«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Վիճակագրական տեղեկութիւններու ճշգրտութեան կասկածելու պատճառ չունինք: Բայց եւ այնպէս, Արցախ այցելած զբօսաշրջիկներու թիւին մասին հարցականներ չենք կրնար չունենալ:
«Արցախփրէս»-ը այս տարուան մարտին տուած իր լուրով հաղորդեց. «2018 թուականին Արցախ է այցելել 28 հազար 588 օտարերկրեայ քաղաքացի, որը նախորդ տարուայ համեմատ աճել է 23 տոկոսով»:
Եթէ Արցախը սովորական տարածք մը ըլլար մեզի` սփիւռքահայերուս համար, կարելի պիտի ըլլար ընդունիլ, որ Հայաստան այցելած հարիւր հազարաւորներէս միայն 28.588-ը որոշած է հասնիլ Շուշի, Գանձասար, Ստեփանակերտ, Ամարաս, Դադիվանք, Տիգրանակերտ:
Քիչ է, այս թիւը շա՜տ շա՛տ քիչ է: Եթէ Արցախի տնտեսութիւնը հզօրացնելու նախաձախնդրութիւնը ունինք, պէտք է գիտնանք, որ հայրենիքի դրախտային այդ հատուածին վայելքները ըմբոշխնելով` մեր համեստ ներդրումը բերած կ՛ըլլանք այդ հողը ազատագրած ժողովուրդի բարգաւաճման գործին: Արցախի բնակչութիւնը տարիներէ ի վեր կը դեգերի 150.000-ի սահմաններուն շուրջ: Ազգային կառոյց մը կամ կառոյցներ միասնաբար պէտք է նախաձեռնեն արշաւ մը, որ, եթէ այս տարի ուշ է արդէն, գոնէ եկող տարի Արցախ այցելող զբօսաշրջիկներու (որոնց մէջ բացարձակ մեծամասնութիւնը մենք ենք, դուք, հայերս) թիւը հասցնել բնակչութեան թիւին: Այս տարի Համահայկական ամառնային 7-րդ տարեկան խաղերուն` Արցախի մէջ մեկնարկումը այդօրինակ նախաձեռնութիւն մըն է, որուն պէտք է հետեւին ուրիշներ:
Վարդենիսի ճամբով Արցախ գացող ճանապարհը պէտք է առնուազն կրկնապատկէր զբօսաշրջիկներուն թիւը: Կը մնայ յաւելեալ խանդավառութիւն ու հետաքրքրութիւն յառաջացնելու աշխատանքը, զոր պէտք է տանինք բոլորս:
Հայաստան այցելութիւնը կարելի չէ պատկերացնել առանց Արցախ հասնելու: