ՅԱԿՈԲ ԱԲՂ. ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն
Հայ եկեղեցին շատ մեծ յարգանք ընծայած է Աստուածածնի անձին ու դերին: Հայ եկեղեցւոյ շարականագիրները ընդարձակ տեղ տուած են Աստուածածնի փառաբանութեան, բարեխօսութեան, որոնց ընդմէջէն արտայայտած են անոր անձին մասին իրենց ըմբռնումը եւ շարականներուն ընդմէջէն ցոյց տուած են հին կտակարանեան մարգարէութեանց կատարումը եւ` Հին Կտակարանին մէջ եղած նշաններուն հետ անոր կապակցութիւնը. օրինակ` «Ուխտի տապանակ», «Եդեմական դրախտին մէջ տնկուած կեանքի ծառ», «Փակեալ դուռ», «Երկնային հացի ոսկեայ սափոր», «Բոլորին փրկութեան մայր», եւ այլն:
Քրիստոնէական սուրբերու շարքին մէջ իր առանձնայատուկ տեղը ունի մեր Տիրոջ ու Փրկչին` Յիսուս Քրիստոսի մայրը` Սուրբ Կոյս Մարիամը: Ան հրաժարելով աշխարհիկ կեանքի բազմատեսակ զուարճութիւններէ իր սեփական կեանքը նուիրագործեց` Աստուծոյ ծառայութիւն մատուցելով: Սուրբ Կոյսը երբ Գաբրիէլ հրեշտակէն լսեց Աստուծոյ ծրագրին աւետիսը, բերկրանքով ըսաւ. «Աստուծոյ աղախինն եմ ես, թող քու ըսածդ ըլլայ» (Ղկ 1:38): Մարիամ զոհողութեամբ, պատրաստակամութեամբ ու Տիրոջ հանդէպ իր ունեցած հաւատքով մեծագոյն առաքինութեան հասցուց այդ վեհ առաքելութիւնը եւ արժանի եղաւ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄԱՅՐ կոչուելու եւ դառնալու աստուածային փրկագործական ծրագրին կամուրջը: Այս հաստատումը կը տեսնենք Սուրբ Աստուածամօր ծննդեան կանոնին մէջ, ուր շարականագիրը կ՛ըսէ. «Որդին քեզմէ ծնելով մեր ինկած բնութիւնը երկինք բարձրացուց, կարօտեալները հացով լիացուց եւ հարուստը ձեռնունայն ձգեց. ազգերը այսօր երանի կու տան Աննայէն ծնածիդ»: Ուրիշ տեղ մը կ՛ըսէ. «Աղախին եւ մայր կեանքի, ծնող Հօր աջին` Միածնին, որ քեզմէ մարմնանալով, սատանան իշխանութենէն տապալեց, բոլոր ազգերը այսօր երանի կու տան Աննայէն ծնածիդ»:
Աստուածամայրը քանի մը թուղթերու կամ տողերու մէջ չի սահամանափակուիր, այլ մեր առօրեայ կեանքին մէջ ներկայութիւն պէտք է ըլլայ: Այսօր կը գտնուինք այնպիսի դարաշրջանի մը մէջ, երբ դժուարութիւններն ու մտահոգութիւնները կը պատեն մեզ:
Այսօր պիտի փորձեմ Աստուածամայրը ձեզի ծանօթացնել շարականներուն ընդմէջէն: Իսկ դուք, այսօր, Աստուածամայրը ձեզի հետ տարէք ձեր տուները, որպէսզի Աստուած օրհնելով օրհնէ ձեր ընտանիքները եւ տուները:
Պարզ կին էր Աստուածամայրը, սակայն պարզ չմնաց, որովհետեւ Աստուած տեսնելով անոր քաղցրութիւնը, սրբութիւնը եւ խոնարհութիւնը` հաճեցաւ այս օրհնեալ կնոջ մէջէն ծնիլ: Ըստ աւանդութեան, Աստուածամօր հայրն ու մայրը, այլ խօսքով` Յովակիմն ու Աննան, ամուլ էին եւ չէին կրնար զաւակ ունենալ: Աստուծմէ խնդրեցին, որ իրենց զաւակ մը պարգեւէ` երդում տալով, որ իրենք ալ իրենց զաւակը Աստուծոյ պիտի նուիրէին: Աստուած լսելով անոնց պաղատանքը` Մարիամ Աստուածածինը շնորհեց, որ երեք տարեկան հասակին տաճարին ընծայուեցաւ` ըսելով. «Ո՜վ ողորմած Աստուած, այս զաւակը, որ դուն տուիր մեզի. ահա քեզի կ՛ընծայենք»: Արդեօք մենք ալ պատրա՞ստ ենք մեր զաւակները Աստուծոյ ընծայելու: Արդեօք պատրա՞ստ ենք մեր զաւակները նուիրելու Աստուծոյ:
Ոչ ոք գիտէր, նոյնիսկ երկինքի հրեշտակները չէին գիտեր, որ Աստուածամօր արգանդէն պիտի ծնէր յաւիտենական կեանքը, ջուրը, հացը, այսինքն` նոյնինքն Յիսուս Քրիստոս:
Մեր սուրբ հայրերը, երբ ներշնչուելով կը խօսէին Աստուածամօր ծնունդին մասին, գրեցին. «Սիոնի՛ որդիներ, Տիրամօր ծննդեան տօնին նոր երգ երգեցէք, որովհետեւ այսօր Աննայի ամուլ արգանդէն ծնաւ ան, որ Հօրմէ անժամանակ ծնածը ծնաւ», այսինքն Աննան ծնաւ այն անձը, որմէ Աստուծոյ Որդին պիտի ծնէր, «Օրհնութիւն տուէք անոր, որ լոյսի մայրը տուաւ մեզի»: ԱՍՏՈՒԱԾԱՄԱՅՐԸ դարձաւ ԼՈՅՍԻ մայր:
Ըստ աւանդութեան, երբ Աստուածամայրը յայտնուի, անպայմանօրէն խունկի հոտեր կը բուրեն: Այդ իսկ պատճառով մեր հայրերը Սուրբ Աստուածամօր մասին երբ շարականներ յօրինեցին, գրեցին հետեւեալը. «Խնկի ծառին նման ես, պտուղ դու քաղցրահամ ես, Աստուածածին, մեղայ քեզ»: Աստուածամայրը խունկ է, որ երբ յայտնուի, Քրիստոսի բուրմունքն է, որ կը բուրէ մեր առօրեայ կեանքին մէջ:
Ի՞նչ Պատճառներէ Մղուած Մեր Հայրերը Յօրինեցին Այս Շարականները:
Այսօր մարդիկ կան, որոնք չեն ընդունիր Աստուածամայրը: Ինչպէ՞ս կրնանք չընդունիլ անձ մը, որ Աստուծոյ կողմէ ընտրուեցաւ: Դժբախտաբար այս մտածումն ու մօտեցումը դարեր առաջ գոյութիւն ունեցած է:
Ընդհանուր եկեղեցւոյ պատմութեան սկզբնական դարերը եղած են շատ նուրբ եւ հարցերով լեցուն: Մէջտեղ եկած են զանազան դպրոցներու հետեւող հոգեւորականներ, որոնք հարցականի տակ առած են Քրիստոսի Աստուածորդի ըլլալը, Սուրբ Հոգւոյն աստուածութիւնը եւ Քրիստոսի երկու բնութիւններու միաւորութիւնը: Որպէսզի մեր հայրերը կասեցնեն այս հերետիկոսութիւնները, ժողովներ գումարած են, որոնք անուանած են Տիեզերական: Ինչպէս գիտենք, Հայ եկեղեցին ընդունած է միայն երեք տիեզերական ժողովներ` անոնց որոշումներով միասին, այլ խօսքով` Նիկիոյ տիեզերական սուրբ ժողովը (325), Կոստանդնուպոլսոյ տիեզերական ժողովը (381) եւ Եփեսոսի տիեզերական ժողովը (431):
Եփեսոսի տիեզերական ժողովի գլխաւոր վէճի նիւթը Քրիստոսի մարդկային ու աստուածային բնութեանց ճիշդ բանաձեւումն էր, որուն անմիջականօրէն առնչուած էր Սուրբ Կոյս Աստուածածինը եւ իր ունեցած դերակատարութիւնը` Աստուածորդւոյն մարդեղութեան խորհուրդին մէջ:
