Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

«Սփիւռք» Կոչուած Անհեթեթութեան Լինելութիւնը Վախճանական Նպատակ Մը Ունի՞, Կրնա՞յ Ունենալ

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Մարդ էակին համար արմատախիլ
ըլլալ` զրկանք է, որ վաղ թէ ուշ
կը մթագնէ անոր հոգիի պայծառութիւնը:
Փապլօ Ներուտա, բանաստեղծ
Նոպէլեան դափնեկիր, Չիլի

Խնդիրներ Կան Եւ Խնդիր Ունինք

Առաջին անգամը չէ, որ կը խօսիմ մեր քաղաքակիրթ, յառաջադէմ, մարդկային իրաւանց ճառերու եւ գիտական մեծ նուաճումներու դարուն մարդկութեան դէմ գործուող հաւաքական ոճիրներու մասին: Պատերազմներով, տնտեսական անյագուրդ տենչերով եւ անտարբերութեամբ տեղահան կ’ըլլան հազարամեակներու անցեալ ունեցող ժողովուրդներ, քանի որ անոնց կեանքի եւ զարգացման տարածքները կը գրաւուին, եւ մարդիկ դուրս կը նետուին իրենց բնական աշխարհէն, ցեղախումբեր, մշակոյթներ եւ լեզուներ կ’անհետանան: Ճարտարուեստական ընկերութիւնը կը տարածուի ամէնուրեք: Խուփ աչքերով եւ խցուած ականջներով կ’ապրինք, չենք ուզեր խանգարել եւ խանգարուիլ: Ամազոնի աւազանէն մինչեւ ափրիկեան անապատները, անհետացող անտառներու հետ, մինչեւ ջրամոյն եղող կղզիները, Սիպերիոյ խուլ եւ անտես անկիւնները, ժողովուրդներ կ’անհետանան` իրենց հետ տանելով աշխարհընկալման իրենց տեսիլքները, աւանդութիւնները: Չենք անդրադառնար: Այդ կը թելադրէ սպառողական ընկերութիւնը:

Ո՞վ կը յիշէ եւ կը խօսի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան որոշման մասին, որ 1994-ին յայտարարած էր9 օգոստոսը բնիկ ժողովուրդներու օր: Այդ ժողովուրդներու հողը եւ կենսատարածքը, անտառները եւ ծովափները կը գրաւուին, եւ իրենք կը դառնան փարիաներ, կը դատապարտուին ըլլալու անհող եւ անանցեալ: Անոնք եղած են Պոռնէօ, Սիպերիա, Փարակուէյ, բեւեռներ, անոնց լեզուները կը մեռնին, եւ իրենք կը դատապարտուին ըլլալու նոր ժամանակներու ընկեցիկներ: Երբ չըլլան իրենց անտառները, իրենք ալ պիտի չըլլան: Անտառը ծառ էր բնիկին համար, ան մեր քաղաքակրթութեան համար ճարտարարուեստի հում նիւթ է: Կը գրաւեն անոնց հողերը` յանուն արդիականութեան եւ դրամի կայսերապաշտութեան:

Մեծ ձուկերը պիտի կլլե՞ն պզտիկ ձուկերը: Յանուն ո՞ր արդարութեան, եւ մինչեւ ե՞րբ բնիկը պիտի իրաւազրկուի, եւ բնիկը մինչեւ ե՞րբ պիտի ընդունի իրաւազրկուիլ:

Աւեր գործող եւ անտարբերութեան մթնոլորտի մէջ գործուող չարագործութիւնը մտածելու կը մղէ՞ հայը, որ զինք զրկած են եւ կը զրկեն, ինքզինք կը զրկէ իր հազարամեակներու հողին վրայ բնիկ ըլլալու իրաւունքէն:

Սփիւռք(ներ) եւ արտագաղթ պէտք  է դիտել բնիկի իրաւունքի տեսանկիւնէ եւ ըստ այնմ ղեկավարուիլ, գործել, իրաւունք սահմանել եւ պաշտպանել:

Անհատը ինքզինք բուսական գոյութեան կը դատապարտէ, եթէ երբեմն ինքզինք հարցականի չենթարկէ: Այդ պէտք է ընեն նաեւ հաւաքականութիւնները. ընկերութիւններ, միութիւններ, կուսակցութիւններ, պետութիւններ եւ ազգեր:

Այդ բուսական գոյութեան բաց դուռն է ժամանակակից ինքնագոհ եւ ցանկալի դարձած սպառողական ընկերութիւնը:

Ֆրանսացիները բառ մը ունին, կ’ըսեն` casanier, կրցածիս չափ այդպէս չեղայ: Ինքզինքս միշտ հարցականի ենթարկած եմ եւ գիտցած եմ ոչ ըսել, պէտք եղած պարագային յանձնառութիւններ ստանձնած եմ` առանց զիկզակելու: Յաճախ կը մտածեմ սփիւռք(ներ) կոչուած անհեթեթութեան լինելութեան եւ վախճանական նպատակի (finalitռ), կամ` վախճանի մասին, որուն մէջ եղած եմ եւ եմ միլիոնաւոր հայերու պէս:

Մարդ, հաւաքականութիւն, կուսակցութիւն, ազգ, գետի վրայ ծփացող տաշեղի կեանքով կրնա՞ն բաւարարուիլ, մանրուքներ հնարելով ապրիլ եւ զանոնք համարել կեանքի նպատակ, մարդեղութեան իմաստ եւ խորհուրդ:

Մեր դար մը առաջ ապրած ողբերգութիւնը, անոր ընկերացող եւ հետեւող հայրենահանումը կարծեցինք յաղթահարել այս կամ այն երկիրը ապաստանելով եւ անոր կառչելով, հոն ծնած ըլլալով` «նոր հայրենիք»-ի խաբկանք մշակեցինք, սնափառութիւն մշակեցինք` խորհելով, որ Ֆրանսա, Ամերիկա, Անգլիա եւ այլ «յառաջադէմ» երկիրներ բնակելով, եւ այդ ճամբուն վրայ շարունակելով, կարծեցինք եւ կը կարծենք, որ «դասակարգ կը փոխենք», «ազնուականութիւն» կը նուաճենք: Լիբանանի Պայատան կամ Ռապիյէն, Ֆրանսայի Քոթ տ’Ազիւրը, Մոնաքոն, Ամերիկայի Պեւըրլի Հիլզը բնակելով` կարծեցինք իմաստ տալ մեր լինելութեան, այդ դարձուցինք նպատակ:

Սփիւռք(ներ)ը եւ զայն առաջնորդելու խաբկանք ունեցողները հարց կու տա՞ն,թէ այդ նպատակին հասնելու համար ինչե՜ր զիջեցանք, կորսնցուցինք: Դեռ պիտի զիջինք, բայց պիտի շարունակենք խօսիլ վերապրումի, ազգի, իրաւունքի, ինքնութեան եւ մշակոյթի մասին: Հաւկուրութեամբ, ամբոխային հոգեբանութեամբ, անհատներ, հաւաքականութիւններ եւ ղեկավարութիւններ կացութեան անհեթեթութեան դէմ կանգնելով` չուզեցին ընել այնպէս, ինչպէս ֆրանսական առածը կ’ըսէ, որ` «Ցուլը զգետնելու համար իր կոտոշներէն պէտք է բռնել», կամ` ծանր հիւանդութիւններու պարագային դիմել կոշտ դարմանումի, կ’ըսեն` «Ձիու դարման» (remède de cheval):

Ազգի Իրաւութեամբ Վախճանական Նպատակ (Finalité)

Սփիւռք(ներ), բայց նաեւ` Հայաստան եւ Արցախ, այսօ՛ր (ոչ վաղը), հայ ժողովուրդի եւ հայ անհատի վախճանական նպատակի (finalité) բանաձեւման դիմաց կանգնած ենք: Առանց ճոռոմաբանութեան, առանց շաբաթավերջի երգերով եւ խոհանոցով գինովնալու` պէտք է պատասխանել այն հարցումին, թէ հայածնունդ անհատը եւ հայ ժողովուրդը իրապէս կ’ուզե՞ն, յանձնառո՞ւ են պատմութեան բեմին վրայ մնալու որպէս ինքնուրոյն ժողովուրդ` պահելով եւ տէր մնալով իրաւ եւ ինքնուրոյն ազգի բոլոր ստորոգելիներուն: Ինքնախաբէութիւն է չմնալու համար պատճառ-պատրուակներով համբակի տեսութիւններ մշակել, ինքնահիացման ճառ խօսիլ, աշխարհի այս կամ լեզուով, այդ ալ զարդարել ուրիշներու այգիներէն փոխ առնուած դատումներով եւ արդիական համարուած եզրերով:

Ղեկավարութիւնները, միշտ` Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), առանց ճապկումներու, հայ ժողովուրդը կը կանգնեցնե՞ն այս հարցման դիմաց: Այսինքն պիտի մնա՞նք պատմութեան ընթացքին մէջ, թէ՞ դուրս պիտի գանք:

Ի՞նչ կ’ըսէ պատմութիւնը եւ ի՞նչ կ’ըսէ մեր պատմութիւնը: Հաւաքականի ըմբռնումը միշտ գոյութիւն ունեցած է մարդոց պարագային: Ընկերաբանութիւնը կ’ըսէ, որ մարդ արարածը խմբային եւ խմբուող արարած է (animal grégaire): Այդ խմբուածութիւնը ունի` ներքին շաղախ. բարքեր, սովորութիւններ, հաւատալիքներ, լեզու եւ մշակոյթ: Ամերիկացի ընկերաբանները այդ բոլորը կը խմբեն քալչըր բառին տակ (culture, patterns of culture): Այդ մշակոյթն է, որ անգլիացին կ’ընէ անգլիացի, գերմանացին գերմանացի, Պրազիլի պորորոն` պորորօ, բեւեռներու ինուիթը` ինուիթ: Հայը իր բարձրաւանդակի աշխարհին մէջ ստեղծած է ուրույնութիւն, հասարակ յայտարար, անով մարդիկ զիրար կը ճանչնան, կ’ունենան մէկ ըլլալու, միասին ըլլալու գիտակցութիւն եւ ըմբռնում: Մինչեւ այն ատեն որ մէկ ըլլալու գիտակցութիւնը կը մնայ, հաւաքականութիւն-ազգը` որպէս ինքնուրոյնութիւն կը տեւէ:

Այսպէս եղած է պատմութիւնը: Այսպէս ձեւաւորուած են ազգերը, որոնց ինքնութիւնը ճշդուած է իրենց բնակած երկրի աշխարհագրութեամբ եւ հոն ստեղծուած կենդանի եւ ինքնուրոյն մշակոյթով, մարդը` որպէս բանական էակ, տարբերակուելով բուսական աշխարհէն եւ միւս ապրող արարածներէն: Մարդ արարածը արձանագրած է մեծ նուաճում, որ բնութեան կարգին մէջ չի գտնուիր. ան հասկցած է, որ իր կեանքը չ’աւարտիր մահով, փորուած փոսը վերջակէտ չէ, որ բնախօսական շարունակութենէն, սերնդագործութենէն անդին, այլ բան եւ բաներ կան: Այդ բան եւ բաները տեւելու եւ յաւերժանալու ձգտումով կը հասկցուին, ժամանակը եւ բնութիւնը դրոշմելու միտում մը, մահէն անդին, յիշուած փոսէն անդին ըլլալու եւ շարունակուելու: Այս միտումը էապէս մարդկային է, որ կ’արտայայտուի զանազան ձեւերով, ան յատուկ չէ դասակարգի մը, բանիմացներու, վերնախաւի մը, հարուստներու եւ ղեկավարներու, այլ տիեզերքի մէջ բոլոր մարդոց կողմէ հետապնդուող արկածախնդրութիւնն է: Այս էական հարցը, աշխարհիկ, նիւթապաշատ եւ զբօսի քաղաքակրթութեան մէջ մխրճուած ժամանակակիցներուս համար վերածուած է իր նուազագոյն, բջիջային արտայայտութեան:

Մեր ընկերութիւններու կրթական-դաստիարակչական համակարգին մէջ ոչինչ կայ նորահաս սերունդներուն այդ մեծ արկածախնդրութեան գաղափարը փոխանցող: Այդպէս են նաեւ ծնողները: Անմիջականի, դրամի, ինչքի կուրացնող մտահոգութիւն կայ: Անոնք մտահոգուած են, կ’առաջնորդուին իրենց զաւակներուն ուսումով, այդ ալ` միշտ նկատի ունենալով անոնց աշխատանքի հնարաւորութիւնները: Այսինքն կրթութիւն-դաստիարակութիւնը կը հետամտի տնտեսական բարօրութեան հասցնելու նորերը: Հայկական ընկերութեան մէջ, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), այս էական նպատակ  է, որուն համար կարելի է ամէն կարգի զոհողութիւն ընել, ամէն բան զոհել, երկիր փոխել, երթալ հեռու, հրաժարիլ արժէքներէ: Հայ ընտանիքներ, երբ զաւակ կը սպասեն, կը փորձեն Ամերիկա երթալ, որպէսզի զաւակը հոն ծնի, ունենայ իրաւունքներ: Թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ այդ զաւակի ապագայ ինքնութիւնը ժառանգուած շարունակութեան գիծին վրայ, ոչ մէկ կարեւորութիւն ունի:

Բայց երբ դէմ յանդիման կը կանգնինք հեռացումներու, ախտավարակ երեւոյթներու, երբ զաւակը կ’օտարանայ, կ’այլասերի, այն ատեն կ’անդրադառնանք, որ այն, ինչ որ ուզած էինք ունենալ, նուաճել, եղած է կորստաբեր: Կտրուած կ’ըլլայ շարունակութեան թելը:

Ո՞վ Է Հայը, Ինչո՞ւ Հայ Մնալ

Յաջողելու, ապահով եւ կուշտ ըլլալու բնական ցանկութեան կողքին, նուազագոյն չափով եթէ մենք մեզի հարց տանք, թէ ի՞նչ ենք մենք, ո՞վ ենք մենք, ի՞նչ ժառանգած ենք եւ ի՞նչ պիտի կտակենք, բուսական-կենսական առաջադրանքներուն կրնանք տալ այլ բովանդակութիւն, իմաստ, հարստութիւն: Իմաստասէրը կամ կրօնականը միշտ փորձած են իմաստաւորել իրենց կեանքը եւ կեանքը ընդհանրապէս, հարց տալով, թէ ի՞նչ է ի վերջոյ վախճանական նպատակը այս աշխարհին մէջ:

Ղեկավարութիւնները չեն յաջողած հայկական հաւաքականութիւնները համոզել, անոնց բացատրել, որ սփիւռք(ներ)ը, բախտաւոր պարագային, քաւարան է, այլ ըլլալու ճամբուն վրայ, բուսական ըլլալ մերժել կ’առաջնորդէ քաւարանէն դուրս գալու, հարազատութիւնը չկորսնցնելու: Սկսնակ ընկերաբանն անգամ գիտէ, որ մեծ հաւաքականութիւններու վրայ գումարուած փոքրամասնութիւնները դատապարտուած են մեծ հաւաքականութիւններուն նմանելու, այլանալու, այդպէս կ’ըլլայ քաւարանի ելքը:

Պարզ է, որ սփիւռք(ներ)ը, հակառակ ըսուածին եւ գրուածին, ազգային գաղափարախօսութիւն չունի, քանի որ զայն բաղկացնող անհատները եւ խմբաւորումները հայրենատիրական յանձնառութիւն եթէ ունին անգամ թուղթի վրայ, անոր փրաքսիսը(praxis) չունին` որպէս ոչ միայն գործադրելի, այլ գործադրուող աշխատանք: Ազգային տեսանկիւնէ որպէս ինքնութիւն եւ հաւատարմութիւն պահած եւ այդպէս օրինակելի ճանչցուած Հալէպի հայկական գաղութի տարտղնումը բաւարար վերլուծման մեկնակէտ չեղաւ: Դատելով արդիւնքէն, անոր անդամները, Հայաստան վերադառնալէ ետք անգամ, գացին տարբեր աշխարհներ, այդ վերաբերումին իմաստը այն է, որ ճառային գաղափարախօսութիւնը հաւաքականութիւնները չէր հասցուցած իրաւ յանձնառութեան, ի հարկէ եղած են եւ կան բացառութիւններ, բայց բացառութիւններով ինքնուրոյնութիւն պահած հաւաքականութիւն չի ստեղծուիր:

Իրատեսութիւնը կը յուշէ, որ սփիւռք(ներ)ը, նոյնիսկ եթէ բարձրաձայն չ’ըսեր, ընդունած է, որ սփիւռք-կացութիւնը մնայուն է, պիտի տեւէ, մտածողներ ալ կան, որ կարելի է այդպէս յաւերժանալ եւ ըլլալ սփիւռք-ազգ: Բայց պէտք է մտածել ժամանակի վճիռի մասին:

Հայածնունդը երբ կը դադրի իր արմատներուն հանդէպ պատասխանատուութենէ եւ յանձնառութենէ, արդէն կը դառնայ օտար, կ’այլանայ, կ’այլասերի, վերը նշուած կացութեան մէջ կը գտնէ ինքզինք, կը մտնէ նորի մը սկիզբին մէջ: Հրաժարած ըլլալով շարունակութիւն ըլլալէ` ան կ’ընդունի ըլլալ անպատմութիւն եւ, լայն առումով, անմշակոյթ, նոյնիսկ եթէ իր նորին մէջ ըլլայ գիտնական, մեծահարուստ, գրող, բանաստեղծ, արուեստագէտ, քաղաքական ղեկավար, ինչ որ կ’ընէ եւ պիտի ընէ, ծառայութիւն պիտի ըլլայ ուրիշին, որպէսզի ընդունելի ըլլայ:

Սփիւռք կացութեան բարենիշ տուողները ժամանակ մըն ալ իրենց սնապարծութիւնը կրնան ոռոգել զանազան բնոյթի յաջողութիւններով, բայց այդ ոռոգումը մեր ազգային սեփական աւազանին մէջ չի հոսիր, չի ծաղկեցներ մեր մշակոյթը, մեր արմատաւորման ազդակ չէ:

Սփիւռք(ներ)ը Ազգի Անհետացման
Սպասման Կայա՞ն Է

Միշտ պէտք է մտածել Էմմանուէլ Քանթ իմաստասէրին պէս, որ կ’ըսէր, թէ պէտք է գործել այնպէս, որ մեր աշխատանքի բնաբանը դառնայ ընդհանուր կանոն: Այս բնաբանը եթէ գործադրուէր լեզուի եւ մշակոյթի լքման, լաւ ապրելու իրաւունքով արտագաղթելու, սեփական կեանքը պաշտպանելու համար բանակէ խուսափումի պարագաներուն, ազգ եւ հայրենիք յարդի բոց կը դառնային: Սփիւռք(ներ)ը, հին եւ նոր, այսպէս չենք դիտեր, ղեկավարութիւնները այս ձեւով չեն առաջնորդեր եւ չեն առաջնորդուիր: Եւ սփիւռք(ներ)ը կը դառնայ ծագումով կամ անհետացող հայերու գործարան:

Ե՞րբ, անհատաբար եւ հաւաքաբար, այս մերկ իրականութեան առջեւ պիտի կանգնինք եւ կանգնեցնենք հայածնունդները: Այս պիտի ըլլար աւագ եւ առաջնահերթ դերը ամէն գոյնի ղեկավարութիւններու: Ինչպէ՞ս պիտի ըսենք եւ ի՞նչ պիտի ընենք, իմաստաւորելու համար ազգի մը արգանդէն սերած ըլլալու կեանքը:

Զարմանալի չէ, որՀայաստան եւ սփիւռք(ներ) չի խօսուիր, ներկայ վերաբերումներու եւ ազդակներու բերումով, հասնումի կէտի մասին: Ոչ ոք յստակութեամբ կը խօսի գալիքի մասին: Օրուան մանրուքներով, տխրութիւններով եւ ծափերով ազգային գաղափարախօսութիւնը պազար է, կամ հտպիտներու խաղ` տեւաբար տեղափոխուող վրանի մը տակ: Ոչ ոք ճշգրտօրէն կրնայ ըսել, թէ աշխարհացրիւ հայածնունդներու ո՛ր մասը դեռ իրապէս ազգի մէջ է… Նոյնիսկ` այսպէս կոչուած ամուր հայկական գաղութներու մէջ:

Զանգուածներուն պէտք է խօսիլ առաջին քարոզիչներու հաւատքով եւ քաջութեամբ` գիտնալով, որ վաղը ուշ կրնայ ըլլալ:

Մենք` կարծէք, փակագիծի մէջ դրած ենք հիմնական խնդիր մը. արմատաւորումը (l’enracinement): Առանց անոր` ամէնէն պարզ եւ համեստ շարքային հայն իսկ կրնայ ըսել, թէ ի՛նչ կը սպասէ հայ ազգը եւ հայոց հայրենիքը: Միշտ պիտի շարունակեն գոյութիւն ունենալ ծագումով հայ դերասաններ, երգիչներ, գործարարներ, Քամչաթքայէն մինչեւ Հրոյ երկիր, Ալասքա եւ Զանզիպար, այս, կարծէք, հայուն անմիջական եւ վաղուան առաջնահերթութիւնն է, բայց անոնք մեր ՄԵՆՔը պիտի չըլլան:

Շատեր կրնան ժպիտով դիմաւորել այս կարգի միտքերը, զանոնք համարել զառամածներու կարօտի եւ կարապի երգ: Ամէն բան հաշուել գիտենք, այն ընթացքով, որ կ’ընթանան հայ ազգի եւ հայոց հայրենիքի գործերը, ինչպիսի պատկերով պիտի հասնինք դարավերջի Ամանորը: Այսինքն վտանգ կա՞յ, որ ապրող ազգերու ցանկէն անհետանանք: Այս անգամ սպառնալիքը դուրսէն չէ:

Իրաւ ղեկավարութիւն(ներ)ը այս հարցերը պէտք է քննէ եւ եզրակացնէ, ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ: Բայց նաեւ եւ մանաւանդ ինքնիրեն հարց պէտք է տայ` դառնալով դէպի ժողովուրդը, թէ ինչպիսի՞ գաղափարախօսութեամբ պիտի առաջնորդէ այն ժողովուրդը, որուն տէր ըլլալու յաւակնութիւնը ունի, պատասխանատուութիւն ստանձնած է:

Աւելի պարզ խօսելով` ի՞նչ պէտք է ընել, ինչպէ՞ս եւ որո՞նց հետ, որպէսզի հայկական համրանքը սահմանուած չըլլայ ուրիշներու համրանքը աւելցնելու:

Դեռ անոնք, որոնք յանձնառու հայեր են, զգացումով եւ ծագումով հայեր, պէտք է հրաւիրուին խօսելու, արտայայտուելու իրենց պատկանած ժողովուրդի վերջնական հանգրուանի մասին: Շէյքսփիր ըսած է` լինե՞լ, թէ՞ չլինել…

Հայ անհատը, հաւաքականութիւնը եւ անոր ղեկավարութիւնը վերապրումի, տոկալու եւ տեւելու անսեթեւեթ քաղաքականութիւն մը պէտք է որ ընտրեն, ընտրած ըլլային, առանց բաւարարուելու պատահական եւ կարկտանային պատշաճեցումներով, որոնք ծառայած են եւ միայն կը ծառայեն ձգձգելու ճակատագրական կորուստը` ինքնութեան, համրանքի, իրաւունքի գիտակցութեան: Այդ քաղաքականութիւնը հաւաքական կամքի արտայայտութիւն պէտք է ըլլայ, ըլլար. պարզօրէն սահմանելի. հայրենի հողի պաշտպանութիւնը, ամբողջացումը եւ բնակեցումը, այսինքն` հողահաւաք եւ հայահաւաք, վերջ տալով սփիւռք կացութեան` առանց ճապկումներու, հրաժարելով միջին ճամբաներէ, որոնք կը բխին եսական տրամաբանութենէ եւ` ոչ ազգային:

Հողահաւաքը եւ հայահաւաքը հայ մարդու անշրջանցելի ազատութեան եւ իրաւունքի քաղաքականութիւն է: Այս գաղափարախօսութիւնը պիտի կարենա՞նք իւրացնել տալ հայ զանգուածներուն, որպէսզի Հայաստանը ըլլայ հայու հող, եւ հայը ըլլայ ժողովուրդ իր հողին վրայ: Օտար աշխարհը, ազգի տեսանկիւնէ, կը նմանի վարձու սենեակի, ուր հայը պիտի սպասէ իր շիջումը:

Ինչ որ կ’ըսեմ, կրնայ մեկնաբանուիլ որպէս ցեղապաշտական կեցուածք: Ընդհակառակն, մարդկութիւնը կը հարստանայ իր զանազանութիւններով, մեծ իմաստութիւն է զանազանութեան մէջ նուաճել միութիւնը, եւ ոչ անգոյն, անբոյր եւ անհոգի միօրինակութեան մէջ, զոր ոմանք ուզած են ստեղծել: Հայը իր ինքնուրոյնութեան համար պէտք է գիտնայ յանձնառու ըլլալ, պայքարիլ, ինչպէս այդ ըրած են եւ կ’ընեն հեռու եւ մօտ ժողովուրդներ: Այս գերակայութեան միտում չէ, բայց նաեւ մերժումն է ստորակայութեան, հաւասարութեան հասնելու կամք, ինչ որ բոլորին կողմէ ցանկալի համարուող ճանապարհն է:

Տարբերութիւնը բնութեան օրէնք է: Եւ իրաւունք:

Նիւթապաշտութիւնը, անոր հունով ընթացող կայսերապաշտութիւնը, միշտ փորձած են միապաղաղ նոյնութիւն ստեղծել, որուն նոր արտայայտութիւնն է համաշխարհայնացումը:

Բարոյական եւ քաղաքական բազմաթիւ անարդարութիւններ բնական կարգ համարուած էին անցեալին: Մարդկութիւնը, ժամանակի ընթացքին, յանուն իրաւունքի, հաւասարութեան, արդարութեան արժէքային նոր համակարգեր ստեղծած է, եւ այդ ընթացքը կը շարունակուի (ստրկատիրութեան վերացում, օրէնքի առջեւ հաւասարութիւն, կրօնական ազատութիւն, այրերու եւ կիներու հաւասարութիւն, մարդկութեան դէմ ոճիրներու դատապարտում, աշխատանքի արդար հատուցում, եւ այլն):

Հայուն պէտք է փոխանցել իր ճակատագրի, իրաւունքի, ինքնութեան տիրութեան գիտակցութիւնը, առանց որուն` ան կը դատապարտուի անհետացման: Այլազան երկինքներու տակ կրնայ ըլլալ կուշտ փարիա: Այս ընելու համար ղեկավարութիւնները պէտք է հասնին իւրաքանչիւրին, ուր ալ գտնուի ան, իր յարկին տակ: Այսինքն ազգի վերականգնումի գաղափարախօսութեան կենսագործումը կը կազմակերպուի:

Հիւրի, Ծառայի, Հայրենատէրի Մասին

Ինքզինքս կրկնելու փորձութեան չեմ դիմանար եւ կրկին կը յիշեմ Ի. դարու հայ գրող Վիգէն Խեչումեանի լուսաւոր խօսքը, որ ճառ չէր, այլ` ազգին ուղղուած ոգեկան հզօր կոչ. «Օտարի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ»:

Ուր որ ալ գտնուինք, Մոսկուա թէ Թիֆլիս, Պէյրութ թէ Քոթ տ՛Ազիւր, Մանհաթան թէ Պեւըրլի Հիլզ, Սթոքհոլմ թէ Սիտնի եւ այլուր, հիւր ենք, մինչեւ այն ատեն որ նուազագոյն չափով շրջապատէն տարբեր ինքնութիւն կը պահենք… Իսկ երբ այդ ինքնութիւնը կ’ընկղմի ուրիշի աւազանին մէջ, մենք կը դադրինք սեփական ազգի անդամ ըլլալէ, մեզի համար մեր պատմութիւնը փակած կ’ըլլայ իր օղակը:

Մեր ինքնութեամբ տեւելու, մենք մեր աչքին յարգելի ըլլալու համար, ծառայելու համար իր զանազանութեամբ յատկանշուող մարդկութեան, կատարուած իրողութիւններուն ո՛չ պէտք է ըսել, հաւաքաբար ձգտիլ սեփական ժողովուրդի նպատակներու իրականացման: Այս ինքնահաստատման ուղի է, անով պէտք է միացնել հայկական տարտղնուած համրանքը եւ օր մըն ալ անոր բզկտուած հայրենիքը:

Այս մեծ եւ արդար ծրագիրը հայածնունդ մարդուն անշրջանցելի բարոյական պարտքն է:

Ժամանակակից միտքը կը մերժէ ճակատագիրը: Ֆրանսացի իմաստասէրը կ’ըսէ, որ` «Մարդ ինքզինք ըրածն է», ազատ եւ ազատագրուած մարդը կը բնորոշուի իր արժէքներով եւ կամքով:

Մեր տեսական միլիոնները մէկի վերածելը մեր քաղաքական եւ գաղափարախօսական առաջադրանքը պէտք է ըլլայ: Իրաւ ղեկավարութիւնը կրողը պէտք է ըլլայ այս առաջադրանքին:

Ճաշկերոյթներու նկարագրութենէն եւ անցեալի այլեւս չյուզող կրկնութիւններէն հրաժարելով,` հարկ է ընդգրկել ապագայակերտ հեռանկարի ուղին:

Միշտ` Հայաստան եւ սփիւռքներ:

Որպէսզի պատմաբանները գիրքեր գրելով` անցեալ դարձած ազգերու ցանկին վրայ չդասեն հայն ու Հայաստանը:

27 յուլիս 2019, Նուազի-լըԿրան

Յ. Գ.- Ազգի հարցերով տագնապող բարեկամ գրած էր, որ այս կարգի յօդուածները պէտք է որ լոյս տեսնեն նաեւ օտար լեզուներով, անոնց համար, որոնք օտարալեզու դարձած ըլլալով նման էջեր չեն կարդար: Այս ալ օտարալեզու հայ մամուլին գործն է:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>