Գրեթէ նոյն ժամանակ լիբանանահայ ծանօթ երաժիշտ Ալեքսան Մնակեան կը դաշնաւորէ Մուսա Լերան պարեղանակներէն մէկը, որ կը ներկայացուի ձայնասկաւառակի վրայ` մեծ ընդունելութիւն գտնելով:

1970-ականներուն  փորձ մը կատարուած է համախմբելու Մուսա Լերան երգերը, սակայն այդ փորձը չէ յաջողած, մանաւանդ որ օրին մասնագէտ երաժշտագէտ Աշոտ Պատմագրեան  միայն աղօտ հայկական մոթիվներ նկատած է Մուսա Լերան  երգերուն եւ պարեղանակներուն մէջ…

1970-ին «Յուշամատեան Մուսա Լերան» հատորին մէջ (հրատարակութիւն` Ճեպել Մուսայի հայրենակցական միութեան), Մարտիրոս Գուշագճեան եւ Պօղոս Մատուռեան կը ներկայացնեն քանի մը երգեր:

1980-ականներուն Լոս Անճելըսէն  այնճարցի Արա Զէյթլեանի ջանքերով (հայրենի արուեստագէտներ  Արմէն Ահարոնեանի ու Բաբգէն Աւոյեանի կատարումով) կը պատրաստուի  ձայներիզ մը` Մուսա Լերան պարեղանակները ներկայացնելով, որ արագօրէն կը տարածուի սփիւռքի մէջ:

1984-ին Վերժինէ Սվազլեան «Մուսա Լեռ» ազգագրական ուսումնասիրութեան մէջ (հրատարակութիւն` Հայկական ՍՍՀ Գիտութիւններու ակադեմիայի) կը ներկայացնէ, առաջին անգամն ըլլալով, մուսալեռցիներու երգերէն 10 նոթագրուած երգեր:

1986-ին Թովմաս Հապէշեան իր «Մուսա Տաղի պապենական արձագանգներ» (հրատարակութիւն` Համազգայինի Այնճարի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի) հատորին մէջ կը ներկայացնէ ութ երգեր:

Հայրենիքի մէջ վաստակաւոր  երգչուհի Յասմիկ Յարութիւնեան հայկական օրօրներու շարքին կը ներկայացնէ նաեւ Մուսա Լերան «Օրօր»-ը եւ հարսը տունէն հանելու երգը (Մու լուր, հէ՜յ մար, մու լուր)` լայն ճանաչում ապահովելով այս երգերուն:

Ժամանակի ընթացքին  թէ՛ հայրենիքէն եւ թէ՛ սփիւռքէն երգիչներ իրենց ելոյթներուն ընթացքին կը ներկայացնեն Մուսա Լերան եւ Քեսապի պարերգը` «Հալա հալա նիննօ է»-ն, որ  մեծ ժողովրդականութիւն կը գտնէ:

Յիշատակելի է այս գծով մանաւանդ մուսալեռցի երգիչ Շահէ Սգայեանը, որուն միջոցով յատկապէս տարածուեցաւ մուսալեռցիներու անպաշտօն  քայլերգ նկատուող  աշուղ Տոլար Պապուկի «Մուսա Լերան գիւղերէն»-ը:

1994-ին  Հայաստանի Մուսա Լերան հայրենակցական միութիւնը կը հրատարակէ «Իմ Մուսա Լեռ» երգարանը, որ կը ներկայացնէ 10 նոր երգեր` հայրենի երաժիշտներու յօրինումով,  որոնք նուիրուած են Մուսա Լերան:

2005-ին Սան Ֆրանսիսքոյի Մուսա Լերան հայրենակցական յանձնախումբը լոյս կ՛ընծայէ Մուսա Լերան պարեղանակներու ձայնասկաւառակ մը` հայրենի երաժիշտ Արմէն Մանդակունեանի մշակումով (նախաձեռնութեամբ եւ օժանդակութեամբ` մուսալեռցի օժտուած երաժիշտ Գէորգ Պուրսալեանի եւ Սագօ Փանոսեանի), որ մեծ տարածում կը գտնէ:

Վերջին տասնամեակներուն, երբ մուսալեռցիք հաստատուեցան Մուսա Լեռ-Այնճարի մէջ, այս տարիներուն նաեւ յօրինուած են երգեր, որոնք առնչութիւն ունին Մուսա Լերան եւ Այնճարին հետ:

2015-ին, Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակին առիթով, հերոսամարտի Կեդրոնական մարմինը յատուկ յանձնախումբով  մը (Մովսէս Ն. Գէորգեան, Րաֆֆի Անտոնեան, Շուշան Փանոսեան-Հերկելեան եւ Սալբի Ճըլգեան-Հանտեան) ծրագրեց հրատարակել Մուսա Լերան եւ Այնճարի հետ կապ ունեցող բոլոր երգերը` նոթագրուած երգարանով մը:

Յանձնախումբը համախմբեց հրատարակուած երգերը եւ այցելելով բազմաթիւ այնճարցիներու` կրցաւ նաեւ արձանագրել երգերու խումբ մը, որոնք կ՛երգուին ժողովուրդին մէջ, սակայն ցարդ չէին հրատարակուած: Օրին, սակայն, կիսատ մնաց այդ աշխատանքը:

Անցնող ամիսներուն Համազգայինի Այնճարի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղը, Մուսա Լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակին  առիթով, նախաձեռնեց այս երգարանի հրատարակութեան` աշխատանքի վերահսկողութիւնը վստահելով ծանօթ խմբավար եւ երաժիշտ Զաքար Քէշիշեանին:

Հաւաքուած երգերը, անոնք, որոնք նոթագրուած չէին, խմբագրուեցան եւ նոթագրուեցան երաժշտութեան մասնագէտ Շաղիկ Գէորգեանի կողմէ, եւ արդինքը եղաւ նոթագրուած երգարան մը`   58  երգերով ու պարեղանակներով:

Երգարանին մէջ տեղ գտան թէ՛ Մուսա Լերան բարբառով երգերը, թէ՛ Մուսա Լերան եւ Այնճարին առնչուած երգեր, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի Մուսա Լերան հայրենակցական միութեան հրատարակած երգերը, այս ձեւով կազմելով ամբողջութիւն մը (հոս չեն ներկայացուած մուսալեռցի կամ այնճարցի հեղինակ-երաժիշտներու այն  ստեղծագործութիւնները, որոնք առնչուած չեն ուղղակիօրէն Մուսա Լերան կամ Այնճարին, ինչպէս` Գէորգ Պուրսալեանի, Վարուժան արք. Հերկելեանի եւ ուրիշներու):

Երգարանի հրատարակութեան ծախսը հոգացին Պետիկ եւ Վարդենի Պիտանեանները, իսկ կողքը զարդարուեցաւ այնճարցի ծանօթ նկարիչ Րաֆֆի Անտոնեանի մէկ գործով, որ նուիրուած է Մուսա Լերան երգ ու պարին:

Եւ այսպէս, այսօր հրատարակուած է արդէն այս երգարանը:

Բնականաբար այս հրատարակութիւնը  կրնայ ամբողջական  չըլլալ, եւ անպայման կրնան գտնուիլ մոռցուած երգեր, սակայն կասկածէ վեր է, որ այս հրատարակութիւնը անհրաժեշտութիւն մըն էր տարիներէ ի վեր, եւ շատ երգեր կորուստէ կը փրկուին այս երգարանով:

Այս հատորը կրնայ նաեւ ատաղձ ծառայել աւելի ծաւալուն, ամբողջական  եւ մասնագիտական հրատարակութեան մը` նուիրուած մուսալեռցիներու երգերուն, պարեղանակներուն եւ երաժիշտներուն:

Վերջապէ՜ս մուսալեռցիք ունեցան իրենց երգարանը` «Յաւերժ Մուսա Լեռ»-ը:

Աչքը լոյս` հայ երաժշտութեան բոլոր երկրպագուներուն եւ մանաւանդ  մուսալեռցիներուն:

Կայ նաեւ հաճելի այլ անակնկալ մը, որ շուտով կը ներկայացուի յառաջիկայ օրերուն, այդ մէկը ծանօթ զուռնա նուագող Յովհաննէս Գապաքեանի ձայնասկաւառակի  թողարկումն է: Այդ մասին` առանձին:

Մուսա Լեռ – Այնճար
20 օգոստոս 2019               

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13232

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>