Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Լիզպոնի Հինգը` Ներշնչում Հայրենի Երիտասարդութեան Համար

$
0
0

Յիշէ՛ք, հայեր, բալիկներուդ`
Դեռ ծիլ ընկած գալիքներուդ,
Որ քեզ ամառ պիտի տային,
Բայց կէս ճամբին ընկան կիսատ`
Դեռ չտեսած հողն Արարատ:

(Յովհաննէս Շիրազ)

1983-էն ի վեր, առանց ընդմիջումի, սփիւռքի երիտասարդութիւնը ու անոր կողքին հայութիւնը կը նշեն Լիզպոնի հինգ տղոց ողջակիզման սխրագործութիւնը: Հաւաքները, յիշատակի արարողութիւնները, խօսքերն ու պատգամները կու գան յիշեցնելու յուլիսի այն օրը, երբ ամբողջ ժողովուրդ մը ցնցուեցաւ հինգ անձնազոհ հերոսներու անսպասելի արարքով: Հայ ազատագրական պայքարի նոր ծաւալումը արդէն իր պտուղները տուած էր նախորդ տարիներուն, սակայն Լիզպոնի գործողութիւնը իր էութեամբ ու անոր ունեցած արձագանգով եզակի դէպք մը եղաւ ու ոտքի հանեց հայ ժողովուրդը, ապա ուժգին կերպով ցնցեց ամբողջ քաղաքական աշխարհը եւ Թուրքիան, որ ամենեւին չէր սպասեր, թէ խումբ մը հայ երիտասարդներ պիտի կարողանային տէր դառնալ թրքական դեսպանատան մը ու այդ արարքով աշխարհի ուշադրութիւնը պիտի դարձնէին հայութեան վրայ:

Ամէն տարի, 27 յուլիսի օրը, ըլլա՛յ հինգ բալիկներու շիրիմին վրայ, ըլլա՛յ սփիւռքի բոլոր հայօճախներուն մէջ, իրերայաջորդ հայ երիտասարդ սերունդներ հաւատարմութեան եւ պայքարի նոր խոստումներ կու տան ու իրենց ուխտը կը վերանորոգեն: Այլեւս ծնողներ դարձած 1983-ի օրերու սերունդները, իրենց պատանի եւ հասուն տարիքի զաւակներուն հետ միասնաբար, բռունցք կը բարձրացնեն լուռ պոռկթումի մը յետադարձ նայուածքով դէպի այն օրը, երբ տակաւին իրենց երիտասարդութիւնը չապրած հինգ տղաներ կերոններու նման վառեցան` յանուն հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներու պահանջին ու արդար ցասումին` հայասպան թուրքին հանդէպ:

Որքա՜ն ալ տարիները անցնին, որքա՜ն ալ ժամանակի բնական թաւալումին պատճառով հինգ տղոց յիշատակէն հոգեկան կապի խզումի նշոյլներ յառաջ գան, սփիւռքի մէջ հասակ նետած սերունդները պիտի շարունակեն խոնարհիլ անոնց յիշատակին եւ յարգանքի տուրք մատուցել անոնց թողած աւանդին:

Խորհրդային տարիներուն, Հայաստան աշխարհին մէջ, թէկուզ` լուռ կերպով, Լիզպոնի արարքը կը վառէր կայծը հայրենի երիտասարդութեան սրտերուն մէջ, որոնք կը ներշնչուէին մեծ բանաստեղծի` Յովհաննէս Շիրազի «Լիզպոնի ողջակէզներին» նշանաւոր ստեղծագործութեամբ, որ մինչեւ այսօր իր հնչեղ բառերով պայքարի վերանորոգման ինքնատիպ ուխտ մը կը շարունակէ մնալ: 1988-ի Արցախի պայքարի ազդանշանը տուած կայծը պէտք է փնտռել նաե՛ւ Լիզպոնի հինգի ողջակիզման մէջ: Ո՛չ միայն սփիւռքահայը, այլեւ Հայաստանի ու Արցախի երիտասարդը հոգեպէս իր մէջ դրոշմեց Սարգիսի, Սեդրակի, Արայի, Սիմոնի եւ Վաչէի պայքարունակ վճռակամութիւնը, երբ հինգ բալիկները յաղթական պայքարի պատգամ կը ղրկէին համայն հայութեան:

Այսօր ցաւով կը նշմարենք, որ Հայաստանի մէջ, Լիզպոնի հերոսական արարքը, բացի գաղափարական ոգիով ներշնչուած երի-տասարդութեան խաւէ մը, նշումի արժանի չի դառնար հայրենի ընկերութեան կողմէ: Պիտի սպասուէր, որ համահայկական նշանակութիւն ունեցող հինգ տղոց ողջակիզումը ըլլար հայ հողին վրայ հասակ նետած իւրաքանչիւր հայորդիի ուխտի բագինը: Յանցանքներ չփնտռել երիտասարդութեան մէջ: Պատճառները պէտք է փնտռել մեր հայրենիքի քաղաքական միտքին մէջ, որ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք չուզեց, չկարողացաւ, քաղաքական յանդգնութիւն չունեցաւ արժանի տուրք մատուցելու Լիզպոնի հերոսագործութեան` որպէս շաղկապը 19-20-րդ դարու հայ ազատագրական պայքարի պատմական աւանդին ու արցախեան հերոսապատումի բոցավառումին: Լիզպոնի հինգ տղոց սխրագործութիւնը չի պատկանիր «Հայ յեղափոխական բանակ»-ի պատմութեան, ո՛չ ալ ազատագրական պայքարի գաղափարական համոզումով ապրող` միա՛յն երիտասարդական զանգուածի մը ներշնչման աղբիւրը պէտք է հանդիսանայ: Լիզպոնը կը պատկանի որեւէ քաղաքական եւ գաղափարական հակում ունեցող հայ երիտասարդին, ու աւելին` այն ամէն մէկ հայորդիի համար հայրենի հողին կապուելու ազդակը պիտի ըլլայ, որպէս հայու հերոսական սխրագործութեան նորանոր մարմնացում, համազօր` հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան հերոսական դրուագներուն:

Երբեք ուշ չէ, որպէսզի հայ քաղաքական միտքը իր արժանի տեղն ու նշանակութիւնը տայ Լիզպոնի սխրանքին: Հայ ժողովուրդի վերընձիւղման ոգեւորութեան մէջ պէտք չէ մտահան ընել, որ Լիզպոնի տղոց ողջակիզումը անձնական փառասիրութեան, երիտասարդական ջահելութեան մը հետեւանքը չէր, այլ անիկա եղաւ գերագոյն եւ անփոխարինելի օրինակը` հայ երիտասարդի պայքարունակ ոգին վերանորոգելու ջանքերուն մէջ:

Ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի Լիզպոնի տղոց հերոսութիւնը պէտք է ամբողջութեամբ պատէ հայ երիտասարդը: Հայրենիքի վերազարթնումին միտող ամէն բնոյթի ազգային, քաղաքական ու ընկերային զարգացումներուն մէջ, պարտինք տեսնել հինգ տղոց օրինակելի պատկերը `որպէս հայ ժողովուրդի խաղաղ յարատեւման երաշխիք: Խաղաղ յարատեւումը, նախ եւ առաջ կը պահանջէ բոլոր ժամանակներուն մէջ տէր կանգնիլ հայ ժողովուրդի հերոսական աւանդին: Այդ կը նշանակէ` տէր կանգնիլ Հայաստանի ու հայութեան արդար Դատին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>