Մխիթարեան միաբանութիւնը հայ ժողովուրդի կարեւորագոյն եւ սրբազան հաստատութիւններէն մէկն է` հայ մշակոյթին եւ անոր հսկայ ժառանգութեան պահպանումին տուած բացառիկ ներդրումին համար:
Վերջին տասնամեակներուն միաբանութիւնը դժուարին պահեր ապրեցաւ տնտեսական եւ իր աւանդական գործունէութիւններուն կազմակերպումի ծիրին մէջ: Այս ծիրին մէջ պատմական երկու վարժարանները` Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեանը եւ Սեւրի Սամուէլ-Մուրատեանը դադրեցան իրենց դպրոցական բնականոն գործունէութիւնը ծաւալելէ:
Յետ քանի մը «այցելուներու», Հռոմի Փրանկիսկոս պապը անձամբ նշանակեց գերապածառ Լեւոն Զէքիեանը` որպէս պատուիրակ Մխիթարեան միաբանութեան: Գերապածառ Լեւոն Զէքիեան իր առաքելութեան որպէս գլխաւոր ծրագիր նպատակադրած է տնտեսական վիճակի բարելաւումը, հաշիւներու ճշդումը, վերադարձնել մշակութային գործունէութիւններուն իրենց աւանդական կենսունակութիւնը եւ պայծառութիւնը ու մասնաւորապէս` վանական եւ քահանայական կեանքի նուիրեալ թեկնածու կոչումներու աճի հոգատարութիւնը: Այս համապատկերին մէջ, Սեւրի պարագային, մեծ ճիգեր կը ներդրուին Մխիթարեան միաբանութեան այս հսկայ ժառանգութիւնը փրկելու տարբեր սպառնալիքներուն դէմ, որոնք առկայ դարձած են վարժարանի փակումէն ետք վերակենդանացնելով պատմական տարածքները:
Արդարեւ, վարժարանի միութիւնը կը դիմագրաւէր բռնագրաւման սպառնալիքը, արդիւնք` տարածքներու անմխիթար եւ անբնակ վիճակին, ելեկտրական համակարգի հնամաշ եւ հետեւաբար վտանգաւոր դրութեան, կանխիկ գումարներու չգոյութեան, որ անհնար կը դարձնէր դիմագրաւելու ամենափոքր ծախսերն անգամ, որոնց շարքին ապահովագրութիւնը, ինչպէս նաեւ` գոյքահարկերը:
Ուստի գերպ. Զէքիեանի նպատակադրած բարւոքման ու կենսագործման ծրագիրին հիմնական դրոյթներն ու պայմանները, ճշգրտօրէն սահմանուած` կարելի է ամփոփել հետեւեալ կէտերուն մէջ.
– Հողի որեւէ վաճառք բացառուած է:
– Կը մշակուի նախագիծ մը, որ հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէ վերանորոգելու պատմական շէնքերը (պալատ + թատերասրահ), եւ որուն ծախսերը կը գնահատուին 5.000.000 եւ 8.000.000 եւրոյի միջեւ:
– Շինարարական նախագիծ մը` միմիայն ետեւի հողամասին վրայ, յստակօրէն սահմանափակուած, որպէսզի պատմական տարածքները (պատմական շէնքերը եւ պարտէզները) չտուժեն:
– Պահել միաբանութեան` պատմական կալուածներու տնօրինման եւ կառավարման իրաւունքը:
– Թոյլատրել վարձակալութեան գումարներու հաւաքումը, որոնք անհրաժեշտ են տարածքներու պահպանման եւ պատմական վայրերու շահագործման համար(գրադարան, հիւրասրահներ, 200 տեղանոց թատերասրահ, 36 ինքնաշարժի կայանատեղեր եւ այլն):
Գրեթէ 30 տարիներէ ի վեր այս վարժարանը փակուած է, եւ անոր շէնքերը լքուած էին:
Շատ մը մշակութային եւ համայնքային ծրագիրներ մշակուած են, բայց տարբեր պատճառներով երբեք չեն իրագործուած, որոնց մասին իւրաքանչիւր անհատ ի հարկէ կրնայ անձնական կարծիք ձեւացնել եւ սահմանափակ տեղեկութիւններու պատճառով տարբեր ձեւով մեկնաբանել:
Ծրագիրներէն իւրաքանչիւրը կը պահանջէր տնտեսական ապահովութիւն եւ կառավարում: Այս երկու հիմնական կէտերու շուրջ ո՛չ մէկ երաշխիք տրուած էր` ապահովելու համար ծրագիրներու երկարաժամկէտ իրականացումը:
