Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Ս. Աստուածածնայ Օրինակով Ապաւինիլ Եւ Ընդունիլ Աստուծոյ Որոշումները

$
0
0

ԽՈՐԷՆ ԱՐՔ. ՏՈՂՐԱՄԱՃԵԱՆ
Կաթողիկոսական փոխանորդ Կիպրոսի թեմին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն

Համայն քրիստոնէութիւնը Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը մեծ շուքով կը տօնախմբէ օգոստոս 15-ին: Իսկ հայ եկեղեցին` օգոստոս 15-ի մօտաւոր կիրակին, այսինքն` 12-18 օգոստոսի միջեւ: Տօն մը, որ Հայ եկեղեցւոյ հայրերը հինգ տաղաւար տօներէն մէկը համարած են, եւ կը տօնուի ինը օրեր շարունակ, եւ որուն ընթացքին շարականներու երգեցողութեան ընդմէջէն կ’ոգեկոչուի Ս. Աստուածածնի երկինք փոխադրուիլը: Աստուածածնայ տօնը թէ՛ համայն քրիստոնէութեան եւ թէ՛ նաեւ հայ ժողովուրդին համար կարեւորագոյն տօներէն մէկն է, որ տարբեր խորհուրդներ կը պարփակէ իր մէջ:

Նախ, անշուշտ, Աստուծոյ կողմէ Մարիամի ընտրութիւնն է Աստուածորդին երկրաւոր աշխարհ բերելու: Աստուած ու մարդ համատեղման ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս երկու էութիւնները իրմով միացնող սուրբի ընտրութիւնն է այս տօնը: Արդարեւ, Աստուծոյ մարդացումի գործընթացին մէջ Աստուծոյ կողմէ ընտրուած արարածն է, որ կին հասկացողութեան կու տայ բոլորովին նոր, բոլորովին հոգեւոր եւ աստուածային իմաստ: Ուրեմն ընտրեալն է Մարիամ բոլոր կիներուն մէջ: Ինչպէս հայ ժողովուրդը ընտրեալ ժողովուրդն է Աստուծոյ կողմէ, երբ Աստուած մարդկութեան շարունակականութեան համար տնօրինեց, որ Նոյ նահապետը իր տապանով բարձրանայ մեր սուրբ լեռը, ուրկէ պիտի վերածնէր մարդկութիւնը: Եւ եթէ Աստուածածնի միջոցով կատարուեցան Աստուածորդիին ծնունդը եւ մարդկութեան վերածնունդը, ապա մեր հայրենիքի սուրբ լերան ճամբով վերածնաւ մարդկութիւնը ջրհեղեղէն ետք: Աստուածաշունչէն քաղուած այս գեղեցիկ պատկերը այս ձեւով կը կապուի Մարիամ Աստուածածնի հետ:

Աստուածածնայ տօնը այնուհետեւ մայրութեան սրբութեան հասկացողութիւնն է, ընտանիքի սիւնին բարոյական կերպարը, Աստուծոյ խորհուրդին, յորդորին, հրամանին առանց տատամսելու ընդառաջ երթալը, Աստուծոյ կամքը ընդունելու հաւատքի դրսեւորման գեղեցկագոյն օրինակը: Միաժամանակ քաջութիւնը, սակայն, նախ` նշանուած կարգավիճակի մէջ անապական յղիանալով բոլորին կասկածներուն դէմ դնելու, հաւատքի վահանով ամէն տեսակ դժուարութիւն ստանձնելու եւ միայն Աստուծոյ յենելով դժուար առաքելութիւնը վերցնելու:

Աստուածածնայ մասին համաշխարհային մակարդակի վրայ համաքրիստոնէական մեկնաբանական գրականութիւն մը գոյութիւն ունի, որ կը հարստանայ նոր աշխատասիրութիւններով, գրականագիտական նոր հատորներով: Մեր Տիրոջ Քրիստոսի երկնայինէն երկրացումի միջոցն է Աստուածամայրը, որ իրաւամբ Աստուծոյ կողմէ ընտրուած ամենամեծ առաքելութեան շնորհումի մարմնացումն է: Սրբութիւն մը, որուն միջոցով Աստուած պիտի մարդանար, երկրաւոր պիտի դառնար մարդը դէպի յաւիտենականութիւն առաջնորդելու համար:

Մեծ է խորհուրդը Աստուածածնի կերպարով Աստուծոյ կողմէ մարդկութեան փոխանցուած իրողութեան: Աստուածածնի կերպարին, ինչպէս ըսինք, կը կապուի սրբութիւնը, սրբակենցաղութիւնը, համեստութիւնն ու պարզութիւնը, հոգատարութիւնը, Աստուծոյ հնազանդութեան ամենամեծ օրինակը, ապա նաեւ` մայրութիւնը, համբերութիւնը, չարչարանքը, յուսալը, հաւատքը, գլխաւոր բարեխօսի հանգամանքը, աստուածային երեւումներն ու տակաւին երկար շարքը բազում առաքինութեանց: Մէկ խօսքով քրիստոնէական արժեհամակարգի բոլոր բաղադրիչները, որոնք Տիրամայրը իր անձնական օրինակով փոխանցեց համայն մարդկութեան: Պէտք է անպայման նկատել, որ մարդ անհատը ինչպէս օգնութեան կարիքի զգացողութեան առաջին դիմումը կը կատարէ բնազդօրէն իր մօր, հոգեւոր իմաստով եւս կը կատարէ Աստուածածնին` իբրեւ համայն մարդկութեան մայրը` բարեխօսելու Տիրոջ իր որդիին` փրկելու համար մարդը ամէն փորձութենէ, փորձանքէ, հիւանդութենէ եւ չարիքէ:

Անհատէ մը եղած ակնկալութեան իրականացման համար մարդիկ կը մտածեն դիմել անոր մօր` բարեխօսելու համար իր զաւկին խնդիրի կարգաւորման համար: Մարդ արարածը աղօթքի պահուն Աստուծմէ, Քրիստոսէն իր աղաչանքին կատարումին համար ամէն սուրբէ առաջ կը դիմէ գլխաւոր բարեխօսին` Յիսուս Քրիստոսի մօր` Սուրբ Մարիամ Աստուածածնին:

Հայաստանեայց եկեղեցին տարուան մէջ քանի մը եկեղեցական տօն նուիրած է Քրիստոսի մօր: Պատահական չէ, որ հայ մօր կերպարի ուրուագծման պահուն հայ արուեստագէտը, գեղանկարիչը, ստեղծագործողը անպայման ի մտի ունեցած է Աստուածածնայ կերպարը, ուրկէ եկած է նաեւ ընտանեկան սրբութեան յենասիւն նկատուող հայ մօր անուան հետ կապուած ամենանուիրական մօտեցումներու գոյացումը: Պատահական չէ նաեւ, որ մեր խորաններու առաջին սրբապատկերը նուիրուած է Աստուածածնին եւ Աստուածորդիին` իբրեւ միակ ճանապարհը դէպի Աստուած, դէպի յաւիտենականութիւն երթալու:

Որքան համբերատարութիւն` այնքան նաեւ նկարագրի տոկունութիւն կը փոխանցէ Աստուածածնի կերպարը հոգեւոր դիմադրողականութիւնը զօրացնելու` ամէն տեսակի դժուարութիւն յաղթահարելու համար: Իսկ մարդու դիմումը Աստուածածնին ոչ թէ միայն որեւէ խնդրի լուծման համար պէտք է ըլլայ, այլ` մնայուն: Մնայուն չարիքէ, փորձութենէ փրկելու համար: Մարդուն յարաբերութիւնը ինչպէս մնայուն է իր մօր հետ, այնպէս նաեւ մնայուն պէտք է ըլլայ մարդկութեան մօր` Աստուածածնին հետ: Աստուածածնի հետ մնայուն կապը մայրակորոյս չի դարձներ մարդ անհատը, որ հարազատ մայր կորսնցնելու պահուն եւ անկէ ետք աւելիով կը փարի Աստուածածնին` իր բոլոր տեսակի անձկութիւնները փարատելու, բայց նաեւ` բոլոր տեսակի հոգեկան գոհունակութիւնները բաժնեկցելու իր ճամբով զԱստուած փառաւորելու:

Հայաստանեայց եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, Աստուածածնի գլխաւոր տօնը օգոստոսին է. եղանակային առումով նաեւ կը զուգադիպի խաղողի հունձքի ամենաառատ ժամանակին: Խաղողը, որ կեանքի, արգասաբերութեան խորհրդանիշ է, որմէ նաեւ կը պատրաստուի գինին, որ պատարագի ատեն կը հրամցուի իբրեւ Քրիստոսի արեան մաս, այդ բոլորը կը խորհրդաւորուին Աստուածածնայ գլխաւոր տօնին:

Ամենամեծ խորհուրդը այժմէական նշանակութիւն ունեցող Աստուածածնի օրինակով լրիւ ապաւինիլն է Աստուծոյ: Ունենալ սրբակենցաղ կեանք, հետեւիլ պատուիրաններուն ու անկէ ետք եւ անոր զուգահեռ` ամբողջովին վստահիլ Աստուծոյ: Անորոշութիւնը դէպի ապագան, վախն ու անձկութիւններ կը փարատին, եթէ մարդ անհատը կարենայ ամբողջովին իր ամէն մէկ քայլն ու իրեն գալիք ամէն խնդիրի լուծում վստահիլ Աստուծոյ: Այնպէս` ինչպէս Քրիստոսի մարդեղացման գործընթացի առաջին օրէն Աստուածածինը ամբողջովին վստահեցաւ Աստուծոյ: Քրիստոնէութեան եւ քրիստոնէական հաւատքի մեկնարկն է այս սկզբունքը: Աստուածածինը լսեց հրեշտակին փոխանցումը եւ յանձնուեցաւ Աստուծոյ կամքին. «Տէ՛ր, եղիցին կամք քո», ըսաւ Տիրամայրը: Եւ պիտի ըլլար Աստուծոյ որոշածը:

Աստուծոյ ամբողջովին յանձնուելէ առաջ, սակայն, մարդ անհատը պէտք է կարենայ ապաշխարութեամբ դուրս գալ մարդկային իր մեղքերու ոլորապտոյտէն, սեփական օրինակով կատարէ Աստուծոյ կամքը եւ Աստուածածնայ օրինակով ապաւինի եւ ընդունի Աստուծոյ որոշումները իր ամբողջ կեանքին ընթացքին:

Աստուածածնայ հետ կարեւորագոյն խորհուրդ է, ինչպէս Քրիստոսի երկրացումի կամ մարդեղացումի առաջին պահը, այնպէս նաեւ Քրիստոսի հօր միացման պահը` խաչին վրայ, երբ Քրիստոս կը յանձնարարէ Աստուածածնին Յովհաննէսը ընդունիլ իբրեւ իր որդին եւ Յովհաննէսին` Աստուածածինը ընդունիլ իբրեւ իր մայրը: Այս կը նշանակէ, որ Աստուածածինը մայրն է համայն մարդկութեան եւ մարդկութիւնը որդին է Աստուածածնին:

Այս խորհուրդի վերծանումը ունի յաւերժական նշանակութիւն: Քրիստոս Աստուածածինով աշխարհ եկաւ եւ Աստուածածինով ալ մեկնեցաւ երկինք: Աստուածածինը երկնքին եւ երկրին միջեւ հոգեւոր կամուրջն է եւ իբրեւ այդ` նաե՛ւ մայրը բոլոր մարդերուն, Աստուծոյ արարչագործած մարդկութեան: Գլխաւոր բարեխօսը անպայման պիտի միջնորդէ հաւատքով եւ ամբողջական ապաւինումով կատարուած մեր աղօթքներուն երկրէն երկինք հասնելուն: Ահա՛ մեծագոյն խորհուրդը գլխաւոր Տիրամօր:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles