Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Կեդրոնականցի Արմենակ Սրահին Մէջ Յօրանջելով Քնացեր Է

$
0
0

ՄԱԿԱՐ ի Գաղիա

Կեդրոնականցին հայու ներկայութեան եւ հայերէն խօսքի անյագ ծարաւ ունի: Ամէն տեղ է: Կը դժգոհի, բայց չի բացակայիր:

Կիրակի, Խաղողի տօնին, եկեղեցիին բակը, հակառակ ողկոյզ մը ունենալու համար եղած հրմշտուքին, Արմենակ եւ ես տեղ գտած էինք միակ նստարանին վրայ:

– Տե՛ս, լսէ՛,- ըսաւ Արմենակ,- այս մարդիկ այլեւս չեն ըսեր` Աստուածածնայ տօն, կ’ըսեն Խաղողի տօն: Երջանիկ են, երբ մէկի փոխարէն երկու ողկոյզ կ’առնեն:

– Ի՞նչ կ’ուզես, որ ընեն: Կ’ուզե՞ս, որ խօսին անարատ յղութեան մասին: Թութակաբար ֆրանսերէնը կ’ըսեն, բայց ո՛չ անարատը գիտեն, ո՛չ ալ յղութիւնը:

– Ես ալ պիտի խօսէի մաշած բառերու մասին. աւուր պատշաճի խօսք, հաճոյախօսական թղթակցութիւն, բան չնշանակող դամբանական եւ բաժակաճառ եթէ զեղչուին, ոչինչ կը վնասենք: Թիթեղ թմբկահարող դատարկ բառեր:

– Լաւ է, որ լեզուի տեսուչ չես:

– Կը տեսնէք, կը լսէք, կը լռէք: Ինչո՞ւ կը կրկնէք գաղթօճախ բառը: Գաղթականը քաղաքացի է, բախտաւոր պարագային` համայնք: Դեռ կ’ըսեն`  սփիւռքահայ գաղթօճախ, կարծես Հայաստանի մէջ ալ գաղթօճախ կայ: Արտագաղթող ճամպրուկովը հոգեբանական բնակիչ է գաղթօճախի:

– Արմենա՛կ, նորէն ո՞ր բեմբասացին հանդիպեր ես:

– Հաւաքի մըն էի: Քեզի ծանօթ հանդիսավարը, Պոլիս կ’ըսէինք, ճոշմուշ եղաւ, վերամբարձ խօսեցաւ հայուն համար ցանկալի օրուան, համազգային իղձի եւ հայոց ընդհանրական հայրենիքին մէջ մէկտեղուելու մասին, մէկ պետութեան եւ մէկ դրօշի… Դէ՛, եկուր, Մակա՛րս, եւ մի՛ ծափահարեր: Յօրանջեցի եւ քնացայ:

– Չվարժուեցա՞ր, շաբաթավերջին նման բաներ պէտք է լսենք, որ դիմանանք:

– Քանի մը տարի առաջ ցանկալի օր էր անկախութիւնը, իսկ ի՞նչ է համազգային իղձը, եթէ ոչ` հայրենիքը եւ մէկտեղուիլը: Դեռ պիտի սպասե՞ն մէկ դրօշը եւ մէկ հայրենիքը, հիմա անոնք երկուք են: Վարչապետը ըսաւ, որ անոնք մէկ են: Լսեցինք: Ալ օդանաւերուն մէջ տեղ պիտի չըլլայ, գաղթօճախներու զանգուածները համազգային իղձով պիտի հասնին Հայաստան եւ Արցախ:

– Արմենա՛կ, կը յիշե՞ս մեծ մարդոց ըսածը, որ մենք համաշխարհային ազգ ենք: Հոն, ուր մեր վրանը զարնենք, հոն հայրենիք է, չե՞ս լսած, նոր հայրենիք, երկրորդ հայրենիք, աշխարհաքաղաքացի:

– Մակա՛ր, դուն գրոց-բրոց ես, գիտես, թէ ի՛նչ ըսած է Քամար Քաթիպան` ձաղկելով հայ քաղքենին, որ կ’ըսէ` «Իմ կեդրոնը իմ փորն է»… Շաբաթավերջի ըսուած եւ լսուած մէկերը, մէկտեղուիլը, իղձերը, համազգայինը, երանութեան վիճակի մէջ Քամար Քաթիպայի փոր-կեդրոնի մարսողութիւն կը դիւրացնեն:

Պատարագիչը անցաւ մեր քովէն: Եկեղեցասէր Կեդրոնականցին ոտքի ելաւ, խոնարհելով` ստացաւ օրհնութիւնը: Ես ալ գացի ողկոյզ մը խաղող ճարելու` յուսալով, որ մնացած կ’ըլլայ:

Երբ եկեղեցիէն դուրս կու գայինք, Արմենակ ըսաւ.

– Աստուածածնայ տօն, Խաղողի տօն: Գաղթօճախի եկեղեցիի աղօթք` իղձի համար: Ոչ ոք կ’անհանգստանայ: Օրհնուած խաղող կուլ տուինք: Օճախը վառ պէտք է պահել, իղձեր: Մէկտեղուի՞լը…

Ըսաւ եւ գնաց ուշացած ֆաքիր Արմենակ:

19 օգոստոս 2019

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>