Ինչ կը վերաբերի «Սեւր 2015» նախագիծին, որմէ հրաժարումը վերջերս որոշ լրատուամիջոցներ վերագրեցին գերապայծառ Զէքիեանի որոշումին` անուանարկիչ տեսութիւններ ստեղծելու համար, խնդրոյ առարկայ նախագիծը արդէն իսկ լքուած էր, ինչպէս յստակօրէն յայտնի է դիւաններէն, երբ գերապայծառ Զէքիեանը ստացաւ իր պաշտօնը 2016 յունիսին: Նոյն տարուան նոյեմբերին եւ դեկտեմբերին գերապայծառ Զէքիեանը ինքն ալ փորձեց վերամշակել նախագիծը` հակառակ զինք նախորդող հայրերու կարծիքին: Այս փորձին եւ անոր զարգացումներուն մասին գոյութիւն ունի ճոխ նամակագրութիւն մը` գերապայծառ Զէքիեանի եւ ծրագիրի ներկայացուցիչներու միջեւ: Բայց անգամ մը եւս այդ փորձերը չյաջողեցան:
Ներկայիս նախատեսուող ծրագիրները թոյլ կու տան բնակարանային շինարարութիւն իրականացնել միայն հողատարածքի ետեւը գտնուող բաժինին ամենաբարձր դիրքին վրայ, որ պալատի հիւսիսային ճակատէն 32 մեթրէն աւելի անդին կը գտնուի (այս կառոյցները 25 տոկոս կը կազմեն հանրային բնակարաններու պարտադրուած Սեւրի քաղաքաշինական Տեղական ծրագրի կամ հողի օգտագործման ծրագրին): Այս ծրագիրները թոյլ կու տան մասնաւորապէս պատմական շէնքերու վերանորոգումը եւ պահպանումը, որոնք հետագային պիտի կարենան հիւրընկալել նաեւ տեղւոյն հայ համայնքի մշակութային ծրագիրները, որոնք պէտք է ապահովեն գիտական եւ մշակութային բարձր մակարդակ եւ լրջութիւն` ընդառաջելով համայն հայ համայնքի մշակութային կարիքներուն:
Պէտք է նշել, որ շինարարութեան համաձայնագիրի աւարտին ամբողջ բնակելի կառոյցը միաբանութեան կը վերադառնայ օգտագործման կատարեալ վիճակով, որ այդ օրուընէ տարեկան պիտի ստանայ աւելի քան 2.500.000 եւրոյի համարժէք գումար մը (2019-ի ցուցանիշով): Նկատի պէտք է առնենք, որ տուեալ գործառնութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ միութեան` գանձելու հողին արժէքէն աւելի մեծ գումար մը, ինչ որ այլապէս անսպասելի է:
Այս գործարքը հնարաւոր դարձաւ` շնորհիւ անշարժ գոյքի մասնագէտներու արհեստավարժութեան, որոք դիմեցին ֆրանսական մեծագոյն նախաձեռնողներու եւ վարձակալներու, որոնց վարկը եւ լրջութիւնը անսակարկելի է:
Այս ծրագրի իրականացման հետ կապուած բոլոր վարձատրութիւնները ֆրանսական անշարժ գոյքի ոլորտին կողմէ ընդունուած կարգին համաձայն են եւ պիտի ստանձնուին շինարարներուն կողմէ եւ ոչ թէ` միաբանութեան:
Բազմաթիւ եղան այս ծրագրին հետ կապուած հակազդեցութիւնները, մերթ` բուռն, որ կը հայելացնեն միաժամանակ համայնքին կապուածութիւնը այս մեր պատմական ժառանգավայրին: Հաւանօրէն բաւարար տեղեկութիւններու բացակայութիւնը եւ կամ նախապաշարումներ կրնան բացատրել նման կացութիւններ, որոնց մեկնաբանութիւնը անիմաստ եւ նպատակավրէպ կը նկատենք:
Պատրաստ ենք ընդունելու որեւէ տեղեկութեան խնդրանք: Տրամադիր ենք նաեւ լսելու այլ ծրագիրներ, որ համապատասխանեն վերոնշեալ նպատակներուն եւ միաբանութեան պայմաններուն: Կրկնենք դարձեալ, որ ծրագրին յաջող ընթացքը պիտի փրկէ պատմական կառոյցները, որոնք պիտի կարենան հիւրընկալել համայնքի մշակութային գործունէութիւնները:
ԴԻՒԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՎԵՆԵՏԻԿ, 26 յուլիս 2019