ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
25 յուլիս 2019-ին իր մահկանացուն կնքեց Թունուզի նախագահ Պեժի Քայիտ Սապսի: Թունուզը, որ «Արաբական գարուն»-ը ընծայեց արաբական աշխարհին`տապալելով աւելի քան 30 տարուան ամբողջատիրական կարգերը եւ անոնց հետ սերտաճած փտած աւազակապետական եւ դրամատիրական համակարգը:
2014-ին Թունուզի խորհրդարանական ընտրութիւններուն Սապսիի աշխարհիկ «Նիտաա Թունուզ» կուսակցութեան յաղթանակը` ընդդէմ կրօնամէտ «Նահտա»-ին, ցոյց տուաւ,որ յետյեղափոխական Թունուզը արաբական աշխարհին համար պիտի դառնայ բաց, արդի եւ այլազանութեան ռահվիրայ:
Եթէ հաշուի առնենք թունուզեան ընկերային-աւանդական ապրելաոճն ու պատմութեան ընթացքին յայտնաբերուած համակարգը, ուրեմն կրնանք ըսել, որ «Նիտաա Թունուզ»-ի եւ Սապսիի ընկերային քաղաքականութիւնները ընկերային յեղափոխութիւն կը նկատուին Թունուզին համար, մանաւանդ որ այդ երկիրը կը գտնուի կրօնական-պահպանողական իսլամական-արաբական ովկիանոսին մէջ:
Օգոստոս 2017-ին Սապսիի կողմէ կազմուած «Անհատական ազատութիւններու եւ հաւասարութեան յանձնախումբ»-ը եւ անոր որդեգրած որոշումները, ինչ կը վերաբերի երկու սեռերուն միջեւ նիւթական ժառանգութեան հաւասար բաժանման, հաւատադրժողութեան (թաքֆիր) ջնջումին, խղճի ազատութեան ապահովման, այլոց նկատմամբ կրօնական անհանդուրժողականութեան, խտրականութեան կամ բռնութեան քրէականացման, սեռային հաւասարութեան եւ հաւասար հարկային համակարգին` առանց կրօնի կամ սեռի խտրութեան, հանդիսացան Թունուզի ընկերային յեղափոխութեան ազդանշանները:
Սապսին, որ կառավարեց Թունուզը հինգ տարի` ներշնչուելով այդ երկրի նախկին նախագահ Հապիպ Պուրկիպայի արդիապաշտութենէն եւ վերակենդանացուց վերջինիս ժառանգութիւնը` յաւելեալ միջոցներ ներդնելով կրօնամէտներու ետդարձի ծրագիրներուն մէջ: Ներկայիս Թունուզը, կենդանի պահելու համար Պուրկիպայի արդիապաշտ ժառանգութիւնը եւ շարունակելով ընկերային-յեղափոխութեան գործընթացը, կարիքը ունի քալելու Պուրկիպայի գիծին վրայ. գիծ մը, որմէ արաբական աշխարհը սորվելիք ունի:
Թունուզը, ի տարբերութիւն «Արաբական գարուն»-ի ալիքին ենթարկուած պետութիւններուն (մանաւանդ` յետյեղափոխութեան ժամանակաշրջանին), Պեժի Քայիտ Սապսիի գլխաւորութեամբ յաջողեցաւ վառ պահել յեղափոխութեան արժէքները: