ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թուրքիոյ դէմ զանազան խախտումներու համար Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան պատժիչ գործողութիւններէն բացի` Միացեալ Նահանգներու տնտեսական նախարարութիւնը անցեալ շաբաթ պատժամիջոցներ կիրարկեց թրքական ընկերութեան մը դէմ, որ` «ներգրաւուած էր Վենեզուելայի առաջնորդ Նիքոլաս Մատուրոյի կողմէ ղեկավարուող համաշխարհային զեղծարարութեան եւ դրամի լուացման ցանցին մէջ», կը յայտնէ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին անդամ եւ Ուաշինկթընի մէջ գործող Ժողովրդավարութեան պաշտպանութեան հիմնարկի անդամ Այքան Էրտեմիր:
Այս ապականած յարաբերութիւնը հետեւանքն է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ Մատուրոյի վարչակարգին աջակցութեան, բան մը, որ Միացեալ Նահանգները կրնայ մղել յաւելեալ պատժամիջոցներու` թրքական ընկերութիւններու եւ պաշտօնատար անձերու դէմ:
Էրտեմիրը գրած է, որ Միացեալ Նահանգներու գանձարանի Արտաքին գործարքներու վերահսկողութեան գրասենեակը «Պոլսոյ մէջ գործող «Մալպերի փրոժէ եաթըրըմ» ընկերութիւնը նշանակած է Թուրքիոյ մէջ, (վենեզուելական) ոսկիի վաճառքի համար կաշառակեր ցանց»-ին իբրեւ մաս կատարուած վճարումները դիւրացնելու համար: «Մալպերի»-ի սեփականատէրը քոլոմպիացի Ալեքս Նէյն Սաապ Մորանի գործընկերն է, որ 2009-էն ի վեր հարիւր միլիոնաւոր տոլար լուացած է Մատուրոյի համար` օգտագործելով տեղական կոմիտէներու Վենեզուելայի ուտելիքի նպաստաւորման ծրագիրը` մատակարարման եւ արտադրութեան համար, կամ` CLAP-ը: Գանձարանը նաեւ մեղադրած է «Մալպերի»-ն` Թուրքիոյ մէջ վենեզուելացի յաճախորդներու անունով մթերք գնելու եւ գիներու բարձրացման համար, նախքան այդ մթերքը Վենեզուելային վաճառելը: Տնտեսութեան նախարարութիւնը դատապարտած է Սաապը եւ անոր գործընկերները` «սովէն օգուտ քաղելու» մեղադրանքով:
Անցեալ շաբաթ Վենեզուելայի գործերով արտաքին գործոց նախարարութեան յատուկ ներկայացուցիչ Էլիըթ Ապրամզը յայտարարեց. «Վենեզուելան պարտաւոր է երթալ հոն, ուր կը փափաքին ոսկիի ապօրինի առեւտուրով զբաղիլ` Թուրքիա եւ Իրան»:
Այս տարուան սկիզբը Միացեալ Նահանգներու տնտեսութեան նախարարութեան` ահաբեկչութեան նիւթապէս աջակցութեան հարցերու օգնական Մարշըլ Պիլինկզլի նախազգուշացուց` ըսելով. «Մենք ուշադիր կը հետեւինք թուրք-վենեզուելական առեւտրական գործունէութեան բնոյթին, եւ եթէ նկատենք մեր պատժամիջոցներու որեւէ խախտում, բացայայտ քայլերու կը ձեռնարկենք»: Անոր նախազգուշացումը հնչեց Վենեզուելայի արդիւնաբերութեան եւ ազգային արտադրութեան նախարար Թարեք Աիսամիի` Թուրքիա կատարած այցելութենէն անմիջապէս ետք. ան յայտնի է Իրանի եւ Հըզպալլայի հետ ունեցած իր կապերով»: Միացեալ Նահանգներու գանձարանը պատժամիջոցներ կիրարկած է Աիսամիի դէմ 2017-ին` «միջազգային թմրամիջոցներու ապօրինի շրջանառութեան մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունենալուն համար»:
Էրտեմիր նաեւ ըսաւ. «Թուրքիոյ մէջ «Մալպերի»-ն Մատուրոյի վարչակարգի ապօրինի ցանցին տեսանելի մասն է: 2017-էն ի վեր, Էրտողանի քաջալերանքով, Վենեզուելայի կառավարութեան գործընկերները Թուրքիոյ մէջ հիմնեցին բազմաթիւ կեղծ ընկերութիւններ»: Ըստ «Պլումպըրկ»-ի, յունուար 2018-ին Վենեզուելայի նախագահին` Թուրքիա կատարած այցելութենէն անմիջապէս ետք, Պոլսոյ մէջ գտնուող խորհրդաւոր թրքական ընկերութիւնը («Սարտեզ») սկսաւ գործելու` Վենեզուելայէն ներածելով 41 միլիոն տոլար արժողութեամբ ոսկի: Յաջորդ ամիս «Սարտեզ»-ը ներմուծեց եւս 100 միլիոն տոլարի վենեզուելական ոսկի: «Մինչեւ նոյեմբեր, երբ նախագահ Տանըլտ Թրամփ Վենեզուելայի ոսկիին նկատմամբ պատժամիջոցներ պարունակող դասաւորում մը ստորագրեց` առեւտուրի դադրեցման մասին Թուրքիան նախազգուշացնելու համար պատուիրակ ղրկելէ ետք, «Սարտեզ» 900 միլիոն տոլարի թանկարժէք մետաղ հանեց երկրէն դուրս:
Վատ բան չէ ընդամէնը մէկ միլիոն տոլարի դրամագլուխ ունեցող ընկերութեան համար` Պոլսոյ օրինաչափական փաստաթուղթերու համաձայն»:
«Առաջին անգամը չէ, որ Թուրքիա ինքզինք կը դրսեւորէ իբրեւ շրջանցիկ ճամբայ այն երկիրներուն համար, որոնք կը բախին Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներուն` ըստ կարելւոյն վիժեցնելով Ուաշինկթընի ջանքերը` մեկուսացնելու այն կառավարութիւնները, զորս թշնամական կամ կաշառուած կը նկատէ: Ըստ ամերիկացի երկու բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, Անգարա յաճախ փորձարկած է Միացեալ Նահանգներու հանդուրժողականութեան սահմանները, իսկ ՆԱԹՕ-ի առանցքային անդամներուն միջեւ դաշինքը ներկայիս էականօրէն խափանուած է», յայտնեց «Պլումպըրկ»:
Էրտեմիր նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու տնտեսութեան նախարարութեան պատժամիջոցները թրքական ընկերութեան դէմ միայն առաջին քայլ մըն են: «Վենեզուելայի կառավարութեան ոսկիի հանքարդիւնաբերական «Միներվեն» ընկերութիւնը ստեղծած է ոսկիի համատեղ ընկերութիւն մը` «Միպիթուրվեն» անունով, թրքական «Մերըլինզ փրոժէ եաթըրըմ» ծածուկ ընկերութեան հետ, որ «Մալպերի»-ի հետ նոյն հասցէն ունի: Նմանապէս, թրքական «Կրուփօ իվիքս ինշաաթ» փոքր ընկերութիւնը, որ կապուած է Մատուրոյի հետ, ունի ընդամէնը 1775 տոլարի դրամագլուխ եւ` ոչ մէկ վերամշակման գործարան, սակայն ապրիլ 2019-ին պատասխանատու էր Վենեզուելայի քարիւղի արտածման ութ տոկոսին», ըսաւ Էրտեմիր:
Էրտեմիր եզրափակեց` ըսելով. «Էրտողանի օրով Թուրքիա դարձած է թոյլատրող դաշտ` ապօրինի ճամբով ստացուած գումարներէ եւ պատժամիջոցներէ խուսափելու համար: Թուրքիոյ նախագահին զօրակցութիւնը` պատժամիջոցներու ենթարկուած երկիրներու, օրինակ` Վենեզուելայի եւ Իրանի, մաս կը կազմէ մենատիրական եւ աւազակապետական վարչակարգերու նկատմամբ անոր ընդհանուր առանցքին եւ Թուրքիոյ մարտահրաւէրն է` ուղղուած Միացեալ Նահանգներու կողմէ առաջնորդուող ազատական միջազգային կարգին: Այնքան ատեն որ Ուաշինկթըն չի հետապնդեր Մատուրոյի վարչակարգի ցանցին մնացած մասը Թուրքիոյ մէջ, Էրտողան Ամերիկայի այս կեցուածքին կը նայի` իբրեւ արտօնութիւն հետագայ օրինազանցութիւններու, որոնք կը ներառեն ոչ միայն Վենեզուելան, այլ նաեւ` խարդախ այլ վարչակարգեր»:
Հարց կը ծագի, թէ ինչպէ՛ս կ՛ըլլայ, որ Միացեալ Նահանգներու տնտեսութեան նախարարութիւնը պատժամիջոցներ կիրարկէ թրքական ընկերութեան մը դէմ` նկատի ունենալով նախագահ Թրամփի դժկամութիւնը` Թուրքիոյ դէմ որեւէ տեսակի գործողութեան ձեռնարկելու առումով:
Կրնա՞յ ըլլալ, որ Թրամփ տեղեակ չէր գանձարանի հակաթրքական պատժամիջոցներուն մասին` չափազանց զբաղած ըլլալով իր քաղաքական հակառակորդներուն դէմ «թուիթներ» ուղարկելով եւ ցեղապաշտական մեկնաբանութիւններ ընելով Քոնկրեսի սեւամորթ անդամներուն մասին:
Անցեալ շաբաթ հանրապետական ծերակուտականներու հետ հանդիպման ընթացքին Թրամփ յաւելեալ ժամանակ խնդրեց` նախքան Թուրքիոյ դէմ Քոնկրեսին պարտադրած պատժամիջոցներու կիրարկումը, ռուսական Էս-400 հրթիռները գնելուն համար:
Թրամփի կողմէ ցուցաբերուած որեւէ «անգործութիւն»` Թուրքիոյ նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրարկելու հարցով, միայն պիտի ծառայէ Էրտողանը աւելի եւս քաջալերելու, որ խոչընդոտէ Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕ-ի շահերը: Քոնկրեսը պէտք է վճռական քայլերու ձեռնարկէ, որպէսզի ստիպէ նախագահին, որ խիստ պատժամիջոցներ կիրարկէ Թուրքիոյ դէմ:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