Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Սօսէ Ճինպաշեանի Յիշակատին

$
0
0

Ծառայասիրութիւնը առաքինութիւն մըն է, որով օժտուած են շատ քիչեր, անոնցմէ մէկը ուրիշ մը չէր, եթէ ոչ` ընկերուհի Սօսէն: Անձնդիր, համակ նուիրումի, անխորտակելի կամքի, անյողդողդ պայքարի մարմնացումն էր ան: Ամբողջ կեանքը նուիրած էր ազգին:

Եղած էր վերանկախացած հայրենիքի մէջ Հայ օգնութեան միութեան հիմնադիրներէն: Ի՜նչ հպարտութեամբ կը պատմէր մեզի, Արցախի սահմաններուն, նենգ ոսոխի գնդակով վիրաւորուած մարտիկներուն տածած խնամքին մասին, կամ թէ ինչպէ՛ս կազմակերպական կարգ ու կանոն ջամբած էր Հայաստանի նորակազմ ՀՕՄ-ի վարչութեան, որուն անդամն էր նաեւ ինք:

Իր մանկավարժական հմտութիւնն ու փորձառութիւնը միշտ ալ ի սպաս դրած էր սփիւռքահայ գաղութներուն, մանաւանդ` Քուէյթ եւ Լիբանան, մղելով նորահաս սերունդները ազգասիրութեան եւ հայրենասիրութեան:

Այսուհանդերձ, ընկհ. Սօսէին սրտին խօսող ամենասիրելի կազմակերպութիւնը եղած էր Լիբանանահայ օգնութեան խաչը: Տարիներ շարունակ իր ամբողջ էութեամբ նուիրուած էր իր սիրելի յանձնախումբին` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպական յանձնախումբին: Անընդհատ վարած էր ատենապետի պաշտօնը` լուրջ յանձնառութեամբ: Ընդհանրապէս ժողովները կը սկսէր գիրքէ մը կամ մամուլէն քաղուած, հետաքրքրական եւ օգտաշատ հատուածի մը կամ յօդուածի մը ընթերցանութեամբ` որպէս մտքերու լուսաւորում: Անզուգական ղեկավար էր ու սրտակից ընկեր: Իր սիրած ու պաշտած մայրենիով, այս պահուս, չեմ գտներ բառեր` նկարագրելու իր ազնուական հայուհիի էութիւնը: Թող որ ներուի մեզի յուզման առթած այս բացթողումը:

Վաղահաս էր հիւանդութիւնը, բա՛յց ինք` քաջ, հակազդող ու պայքարող: Այնպիսի տպաւորութիւն էր, որ հիւանդութիւնը կը սոսկար իրմէ: Վերջին շրջանին միասնաբար կ՛աշխատէինք ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան արխիւներուն վրայ, ամէն շաբաթավերջին ճիշդ ժամուն հոն կ՛ըլլար, կազմ ու պատրաստ` գործելու, եւ այնպէ՜ս աշխուժ, այնպէ՜ս սիրով:

Այս բոլորով մէկտեղ, սակայն, մի՛շտ ու միշտ իր սրտին մէջն էր ԼՕԽ-ի կազմակերպական յանձնախումբը` մօտիկ ու հարազատ: Կազմակերպական յանձնախումբը իր կեանքը, հոգին, ամբողջ էութիւնն էր, որուն հետ կապը չխզուեցաւ մինչեւ վերջ: Չափազանցութիւն պիտի չըլլայ, եթէ ըսենք` թէեւ «Աշխէն» մասնաճիւղի անդամ, ան համատարած ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերուն կազմակերպական կառոյցի ուղղիչն էր իր քաղցրիկ ժպիտով, ուղեկցուած` յորդորներով ու ցուցմունքներով:

Ափսո՜ս, մե՛ծ է կորուստը ո՛չ միայն կազմակերպական յանձնախումբին, այլեւ` ամբողջ Լիբանանահայ օգնութեան խաչին: Ան ԼՕխ-ի պատուական ու վաստակաւոր անդամուհին էր, որ կեանքէն քիչ-քիչ հեռացաւ, բայց մի՛շտ մնաց  պատնէշի վրայ, մի՛շտ հաւատարիմ իր առաքինութեան` ծառայասիրութեան, մարտնչեցաւ մինչեւ վերջին շունչը:

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի համայն ընտանիքը, խոր կսկիծով կը սգայ մահդ, սիրելի ընկհ. Սօսէ՛: Համարենք` այս ըլլայ տանջանքիդ աւարտը: Թո՛ղ Երկնային Տէրը լոյսերու մէջ հանգչեցնէ անմեղ հոգիդ: Թո՛ղ հողը թեթեւ գայ վրադ եւ աստուածային մխիթարութիւնը սփոփէ բոլոր հարազատներդ:

Յանուն ԼՕԽ-ի կազմակերպական յանձնախումբի`
ՄԱՐԱԼ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles