ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ
«Տիեզերքում աստուածային մի ճամբորդ է իմ հոգին.
Երկրից անցուոր, երկրի փառքին անհաղորդ է իմ հոգին.
Հեռացել է ու վերացել մինչ աստղերը հեռաւոր,
Վար մնացած մարդու համար արդէն խորթ է իմ հոգին»
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ
————————–
Կեանքի փիլիսոփայութեան եւ մարդկային յարաբերութեան մէջ մենք` հոգեղէն եւ բանաւոր միտքի արարածներս, իւրաքանչիւրս` իր ներանձնական կեանքի զբաղումներէն բացի, կը տենչանք իբրեւ մարդ արժեւորուելու, հանդիպելու մարդկային վեհ առաքինութիւններով օժտուած անձերու, ստեղծագործելու եւ օժանդակելու տարբեր դասակարգի մարդոց եւ, վերջապէս, արժանի դրոշմ մը ձգելու մարդոց յիշողութեան ու կեանքի իմաստաւորեալ գանձարանին մէջ: Սակայն համաշխարհայնացման եւ արդիականացման ներկայ դարը հոսանքն ի վար կը թիավարէ` շեղելով այս արժէքներու խորքը, մարդը առաջնորդելով աւելի նիւթականացած եւ եսակեդրոն կեանքի:
Այս բոլոր հոսանքներուն դէմ թիավարեց եւ իր կեանքը առաւել իմաստաւորեց ու արժեւորեց վերջերս վաղաժամօրէն կեանքէն հեռացած գլխագիր եւ համեստ մարդ ու հայուհի մը` յանձինս Սօսէ Ճինպաշեանի: Քեսապի դիւթիչ բնութիւնը, սէգ լեռները, սօսի ծառը, տերեւներուն սօսափիւնը եւ կազդուրիչ օդը ուրիշ բան չէին կրնար ներշնչել Սօսէ Ճինպաշեանին: Իր ունեցած մարդկային արժէքները, ազգային եռուն կեանքը, հայրենասիրութիւնը, ծառայութիւնը, նուիրումը լաւագոյնս կը բնորոշեն քեսապցի ծնունդ եւ արմատ ունենալու իրողութիւնը:
Եթէ պահ մը ակնարկ նետենք իր կեանքի կենսագրականին, կը տեսնենք, թէ ինչպիսի՜ դժուար, տագնապալի օրեր անցուցած է եւ` բեղուն գործունէութիւն ունեցած: 1948-ին Քեսապ հայաւանին մէջ լոյս աշխարհ եկած է Սօսէ Սարգիսեան: Ան Սամուէլ եւ Սրբուհի Սարգիսեաններու եօթներորդ զաւակն է եւ կրտսերագոյնը: Իրենց ընտանիքը արդէն վաստակաւոր անձեր պարգեւած է հայութեան, ինչպէս` լուսահոգի Գարեգին Բ. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, եպիսկոպոս մը, տնօրէն մը: Ան եօթը տարեկանին փոխադրուած է Պէյրութ եւ յաճախած` Մարաշ թաղի Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանը: Այնուհետեւ իր ուսումը շարունակած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ: Իր ուսումը աւարտելէ ետք ան մանուկներուն հանդէպ ունեցած անհուն սէրը դրսեւորած է պաշտօնավարելով նախ Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի մանկապարտէզի,ապա Պատարոյի Ֆուայէ Նոթրը Տամ տէ զ՛անժ դպրոցին մէջ, ուր քանի մը տարի ետք կը դառնայ վարիչ մանկապարտիզպանուհի: Մանկապարտէզի իր մասնագիտութիւնը ստացած է օրին Էքոլ տէ լեթր ֆրանսական համալսարանին մէջ:
Սօսէ Սարգիսեան 1977-ին ամուսնացաւ Տիգրան Ճինպաշեանին հետ, եւ անոնք փոխադրուեցան Ֆրանսա: Ան Փարիզի մէջ առիթ ունեցաւ իր ուսումը շարունակելու Փարիզ սենք համալսարանին մէջ, որ օրին հոգեբանութեան եւ մանկավարժութեան առաջատար համալսարաններէն մէկն էր: Ան վկայուեցաւ լիսանս վկայականով:
Հուսկ, կը սկսի Սօսէ Ճինպաշեանի ազգային ծառայութիւնը: Ան կ՛անդամակցի Ֆրանսայի Կապոյտ խաչին` գործօն մասնակցութիւն բերելով միօրեայ դպրոցին եւ մանուկներու բանակումներուն: Ապա կը տեղափոխուին Քուէյթ: Հոն հայկական վարժարանին մէջ կը դառնայ մանկապարտէզի պատասխանատու: Օրին ան մանկապարտէզը հասցուց այնպիսի բարձր մակարդակի, որը գնահատուեցաւ Քուէյթի պետական կրթական նախարարին կողմէ: Իր ջանքերով եւ նուիրեալ աշխատանքով Քուէյթի Ազգային վարժարանի մանկապարտէզը բուրեց հայկականութեամբ: Ան դարձաւ նաեւ Համազգայինի նորակազմ վարչութեան անդամ: Իր ունեցած ազգային եռուն կեանքը իւրովի գնահատուեցաւ քուէյթահայութեան կողմէ: Դժբախտաբար Քուէյթի գրաւումը ստիպեց զիրենք փոխադրուելու Հայաստան, 1990-ին: Հայաստանի մէջ իր ազգային ծառայութիւնը եւ գործօն մասնակցութիւնը մատուցեց ՀՕՄ-ի եւ գաղթականներու ու վիրաւորներու օժանդակութեան յանձնախումբի ճամբով: Ասոր առընթեր, Սօսէ Ճինպաշեան Հայաստանի կրթութեան նախարարութեան մեթոտաբանական գրասենեակին մէջ դարձաւ աւագ գիտաշխատող: Ան ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքներ կատարեց: Դժբախտաբար Սօսէ Ճինպաշեան ուղեղային կաթուած մը կ՛ունենայ եւ բուժումի համար կը ստիպուին վերադառնալ Լիբանան: Բուժումէն ետք Սօսէ Ճինպաշեան շարունակեց իր ազգային եռուն կեանքը: Մաս կազմեց Լիբանանահայ օգնութեան խաչին եւ գործօն մասնակցութիւն բերաւ կազմակերպչական եւ արխիւային-պատմական, կանոնագրային յանձնախումբին, նաեւ` Ազգային իշխանութեան ուսումնական խորհուրդին մէջ:
Ակներեւ էր Սօսէ Ճինպաշեանին ունեցած անհուն սէրը եւ գուրգուրանքը մանուկներու հանդէպ: Ան ուր որ գտնուէր, յանկարծ արդէն մանուկները կը համախմբուէին իր շուրջ: Ուսումնական խորհուրդի անդամ դառնալը իրեն համար սոսկ անուն չէր: Ան միշտ բարձր կը գնահատէր ուսուցիչներուն վաստակը, իր բարձրաղաղակ ընդվզումը կ՛արտայայտէր ուսուցիչներուն նկատմամբ եղած անարդարութիւններուն պատճառով, միաժամանակ կ՛ուզէր, որ ուսուցիչները թափանցեն մանուկին հոգիին մէջ`, անոր տալով գեղարուեստական բարձր ճաշակ եւ անոր մէջ զարգացնելով ստեղծագործական միտքը: Ահա հոս կը կայանայ մանկավարժ Սօսէ Ճինպաշեանի անգնահատելի վաստակը: Այս առումով, իր ունեցած փորձառական ծաւալուն կեանքին (Քուէյթի թէ Հայաստանի մէջ) հաղորդ կը դարձնէր ուսուցիչները: Վերջերս լոյս տեսած Բողբոջ դասարանի նոր դասագիրքի ընդհանուր ծրարին մէջ Սօսէ ճինպաշեան, օժանդակ յանձնախումբի կողքին, իր անձնդիր ներդրումն ու աշխատանքը ունեցած է տեսական բաժինին մէջ, որուն մէջ ան յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է երեխային բառապաշարի հարստացման, որ պիտի մշակէ աշակերտին ուշադրութիւնը, կեդրոնացումն ու մտածողութիւնը:
Իր դասախօսութիւններուն ընթացքին ան միշտ մէջբերումներ կատարած է յատկապէս Հայաստան իր կեցութեան ընթացքին յուզումնալից եւ հպարտառիթ փորձառութեանց մասին, որոնց մէջ պէտք է տեսնել վիրաւորներուն եւ տեղահանուած հայրենի ժողովուրդին օժանդակելու իր օրինակը եւ հայ կնոջ անուրանալի դերը: Իր իսկ վկայութեամբ, նորածին Շուշանիկին (Շահումեանէն գաղթական` վատ պայմաններու մէջ) օգնութեան փութացած է: Իրեն հետեւեցան այլ կիներ եւ այս ձեւով փրկեցին նորածինին կեանքը` հայ կնոջ տիպար մը հանդիսանալով բոլորին: Այս առումով, ան Հայաստանի մէջ իր ծառայութեան համար արժանի կերպով գնահատուեցաւ ազատամարտիկներու յանձնախումբին «Մայրութեան» շքանշանով: Այս ձեւով իր ծառայութիւնը առաւել խօսուն եւ իմաստալից դարձաւ: Օրին «Ազդակ» օրաթերթին մէջ (23 յունուար 1993) Սօսէ Ճինպաշեան «Հայաստանը այս ձմրան» խորագրեալ յօդուածով ներկայացուց այն ողբալի եւ տառապագին կեանքը, որ կ՛ապրէր հայրենի մեր ժողովուրդը: Հոն գրած է. «Արդեօք այս տագնապալից օրերը հոգիները ցաւցնող, մկանները պրկող, պայքարի ուժականութիւն պիտի ստեղծե՞ն. մարդու հոգեխառնութիւնը հոլովոյթի պիտի ենթարկուի՞: Այո՛, լաւ կամ վատ պայմանները շատ բան կը փոխեն, նկարագիր կը կերտեն»: Տակաւին հայ մանուկին տխուր իրավիճակին մասին անդրադարձած է. «Փափուկ կեանքի մէջ մեծցած հայ երեխան քմայքներ կ՛ընէ` այս կամ այն ուտելիքը պահանջելով, այս կամ այն խաղալիքը գնելով: Իսկ երեւանցի երեխան այս օրերուն իրաւունք չունի ըսելու անօթի եմ, երբ մայրը ճաշ եփելու ո՛չ մէկ միջոց ունի»: Իսկ յօդուածին վերջաբանը հետեւեալ ձեւով կ՛եզրափակէ. «Նպաստը, ողորմութիւնը կը մերժենք, թող մեր ժողովուրդը, Հայաստանի եւ արտասահմանի մէջ, ծնի իսկական, անկեղծ ու անշահախնդիր քաղաքագէտներ` մեզ ճիշդ ուղիի մէջ դնելու համար»:
Դժբախտաբար դարանակալ լախտը` անողոք հիւանդութիւնը վաղուց բոյն դրած էր կեանքով եռուն, գլխագիր մարդուն, ծառայութեան տիպար, գովասանքներէ եւ բարքերէ հեռու մանկավարժին ու ԼՕԽ-ականին` Սօսէ Ճինպաշեանի կեանքին մէջ: Ան անաղմուկ, առանց գանգատի, քեսապցիի հզօր տոկունութեամբ, լաւատեսութեամբ եւ կեանքը միշտ դրական ակնոցով դիտելու իւրովի յատկութեամբ պայքարեցաւ, մինչեւ որ հիւանդութիւնը զինք տապալեց եւ խլեց իր շրջապատէն: Այսօր Սօսէ Ճինպաշեանի վաստակը անգնահատելի է, իսկ իր կեանքը` խօսուն ու օրինակելի: Յոյն մեծ փիլիսոփայ Դիոգինէս երբ գիշերը լապտերը առած խաւարին մէջ մարդ կը փնտռէր, ահա Սօսէ Ճինպաշեան այդ գլխագիր մարդոցմէ էր, որուն կեանքէն հեռանալը հսկայ բաց մը պիտի թողու մեր իրականութեան մէջ:
Միակ մխիթարութիւնը զինք յիշելն է, իր գործերը, խօսքերն ու կեանքը, որոնք միշտ պիտի տողանցեն մեր մտահորիզոնին մէջ:
Յարգա՛նք քու մեծ վաստակիդ, սիրելի՛ տիկին Սօսէ:
Թող ազգային ու մարդասիրական անուշաբոյր կեանքդ արտացոլայ քեզ ճանչցող հեռու թէ մօտիկ մարդոց կեանքին մէջ:
Հանգի՛ստ յոգնաբեկ մարմինիդ ու ոսկորներուդ:
Հողը թեթեւ գայ վրադ…