Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Իրենց Անհասանելի Չափանիշով

$
0
0

«ԱՍՊԱՐԷԶ»

Հայ ժողովուրդին ու Հայ դատին ծառայելու պատրաստակամութիւն յայտարարած հայը իր յանձնառութեան լրջութիւնը քննութեան ենթարկելու բարոյական պարտքին դիմաց կը գտնէ ինքզինք, մանաւանդ` այն պահերուն, երբ գերագոյն զոհաբերութեամբ անմահացած հերոսներու յիշատակը կ՛ոգեկոչէ:

27 յուլիս 1983-ին գիտակցաբար մահուան գացած Լիզպոնի հինգ տղաներուն սխրանքի վերյիշումը այդպիսի պահերէն մէկն է:

Անկեղծ ինքնաքննութիւնը, այսպիսի օրերու, երկսայրի սուր կրնայ ըլլալ: Արդարեւ, հերոսներու օրինակը իբրեւ ոգեւորութեան եւ ներշնչումի աղբիւր` անշուշտ անփոխարինելի է, եւ ամէն քայլափոխի, ազգային գործի արժեւորումները այդ ներշնչումով աւելի բծախնդրութեամբ, խստագոյն գնահատումով կատարելու պարտքին տակ կը դնէ մեզ: Այս պարտքին գիտակցութիւնը, սակայն, փառապսակի արժանացած հերոսներուն հաստատած չափանիշին անհասանելիութիւնը, մանաւանդ` համոզումի ու հաւատքի տատանումներով տագնապողներուն, կրնայ բարոյալքիչ ազդակ դառնալ:

Հերոսներու աւանդին հաւատարիմ գործիչները, անոնց արարքէն բխած ուժով ու հրայրքով տոգորուելու ձգտումը նպատակ կը դարձնեն, միջոց` ձերբազատելու թուլութեան, յուսահատութեան, քաղքենի անտարբերութեան փորձութիւններէն:

Ամէն մարդ հերոս չի կրնար ըլլալ: Բայց յանուն հայրենի հողի պաշտպանութեան, յանուն ազգային իղձերու իրականացման` հերոսանալու փառասիրութիւնը կրնան ունենալ շատեր, որոնց բազմութեան մէջ է յաղթանակի հասնելու երաշխիքը:

Եթէ կը հաւատանք, որ Լիզպոնի հինգը, մեր հեռու եւ մօտիկ անցեալի բոլոր հերոսները վերէն կը նային մեզի, մենք կրնա՞նք չզգաստանալ, կրնա՞նք փախչիլ մեր պարտաւորութիւններէն, կրնա՞նք թաքնուիլ կեղծիքի ու մակերեսայնութեան ետին:

Խոնարհինք այսօր եւ ի յարգանս հերոսներու յիշատակին` մեր յանձնառութիւնը ամուր դարձնելու խոստումը տանք:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>