Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Պօղոսը Պիտի Շարունակէ Ճամբորդել Իբրեւ Յուշ

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ինչպէս որ համեստօրէն ու շրջապատին բաշխուած բարի ժպիտով ապրեր էր կեանքը` Պօղոս Շահմելիքեանի վերջին հրաժեշտն ալ եղաւ առանց աղմուկի, իր նկարագիրին համապատասխան, համեստ արտայայտութիւններով, սակայն հաւանաբար սգակիրները` հարազատներ, ընկերներ ու բարեկամներ, արարողութեան հետեւելէ աւելի, իրենց յիշատակներով  ետ-ետ գացին դէպի անցեալը` մտածելով, որ իր առաջին հատորին` «Յիշատակներ, անցած օրեր» գիրքին խորհուրդը հիմա կը մարմնաւորէր ի՛նք` Պօղոսը, դառնալու համար աղուոր յիշատակ մը, ինչպէս որ էին իր պատումները:

… Յիշողութիւնս զիս ալ տարաւ ետ, մօտաւորապէս 7 տարի ետ. աներեւոյթ պաստառին վրայ որոշ մանրամասնութիւններով վերականգնեցաւ Պօղոսին հետ առաջին հանդիպումս: 2012-ի հոկտեմբերեան երեկոյ մըն էր, ներկայ եղած էի Համազգայինի «Սայաթ Նովա» երգչախումբի երգահանդէսին. աւարտին, կը պատրաստուէի դուրս ուղղուելու սրահէն, երբ բազմութեան մէջէն աղ-պղպեղ մազերով, թխադէմ ու մանրակազմ մէկը մօտեցաւ ու հարցուց. «Դուն Սարգիս Մահսէրէճեա՞նն ես»: Հաստատական պատասխանիս վրայ, բացատրեց, որ «մատնիչը» եղած է եղբայրս, ըսաւ, որ ինք Պօղոս Շահմելիքեանն է եւ աւելցուց. «Գիրք մը հրատարակած եմ. կը փափաքիմ օրինակ մը նուիրել քեզի. ինչպէ՞ս կրնամ հասցնել»: Ծանօթ էի ուսուցչուհի քրոջը, սակայն զինք չէի ճանչցած: Համաձայնեցանք: Առանց գիտնալու, թէ ինչի՛ մասին էր գիրքը, անմիջական հրճուանք մը ապրեցայ, այնպէս` ինչպէս կը հրճուիմ ամէն անգամ, երբ կ՛իմանամ նոր գիրքի մը ծնունդը եւ կը մղուիմ անկէ օրինակ մը ունենալու… փորձութեան:

Մօտաւորապէս շաբաթ մը ետք գիրքը հասաւ: «Յիշատակներ, անցած օրեր». կողքը զարդարուած էր լուսանկարներու փունջով մը. ծանօթ դէմքեր` բոլորն ալ. երգիչներ, նուագախումբերու անդամներ… Հանելուկը քակուեցաւ շուտով, երբ նախ թղթատեցի, ապա նաեւ հետաքրքրութեամբ կարդացի գիրքը: Պօղոսը այդ գիրքով ո՛չ միայն պտոյտի ելած էր իր պատանութեան ու կանուխ երիտասարդութեան օրերուն լայնքին ու երկայնքին, այլ ընթերցողն ալ` հասակակից թէ աւելի երիտասարդ սերունդներ, կը հրաւիրէր ծանօթանալու պատմական ժամանակաշրջանի մը, զոր կարելի է կոչել սփիւռքի մէջ հայ երգիչներու եւ նուագախումբերու ոսկեդարը, կերտուած` 1960-ական տարիներէն սկսեալ, մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ, սակայն նաեւ շուտով տարածուած` դէպի այլ ափեր, եւ այդ` անկախ Լիբանանի վիճակուած «քաղաքացիական պատերազմ»-ի ազդեցութիւններէն: Թէեւ ինք ալ մասնակից եղած էր այդ դարաշրջանի կերտումին, սակայն իր համեստութիւնը իրեն թելադրած էր առաւելագոյն չափով հեռու մնալ լուսարձակէ, նախընտրած էր ընթերցողին ուշադրութիւնը կեդրոնացնել այդ սերունդի իւրաքանչիւր անդամին վրայ, որոնց քովն ի վեր քալած էր նաեւ ինք: Հատորը գրեթէ լիակատար վկայարան մըն էր, թէ ինչպէ՛ս խումբ-խումբ երիտասարդ երաժիշտներ կամ անհատ երգիչներ` ներշնչուելով ու վարակուելով աշխարհը ողողած ժողովրդային երգի ալիքներէն, նետուած էին այդ ծովերուն մէջ, յաջողութեամբ մասնակցած էին լողարշաւներու, նորարարութիւններէն «ներածումներ» կատարած էին հայկական ժողովրդային երգաշխարհ: Ինծի պէս շատեր կը վերապրէին իրենց պատանութեան ու երիտասարդութեան քաղցր յիշատակները, երբ երգն ու երաժշտութիւնը առաւելաբար ախորժալուր էին, չէին ինկած խժալուր աղմուկի եւ անհեթեթութեան հասնող արտառոցութիւններու ազդեցութեան տակ, որ աշխարհին կը հրամցուին «ՇՕ»-ի տրամաբանութեամբ, լուսանցքայնացնելով արուեստն ու իրա՛ւ նորարարութիւնը…

Գոհունակութիւնս արտայայտեցի մամուլին տրուած սեղմ արձագանգով մը: Ատեն մը ետք լսեցի գոհունակութեան ի՛ր արձագանգը, իմացուց, որ կը ծրագրուի հատորին շնորհահանդէսը կազմակերպել, խմբագիրը` ընկերս, եւ` իր վաղեմի ընկերը, Վաչէ Բրուտեանը յանձն առեր է ըլլալ խօսք առնողներէն մէկը, կը փափաքի, որ հատորին ներկայացումը կատարեմ ես: Չէի կրնար մերժել, որովհետեւ ամէն բանէ առաջ չեմ կրնար չընդառաջել որոշ որակ պահող գիրք հրատարակողի փափաքին: Համազգայինի նախաձեռնութեամբ հանդիսութիւնը եղաւ հին-յիշատակելի օրերու մէկ հարազատ վերարտադրութիւնը. Պօղոսին երաժիշտ ընկերներէն խումբ մը երեկոն ծաղկեցուց երգերով ու նուագներով, որոնք տասնամեակներ շարունակ հնչած էին քիչ մը ամէն տեղ: Ինք ալ մասնակից եղաւ մատուցման: Այդ օրը մէկ խաւ աւելի մօտէն ճանչցայ զինք, համակուեցայ իր ապրած գոհունակութեամբ:

Յետո՞յ… Մեր բարեկամութիւնը քանի մը քայլ յառաջ անցաւ, մանաւանդ երբ կարճ ատեն ետք սկսաւ յուշագրական էջեր լոյս ընծայել «Ազդակ»-ի, «Ասպարէզ»-ի, «Հայրենիք»-ի մէջ եւ այլուր: Տարիներ շարունակ մտերիմներու սեղմ շրջանակի մը մէջ ինքզինք «բանտարկած» Պօղոսը բացուեցաւ աւելի լայն աշխարհի մը, աւելի՛ ընդարձակ աշխարհի մը, քան ինչ որ ըրած էր երաժիշտի ու «սեւ աշխատանքներով» մեր բեմին իր ծառայութեան օրերուն: Պէյրութցիներ, եւ ոչ միայն անոնք, սկսան հաղորդակից դառնալ նախկին պէյրութցիին ապրած փորձառութիւններուն, շարք մը դէպքերու, անոր կեանքին վրայ ներգործութիւն ունեցած ուսուցիչներու եւ հարազատներու. անոնց դիմաց էջ առ էջ բացուեցան Պօղոսին ու սերնդակիցներու կեանքի որոշ էջերը, որոնք ընդհանրապէս հասարակութիւնը հետաքրքրելու արժանիքը ունին: Եթէ ընթերցողը փորձէ անոր գրածներուն հիւթը տեսնել, պիտի նկատէ, որ հոն կայ երախտիք` բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք ներդրում ունեցած են իր արարման, սկսելով ծնողներէն, անցնելով ուսուցիչներու եւ հասնելով տարբեր միջավայրեր: Իր սկսած բարի աւանդութեան հաւատարիմ մնաց մինչեւ… կեանքի վերջին օրը: Մինչ այդ, երբ մեր ժամանակը կը ներէր, մերթ «դուրս»-էն այցելուի մը հետ հանդիպումի առիթով, երբեմն նաեւ` «մենք մեզի», այլ մտերիմի մը` Վահիկին հետ կը հանդիպէինք «սուրճ մը առնելու»: Եւ ի՞նչ կարելի էր զրուցել Պօղոսին պէս մէկուն հետ. բնականաբար երգի-երաժշտութեան աշխարհին, հատորին մէջ տեղ չգտած որոշ մանրամասնութիւններու, իր գրածներուն մասին, որոնց գտած արձագանգները հրճուանք կը պատճառէին իրեն: Անգամ մը շատ անկեղծօրէն խոստովանեցաւ, որ ինք գեղարուեստական գրականութիւն ընելու մօտեցումով ճամբայ չէ ելած, չ՛ուզեր փորձել իսկ պատկերաւոր կամ «արեւածագի նկարագրականներով» յառաջ տանիլ իր գրութիւնները, այլ կ՛ուզէ ընթերցողը ամենայն պարզութեամբ հաղորդակից դարձնել իր յիշատակներուն, ապրումներուն, տպաւորութիւններուն, հաւատալով, որ անոնք անձնական բաներ չեն, այլ` իրենպէսներուն փորձառութեանց ու յիշատակներուն արձագանգումը: Իրեն համար գրելու չափանիշները մատչելիութիւնն ու հաղորդականութիւնն էին, որոնցմէ անդին երթալու տրամադրութիւն չունէր, ոչ ալ` նման մտածում: (Կ՛արժէ արձանագրել գոյժը իմացող բարեկամի մը մէկ սրտբաց արտայայտութիւնը. «Համով-հոտով բաներ կը գրէր, պարզ եւ հաղորդական. գրածին ամէն մէկ բառը կը հասկնայի», կ՛ըսէր ան, հեռաւոր քաղաքէ մը` հեռաձայնային հաղորդակցութեան պահուն. ձայնին մէջ զգալի էր ափսոսանքը):

Ու դարձեալ` «յետոյ» մը. ամիսներ առաջ շրթունքներէն առաջ աչքերէն ճառագայթող ժպիտով մը հաղորդեց, որ մամուլին մէջ վերջին տարիներուն իր լոյս ընծայած գրութիւնները կը ծրագրէ հատորով մը լոյս ընծայել: Սա իր առաջին հատորին անգլերէն տարբերակին հրատարակութենէն (աւելի քան տարի մը առաջ) ամիսներ ետք էր: Բաժնեկից եղայ իր գոհունակութեան, վստահ եմ` քանի մը մտերիմներ ալ բաժնեկից դարձուց ուրախութեան: Քանի մը ամիս անց հեռաձայնեց, որ հատորը արդէն լոյս տեսած է կաթողիկոսարանի տպարանէն. «Միայն երկու-երեք օրինակ հասած են. երբ աւելի մեծ թիւով հասնին, օրինակդ վերապահած եմ», խոստացաւ: Ատիկա Պէյրութ իր ճամբորդութենէն կարճ ատեն մը առաջ էր: «Պէյրութ կ՛երթամ. գիրքիս ողջունահանդէսը տեղի պիտի ունենայ «Ազդակ»-ի նախաձեռնութեամբ», աւետեց, քաջածանօթ ըլլալով «Ազդակ»-ին հետ կապիս: «Բան մը կ՛ուզե՞ս Պէյրութէն», հարցուց սրտաբուխ անկեղծութեամբ: Մաղթեցի, որ «անփորձ-անվտանգ» վերադառնայ ճամբորդութենէն, «ուրիշ բան չեմ ուզեր», աւելցուցի:

Շնորհահանդէսն ու նոյն օրերուն պէյրութեան իր փորձառութիւնները արձագանգ գտան մամուլին մէջ: Վերադարձաւ, հեռաձայնեց, թէ բաներ մը բերած է ինծի համար, սակայն ճամբորդութենէն վերադարձին անակնկալօրէն անհանգստացած էր, ստիպուած էր քանի մը օրով երկարել արձակուրդը: «Լաւացի՛ր, կը հանդիպինք հանգիստ ձեւով», ըսի հեռաձայնին իմ ծայրէս` զգալով, որ Պէյրութէն բերած աւանդը կ՛ուզէր օր առաջ յանձնել` պարտաճանաչ աշակերտի մը հոգեբանութեամբ: Ազնիւ պատանին կ՛ապրէր իր մէջ… Աւելի քան շաբաթ մը ետք աւետեց, որ հանգիստ է արդէն եւ` աշխատանքի վերադարձած: «Շաբաթավերջին կրնանք սուրճի մը հանդիպիլ Վահիկին հետ», համաձայնեցանք:

Ամրան կիսուն Կաղանդ պապուկի մը դերը առած էր, երբ ի վերջոյ հանդիպեցանք. բերած էր հրատարակութիւններ, մանաւանդ` «Ազդակ»-ի 90-ամեակին առիթով լոյս տեսած թուայնացեալ հաւաքածոն, իսկական գանձ մը, որուն կարիքը յաճախ զգացած եմ որոշ պրպտումներու պահուն: Տակաւին կը սպասէր նոր հատորէն յաւելեալ թիւերու հասնելուն…

Մեր հանդիպումը տեւեց նախկիններէն աւելի երկար. պատմեց պէյրութեան փորձառութիւններէն, տպաւորութիւններէն. հաւատալը չէր գար, որ նման ձեռնարկներու եւ այլ պատիւներու արժանի եղած է. կը մտածէր, որ եղածը, իր անձէն աւելի, հայերէնով գրողի մը եւ հայերէն գիրքի հանդէպ մեծարանք է, ինք պարզապէս դրդապատճառ մըն էր. կարելի չէր կասկածիլ, որ արտայայտութեանց մէջ անկեղծ էր, անշեղօրէն հաւատարիմ` իր համեստութեան… Խոստացանք դարձեալ հանդիպիլ շուտով:

«Շաբաթ օր կրնա՞նք հանդիպիլ, Վահիկն ալ կրնայ գալ», հարցուց աւելի քան շաբաթ մը ետք, հեռաձայնին իր ծայրէն: Այդ օրը տխուր պարտականութիւն մը ունէի. «Վնաս չունի. կրնանք քիչ մը ուշ հանդիպիլ. խօսելիք կայ», համաձայնեցաւ իրեն յատուկ ազնիւ արտայայտութեամբ: Իսկ ակնարկուած շաբաթը` 27 յուլիսն էր:

Սովորական «օրակարգ»-էն ետք, առաւելաբար զրուցեցինք հատորին մասին. կը փափաքէր ներկայացման հանդիսութիւն մը ունենալ նաեւ Լոս Անճելըսի մէջ: Զրուցեցինք հաւանական կազմակերպիչներու եւ վայրերու մասին, իսկ թուականը` «Մշակոյթի ամսուան վերջերուն»: Խօսեցաւ նաեւ այլ ծրագիրներու մասին, որուն առաջին քայլերը առած էր. պէյրութեան տպաւորութիւններն ու անոնցմէ բխող յուշեր գրի առնել, տարի մը կամ երկու տարի ետք շարունակել «ճամբորդութիւն յիշողութեան մէջ»-ը:

Քանի մը օր ետք Վահիկէն հասաւ ցնցիչ տեղեկութիւնը. «Պօղոսը կիրակիէն ի վեր հիւանդանոց է…»: Կիրակին մեր հանդիպումին յաջորդ օրն էր: Մարդ ենք, ու մարդս միշտ յուսալից կ՛ըլլայ: Սպասեցի, ափսո՜ս, շատերու շարքին իմ յոյսս ալ չիրականացաւ…

Եւ ահա, «ճամբորդութիւն»-ը պիտի շարունակուի առանց իրեն. ինք դուրս պիտի գայ յուշագրողի դերէն, սակայն վստահ, որ մեղմ ու բարի իր ժպիտով յուշ մը պիտի մնայ հարազատներուն, բարեկամներուն, ընկերներուն ու հայ գիրքին ծառայողներուն համար, մեզի հետ իր ճամբորդութիւնը պիտի շարունակուի իբրեւ յուշ: Զինք մասնաւորապէս պիտի յիշեմ ամէն անգամ, երբ համակարգիչիս մէջ զետեղեմ «Ազդակ»-ի արխիւներու հաւաքածոյին մէկ սկաւառակը, անցեալի մէջ այլ ճամբորդութիւններուս համար, մտածելով, որ ան օր մը գրիչը վերցուցած էր` առանց մեծ յաւակնութիւններու, այլ` իր կեանքի պատառիկներէն ծանօթին ու անծանօթին հետ բաներ մը  բաժնեկցելու եւ խղճի պարտք մը կատարողի բաւարարութեամբ…

19 օգոստոս 2019


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>