Այդ օրերուն Նեստոր անուն պատրիարք մը ի յայտ եկաւ, որ կը հաւատար ու կը քարոզէր, թէ Մարիամ սովորական մահկանացուի մը ծնունդ տուած էր: Այլ խօսքով, որ ան կը հերքէր Յիսուսի Աստուած ըլլալը: Ան կ՛ըսէր, որ հետագային, երբ Ս. Հոգին եկաւ ու բնակեցաւ Յիսուսի մէջ, ան բարձրացաւ աստուածային աստիճանի եւ դարձաւ Երրորդութեան անձերէն մէկը: Ուստի կարելի չէր Յիսուսի մայրը Աստուածածին կոչել, այլ մարդածին կամ քրիստոսածին: Այս կերպով, եթէ Յիսուս իբրեւ մարդացեալ Աստուած չէր ծնած, ուրեմն չէր կրնար համայն մարդկութեան մեղքերը քաւել. իշխանութիւն մը, որ միայն Աստուծոյ տրուած էր:
Հարցը հետեւեալն էր. Մարիամ, որ Ս. Հոգիով յղացած էր Միածին Որդին, ի՞նչ պէտք էր կոչուէր, Աստուածածի՞ն, թէ՞ մարդածին: Նեստորականները կ’ըսէին, թէ ինչպէ՛ս կրնար սովորական կին մը Աստուծոյ ծնունդ տալ: Անոր պատասխանը պարզ էր: Աստուծոյ մարդանալը արդէն իսկ եկեղեցւոյ գլխաւոր խորհուրդներէն մէկն էր, որուն մէջ էր փրկագործութեան խորհուրդը: Աստուած այնքան սիրեց իր ստեղծագործութեան թագն ու պսակը հանդիսացող մարդը, որ իր Միածին Որդին ղրկեց աշխարհ, որպէսզի փրկէ աշխարհը, սրբէ ադամական մեղքը եւ կրկին միացնէ արարածները Արարիչին: Իսկ Աստուածամայրը, այս պարագային, Աստուծոյ կամքին հլու հնազանդ աղախինն էր, միջոցը, որով իրագործուեցաւ տնօրինական, աստուածային ծրագիրը:
Հետագային Հայ եկեղեցւոյ սրբազան հայրերը, Աստուածամօր նուիրուած իրենց աղօթքներով, շարականներով ու տաղերով այս միջնորդութեան պարագան է, որ կը փառաբանեն ու կը մեծարեն:
Անոնք կը պաշտպանէին այն տեսակէտը, որ Մարիամ ծնունդ տուած էր կատարեալ Աստուած եւ կատարեալ մարդ Յիսուս:
Ժողովը հանգամանօրէն քննելով Նեստորի ուսուցումը` զայն դատապարտեց, պատրիարքական աթոռէն վար առաւ եւ իր հետեւորդներուն հետ արտաքսեց եկեղեցիէն: Ընդունուեցաւ Կիւրեղ Աղեքսանդրացիի բանաձեւը, ծանօթ` իր խտացած ձեւին մէջ. «Մի բնութիւն Բանին մարմնացելոյ»: Այսինքն Յիսուս Ս. Կոյս Մարիամէն ծնունդ առաւ իբրեւ Աստուած` Իր վրայ առնելով մարդկային բնութիւնը: Այս երկու` աստուածային եւ մարդկային բնութիւնները, առանց կորսնցնելու իրենց առանձնայատկութիւնները, կազմեցին մէկ բնութիւն: Իսկ Ս. Կոյսին տրուեցաւ Աստուածածին տիտղոսը:
Մեր սուրբ հայրերը իրենց գրած աղօթքներուն, տաղերուն, գանձերուն եւ շարականներուն մէջ պաշտպանած են Սուրբ Աստուածամօր յաւէրժ կուսութիւնը, բարեխօսութիւնը եւ Աստուածամայր ըլլալը: Այս հաստատումին իբրեւ փաստ` կրնանք առնել տիեզերական ժողովներու կանոններուն Մանկունքի կցորդը, ուր կ՛ըսուի. «Կ՛ապաւինինք քու բարեխօսութեանդ, Մարիամ Աստուածածին, Տիրոջ մայրը եւ Սուրբ Կոյս, երկինքի հարս եւ կնքեալ դուռ, որ մարգարէն»: Եւ այս շարականին նման շարքը երկար է:
Սուրբ Աստուածամօր Մասին Գրուած Շարականներն Ու Անոնց Տեսակները
Նախ եկէք միասնաբար երկու տողով բացատրենք, թէ ի՛նչ են շարականները, քանի՞ ձայն ունին եւ ի՞նչ դասակարգերու բաժնուած են:
Շարականները կը նմանին ադամանդներու, որոնք իրարու քով գալով եւ ամրանալով ոսկիին վրայ` կը դառնան գեղեցիկ ու փայլուն: Ոսկին մեր եկեղեցւոյ ծէսն է: Հայ եկեղեցւոյ ծէսը կը գեղեցկանայ եւ տարբեր փայլք մը կը ստանայ իր շարականներուն միջոցով:
Հայ եկեղեցւոյ շարականները կը բաժնուին ութ ձայներու ԱՁ, ԱԿ, ԲՁ, ԲԿ, ԳՁ, ԳԿ, ԴՁ եւ ԴԿ: Իւրաքանչիւր ձայն ունի իր շեշտաւորումն ու եղանակի ելեւէջները: Իսկ դասակարգերը հետեւեալ անուանումներով ծանօթ են. Օրհնութիւն, Հարց, Մեծացուսցէ, Ողորմեա, Տէր Յերկնից, Մանկունք, Համբարձի եւ Ճաշու:
Եկէք այս բոլորին մէջէն առնենք մեծացուսցէները եւ այն շարականները, որոնք նուիրուած են Սուրբ Աստուածամօր եւ խօսինք անոնց մասին: Մեծացուսցէները թիւով 68 հատ են: Մեծացուսցէները մեծ մասամբ գրուած են Մովսէս Խորենացիին կողմէ: Իսկ այն շարականները, որոնք նուիրուած են Սուրբ Աստուածամօր, այլ խօսքով` օրհնութիւններն ու անոնց շարքերը գրուած են Ներսէս Շնորհալիին, Յակոբ Կլայեցիին, Վարդան Վարդապետին եւ Կիրակոս Երզնկացիին կողմէ:
Եկէք` նայինք մեծացուսցէներուն բովանդակութեանց: Մեծացուսցէները ընդհանրապէս կը խօսին Սուրբ Աստուածամօր յաւերժ կուսութեան, Սուրբ Աստուածամօր բարեխօսութեան եւ մարգարէութեանց կատարման մասին:
Եկէ՛ք, մենք ընդունինք Աստուածամայրը մեր սրտերուն, ընտանիքներուն ու տուներուն մէջ:
Աստուածամայրը օրհնութիւն է: Ինչպէս որ իւրաքանչիւր մայր օրհնութիւն է իր զաւակներուն գլխուն, նոյնպէս ալ Աստուածամայրը մեր բոլորին մայրը օրհնութիւն է մեր գլխուն:
Մեր շարականներուն մէջ չկայ կանոն մը, որ Աստուածամայրը չյիշուի մէջը: Ամէն առաւօտեան ժամերգութեան կ՛երգենք մեծացուսցէ շարականները: Ի՞նչ է մեծացուսցէն:
Մեծացուսցէն մենք կը կարդանք Ղուկասու Աւետարանի առաջին գլխուն մէջ, ուր կ՛ըսէ. «Մեծացուսցէ անձն իմ զՏէր. եւ ցնծացաւ հոգի իմ յԱստուած Փրկիչ իմ: Զի հայեցաւ ի խոնարհութիւն աղախնոյ իւրոյ. զի ահա յայսմհետէ երանեսցեն ինձ ամենայն ազգք», «Տէրը պիտի գովաբանեմ. ահա հոգիս կ՛ուրախանայ Աստուծմով, իմ Փրկիչովս, որովհետեւ ան տեսաւ իր աղախինին հեզութիւնը: Ասկէ ետք բոլոր սերունդները երանի պիտի տան ինծի» (Ղկ 1: 46): Նայեցէք Սուրբ Աստուածամօր հեզութեանն ու փառաբանանքին: Եկէ՛ք` մենք ալ Սուրբ Կոյս Մարիամի նման օրհներգենք Աստուծոյ ամէնօրհնեալ ու սրբազան անունը:
«Քու սուրբ կաթդ խմցուցիր տիեզերքը կերակրողին, որ մեր ննջեցեալները վերստին կը նորոգէ. քեզ կը մեծարենք, որ կիներու մէջ օրհնուած ես»: «Դուն, որ աստուածային լոյսը գիրկիդ մէջ կրելու արժանացար եւ արդարութեան արեգակին արեւելք եղար, օրհնութեամբ կը մեծարենք քեզ»: «Անստուեր լոյսը արգանդիդ մէջ կրեցիր, օրհնուած ես կիներուն մէջ»:
Մարգարէութիւններն Ու Շարականները
Կը յիշենք պատմութիւնը անկէզ մորենիին, որ կ՛այրէր, բայց չէր սպառեր: Մովսէս մարգարէն երբ մօտեցաւ անոր Աստուած իրեն ըսաւ. «Հոս մի՛ մօտենար. կօշիկներդ հանէ քու ոտքերէդ, վասն զի այն տեղը, որուն վրայ կայներ ես, սուրբ երկիր է» (Ելք 3:5): Մեր շարականագիր հայրերը այդ մորենիին մէջ կը տեսնեն Աստուածամօր ներկայութիւնը: Աստուածամայրը եղաւ այն մորենին, որ առանց այրելու` իր մէջ կրեց աշխարհի, տիեզերքի կրակը` Յիսուս Քրիստոսը: Այս գաղափարը շօշափած են շարականի հետեւեալ բառերով. «Անկէզ մորենի եւ լոյսի տաճար, անարատ եւ անխախտելի կուսութիւն. մայր եւ աղախին քեզ կը մեծարենք»:
Եգիպտոսի ելքէն ետք իսրայէլացիները անօթեցան: Աստուած գթալով իր ժողովուրդին` երկինքէն մանանայ տեղացուց, որպէսզի Իսրայէլի որդիները ուտեն ու կշտանան: Անկէ ետք այդ մանանան դրուեցաւ ոսկի սափորին մէջ եւ ապա ոսկի սափորով միասին` Ուխտի տապանակին մէջ: Մեր հայրերը Մարիամ Աստուածածինը կը նմանցնեն ոսկի սափորին, որ իր մէջ կրեց երկինքէն իջած Մանանան` Յիսուս Քրիստոսը: Շարականագիր հայրերը իրենց պատկերացումը արտայայտած են հետեւեալ բանաձեւով. «Քերովբէներէն գերագոյն, Աստուծոյ աթոռ եւ կենաց ծառ անմահական պտուղի, տապանակ Բանին ուխտին եւ ոսկի սափոր երկնային մանանային. հոգեւոր երգով քեզ կը մեծարենք սրբուհի»:
Եկէք` անցնինք մարգարէական ժամանակաշրջան: Աստուած Եզեկիէլ մարգարէն կը տանի Երուսաղէմ, որպէսզի իր տեսածներուն մասին խօսի Իսրայէլի որդիներուն: Եզեկիէլի մարգարէութեան 44-րդ գլխուն մէջ կը կարդանք Արեւելեան դուռին մասին: Աստուած կ’՛ըսէ մարգարէին. «Այս դուռը գոց պիտի մնայ, պիտի չբացուի, անկէ մարդ պիտի չմտնէ. քանզի անկէ Իսրայէլի Տէր Աստուածը մտաւ, անոր համար գոց պիտի մնայ» (Եզ 44:2): Մեր հայրերը Արեւելեան դուռը կը նմանցնեն Սուրբ Աստուածամօր: Արեւելեան դուռը յաւէրժ գոց մնաց նոյնպէս ալ Մարիամ Աստուածամայրը յաւէրժ կոյս մնաց, որովհետեւ իր մէջ ընկալեց տէրերու տէրը, թագաւորներու թագաւորը, սրբութիւնը եւ աշխարհի միակ Փրկիչը` Յիսուս Քրիստոսը: Մեր հայրերը ԱՁ մեծացուսցէ շարականներէն մէկուն մէջ կը գրեն. «Մարգարէները քեզ անկէզ մորենի, վիմածին լեռ, փակ դուռ եւ կնքուած աղբիւր գուշակեցին, ո՜վ մայր եւ կոյս, հոգեւոր երգով քեզ կը բարեբանենք եւ քու Միածին Որդիդ կը փառաւորենք»:
