Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Մահացաւ Հայ Ժողովուրդի Բարեկամ Ռապըրթ Մորկընթաուն

$
0
0

Ամերիկացի յայտնի իրաւաբան, հայ ժողովուրդի բարեկամ, Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուի (1913-1916) թոռնիկը` 99 տարեկան Ռապըրթ Մորկընթաու մահացաւ 21 յուլիսին:

Տեղեկութիւնը կը հաղորդէ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը:

Ռապըրթ Մորկընթաու միշտ պայքարած էր Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համար եւ կոչ ըրած` իր երկրի կառավարութեան, որ անյապաղ ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

«Իրենց ամբողջ պատմութեան ընթացքին հայերը մեծ խիզախութիւն ցուցաբերած են` բռնագրաւողներու տիրապետութեան դէմ դնելով, ինչպէս` Զէյթունի, Վանի եւ անշուշտ Մուսա Լերան մէջ: Նշեալներէն իւրաքանչիւրը կ՛արտայայտէ հպարտ ժողովուրդի մը վճռակամութիւնը, որ հոգիով աննուաճելի էր եւ պատրաստ չէր հրաժարելու իր հաւատքէն կամ ինքնութենէն: Սակայն ամէն անգամ օսմանցի ղեկավարները պատասխանած են ճնշող ուժով, ուժ, որ վերածուեցաւ համատարած ցեղասպանութեան», իր ելոյթներէն մէկուն ընթացքին ըսած էր Մորկընթաու կրտսերը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>