Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Պատկառելի Ուսուցիչներ Եւ Երախտագէտ Աշակերտներ

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Իմ պատանեկան տարիներէն ի վեր միշտ ալ շեշտուած հակում մը ունեցած եմ կարդալու երեւելի դէմքերու յուշագրութիւնները:

Հռչակաւոր անուններու, գրագէտներու, եկեղեցական կամ թատերական գործիչներու, քաղաքական ու ազգային դէմքերու չոր ու ցամաք կենսագրութիւնները անբաւարար գտած եմ` անոնց իսկական դիմագծութիւնը ճանչնալու տեսակէտէ: Հետեւաբար ճգնած եմ գիտնալու անոնց կեանքին քուլիսային մանրամասնութիւնները… Բայց ինչպէ՞ս: Յուշագրութիւննե՛ր կարդալով անոնց մասին:

Վերջերս, երկրորդ անգամ ըլլալով, իմ գլուխը հակեցի 200 էջանի յուշագրական սքանչելի հատորի մը, որ կը կոչուի «Իմ ուսուցիչներս»: Գիրքը տպուած է Պէյրութ, 1984-ին: Հեղինակ` Մուշեղ Իշխան, բոլորիս ծանօթ լիբանանահայ բանաստեղծը, տուներու ու տաքուկ երդիքներու անմոռանալի երգիչը:

Մ. Իշխան յուշեր եւ տպաւորութիւններ կը պատմէ այստեղ` իր պատկառելի ուսուցիչներուն մասին:

Ի՜նչ ուսուցիչներ…

Արդարեւ, ան նախ կը խօսի Յակոբ Օշականի մասին, որուն աշակերտելու բախտն ունեցեր է Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանին մէջ, 1928-1930:

Յետոյ, շատ հետաքրքրական տեղեկութիւններով կ՛ոգեկոչէ բարի յիշատակը ազնուական ուսուցչապետի մը` պատմագէտ փրոՖ. Նիկողայոս Ադոնցին, որուն աշակերտեր է  ինք 30-ական թուականներու վերջերը` Պրիւքսէլի համալսարանը իր ուսանողութեան օրերուն:

Այնուհետեւ ալ, լայնօրէն դիմաստուերները կը գծէ թէ՛ Նիկոլ Աղբալեանին եւ թէ՛ Լեւոն Շանթին, որոնք իր ուսուցիչներն եղեր են Պէյրութի Հայ ճեմարանէն ներս:

Մ. Իշխան, ի՛նք ալ հետագային ուսուցիչ, կը մեծարէ իր անմոռանալի ուսուցիչները հոյակապ հայերէնով մը: Իր գործածած զուլալ ու ջինջ հայերէնը խորապէս տպաւորիչ է եւ ուսանելի, ու կը խորհիմ, որ այդ հայերէնը այլեւս գոյութիւն չունի մեր շուրջ…

Բայց չերկարեմ: Տամ Լ. Շանթի մասին իր պատմածներէն քանի մը արագ նշումներ:

Ըստ Մ. Իշխանի, Շանթ (որ Ճեմարանի տնօրէնն էր) տեւաբար իր աշակերտները կը խրատէր գրեթէ նոյն բառերով. «Աշխատեցէք ՄԱ՜ՐԴ ըլլալ. մարդը տիեզերքի բարձրագոյն արժէքն է»:

Օր մը, Ճեմարանի աւարտական հանդէսին, շրջանաւարտներուն վկայականները բաժնելէ առաջ, յայտարարեր է.«Ամենանշանաւոր մարդէն իսկ մահը ԱՆՈՒՆ ՄԸ կը ձգէ միայն. երկու խեղճ բառերու մէջ ամփոփուած անուն մը: Ինչ որ կը մնայ անմահ եւ կը դիմանայ դարերու աւերին, ատիկա մարդուս ԳՈՐԾՆ Է»:

Մ. Իշխան կը վկայէ տակաւին, թէ ամէն անգամ որ հանդիսաւոր առիթով մը Շանթի բարեկամները «երկար կեանք» կը մաղթէին իրեն, ան ժպտերես դէմքով կը պատասխանէր.

– Աշխատելու կարողութի՛ւն մաղթեցէք. աշխատանքէ զրկուած ապրիլը անիմաստ է: Կ՛ուզեմ մեռնիլ այն օրը, որ չկարենամ աշխատիլ:

Կա՞ն հիմա այս որակով ու նկարագրով ուսուցիչներ: Եւ կա՞ն այս որակով (իմա` Մ. Իշխանի որակով) աշակերտներ, որոնք կարենան երկու հարիւր էջերու երկայնքին պանծացնել իրենց երեւելի ուսուցիչները…

Որքա՜ն աղքատացած ենք հիմա…

Խունկ եւ ծաղիկներ` մեր մեծանուն ուսուցիչներուն շիրիմներուն:

(Հալէպ)

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>