Ինչպէս բոլորս ալ գիտենք, մենք Աստուծոյ հոգիին տաճարներն ենք: Բայց առաջին մարմնաւոր տաճարը Սուրբ Կոյս Մարիամն էր, որովհետեւ Ինք իր մէջ կրեց մարմնացեալ հաւատքը, սէրը, յոյսը, Աստուածորդին, խաղաղութիւնը եւ մեր բոլորին հանգստարանը` Փրկիչը: Աստուծամայրը Աստուած զգեցաւ իր վրայ: Աստուած Սուրբ Կոյսին վրայ եկաւ ու հանգչեցաւ: Պօղոս առաքեալ կ՛ըսէ. «Չէ՞ք գիտեր, թէ ձեր մարմինները տաճարն են Սուրբ Հոգիին» (Ա.Կր. 6:19): Մենք Սուրբ Հոգւոյն տաճարները դարձանք` շնորհիւ Սուրբ Աստուածամօր: Հայոց քերթողահայր Մովսէս Խորենացին այս մասին հետեւեալը կը գրէ. «Սուրբ Կոյս Մարիամ, Աստուծոյ անճառելի Բանին անարատ տաճար եւ բնակարան, քեզ եւ քեզմէ ծնածը կը մեծարենք»:
Երբ կարդանք Յայտնութեան գիրքի 12-րդ գլուխը, այնտեղ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս սատանան յարձակեցաւ Սուրբ Աստուածամօր վրայ, սակայն չկրցաւ յաղթել անոր: Սատանան զայրացաւ, որովհետեւ չկրցաւ պատերազմիլ կնոջ դէմ, գնաց եւ սկսաւ պատերազմիլ անոր միւս զաւակներուն դէմ, որոնք Աստուծոյ պատուիրանին կը հնազանդէին, այլ խօսքով, Քրիստոսի համար վկայութիւն կու տային, իրենց կեանքով Քրիստոսը կը քարոզէին: Կնոջ միւս զաւակները մենք ենք: Սատանան ամէն հնարք կ՛ընէ` մեզ հեռացնելու ճշմարիտ ճանապարհէն: Մեզմէ իւրաքանչիւրը կարիքը ունի Սուրբ Աստուածամօր բարեխօսութեան:
Եկէք` միասնաբար մեր աղօթքները բարձրացնենք առ Աստուած եւ խնդրենք Սուրբ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը:
«Ո՜վ բարերար եւ բազումողորմ Աստուած, փա՜ռք եւ գոհութիւն կը վերառաքենք քու սրբազան անունիդ: Օրհնէ Քու արարածներդ, որոնք եկած են երկրպագելու քու սրբազան գահիդ դիմաց: Տէ՛ր, մեր քու սրբազան բնակութիւնդ հաստատէ մեզմէ իւրաքանչիւրին սրտին մէջ: Տէ՜ր, կը խնդրենք քեզմէ, որ ընդունիս մեր այս աղօթքը եւ քու օրհնութիւններդ թափես մեր ընտանիքներուն վրայ: Ո՜վ Սուրբ Կոյս Աստուածամայր, մեզի համար բարեխօս եղիր քու Որդիիդ: Ո՜վ ամէնօրհնեալ Կոյս, գթա՛ քու զաւակներուդ վրայ, որոնք այսօր բարձրացած են քեզի աղօթելու եւ քու բարեխօսութիւնդ խնդրելու համար: Ո՜վ Տէր, կ՛աղաչենք քեզի, որ այսօր ուժ եւ կարողութիւն տաս բոլոր ուխտաւորներուն, որոնք պիտի բարձրանան Սուրբ Աստուածածին վանք: Տէ՜ր, ընդունէ իրենց ուխտը եւ օրհնէ քու ժողովուրդդ: Քու աջդ թող հովանի ըլլայ մեզի: Ո՜վ Տէր, քեզի կը վայելէ ամէն փառք եւ պատիւ. ամէն»: