Image may be NSFW.
Clik here to view.
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Ցաւալին այն է, որ կօշիկներ
ցուցափեղկերու ետին կը ծախուին,
իսկ գիրքեր` մայթերու վրայ:
ՈՒԻԱՄ ՈՒԱՀԱՊ
(Լիբանանցի նախկին նախարար)
«Թուիթըր»-եան, այսպէս ըսած, ճռուողիւն մըն է վերեւ յիշատակուածը, որ մեր ուշադրութիւնը գրաւեց: Լրագրողի մը այն հարցումին, ուղղուած նախարարին, թէ ինչո՞ւ նման գրառում կատարած է, լիբանանցի նախարարը անսեթեւեթ խօսքով կը պատասխանէ. «Միթէ մեր իրականութեան պարզած վիճակը այս չէ՞»:
Զանց առնելով թեր ու դէմ կարծիքները, ախտաճանաչումները, ստեղծուած կացութեան իրական թէ արհեստական պատճառները, ճշմարտութիւն մը ինքզինք կը պարտադրէ, մեր մտքին պաստառը կը մրճահարէ, այդ ալ` նահանջականութիւնն է, արժէքներու անկումը, անոնց թաւալգլոր ու գահավէժ ընթացքը, որուն մէկ դիպուկ արտայայտութիւնն է վերեւ նշուած երեւոյթը:
Վերջին ժամանակներուն, արհեստագիտութեան սրընթաց ու բազմաբեւեռ զարգացման զուգահեռ, մարդկային ողբերգութիւն մը աննախադէպօրէն տակաւ կը տարածուի` աւերներ գործելով մեր շուրջ բոլոր: Ատիկա ընթերցանութեան զգալի նուազումն է, աւելի՛ն. գիրքի, մատեանի, տպագիր թուղթի հանդէպ «արգահատանք» կամ «թշնամանք» ցոյց տալն է:
Եթէ երբեք կը չափազանցենք մեր գնահատումին մէջ, պատճառը յստակ է, գէթ մեր պարագային` հայու ածուէն ներս, հայրենիքի թէ ի սփիւռս աշխարհի:
Հայ գիրքը դադրած է մեր բարեկամը ըլլալէ, իսկ ընթերցանութիւնը այլեւս կորսնցուցած է իր հնչեղութիւնն ու գրաւչութիւնը, եւ մենք կը տուայտինք այս կամ այն հարցերու եւ մտահոգութիւններու ոլորապտոյտին մէջ:
Փաստօրէն, ինչպիսի՞ բացատրութիւն տալ հայ գիրքին նկատմամբ այսքան տխուր վերաբերումին (հայ անհատի կողմէ), ինչպէ՞ս արդարացնել տպաքանակի սոսկալի անկումը, հետաքրքրութեան պակասը, վաճառքի գրեթէ չգոյութիւնը, այլապէս ալ հեղինակին, այսպէս ըսած, համոզումը, որ այլեւս պէտք չէ ապաւինիլ գիրքերու վաճառքէն եկած հասոյթին (նոր գիրք մը հրատարակելու յոյսով), իսկ ամէնէն խղճալին` հոգեմտաւոր թշուառութեան հասնող, տան մէջ գիրքերու անկիւն մը, գրադարան մը չունենալու երեւոյթն է, պարզ ըսած, սեփական գիրքեր ունենալու եւ զանոնք գրադարանի մէջ զետեղելու երբեմնի մղումը, հաճոյքը, ներքին կրակը եւ գիտակցութիւնն անգամ արդէն շիջած, չքացած են` պէս-պէս պատճառներով:
Նմանօրինակ դառն իրականութեան դիմած, յաճախ լսողաց ենք, մանաւանդ նոր սերունդին կողմէ, թէ այլեւս ժամանակները փոխուած են, «հնաբոյր» մտածումներ զիջած են նորովի ըմբռնումներու եւ մօտեցումներու, այլ խօսքով` սպիտակ թուղթը «հակադրուած է» արհեստագիտութեան ընձեռաց կարելիութեան` համակարգիչին, բջիջային հեռաձայնին ու տարբեր սարքաւորումներու, որոնք կլանած են մարդկային ուղեղը, ապրելակերպն ու ամբողջ առօրեան:
Այսուհանդերձ, արդար է նշել, թէ գաղութահայ կեանքի բաբախուն երակներէն մէկն ալ գրատարածն է, այսինքն` դեռ հայատառ գիրքեր լոյսին կու գան, մեկենասներ իրենց քսակը լայն կը բանան, հրատարակչական աշխատանքը կը բանի, տարբեր անուններ կրող ֆոնտեր կը շարունակեն աջակցիլ` գիրքեր հրատարակելու, տեղի կ՛ունենան (թէեւ հազուադէպ) շնորհահանդէս, ցուցահանդէսներ եւ այլն, եւ այլն:
Այս առումով, սակայն, մեծագոյն բացական գրական երեկոն է, կամ նման նիւթեր արծարծող հանդիպումները, որոնք հիմնականին մէջ կը ծառայեն գրաքննադատական միտքը զարգացնելու, պայծառ շունչ ու ոգի փոխանցելու, գիրքին ու գրական վաստակին նկատմամբ սէր ու յարգանք տածելու, աւելի՛ն. նման պատեհ առիթներ կը միտին ստեղծելու հանրային-հասարակական կարծիք, որակ, մշակոյթ, տրամադրութիւն եւ ինքնաճանաչութիւն:
Կրնայ նաեւ առարկուիլ, թէ մատի վրայ կը հաշուըուին այն անհատները, որոնք սիրով կու գան նման ձեռնարկներու, իսկ երիտասարդութիւնը գրեթէ բացակայ է եւ չունի հետաքրքրութիւն: Պատճառն ու հետեւանքը արդեօք կը քննարկուի՞ն եւ գործնական լուծումներու մասին կը խօսուի՞ն, թէ՞ ամուլ կեանքն է տիրապետողը:
Ճիշդ է, որ հայ մամուլի ներկայացուցիչներ թէ մշակութային միութիւններ, նաեւ` կաթողիկոսութիւն, կը փորձեն լրացնել բաց մը, պահելու եւ պահպանելու համար գրական շունչ մը, գեղարուեստական վիճակ մը, որոնցմով կարելի պիտի ըլլայ շարունակել հայ կեանքը, այդուամենայնիւ հայ մանուկին, պատանիին ու երիտասարդին համար գիրք եւ ընթերցանութիւն հասկացութիւնը դադրած են իմաստ ունենալէ, եւ զանոնք փոխարինած է արդի արհեստագիտութիւնը:
Յանդգնութիւնը պէտք է ունենալ յայտնելու, թէ գաղութահայ կեանքը կ՛ապրի իր դժուարին պահերը: Փաստօրէն, հայապահպանութեան աշխատանքները ու անոնց հիմնաքար (դպրոց, միութիւն, եկեղեցի) իրենց կարգին կը դիմագրաւեն ահաւոր կացութիւն: Ներազգային անհանդուրժելի ախտերը` օտարամոլութիւն, տեղայնական մտայնութիւն, հատուածականութիւն, ինքնագոհութիւն, եսապաշտութիւն, անզիջող կեցուածք ու գաղափարական անհանդուրժողութիւն պատճառ կը դառնան առաւել տկարացումի, պաշտպանական համակարգի թուլացումի եւ ինքնութեան կորուստի:
Եւ այս բոլորը առնչել ընթերցանութեան նահանջին կամ գիրքի հանդէպ սիրոյ ու գուրգուրանքի նուազումին, այդ ալ տրամաբանական չէ:
Հայ գիրքը կամ գրական ստեղծագործական արտայայտութիւնը` իր բոլոր սեռերով, ապահով կամուրջն է ինքնաճանաչողական մակարդակի բարձրացման եւ ինքնահաստատման:
Հայրենի հողէն, ջուրէն, օդէն եւ մշակոյթէն զրկուած հայկական գաղութներ կը գտնուին լուրջ մարտահրաւէրի մը դիմաց, վերաշխուժացնել ընթերցասիրութիւնը, որպէսզի հայ գիրքի տարածումը պատշաճօրէն հունաւորուի, մայրենին շնչաւորուի ու հայ գրականութիւնը փառաբանուի:
Ինչպէ՛ս: Քաջալերանքի եւ համապատասխան մթնոլորտի ստեղծման նորովի մօտեցումներ ցոյց տալով, հնակարկատային մտքերէ զերծ մնալով:
Նման մտածումներ ոմանց համար բարի ցանկութիւն կրնան ըլլալ, իսկ շատ-շատերու համար ալ` մարտահրաւէր, յաղթանակի կանչ եւ հայօրէն ապրելու հրաւէր:
Այո՛, գիրքերու հեղինակներ ու հայատրոփ սիրտեր պիտի շարունակեն գիրք նուիրել բոլոր անոնց, որոնք գիտակից են նախնեաց ժառանգին ու մեծութեան, հայու տեսակին եւ ինքնութեան:
Յիրաւի, մեր սրտերն ու հոգիները կը խոցուին երբ կը տեսնենք, թէ հայ գիրքերը «որբացած են» ու կը պահուին տամուկ տեղեր, կամ իրենց գոյութեան գարշ կու տան մայթերու վրայ: Փոխանակ հայկական տուներուն մէջ հայաշունչ գիրքերու խորաններ կառուցելու աշխատանքը քաջալերելու, տարուած ենք քար (կառոյցներ) շինելու մոլուցքով: Փաստօրէն, մոռացութեան տուած ենք ընթերցասիրութիւնը վարակելու դաստիարակութիւնը: Կենդանի օրինակը կը բացակայի:
Դաստիարակութիւն, որ հեռու է քարոզաբոյր խօսքերէ եւ խոհանոցային բարբաջանքներէ:
Արդ, որպէսզի զերծ մնանք մեր ազգային արժանապատուութիւնը վիրաւորելէ, պիտի խուսափինք մատնացոյց ընելէ տարբեր ազգերու եւ պետութիւններու օրինակներ, որոնց համար ընթերցանութիւնը մշակոյթ ըլլալէ անդին, կենսակերպ է, յառաջդիմութեան ու զարգացման ազդակ, պետական մտածողութեան հիմք:
Հայ մտաւորականը, հեղինակը պատրաստ է իր գիրքերը նուիրելու, նոյնիսկ առանց շնորհահանդէսի կազմակերպումին. բաւարար է խնդրել ու ժպիտով մը անոր բարեւել: