ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Մինչ գրիչս կը սահի ճերմակ թուղթին վրայ` գրութիւնս ամբողջացնելու համար, նոյն ժամանակ օրերն ալ կը սահին, եւ մինչեւ հասնիմ տողերուս վերջակէտին, հասած կ՛ըլլայ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխումի թուականը` 18 օգոստոս 2019:
Հպանցիկ ակնարկով մը կը նկատենք, որ Քեսապ իր բռնագրաւումէն, ապա ազատագրութենէն ետք, անցեալ ամառ` 2018-ին, անցուց յուսադրիչ եւ բնականոն ժամանակ մը:
Այս կը նշանակէ, թէ Քեսապի եկեղեցիները, վարժարաններն ու միութիւնները անսասան գործած էին եւ այդ ժամանակ կը շարունակէին գործել:
Գիւղատնտեսութեան բերքերը ընդհանրապէս առատ էին, թէեւ վարակներն ալ անպակաս: Այդ արտադրութիւնները կը բախէին շուկայական ցած սակերու, արդարեւ, պաշարուած Սուրիայէն արտածում կատարելու անկարելիութեան առկայութեան արտադրութիւնները սպառելու շուկաները սահմանափակ` ներքին են միայն, այդ ալ` ազատագրուած շուկաները:
Ապահովութեան եւ խաղաղութեան իմաստով հաստատուած էր համեմատական հանդարտութիւն, ինչ որ կը քաջալերէր ներքին զբօսաշրջութեան աշխուժութեան` օդափոխութեան շուրջ պտոյտներու կազմակերպումով, կը ստեղծուի դրական եռուզեռ, թէեւ կարգ մը նահանգներ` Իտլիպ-Ռաքքա-Տէր Զօր եւ Հասիչէ նահանգները, ամբողջական կամ մասնակի բռնագրաւումի տակ կը մնային, թուրք-ամերիկեան բանակային ջոկատներու եւ անոնց հրահանգին տակ գործող ահաբեկչական վարձկան, բանակ-խմբաւորումներուն կողմէ:
Նոր ազատագրուած Հալէպէն մեծ թիւով հայորդիներ, օգոստոսին, 6-7 ժամուան տաժանակիր ճամբորդութիւն մը կատարելով, կու գային Քեսապ` հայաշունչ դիմագիծը ամրապնդելով աւանին, հակառակ այն իրողութեան որ հալէպահայութիւնը մեծապէս նօսրացած է:
Այս դրական երեւոյթին պսակումն էր այն, որ Սուրիոյ միութիւնները իրենց տարեկան բանակումները, անխտիր, կը կատարէին Քեսապի մէջ, ինչ որ մեծապէս կը նպաստէր աւանիս հոգեկան վերականգնումի երթին` հասնելով հոն, ուր Ս. Աստուածածնայ այդ տարուան տօնախմբումին կ՛իրագործուէր երաժշտական-մշակութային փառատօն մը:
Զգայացունց էին արի-արենուշներուն, միութիւններուն փողերախումբերուն ելոյթները եւ զուգահեռ տողանցքները Քեսապի մէջ:
Ստեղծուած այս ջերմ խանդավառութի՛ւնը խթանեց, որ սկաուտական ոչ հայկական կազմակերպութիւններ իրենց բանակումները կայացնեն Քեսապի մէջ` երբեմն կայք հաստատելով հայկական խումբերուն բանակավայրերուն մէջ:
Քրիստոնէական քոյր համայնքներու կազմակերպութիւնները (ոչ հայկական), որոնք վաղուց իրենց կառոյցներն ու բանակավայրերը ունէին, անոնք ալ բարձրացան Քեսապ` բանակումի:
Սակայն ընթացիկ 2019 տարեթիւին կացութիւնը փոխուեցաւ: Տարին սկսաւ վառելանիւթերու սուր տագնապով:
Արեւմուտքի կիրարկած բազմատեսակ շրջափակումը խաղաղ ժողովուրդը կը զրկէր ապրուստի ամէն հնարաւորութիւններէ:
Ուտեստեղէն, պարէն, մթերքներ, դեղորայք, վառելանիւթ…: Ոչ ներածում, ոչ ալ արտածում: 2019-ի այս պաշարումը սաստիկ կը խստանար:
Ժողովուրդն ու պետութիւնը գտան հնարքը պաշարումը շրջանցելու իրերայաջորդ ամիսներուն, ելեկտրոնային սմարթ-քարտեր օգտագործելով վառելանիւթի բաժանման համար:
Տուները ջեռուցանելու համար քեսապցին շարունակեց օգտուիլ ահաբեկչական կողմէ հրկիզուած անտառներու փայտերէն, թէեւ հեռաւոր վայրերէ զանոնք ապահովելով:
Վառելանիւթի սակաւութիւնը իր անդրադարձը թողուց Քեսապ-քաղաքներ երթեւեկութեան վրայ, որ նուազեցաւ ու սահմանափակուեցաւ:
Ասիկա իր անդրադարձը թողուց նաեւ կենցաղային անհրաժեշտներուն վրայ` անոնց թանկացումով:
Ասոր զուգահեռ, սուրիական թղթոսկիի արժեզրկումն ալ իր ժխտական ազդեցութիւնը ունեցաւ տնտեսական կեանքին վրայ:
Շեշտուեցաւ համեցող անգործութիւնը, ինչ որ կը սպառնայ գիւղի երիտասարդները գիւղին կառչած պահելու պայքարին:
Վարժարանները նիւթաբարոյական արտաքին օժանդակութիւններով յաջողեցան իրենց երթը շարունակել: Թէեւ այդ օժանդակութիւններուն կասեցումն ու նուազումը կը սպառնայ անոնց ո՛չ միայն երթին, այլեւ գոյութեան:
Միութիւններուն գործունէութիւնը թէեւ կանգ չառաւ, սակայն անոնց կը պակսէր յանդուգն միջոցառումներ` ստեղծուած տնտեսական իրավիճակին լոյսին տակ:
Կայ նաեւ այն, որ կլիմայի յարափոփոխութիւնն ու անկայունութիւնը այս տարի ինքզինք աւելի զգացնել տուաւ Քեսապի մէջ: Ձմեռը կանուխ բախեց 2019-ի դռները: Թէեւ Քեսապը անցնող դարուն նման յաճախակի ձիւնային տեղումներու Քեսապը չէ, սակայն յաճախակի կամ մերթ ընդ մերթ տեղատարափ տեղումները ուշացուցին գարնան գալուստը: Ուշացան պարտիզպաններու անյետաձգելի գործերը, որոնք կուտակուեցան` պարտէզները յօտել, խոտերը հնձել, հողը վարել ու մշակել, վարակներուն դէմ քիմիական դեղեր սրսկել: Այսպիսի գործեր կուտակուեցան գարնանամուտին, անկախ աշխատող մարդուժի խիստ սակաւութեան. ժամանակին դէմ հեւ ի հեւ աշխատանք պարտադրեցին մշակին:
Այս ժամանակաշրջանին գիւղատնտեսութեան վերականգնումի եւ յառաջդիմութեան նպաստող գիւղատնտեսութեան վերաբերեալ դասախօսութիւններ կազմակերպուեցան եւ իրագործուեցան` օգտուելով Լաթաքիոյ համալսարանի գիւղատնտեսական բաժանմունքի դասախօսներէն: Այս գործունէութեան դափնեպսակումը եղաւ Լիբանանի հայաւան Այնճարէն վերոյիշեալ նպատակով գիւղ ժամանած, գիւղատնտես` Եսայի Հաւաթեանի խիստ օգտաշատ դասախօսութիւնը:
