Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Վասպուրականցի Իրաքահայերու Դար Մը Պատմութիւնը

$
0
0

ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Հավրէզք

Մինչեւ 1935-ի վերջը Հաւրէզքը բարգաւաճ ու եռուն կեանք ունեցաւ: Շնորհիւ կառավարութեան նիւթական օգնութեան` դարմանատուն եւ վճարովի դեղագործ ունեցաւ, ինչպէս նաեւ նախակրթարանի արաբական բաժնի համար երկու արաբ ուսուցիչներ նշանակուեցան: Այսպէս, Հաւրէզքը այլեւս եւրոպական գիւղ դարձած էր` իր եկեղեցիով, դպրոցով, կարգ ու կանոնով եւ վար ու ցանքով, պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու եւ այլազգ անձնաւորութիւններու խոստովանութիւններով: Բնակչութիւնը հասաւ մինչեւ 450 տունի, 2450 անձ. այնպէս կ՛ենթադրուէր, որ պիտի ըլլար «Փոքրիկ Հայաստան» մը: Հաւրէզքի մօտակայ Վարին Պասիտքէ գիւղի բնակիչները 30 տուն հայախօս վասպուրականցիներ էին: Կային ուրիշ հայկական գիւղեր` Սմայէլ Աւա եւ Քլեպնա, հայախօս բնակչութեամբ, քրտախօս հայերու վերոյիշեալ Ավզրուկ գիւղէն բացի:

1936-ին, սակայն, Հաւրէզքը մտաւ անկման շրջանի մէջ, որ շարունակուեցաւ մինչեւ կատարեալ կազմալուծում ու կործանում: Բերքը յաջորդաբար սկսաւ պակսիլ զանազան միջատներու երեւումով (մարախ, ռակօ, սուն եւ  բերք փճացնող նման միջատներ), եւ ապրուստը սկսաւ դժուարանալ: Կարողութիւն ունեցողները ընտանեօք սկսան հեռանալ` Պաղտատ եւ Պասրա հաստատուելով: Հեռացողներուն թիւը մեծցաւ: Այս քայքայման պատճառով դպրոց, եկեղեցի եւ գրադարան անշքացան:

Հավրէզքի եկեղեցին

Առ այդ, ծրագրուեցաւ ալիւրի ջրաղաց ունենալ` որպէս շահաբեր ձեռնարկ գիւղի համար: Հետեւաբար դիմումնագիրներ ղրկուեցան երկրի եւ արտասահմանի հայկական հաստատութիւններուն` բացատրելով, որ ջրաղացի մեքենան պիտի ծառայէր դպրոցին եւ գիւղի չքաւոր դասակարգի ապրուստի ապահովման: Ամերիկայի Վասպուրականի համահայրենակցական միութենէն 750 տոլարի գումար ստանալով` Ապատանի, Մուսուլի, Պասրայի եւ երկրի այլ գործատեղիներու հայ աշխատաւորներու նիւթական շօշափելի նուիրատուութեան հետ միասին, ջաղացը գնուեցաւ եւ գործի դրուեցաւ: Տեղին է հոս յիշատակել Իրաքի Հայ կարօտելոց խնամակալութեան տարեկան  օգնութիւնը Հաւրէզքի դպրոցին:

Այդուհանդերձ, Հաւրէզքէն հեռանալը շարունակուեցաւ: 1945-ին ժողովուրդի 3/4-ը արդէն հեռացած էր: Փլատակներու վերածուած էին եկեղեցին, գրադարանը եւ դպրոցին մեծ մասը: Մնացած ընտանիքները` ֆիզիքապէս քայքայուած եւ դուրսը ապրելու անկարող, միւս հայախօս գիւղերու բնակչութեան հետ ներգաղթեցին Հայաստան, որով գիւղը 1947-ին բոլորովին պարպուեցաւ հայութենէ:

Հավրէզքի դպրոցը

Երբ ժողովուրդը ցրուեցաւ, Լեւոն Շաղոյեանը եւս ձգեց Հաւրէզքը եւ փոխադրուեցաւ Պէյրութ, ուր ապրեցաւ մօտ տասը տարի: Վերջին տարիներուն ծերութեան պատճառով, իր ֆիզիքականը շատ առողջ չէր, ուստի 1972-ի աշնան վերադարձաւ Պաղտատ, ուր եւ մահացաւ 1974 օգոստոս 6-ին եւ ազգային յուղարկաւորութեամբ թաղուեցաւ տեղւոյն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ բակը:

Գեղամ Վարդանեանն ալ, նմանապէս, 1946-ի վերջաւորութեան Պասրա հաստատուեցաւ` որպէս Մարգիլի ազգային վարժարանի տնօրէն: Քայքայուած իր առողջութեան պատճառով հինգ տարի ետք ստիպողաբար ձգեց պաշտօնը: Մահացաւ 1964-ին եւ թաղուեցաւ տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բակը:

Ցրւում`  Հաւաքավայրերէն Դուրս

Պաղտատ

Այսպէս վերջ գտաւ վասպուրականցիները միատեղ համախմբելու ճիգերը: Անոնցմէ որոշ անհատներ դեռ սկիզբէն Պաքուպայի հաւաքավայրէն դուրս մնացին` նախընտրելով Պաղտատի անգլիական զօրակայանին մէջ գործել: Մաս մը Նահր Օմար փոխադրուելու համար ընտանեօք  Պաղտատ մնաց, եւ մաս մըն ալ Հաւրէզք փոխադրուելու համար Պաղտատ եկաւ: Հետագային Հաւրէզքէն հեռացող կարգ մը ընտանիքներ Պաղտատ կայք հաստատեցին:

Միջագետքի պատմութեան մէջ` թէ՛ հայկական եւ թէ՛ արաբական մատենագրութիւններու մէջ կցկտուր տեղեկութիւններ կան ապրած հայերու մասին: Մասնաւորելով մեր խօսքը Պաղտատի հայերու մասին` հայ մատենագրութեան պահուած տեղեկութիւններէն ի յայտ կու գայ, որ 1258 թուականին, մոնկոլներու արշաւանքի ընթացքին Պաղտատի հայերը համեմատաբար քիչ տուժած են: Կիրակոս Գանձակեցի կը պատմէ, որ Հուլաղուին կինը` Տոքուզ խաթունը, քրիստոնեայ էր, խնդրած է ամուսինէն, որ Պաղտատի քրիստոնեաները չկոտորէ եւ անոնց ունեցուածքը չկողոպտէ: Մոնկոլները իրենց տիրապետութիւնը հաստատելէն ետք, աւելի մեղմութեամբ վարուած են իրենց հպատակներուն հետ եւ կրօնական հալածանք գրեթէ չեն  գործած: Այս նպաստաւոր պայմաններու տակ Իրաքի մէջ սկիզբ առած են եւ սկսած են յառաջանալ քրիստոնէական գաղթօճախները:

Միջագետքի հայ գաղթավայրը, սակայն, ջախջախիչ հարուած ստացած է Լենկ Թիմուրի արշաւանքներու ժամանակ` 1397-ին եւ  1401-ին (ըստ պատմիչներու), որով 15-րդ դարու առաջին քառորդին պատմական աղբիւրներու մէջ Միջագետքի հայկական գաղթավայրի մասին որեւէ վկայութիւն չկայ: Այսպիսով, հայերու հետքը Պաղտատի մէջ կորսուած կը թուի:

Պատմութեան մէջ կը յիշուի ապա, որ Շահ Աբասի օրով, երբ պարսիկներ oսմանցիներէն կը գրաւեն Պաղտատը եւ հոն կը մնան 15 տարի, նոյնինքն Շահ Աբասի կողմէ Հայաստանէն բռնի տեղահանուած ու Սպահան փոխադրուած ժողովուրդի մաս մը զաւակները եկած ու բնակած են Պաղտատ` իրենց հետ բերելով Հայաստանի բարբառը, սովորութիւններն ու աւանդութիւնները. անոնք զբաղած են վաճառականութեամբ: Այնպէս որ, պարսկական գերիշխանութեան տակ Պաղտատի հայերու մեծամասնութիւնը պարսկահայ էր: Ապա եկած են թրքահայերը Տիգրանակերտէն եւ Մերտինէն` Ջալալիներու այդտեղ կատարած խժդժութեան պատճառով, նաեւ` Սղերդէն, Ուրֆայէն, Ատանայէն եւ Զմիւռնիայէն: Ամէն մէկը հետը բերած է իր գաւառաբարբառը, ժամանակի ընթացքին բարբառները ի մի ձուլուելով` կազմուած է «բնիկ» կոչուող պաղտատահայոց բարբառը:

Պաղտատի հայ համայնքը սկսած է բազմանալ 17-րդ դարէն սկսեալ, օսմանեան պետութեան կողմէ կրկին գրաւուելէ ետք 1638-ին, որուն պատճառով շրջանը որպէս թեմ կը կապուի Պոլսոյ պատրիարքարանին ու կը սկսի կազմակերպուիլ: Եւրոպացի ուղեւորներու յիշատակումները լի են հարուստ հայ վաճառականներու եւ նախաձեռնութիւն ունեցող առաւելապէս հայ մտաւորականներու պատմութիւններով: Ըստ Էջմիածնի կաթողիկոսական գրութիւններուն, 18-րդ դարու Պաղտատի հայ բնակչութիւնը ունեցած է երեք ծխատէր քահանաներ: Ծխատէր քահանաներու գոյութիւնը ենթադրել կու տայ, որ Պաղտատի մէջ 200-300 տուն հայ բնակչութիւն գոյութիւն ունենալու է: Սակայն 19-րդ դարու վերջերը, օսմանեան տիրապետութեան օրով Պաղտատի հայ գաղթօճախը սկսած է նուազիլ, այդ պետութեան` Իրաքի բնակչութեան հանդէպ կիրարկած կեղեքիչ քաղաքականութեան պատճառով: Տեղացի արաբ ժողովուրդին հետ տուժած են նաեւ հայերը:

Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին օսմանեան պետութեան կողմէ հայ ազգին հանդէպ գործուած Ցեղասպանութեան ճիւաղային ծրագիրին զոհ գացած է նաեւ իրաքահայութիւնը` ենթարկուելով սարսափի ու հալածանքի: 1915 օգոստոս 15-ին տասէ աւելի պաղտատահայ ազգայիններ աքսորուեցան Ռաս Իւլ Այն (Սուրիա), որոնց մէջ էր տեղւոյն Ս. Թարգմանչաց վարժարանի անձնուէր ուսուցիչ, հնչակեան Միհրան Սվաճեան, ուր մահացաւ վարակիչ հիւանդութեան պատճառով: Պատերազմի այս միջոցին տարագրեալներու մեծ հոսք մը սկսած էր Միջագետք հասնիլ: Իրաքի Ազգային իշխանութիւնը անոնց օգնելու համար կազմած է տարագրելոց պաշտպան մարմին մը, մինչ նախքան պատերազմի զինադադարը, երբ Պաղտատ արդէն գրաւուած էր անգլիական բանակին կողմէն, Իրաք հասան Վասպուրականէն նահանջողները Պարսկաստանի վրայով:

Ազգային առաջնորդարանը վասպուրականցիներուն արտօնեց տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մնալ, մինչեւ որ կարենան գործ հայթայթել:  Ժամանակի ընթացքին  անոնց մեծամասնութիւնը տեղացի արաբ ընտանիքի մը վարձու հողատարածքին վրայ նախ վրաններու տակ ապրեցաւ, ապա հիւղակներ շինեց, որ կոչուեցաւ  «Կէյլանի» քեմփ:

Արաբ հիւրընկալ ժողովուրդի բարեացակամ վերաբերմունքին շնորհիւ` անոնք կրցան իրենց ապրուստի միջոցները ապահովել, առանց մոռնալու, որ պէտք է կառչած մնան մեր մայրենի լեզուին, ազգային աւանդութիւններուն եւ քաղաքական արդար Դատին, ինչպէս նաեւ` իրենց ապրած երկրի իշխանութեան լաւ ու պատուաբեր քաղաքացիներ ըլլալ: Այս սկզբունքէն մղուած` «Կէյլանի» քեմփ հաստատուած այս գաղթականները դպրոց մըն ալ բացին իրենց զաւակներուն համար, նոյն քեմփին մէջ: Դպրոցի կառավարումը 1932-ին յանձնուեցաւ Ազգային իշխանութեան, վարժարանն ալ տեղափոխուեցաւ  հայոց գերեզմանատան կից ազգապատկան հողաշէն շէնք մը, որ հետագային կոչուեցաւ Սվաճեան վարժարան, իսկ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք կարեւոր նորոգութիւններ եւ յաւելեալ դասարաններ կառուցուեցան եւ միանալով համայնքի միւս տեղական նախակրթարանին` կոչուեցաւ Թարգմանչաց եւ Սվաճեան միացեալ վարժարան, որ հետագային դարձաւ երկրորդական:

Աւելի ուշ, իրենց նիւթական պարագաներու բարելաւումով,  այս ընտանիքները բնակութիւն հաստատեցին մայրաքաղաքի զանազան շրջաններ: 1932-ին Իրաքի կառավարութիւնը երկրի քաղաքացիութիւն շնորհեց բոլոր գաղթականներուն` որպէս նախկին օսմանահպատակներու, նման` տեղացի ժողովուրդի զաւակներուն: Մաս կազմելով մայրաքաղաքի հայ հասարակութեան` իրաքահպատակ տարագիրները հիմնած են Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւն (ՀԲԸՄ), Հայ կարօտելոց խնամակալութեան միութիւն (ՀՕՄ), Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւն (ՀՄԸՄ), Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութիւն, Իրաքահայ տիկնանց մշակութային միութիւն եւ Հայ ընտանեկան ակումբը: Վասպուրականէն ՀՅԴ վեհ գաղափարներով տոգորուած վանեցիները խուռներամ անդամակցած են կուսակցութեան շարքերուն կամ` համակիր եղած: «Բնիկ» պաղտատահայերը, որոնց ձեռքը եղած է համայնքին ղեկը, տեղի տուած են տարագիր ժողովուրդի ներկայացուցիչներուն դիմաց, եւ գաղութը ունեցած է ազգային խաղաղ կեանք:

Գաղութի այս խաղաղ կեանքը արժանացած է պետութեան գնահատանքին` նաեւ` տեղացի ժողովուրդի գերազանց յարգանքին: Գաղութին զաւակները, անխտիր, բարձր ուսման միջոցով ամէն մարզի մէջ մեծ պաշտօններու եւ դիրքերու տիրացած են երկրի մէջ:

Նախորդ դարու վերջին կիսուն, երկրի թագաւորութեան տապալումով, քաղաքական վերիվայրումները թէեւ անմիջական վնաս չպատճառեցին համայնքին,  որ համարուած է կրօնական համայնք, սակայն միւս փոքրամասնութիւններուն պէս գաղութը կորսնցուց որոշ իրաւունքներ, ինչպէս, օրինակ, ազգային վարժարաններու պետականացումը, տեղական «Գոյամարտ» շաբաթաթերթի փակումը եւ միութենական հաստատութիւններու սահմանափակ գործունէութինը: Այդուհետեւ, Ծոցի իրերայաջորդ պատերազմները տնտեսական եւ քաղաքական անել վիճակի  մատնեցին Իրաքի ժողովուրդը, որոնց մէջ` նաե՛ւ հայ գաղութը:

Տեղին է յիշատակել, որ 1947-ին ծայր տուած ներգաղթը, սփիւռքի այլ շրջաններու պէս, իրաքահայութեան մէջ եւս ոգեւորութիւն ստեղծած է: Թէեւ իրաքահայութեան մեծ մասը փափաքած է հայրենիք վերադառնալ, սակայն անհասկնալի ձեւով Իրաքէն ներգաղթը սահմանափակուած է, որուն պատճառով հազիւ 300 անձ  հայրենի գիրկ դարձած է, որոնց 1/3-ը` վասպուրականցիներ:

Շար. 5

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>