Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Պահ մը զանց առնելով աշխարհաքաղաքական բարդ իրադարձութիւններն ու անոնց ազդեցութիւնը, փորձագիտական վերլուծութիւններն ու, համարեա, բոլոր նախատեսութիւնները, որոնք կ՛առնչուին հայոց Արցախին ու անոր ճակատագիրին, հայ պատմագիտական ու քաղաքական միտքը կը գտնուի պարտաւորութեան մը դէմ յանդիման` զգաստ պահելու հայ ժողովուրդի բարոյահոգեբանական ու նեարդային վիճակը, պայքարի ոգին ու ազգային աշխարհահայեացքը:

Իրօք, ազգային աշխարհահայեացք մը, որ պէտք է առաջին հերթին պարփակէ պետական մտածողութիւն, դիւանագիտական լուրջ փորձառութիւն, քաղաքական խոր հասունութիւն եւ ազգային արժանապատուութիւն:

Այդուհանդերձ, շեշտելով բարոյահոգեբանական արժէքներու էական տարրերը եւ անոնց իմացութեան կարեւորութիւնը, իբրեւ ազգ ու պետութիւն, մեր կարգին, պարտաւոր ենք հաշուի առնել այն բոլոր գործօնները` քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, զինուորական, ազգագրական, պատմական, մշակութային, կրթական, դաստիարակչական, արհեստագիտական եւ այլն, որոնցմով պիտի կարենանք պահել ու պահպանել մեր տեսակը, հայո՛ւ տեսակը:

Հայու տեսակ, որ կրցած է համաշխարհային քաղաքակրթութեան մէջ գրաւել իր ուրոյն տեղն ու դերը, նուաճել բարձունքներ եւ արձանագրել պատկանելիութեան դրոշմը, որով կը զատորոշուինք ուրիշներէ աւելի քան երեք հազար տարիէ:

Հարց. ինչո՞ւ Արցախի անկախութեան հռչակման առիթով նման մտածումներ սեւով սպիտակին վրայ կ՛արձանագրուին, կամ յիշեցման կարգով` կ՛ընդգծուին:

Որովհետեւ բազմաթիւ մտահոգութիւններ իրենք զիրենք կը պարտադրեն. ինչ կը վերաբերի Հայաստանի հողին վրայ կատարուած իշխանափոխութեան (թաւշեայ) եւ անոր իբրեւ հետեւանք ստեղծուած խառնափնթոր իրավիճակին:

Արդ, ոմանք կրնան մեզ մեղադրել` ըսելով, որ կը չափազանցենք` մեր մտածումները ընդհանրացնելով, երբ ամէն պատեհ առիթի շռայլօրէն կը խօսինք կամ կը գրենք Արցախի մասին: Անշուշտ, ընդգծումը չի վերաբերիր հռետորաբանութեան, ոչ ալ օդին մէջ արձակուած պղպջակ մտքերու:

Իսկ ուրիշներ, կրնան հարցադրել, թէ ո՞րն է այդ հայու տեսակը, որուն կ՛ակնարկուի: Արդեօք անիկա իւրայատուկ եւ առանձնաշնորհեալ երեւո՞յթ մըն է, ազգային վիճա՞կ մը, որ պարզապէս կը պարունակէ գերակայութեան բարդոյթ, անմիջական խնդիրներ յարուցանելու կամ լուծելու կացութիւն, որ անցողակի եւ անհեռանկար է, այլապէս ալ, իր կարգին, դատապարտուած է մոռացութեան:

Ո՛չ, հարցի էութիւնը այլ տեղ է, այսինքն` ճակատագրական սխալներէ զերծ մնալու հրամայական պահանջն է, պառակտումի որոմներէ ձերբազատիլն է, զիրար ամբաստանելու որոգայթէն հեռու մնալն է, անհեթեթի տրամաբանութենէն մէկ քայլ անդին երթալու կոչն է, ազգային անվտանգութիւնը բացարձակ եւ գերադաս նկատելու զգաստութեան հրաւէրն է, ներքին համերաշխութեան պահպանումն է, զրպարտութիւններու ընդմիշտ դադրեցումն է, այսպէս ըսած, նախկին պետական այրեր դաւաճանութեան «մակդիրին»-ին արժանացնելն է, բանակի հրամանատարներ կամ ազգային հերոսներ վարկաբեկելն է, աւելի՛ն. ոճրամիտ, ցեղասպան, հայատեաց եւ մարդակեր թուրք-ազերի թշնամիին էութիւնը կրկին լոյսին բերելու եւ հաշուի առնելու հարցն է:

Այո՛, Արցախը մենք ենք, հայութիւնն է իր դարաւոր պատմութեամբ եւ ազգային արժէքներով: Արցախ աշխարհը, նոյնինքն հայ ազգի գոյութենական պայքարին եւ լինելութեան պատուանդանն է, քաջաբար եւ հպարտօրէն ապրելու իրաւունքը:

Ազգային իրաւունք, որուն ձեռքբերման համար հայութիւնը շատ սուղ է վճարեր անցեալին ու կը շարունակէ մինչեւ օրս:

Արցախը մեր տեսակն է, այո՛, առանց գերադասի եւ ցեղապաշտի հատ ու կենտ արտայայտութիւններու: Անիկա պապենական դարաւոր հողատարածն է, ուր իրենց լուսաւոր արմատները ակօսեցին Հայկի զաւակներն ու թոռները, աւելի՛ն. վճռեցին ապրիլ այդ խրոխտ լեռներուն վրայ, իբրեւ դիւցազուններ` քաջ հաւատալով, որ սրբազան այս օրրանը` Արցախ աշխարհը, Հայաստանի թիկունքն ու դարպասը ըլլալու կոչուած է ու ցարդ կը մնայ իբրեւ այդպիսին:

2 սեպտեմբեր 1991:

Փառաւոր ու պանծալի թուական մը, որ իր մէջ կը խտացնէ ամբողջ ժողովուրդի մը սէրն ու անխառն զգացումները: Արցախի անկախութեան հռչակման թուականը, խորքին մէջ, համազգային տօն է, հայուն ինքզինք ճանչնալու եւ անով հպարտանալու անփոխարինելի առիթն է, դարաւոր թշնամիին` թուրքին յաղթելու եւ անոր վատոգի նկրտումները կասեցնելու սրբազան արարքն է, որ իրականացաւ շնորհիւ մերօրեայ ֆետայիներու, աննման տղաներու, տոկուն ժողովուրդի մը եւ նահատակութեան փառապսակին արժանացած անկրկնելի հերոսներու:

Հայոց մելիքութիւններու անդաստան` լեռնային այս աշխարհը, շնորհիւ իր  հրաշալի բնութեան եւ արիասիրտ ժողովուրդին` կրցեր է տոկալ եւ գերազանցել ինքզինք, դէմ դնելով բարբարոս ցեղերու թէ կայսրութիւններու: Երկրագունդի հրաշալիք այս հողը, կերտեր է իր նկարագիրը, դիմագիծը, հայու տեսակը:

Աւելի՛ն. արցախահայութիւնը դարեր շարունակ ձգտած է ազատութեան եւ անկախութեան: Փաստօրէն, իբրեւ հայ ժողովուրդի հարազատ շառաւիղ եւ կենդանի հաւաքականութիւն` իր աչքերը յարած պահելով Մռաւ լերան կատարին, միշտ ալ ձգտած է հասնիլ Արարատին, իր ծոցէն ծնունդ տալով սրբազան «խենթ»-երու եւ ազգին պատիւ բերող հանճարներու:

Բաւարար է յիշել լոյսի ու մշակոյթի մայրաքաղաք Շուշին, որուն սրբատաշ քարերն ու զուլալ գետերը կը վկայեն, որ բազմաթիւ անգամ գրաւուելէ ու հրկիզուելէ ետք` հորդաներու ձեռամբ, վերադարձած է իր տիրոջ, աւելի գեղեցիկ եւ ուժեղ:

Արցախեան ազատագրական մերօրեայ պայքարը (1988-1994), որ, ի դէպ, ցարդ կը շարունակուի, ամբողջ մարդկութեան ցոյց տուաւ հայ բազուկին հզօրութիւնը,  անկոտրում կամքն ու հայրենապաշտութիւնը: Փաստօրէն, հակառակ ստալինեան բռնակցումին (1923), ազերիներու սպանդներուն եւ սովետի կարմիր ճնշումներուն, հայ ֆետայիներու օրրան Արցախը բոլոր կարելիութիւններով դէմ կրցած է դնել եւ իր պահուածքին մէջ կայտառ պահած է հայրենատիրութեան վարակիչ զգացողութիւնը:

Յայտնապէս, իբրեւ ժողովուրդ, որքա՛ն թախծոտ եւ հոգեպէս տկլոր պիտի ըլլայինք առանց արցախեան ազգային ազատագրական պայքարին: Որքա՛ն տժգոյն դիմագիծ պիտի ունենայինք ազգովին, եթէ երբեք Արցախի հայութիւնը իր հրաշք տղաները չնուիրաբերեր ազատութեան բագինին եւ, ի գին մեծ զոհողութիւններու, պաշտպաներ ազգային արժանապատուութիւնը:

Իրօք, ինչպէ՛ս կարելի է մոռնալ աւելի քան հինգ հազար նահատակներու յիշատակն ու բազմահազար վիրաւորներու լո՜ւռ տանջանքը` յանուն Արցախի հայացման եւ պետականութեան ամրապնդման:

Արդ, Արցախի անկախութեան հռչակումը, խորքին մէջ, ժամանակակից հայ կեանքի ամէնէն բոցավառ իրագործումն էր, որովհետեւ անով սկիզբ առաւ Հայ դատի նորովի ըմբռնումն ու դարաւոր երազի իրականացման ճանապարհը:

Այս առումով ոչ ոք կրնայ ուրանալ Արցախի խոյանքին ունեցած հսկայ ներդրումը` Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման մէջ:

Այսօր Արցախի կապտաւուն երկինքին տակ հպարտօրէն կը շնչէ հայոց երկրորդ հանրապետութիւնը Ստեփանակերտ մայրաքաղաքով, պետական լիարժէք կառոյցով, հրաշալի բանակով, ժողովրդավար վարչակարգի հասունութեամբ եւ դէպի ապագայ սուրացող սերունդներու ծնունդով:

Արդար է յիշել, որ հայ ժողովուրդը իր բոլոր շերտերով` սփիւռքի եւ հայրենի հողին վրայ, ոչ մէկ ատեն կը զլանայ իր նիւթական ու բարոյական աջակցութիւնը ներդրել Արցախ աշխարհի պետականութիւնը ամրացնելու եւ այդ սուրբ հողին վրայ ապրող ժողովուրդին բարեկեցութիւն ապահովելու:

Համոզուած ենք, որ միջազգային քաղաքական միջնորդութիւններ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակ, ՄԱԿ-ի յանձնաժողովներ թէ տարածաշրջանային կազմակերպութիւններ, որքան ալ փորձեն (դրական կամ ժխտական) արցախեան խնդիրին լուծում ապահովել, բայց եւ այնպէս իրողութիւնը այն է, որ հայ քաղաքական մտքին ու պատմագիտական ոլորտներու ուսերուն կը հանգչի յանձնառութիւն մը, ընդմիշտ շեշտադրելու անսեթեւեթ ճշմարտութիւն մը, որ Արցախ աշխարհի լուծումը կախեալ է հայ ժողովուրդի գիտակցական մակարդակէն եւ տոկալու կամքէն:

Իսկ ի՛նչ է այդ գիտակցական մակարդակը եթէ ոչ հայութեան հզօրութիւնը, ազգային արժէքներու տիրութիւն ընելը, որոշումի կեդրոններու որոգայթները իրենց սաղմին մէջ խեղդելու քաղաքական-դիւանագիտական հասունութիւնը, սանձարձակ թուրք-ազերիական յարձակումներուն դէմ դնելը` ռազմական եւ քարոզչական յստակ առաջադրանքներու անյապաղ որդեգրումը:

Արդ, աշխարհաքաղաքական ոլորապտոյտ եւ սադայելական հաշիւներու դէմ հարկ է ցոյց տալ ներազգային կեանքի համերաշխութիւն ու պետական մտածողութեան  առաւել աշխուժութիւն: Վատաբանումը տկարին ամենաստոր զէնքն է:

Փաստօրէն, հայութիւնը պարտաւոր է թաւշեայ իշխանափոխութեան առընթեր ամբողջ աշխարհին ցոյց տալ ներազգային կեանքի թաւշեայ մտածական տարածք եւ քաղաքական մտքի ճարտարութիւն: Ներկայ իշխանութիւնը պարտաւոր է ինքզինք զերծ պահել խաբուսիկ յաղթանակներ տանելու պատրանքէն:

Խօսքը հայու տեսակի մասին է եւ վերջ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>