Վերոյիշեալ «Գիւղատնտեսական լաւատեսութիւնը», սակայն, չքացաւ, երբ ծառերու ծաղկած ժամանակաշրջանին բնութիւնը իր չար կատակը ըրաւ, եւ չարաբաստիկ կարկուտի տարափ մը տերեւաթափ ըրաւ պարտէզները: Անոր յաջորդեցին խիստ պաղի հոսանք մը, ապա անժամանակ եւ անակնկալ զօրաւոր տաք հոսանք մը, որոնք յօդս ցնդեցուցին մշակներուն բերքերն ու յոյսերը: Մօտաւորապէս 300 եւ աւելի ընտանիքներ կը զրկուէին ապրուստի իրենց ապաւէնէն, ակնկալուած բերքի փճացումով, ինչ որ աւելի մռայլ դարձուց Քեսապի ձմեռնային դիմագիծը:
Այս բոլորին յաջորդեց Քեսապի մօտակայ (20-40 քմ. հեռաւորութեան) ճակատներուն վրայ, ահաբեկչական խմբաւորումներու անակնկալ գրոհները Սուրիոյ Ազգային բանակի դիրքերուն վրայ, ճիշդ թրքական սահմանին կից, թրքական բանակի զօրանոցներուն քթին տակ, առաւել եւ անոնց օժանդակութեամբ: Իրիկնադէմին ու արշալոյսին յատկապէս, յստակօրէն կը լսուէր սուրիական բանակի թնդանօթներու գոռոցը` թունդ հանելով ութը տարուան մարտերուն ականատես, երեք ամիս Քեսապէն տեղահանուած ու վերադարձած խաղաղ բնակչութեան սրտերը, մաշեցնելով անոնց արդէն մաշած ու սպառած ջիղերը:
Այսպէս մինչեւ ամսուան սկիզբը, երբ Քեսապահայութիւնը կը պատրաստուէր հանդիսատօնել Սայաթ Նովայի ծննդեան 150-ամեակը, ձեռնարկէն վայրկեան մը առաջ հրասանդի արկ մը պայթեցաւ Քեսապի մուտքին` վիրաւորելով երկու երիտասարդ հայորդիներ (թեթեւ վէրքերով) անոր յաջորդեցին չորս հրթիռներ, որոնք պայթեցան լեռնային անմարդաբնակ վայրերու մէջ: Յաջորդ օրերուն եւ շաբթուան ընթացքին Քեսապը թիրախ ընտրած հրթիռներուն թիւը հասաւ 12-ի, բարեբախտաբար` անվնաս…
Վերջին երեք արկերը ինկան յուլիսի վերջաւորութեան… դարձեալ անվնաս` բարեբախտօրէն… սակայն ծանր հարուած հասցուցին արդէն դանդաղ ու տկար զբօսաշրջութեան ընթացքին:
Վերոյիշեալ հրթիռներու Քեսապի վրայ արձակուիլը պատճառ դարձաւ, որ աւանդաբար Քեսապի մէջ կայանալիք բանակումներուն վայրը փոխուի, Քեսապէն հեռու, իմա նաեւ փողերախումբերու տողանցքներուն չեղեալ նկատելը, որուն նաեւ զուգահեռ կասեցաւ հալէպահայութեան Քեսապ այցելելու թափը:
Այս կացութիւնը անշուշտ իր մռայլ շուքը պիտի ցոլացնէր զբօսաշրջութեան մարզին մէջ, որ զգալիօրէն տուժեց եղածէն (պանդոկներ, ճաշարաններ, վարձու տուներ, առեւտրական կառոյցներ… եւ այլն):
Անշուշտ այս հրթիռակոծումէն զերծ չմնացին Լաթաքիոյ զանազան շրջաններ, որոնք եւս ստացան հեռարձակ արկերու իրենց բաժինը, թէեւ ոչ Քեսապի չափ:
Տողերուս շարադրումին պահուն հեռուէն (30-40 քմ.էն) կը լսուի Սուրիոյ ազգային բանակի թնդանօթներու խուլ ձայնը: Բանակը որոշած է Լաթաքիոյ` Իտլիպ նահանգին մերձաւոր շրջանները վնասազերծել ահաբեկչական խմբաւորումներէն, բանալ տալու համար Լաթաքիա-Հալէպ մայրուղին:
Զուգահեռ, Համա-Հալէպ մայրուղիի վնասազերծումի ճիգին: Հոն եւս, Համա-Իտլիպ նահանգներու վարչական սահմանագիծին վրայ տեղի կ՛ունենան թէժ մարտեր, որոնց յաղթական կողմը սուրիական ազգային բանակն է, որ սուղ գին վճարեց, երբ քաղաքական հանգուցալուծումը անհնար դարձաւ:
Այստեղ պէտք է, լայն ու վարդագոյն փակագիծեր բանալով, անդրադառնալ երկու կարեւոր այցելութիւններու` Քեսապին եւ քեսապահայութեան:
Մայիս ամսուան ընթացքին Քեսապ այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որ ժողովուրդին հետ հանդիպում ունեցաւ:
Իսկ յունիս ամսուան ընթացքին Քեսապի իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Բերիոյ հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանը, որ դարձեալ հանդիպում ունեցաւ ժողովրդային զանգուածին հետ:
Տեղին է նշել նաեւ, որ Քեսապի մէջ մեծ շուքով ու ժողովրդային մեծ մասնակցութեամբ նշուեցան Հայոց Մեծ Եղեռնի 104-ամեակը, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 101-ամեակը, Սուրիոյ երիտասարդական միութեան հիմնադրութեան 40-ամեակը, իսկ մշակութային առումով ընդգծելի է Սայաթ Նովայի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած տօնակատարութեան յաջորդող օրերուն «Ադամեան» թատերախումբի (Հալէպէն) «Ծերունին եւ լեռը» թատրերգութեան ներկայացումը: Յիշելու ենք նաեւ որ գիւղատնտեսական վերականգնումի աշխատանքներուն նպաստելու համար գիւղս այցելած գիւղատնտես` Եսայի Հաւաթեանի ներկայութենէն օգտուելով, Համազգայինի Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղը իր հիմնադրութեան 40-ամեակը տօնելով զայն իբրեւ բանախօս հրաւիրեց` գեղարուեստական յայտագրին հետ միատեղ:
Հիմա որ կարճ օրեր մնացած են Ս. Աստուածածնայ վերափոխումի տօնին, որուն պիտի հովուապետէ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանը, մեզի կը մնայ յուսալ, աղօթել եւ մաղթել, որ վերափոխումն ու պայծառակերպումը իջնէ ո՛չ միայն Քեսապի, այլ նաեւ համայն Սուրիոյ եւ սուրիացի ժողովուրդին վրայ` անոնց պարգեւելով խաղաղութեան, ապահովութեան եւ վերականգնումի հնարաւորութիւնը, նաեւ ելք` դուրս գալու իննամեայ պատերազմի քաոսէն:
Վերափոխման մաղթանք Քեսապին, որ այս իրավիճակին մէջ օր ըստ օրէ հալումաշ ըլլալու սպառնալիքին տակն է: Պատերազմը կասեցուցած է երիտասարդութեան երթը բնականոն կեանքի յորձանուտին մէջ, եւ անիկա սկսաւ քիչ-քիչ հեռանալ աւանէս:
Վստահ, որ առ Աստուած բարձրանալիք մեր աղօթքները, այս տօնին առիթով, կը գտնեն Տիրոջ, եւ Քեսապը համազգային ճիգերու պրկումով վերափոխուելով պիտի գտնէ իր նախկին փայլուն ու ծաղկուն դիմագիծը:
Քեսապ, 15 օգոստոս 2019