Ըստ ամենայնի պատմական նուաճում արձանագրեց Եգիպտոսի ձեռնագնդակի (հենտպոլ) երիտասարդական` 19 տարեկանէն վար տղոց հաւաքականը: Ան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով նուաճեց մարզաձեւի աշխարհի բաժակը, Մակեդոնիոյ մէջ կազմակերպուած առաջնութեան, պարտութեան մատնելէ ետք եւրոպական հզօրագոյն կազմերը:
Եգիպտոս` երկիր, ժողովուրդ, պետութիւն, հպարտութեամբ ցնծաց իր զաւակներու այս աննախադէպ սխրանքին ի տես, մինչ անցած տարեշրջանին ու այս տարուան ընթացքին խոր հիասթափութիւններ ապրած էր ոտնագնդակի (ֆութպոլ) ազգային հաւաքականի աշխարհի բաժակին ու հայրենի հողին վրայ կազմակերպուած ափրիկեան առաջնութեան անսպասելի թոյլ խաղարկութենէն եւ մրցաշարքերէն վաղաժամ հրաժեշտէն ետք:
Եթէ բնորոշենք Եգիպտոսի մարզական նախասիրութիւնը, ոտնագնդակը, ինչպէս այլուր, առաջին դիրքը կը գրաւէ: Այդ պատճառով ալ ազգային խումբի ձախողութիւնները միջազգային, ցամաքամասային թէ տեղական մրցաշարքերուն ահաւոր ցաւոտ արձագանգ կ՛ունենան ժողովուրդին մէջ:
Երկրի մարզական յաւակնութիւնները երբեք ոտնագնդակի առաջնութիւններու յառաջապահ դիրքեր չեն բարձրացած, եղած են համեստ եւ նուաճում նկատուած են ցամաքամասային ստուգողական փուլի զտումներէն անցումը, իսկ մեծ մրցաշարքին խմբական փուլի յաղթահարումը դիտուած է` իբրեւ երկիրի մարզական հնարաւորութիւններու առաստաղը, բարձրակէտը:
Ձեռնագնդակի տարիքային հաւաքականի շռնդալի յաղթանակը կոտրեց յաւակնութիւնները սահմանափակող հոգեբանական արգելքը, ծակեց առաստաղը եւ սաւառնեցաւ բաց ասպարէզ, ցոյց տուաւ, որ լուրջ աշխատանքով եւ կազմակերպութեամբ կարո՛ղ են, կրնա՛ն ձգտիլ մարզական փառքի գագաթներուն, որոնք աւարտականի իր մրցակից Գերմանիոյ, կիսաւարտականի մրցակից Փորթուգալի թէ միւս մեծ հաւաքականներուն համար ակնկալուող յաջողութիւն են. արդէն այս փառքի՛ն համար իրենք ներկայացած են մրցադաշտ, իրենց հաւասարներուն հետ մրցելու եւ լաւագոյնը ճանչցուելու նպատակով:
Եգիպտոս հոգեբանօրէն ցարդ դուրս էր մեծերու, յաղթանակի, առաջնութեան յաւակնորդներու այս շրջանակէն, իր բաժինը ցարդ հիասթափութիւններն էին եղած: Օգոստոս 18-ին երիտասարդական հաւաքականը գլուխը բարձր, արժանաբար միացաւ մեծերու փաղանգին:
Եգիպտական «Ունա» լրատու հաստատութեան խմբագրապետ Մակտի Կալլատ առաջին արձագանգով հաստատած է, որ եգիպտական երիտասարդական հաւաքականի ձեռնագնդակի աշխարհի բաժակին տիրացումը` «Կը փաստէ, որ կարող ենք, կը փաստէ նաեւ, որ մեր միակ խնդիրը ղեկավարութիւնն է… Արդարեւ, մեզի չեն պակսիր տաղանդները, կամքը, ոչ ալ` մեծերու հետ որեւէ ասպարէզի մէջ մրցելու ատակ մարդկային որակները… Համաշխարհային մակարդակի աննախադէպ յաղթանակներ տանելու ատակ ենք մենք, պայմանաւ որ ամէն ինչի մէջ հաւատանք գիտութեան, արհեստավարժութեան մշակոյթին եւ արդի վարչութեան»: Ան իր խորհրդածութիւններու աւարտին դիմատետրեան իր գրառումը կ՛եզրափակէ այսպէս. «Խրթին չէ հարցը, ոչ ալ` դժուար, կը բաւէ, որ ծրագրողն ու ղեկավարողը հաւատայ, որ Եգիպտոս աւելի կարեւոր է իր գրպանէն ու գանձապահարանէն»:
Հայաստանի Հանրապետութեան անծանօթ չեն մարզական նուաճումներն ու ցաւալի պարտութիւնները: Մենք ալ նոյն ախտերէն կը տառապինք, թէեւ աւելի զարգացած միջավայրի` Եւրոպայի հարեւանութեամբ կ՛ապրինք, կը չափենք մեր ուժերը, կը համեմատենք մենք զմեզ: Ինչպէս եգիպտացի մտաւորականը իր երկրին ու ժողովուրդին համար կ՛ըսէ, մեզի ալ չեն պակսիր տաղանդը, կամքը, աւելցնենք` կազմակերպական աւանդոյթը, երբ նոյնիսկ պետականութիւն չունէինք, սակայն ունէինք ՀՄԸՄ, տեսլականով զինուած էինք եւ յանդուգն` համաշխարհային ասպարէզի վրայ դրսեւորուելու չափ յառաջ երթալու եւ Օսմանեան կայսրութիւնը ամառնային Ողիմպիականի ներկայացնելու յանդգնելու աստիճան, երբ ինք` օսմանցին, պետականօրէն անտարբեր էր:
Կասկած չկայ, որ մարզանքի թէ այլ ասպարէզներու վրայ յաջողութեան, վերելքի եւ նուաճումներու նախապայմանը տեսլականն է` առանցք ունենալով հայրենիքը, հասարակութիւնը, ազգը, իսկ անձը, անհատը եւ իր յաւակնութիւնները ետ մղուած են:
Զարմանալի է, բայց մտածե՛նք կոռուպցիայի` զեղծարարութեան, նեխածութեան, կաշառակերութեան եւ ԽԾԲ-ի (խնամի-ծանօթ-բարեկամ) ախտաւոր երեւոյթին մասին, որուն մէջ թաւալելու հարկադրուած ենք հաւաքաբար:
Փորձենք բացատրել, թէ ի՛նչ կը պատահի ճիշդ, ինչո՞ւ չենք կրնար ձերբազատիլ այս ախտի շղթաներէն ու սաւառնիլ բաց ու ազատ, անսահման տարածութիւններ, անպայման հիմքին պիտի գտնենք ազգային տեսլականի բացակայութիւնը իշխանաւորին թէ հասարակ քաղաքացիին մօտ:
Այս մասին սակայն` յաջորդիւ:
Քարացած Ընկալումներէ Հրաժարելու Ժամանակը
Ինճիրլիքի կալուածային դատին ամերիկեան վճռաբեկ դատարանի որոշումը կրնայ անկիւնադարձային ըլլալ եւ ազգային մեր ուղեգիծին վրայ արմատական ազդեցութիւն թողուլ:
Առաջին նկատողութիւնը, որ անմիջապէս պէտք է ընեմ եւ անցնիմ, այս վճիռին մասին ամերիկահայ մեր մամուլի պահած լռութիւնն է. առնուազն չհանդիպեցայ արձագանգի, երբ դատավճիռը թուագրուած է օգոստոսի 8:
Թերեւս նո՞ր միայն ծանուցուեցաւ եւ հանրայնացաւ: Հայցուորներն ու իրենց իրաւաբաննե՞րն ալ տեղեկացուած չէին: Տարօրինակ պիտի ըլլար յաջողութեան եւ դրական վճիռի պարագային այս լռութիւնը: Այդպէս չէ՞:
Այնուամենայնիւ, սեփական գնահատումով, սկզբունքային յեղաշրջում կը բերէ այս վճիռը եւ սթափելու հրաւէր է:
Արդարեւ, իրաւունքի ուժին մեր պատկերացումները փոխելու ժամանակն է կարծես: Իրաւական, դատական գործերով իրադրութիւն փոխելու, ճնշելու եւ անհատական թէ հաւաքական իրաւունքներ վերականգնելու ուղղութիւնը այս աշխարհի վրայ ինքնիրեն չ՛արդարացներ մե՛ր պարագային:
Այն ուղիղ յարաբերական է ազգային կենսունակութեան եւ համոզիչ առաւելութեան հետ, որ անհատի թէ հաւաքականութեան իրաւունքի պահանջի ետին պէտք է գտնուի:
Աշխարհը եւ մեր կեցութիւնը այս աշխարհին մէջ փոխելու համար Խրիմեան Հայրիկի կամ անոր ժառանգորդներու արցունքները բաւարար չէին Պերլինի վեհաժողովին թէ այլուր: 1878-ին այս դասը երկաթէ շերեփի օրինակով բացատրեց Հայրիկ ու ազգին զէնքի լեզուն աւանդեց:
Զէնքը` զէնք, ստեղծած արժէքներդ պաշտպանելու համար պիտանի էր սեփական հայրենիքին մէջ հարստահարուող, անարգուող եւ կոտորուող ժողովուրդին համար, ինչպէս պիտանի է Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններուն ստատուսը` գոյավիճակը պահպանելու համար, զարգանալու եւ ստատուսներու մակարդակին բարձրացման համար:
Բառացի թէ փոխաբերական զէնքը կարեւոր է յառաջ երթալու համար: Անհրաժեշտ է նաեւ, որ անիկա հնարաւորինս սեփական ստեղծագործութիւն ըլլայ, ստեղծածդ, մշակածդ ըլլայ եւ ոչ ուրիշինը, օտարինը:
Ասիկա մեր ներկայ ստատուսի` պետականութեան մակարդակն է, որ կը թելադրէ:
Պետականութեան այլընտրանքը կամ, աւելի՛ն, աջակիցն ու օժանդակը սփիւռքեան համազօր, համապարփակ, մշակուած կազմակերպութիւնն է:
Կազմակերպութիւնը ինքնանպատակ է, երբ կուռ գաղափարականով կը յառաջացուի եւ բոլոր պարագաներուն օգտագործելի է. պէտք չէ խորշիլ կազմակերպութեան համար ներդրումներ կատարելէ եւ նոր մակարդակի բարձրացնել արտասահմանեան գոյավիճակը, միաւորել, կապ ստեղծել ու զարգացնել զայն, աւելի՛ն, հասնիլ հայկական զոյգ պետութիւններու կարիքներուն եւ կարողականութեան բազմապատկման:
Ի միջի այլոց համոզուած եմ, որ սփիւռքը, իր բոլոր տկարութիւններով հանդերձ, աւելի ազատ ու ընդարձակ աշխատանքային տարածք է, քան` անձուկ Հայաստանը, հանրապետութիւն` գումարած Արցախ, հակառակ իրենց առաւելութիւններուն:
Աշխարհէն բարոյական աջակցութենէն աւելիի սպասումը պարզ ժամավաճառութիւն է, աւելին չըսելու համար:
Պէտք է զգաստանալ եւ սթափիլ:
Ներկայ ստատուսը` գոյավիճակը, զոր նուաճած ենք եւ զարգացուցած` մինչեւ արցախեան գոյամարտ, կրնայ փոխուիլ ի նպաստ կամ ի վնաս մեզի: Այնքանով կայուն է ան, որքանով ուժերու յարաբերակցութիւնը թոյլ կու տայ, իսկ յարաբերակցութիւնը շատ արագ փոփոխուող բան մըն է, որուն մասնիկները ազգային անվտանգութեան բաղկացուցիչներն են` հանրային առողջապահութենէն ու ծնելիութենէն մինչեւ գիտութիւն եւ արդիւնաբերութիւն, ինքնարժէքի ստեղծում եւ աճ, կենսոլորտ եւ ջուրի աղբիւրներ:
Ասիկա ընդհանուր օրէնք է, եւ հայերս բացառութիւն չենք կրնար կազմել: Ընդհակառակը, աշխարհագրական այն դիրքը, որ ունի մեր հայրենիքը, թուլութիւններու եւ տկարութիւններու հանդէպ աններող է, իսկ ամրութեան եւ հզօրութեան հանդէպ` պարգեւատու:
Թերեւս ամերիկեան դատարանի այս վճիռին կամ, ընդհանրապէս, դատին նշանակութիւնը նուազեցնել փորձուի. հազարումէկ պատճառաբանութիւններ միշտ պատրաստ են: Սիսի կաթողիկոսարանի ու իր կալուածներու դատն ալ հաւանաբար նոյն ճակատագիրն ունենայ համաշխարհային «արդարադատութեան» արդի մակարդակին վրայ: Բայց խորհինք` դրական եթէ ըլլար այս վճիռը, որքա՜ն թմբուկ պիտի զարնուէր ու զուռնայ պիտի փչուէր… Մենք պարտաւոր ենք այդ քանակով ու աղմուկով ահազանգ հնչեցնել ու սթափիլ, ե՛ւ նիրհը ե՛ւ անրջային վիճակը թօթափելու հրաւիրել հայ անհատն ու հաւաքականութիւնը:
Վերջապէս, եթէ սթափեցնող եւ իրականութեան մօտենալու ազդակ դառնայ այս վճիռը, ապագային թերեւս շնորհակալ ըլլանք դատարանին ալ, վճիռին ալ, ազգային տօնացոյցին վրայ նաեւ տեղ յատկացնենք: Այդ իրաւունքը շահած եթէ ըլլայ, պիտի նշանակէ, որ 21-րդ դարուն վերստին զարթնած ենք եւ այս իրողութեան պատուին` կոթող կանգնեցուցած:
Մեր հիները կ՛ըսէին` չկայ չարիք առանց բարիքի: Բացասականը դրականի փոխակերպելն ալ կարողութիւն է:
«Յուսաբեր», 20 օգոստոս 2019