Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Արտագաղթն Ու Ներգաղթը Մեր Տան Նժարին Վրայ…

$
0
0

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Կը կարդամ Արմինէ Աւետիսեանի յօդուածը` խառն զգացումներով: Հնդիկները այլեւս համալսարանի ուսանողներ չեն միայն Երեւանի մէջ: Անոնք շահագրգռուած ներգաղթողներ են: Անոնք կ՛ուզեն ապրիլ մեր երկրին մէջ: Անոնք կը սիրեն մեր երկիրը: Զայն կը նախընտրեն: Կ՛ուզեն նոր արմատներ նետել հոն: Աճիլ եւ բազմանալ: Եւ 2017-էն ի վեր Հայաստանի կառավարութիւնը հաստատած է վիզայի յատուկ դրութիւն մը իրենց համար, որպէսզի դիւրացնէ իրենց մուտքը:

Յօդուածագիրը կ՛ըսէ, որ անցեալ տարուան մօտ 1.500 հոգիին դիմաց այս տարուան ներհոսքը արդէն մօտ 9.000 հոգի կը ներկայացնէ:

Այս տողերը կը գրեմ ըսելու համար հետեւեալը: Օտարազգիներու գաղթը դէպի Հայաստան դիւրաւ կուլ գացող երեւոյթ մը չէ սփիւռքի հայուն համար` հակառակ այն իրողութեան, որ ամէն սփիւռքահայ փաստօրէն կը վայելէ օտար երկրի մը (կամ երկիրներու) ասպնջականութիւնը…Մենք մտահոգ ենք մեր երկրի լինելիութեան (viability) հարցերով: Մենք մտահոգ ենք մեր հայրենակիցներու ծաւալուն արտագաղթով, որ լայնօրէն հետեւանքն է մեր երկրի տնտեսութենէն ներս ամրացած մենաշնորհային համակարգին: Մենք մտահոգ ենք մեր ժողովուրդի համատարած աղքատութեամբ: Մենք մտահոգ ենք մեր երկրի պաշտպանական ոլորտի լուրջ բացերով: Օտարազգիներու աճող գաղթը մեզ կ՛անհանգստացնէ բոլոր այս կնճիռներու բարդ փոխազդեցութեամբ:

Իմ ասպարէզի բերումով, ես մօտէն շփուած եմ հնդիկներու հետ: Ունեցած եմ գործընկերներ եւ ունիմ ազնուասիրտ բարեկամներ: Կը սիրեմ հնդիկ մշակոյթը: Մեծ յափշտակութեամբ ուսումնասիրած եմ Կանտիի շարժումը: Իմ երիտասարդութեան իտէալը եղած է Ժաւահարլալ Նեհրուն: Բայց չեմ դադրիր անհանգստութեամբ նայելէ հնդկական այս գաղթին վրայ:

Եւ այստեղ պիտի խոստովանինք, որ այս անհանգստութիւնը կը բխի ոչ այնքան ներգաղթող օտարազգիներու հանդէպ խտրականութեան զգացումէ, այլ` մեր երկրի լինելիութեան բացերէն: Ըլլանք անկեղծ մէկզմէկու հետ եւ խօսինք բաց բնագրով: Առայժմ մենք այն երկիրը չենք, որ կարենայ հանգիստ սրտով եւ մանաւանդ հանգիստ խղճով իր դռները լայնօրէն բանալ օտարազգիներու գաղթին առջեւ: Եւ կը խնդրեմ` ինծի խնայեցէք բարոյականի դասերը: Չկայ երկիր աշխարհի մէջ, որ չունենայ ներգաղթի իր յատուկ քաղաքականութիւնը` հիմնուած իր ազգային նեղ շահերու փաթեթին վրայ: Մենք անհանգիստ ենք, քանի որ յստակ չէ, թէ ի՛նչ է Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային քաղաքականութիւնը օտարազգիներու ներգաղթի հաշուարկուած համեմատութիւններուն մասին:

Ներգաղթի երեւոյթը կարելի չէ կառավարել` առանց համապարփակ քաղաքականութեան: Ընդամէնը երեք միլիոն հաշուող բնակչութեամբ, որուն վերարտադրական տոկոսները լրջօրէն խնդրայարոյց կը մնան (վերոյիշեալ բոլոր գործօններով), եւ որ կը դիմագրաւէ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի մեծ սպառնալիքները, մեր երկիրը անպայման հաշուի պիտի նստի ներգաղթի իրականութեան հետ եւ խստօրէն մանրակառավարէ (micro-manage) իր կեանքի այս կնճռոտ ոլորտը:

Այստեղ խտրականութեան եւ ցեղապաշտութեան նկատումներ չկան: Այստեղ մակերեսային ժողովրդավարութեան լոզունգներուն համար տեղ չկայ: Աշխարհակարգը այնպիսին չէ, որ մարդ արարածը ունենայ տիեզերական անօտարելի իրաւունք` իր ուզած երկրին մէջ անկաշկանդ հաստատուելու: Հայաստանը ի՛նք պիտի որոշէ, թէ որո՛նք են իր տրամաբանական սահմանները այս հարցին մէջ:

Պիտի փափաքէի, որ այս խնդիրը քննարկուէր լայն մասնակցութեամբ: Կը հրաւիրեմ բոլորդ` ձեր դատողութիւնը փոխանցելու: Կանխայայտ շնորհակալութեամբ…

28 յուլիս  2019
Ուաշինկթըն


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>