Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Բարի Յիշատակ

$
0
0

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, 8 օգոստոսի առաւօտ կանուխ կը կարդամ «Ազդակ» օրաթերթի տարածած գոյժը` Պօղոս Շահմելիքեանի մահուան մասին… Չեմ ուզեր հաւատալ կարդացածիս. առտու կանուխ ցնցուած եմ արդէն:

Գրող Պօղոս Շահմելիքեանին նոր ծանօթացած էի, «Ազդակ»-ի երդիքին տակ, հազիւ երկու ամիսներ առաջ: Համազգայինի «Գիր եւ գրականութիւն» մասնաճիւղով, համագործակցաբար «Ազդակ»-ի, կազմակերպած էինք անոր «Ճամբորդութիւն յիշողութեան մէջ» գիրքին շնորհահանդէսը, եւ այդ օրն էր, որ զինք ճանչցայ:

Շաբաթ մը ետք ան «Ազդակ» էր, երբ տեսնուեցանք «Ազդակ»-ի կազմակերպութեամբ Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած անհատական ցուցահանդէսիս շաբաթը: Ընդառաջելով առաջարկիս` միասնաբար ուղղուեցանք «Փիւնիկ» սրահ, ուր գործերս ցուցադրուած էին: Ան, թէեւ կ՛աճապարէր, որովհետեւ ժամանակը նեղ էր, սակայն այնուամենայնիւ, գործերս մէկ առ մէկ դիտեց եւ անկեղծութեամբ տուաւ իր կարծիքն ու գնահատականը` աւելցնելով, որ կը փափաքէր բացումին ներկայ ըլլալ, սակայն անակնկալ հիւրերու այցելութիւնը զինք տունը «կապած» էին: Ան նաեւ յայտնեց, որ իր կինը իրմէ աւելի կը սիրէ արուեստը:

Լսելէ ետք իմ մասիս, ուսանած ճիւղս, հետաքրքրութիւններս եւ այլն, Պօղոս Շահմելիքեան պատմեց իր գործին` արհեստին մասին, պարզելով նաեւ այն իրականութիւնը, որ արհեստագիտութիւնը` համակարգիչները սկսած են իր գործը կատարել: Խօսելով իր գիրքին մասին` յայտնեցի, որ շնորհահանդէսի նոյն գիշերն իսկ աւելի քան 30 էջ կարդացի, եւ որ` իր գրած էջերը զիս փոխադրեցին թաղեր ու շրջաններ, որոնք տեսած չեմ, թեւ տալով երեւակայութեանս: Ան ժպտեցաւ ու շնորհակալութիւն յայտնեց:

Գործերէս քանի մը հատը նկարելէ ետք ան խնդրեց, որ անունս եւ ե-նամակս թուղթի մը վրայ գրեմ եւ իրեն տամ, խոստանալով, որ երբ Լոս Անճելըս հասնի, լիբանանեան օրագրութիւններուն մէջ իմ գործերուս ու ցուցահանդէս այցելութեան մասին պիտի գրէ:

Շաբաթներ ետք «Ազդակ» օրաթերթին մէջ տեսայ անոր «Լիբանանեան օրագրութիւն 1»-ը, որմէ անմիջապէս ետք լոյս տեսաւ «Լիբանանեան օրագրութիւն 2»-ն, որուն վերջին բաժինով Պօղոս Շահմելիքեան անդրադարձած էր իմ ու արուեստիս մասին: Շատ յուզուեցայ, երբ անդրադարձայ, որ անոր վերջին գրութեան վերջին տողերը իմ մասիս եղան:

Հպարտութիւն էր Պօղոս Շահմելիքեանի համեստ անձին ու գրականութեան ծանօթանալը: Քանի մը ժամուան ընթացքին, հասկցայ, որ ան իրապաշտ ու անկեղծ, բարեսիրտ ու շատ զգայուն անձ մըն էր, որ դժբախտաբար անակնկալօրէն հեռացաւ… Վստահաբար ան տակաւին շատ յուշեր ու պատմութիւններ ունէր գրելիք:

Կարծէք` անոր ընտանեկան այցելութիւնը դէպի իր ծննդավայրը` Լիբանան, ցտեսութեան այցելութիւն մըն էր…

Սիրելի՛ պարոն Պօղոս: Աստուած հոգիդ լուսաւորէ, գրութիւններդ մեր արեւմտահայերէն գրականութեան հարստութեան մաս դարձան եւ անոնց ընդմէջէն յիշատակդ վստահաբար պիտի մնայ անթառամ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>