Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Արցախի Կարգավիճակը Կարմիր Գիծ Է…Յատկապէս` Ազրպէյճանական Նկրտումներու Պարագային

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Ա. Ա.

Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հեռանկարային պատկերացումներուն մէջ Արցախի կարգավիճակին վերջնական յստակացման կարիքը հայկական կողմին առաջնահերթութիւնն է: Ինչպէս Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեանը շեշտեց, կարմիր գիծ մըն է, որուն կապակցաբար թիւր տպաւորութիւններ կան, թէ` Հայաստանը միակողմանի զիջումներու իսկ պատրաստ է:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտիւլայեւայի հակազդեցութիւնը` Նաղդալեանի յայտարարութեան, եկաւ յստակացնելու Պաքուի իշխանութիւններուն կեցուածքը` Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի յստակացման կապակցաբար: Ըստ ազրպէյճանցի բանբերին, նման հարց կրնայ քննարկուիլ միայն «Լեռնային Ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնքին Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձէն ետք»:

Մինչ Մինսքի խումբին համանախագահութիւնը այս շրջանին իր ջանքերը առաւելաբար կեդրոնացուցած է սահմանային գիծին վրայ լարուածութեան մեղմացման միտող քայլերու վրայ, Ապտիւլայեւայի այս յայտարարութիւնը կու գայ վերյիշեցնելու, որ Ազրպէյճանի համար առաջնահերթութիւնը ազրպէյճանցիներու Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձն է, եւ որմէ ետք միայն եւ, անշուշտ` բնիկ արցախցի եւ եկուոր ազրպէյճանցիներու միջեւ թուային յարաբերակցութեամբ, կրնայ որոշուիլ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը: Այսինքն տողատակի կ՛ըսուի, որ եթէ վերադարձած ազրպէյճանցիները չուզեն անկախութիւն եւ որոշեն ապրիլ Ազրպէյճանի գերիշխանութեան տակ, ապա Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը կը մնայ լայն իրաւասութիւններով ինքնավար մարզի սահմաններուն մէջ:

Արցախի պետութեան կայացման հոլովոյթը անցաւ կրակի, պատերազմի եւ ինքնորոշման ու ինքնապաշտպանութեան արիւնալի ազատամարտէ մը` հազարաւոր նահատակներու արեան գնով կերտուած յաղթանակով ամրագրելով ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի արդար կենսագործումը: Մինչ արցախցիներ մարտունակութեան բարձր ոգիով պաշտպանեցին իրենց հայրենի հողերը, ազրպէյճանցիները, հոգեբանական շատ հասկնալի հակազդեցութեամբ մը, կամովին լքեցին արցախեան իրենց բնակարանները եւ փոխադրուեցան Ազրպէյճան` զաւթիչի շատ բնական արարքով մը, երբ իրաւատէրը իր իրաւունքները կը պահանջէ եւ օտար գրաւողը խոյս կու տայ:

Ասոր դիմաց` Ազրպէյճան, եւ միջազգային անժխտելի վկայութեամբ իսկ, երկրին տարածքին ապրող հայերու դէմ գործադրեց ցեղասպանական բնոյթի մաքրագործումներ` մայրաքաղաք Պաքուի, Սումկայիթի եւ այլ քաղաքներու մէջ, ջարդելով եւ սպաննելով քաղաքացին, պարզապէս որովհետեւ հայ էր: Միջազգային մամուլը, փորձագէտներ, օրուան խորհրդային իշխանութիւնները, նաեւ` միջազգային ընտանիքը, «ցեղային բնոյթի մաքրագործումներ» որակեցին ազրպէյճանական խուժանին կազմակերպած ջարդերը, որոնց հետեւեցաւ զանգուածային վտարումը` հայ բնակիչներուն ազրպէյճանական քաղաքներէն:

Անշուշտ պատմութիւնը մոռացութեան չի տրուիր: Մանաւանդ կարելի չէ խեղաթիւրել փաստերն ու ապացոյցները, թէկուզ ատիկա ընելու փորձին հեղինակը Ազրպէյճանի կառավարութիւնը թէ ազրպէյճանցի ոեւէ բարձրաստիճան պաշտօնատար է: Արցախի Հանրապետութեան կարգավիճակը, ինչպէս Նաղդալեան շեշտեց, պէտք է որոշուի Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան կողմէ: Մնացեալը իսկապէս դիւանագիտութիւն է` իր քաշքշուկներով, խուսանաւումներով, շահերու բախմամբ եւ ռազմաքաղաքական հաշիւներով:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>