ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
– Այս ճաշարանին լեհմեճունը (մսաշօթ) շատ համով է, Հալէպի համն ու հոտը ունի. տունը մնացողներուն քանի մը հատ տանինք, թող ուտեն, կ՛ըսէ քուէյթահայ մը իր մանչուկին:
Անոնք ամառնային արձակուրդի եկած են, եւ հայր ու որդի արեւելեան ճաշարանի մը մէջ նստած` կը ճաշակեն ֆուլն (արեւելեան պատրաստութեամբ բակլայի չոր հատիկներ) ու հումմուսը` ձէթով եւ առատ կանաչեղէնով:
* * *
– Կը յիշէ՞ք մեր թաղի արաբը, որ գլխուն վրայ մեծ մետաղեայ ափսէով կը պտտէր, բան մը կը ծախէր, կարծեմ® օր մը պանիր, օր մը բանջարեղէնի տեսակներ: Կոշտ ձայնով կը պոռար, թաղին անկիւնէն կը լսուէր ձայնը:
– Ինչպէ՞ս չենք յիշեր, որքա՜ն կատակ կ՛ընէինք մարդուն հետ:
– Մարդը գիւղացի կը կարծէինք սկիզբը, բայց պատերազմի ատեն մէկ անգամէն անհետացաւ:
– Հապա՛, ոմանք ըսին լրտես է, ոմանք` բանտարկուած…
Հայ արհեստաւոր բարեկամներ էին այս զրուցակիցները, մին Քանատայէն ժամանած, ուրիշներ` եւրոպական երկիրներէ… Անոնք ճաշարանի սեղանին շուրջ, արեւելեան համեմներով կը վերակենդանացնէին իրենց յուշերը:
Հալէպի արհեստաւորներուն շրջանները երբեմն քաղաքի արաբաբնակ թաղամասերուն մէջ էին, հեռու` հայկական շրջաններէ. այս արհեստաւորներուն խանութներն էին մեծ վնասներ կրողները, նոյնիսկ քանի մը հատը զինեալներու կողմէ գրաւուեցան, կամ հզօր պայթումով մը փուլ եկան: Հիմա հոս` Երեւանի մէջ համախմբուած, անոնք կը փորձեն այդ օրերու անցուդարձերը մեկնաբանել. իւրաքանչիւրը իր տեսանկիւնէն բացատրութիւն մը կու տայ, բայց բոլորին աչքերուն փայլքը, կարօտէ աւելի, ափսոսանք կը սփռէ, ու գրեթէ միասին ըսել կ՛ուզեն. «Ափսո՜ս, մեր լքուած կալուածներուն, արդեօք հիմա ի՞նչ է անոնց վիճակը»:
* * *
– Ֆեթթուշին մէջ պանի՞ր ալ կը դնեն,- կը հարցնէ ֆրանսահայ կին մը` հալէպահայ ընկերուհիին, որուն հետ նոյն ճաշարանին մէջ նստած` արեւուն տօթը թօթափել կը ջանան, ինչպէս նաեւ` արեւելեան աղցանով մը գոհացնել ստամոքսը:
– Հապա՛, չե՞ս փորձած, շատ համով կ՛ըլլայ. ապսպրենք, համտեսէ՛,- կը պատասխանէ զրուցակիցը:
* * *
– Ես եօթը տարի առաջ Հալէպէն ելայ, թոռնիկիս ծնունդին համար Ամերիկա պիտի երթայինք, պատերազմի հոտեր կային, լա՛ւ որ ամերիկեան քաղաքացիութիւն ունինք, այդպիսով փրկուեցանք:
– Կարծեմ խանութդ «Պարոն» պանդոկին շրջանն էր:
– Այո՛, եկած ես քովս քանի մը անգամ,- կիներուն նայելով,- ձեզի չէ խօսքս անշուշտ, կինս տեսած է, բայց դուք` չեմ կարծեր,- ընկերոջ կնկան ուղղելով խօսքը:
– Ե՞ս, հարկաւ չեմ տեսած, այդ կողմերը ի՞նչ գործ ունէինք մենք` հայ կիներս:
Հայու մը հռչակը վայելող պանդոկին վայրը լրիւ արաբաբնակ էր, այդ շրջանները զբօսաշրջիկներու հետազօտութեան վայր դարձած էր, լքուած` հայութենէ:
* * *
– This is the falafel sandwich, that I had told you about, I՛m sure you՛ll like it.
– Oh, is this that sandwich? it seems delicious.
Երիտասարդ ամերիկաբնակ սուրիահայը կը ծանօթացնէ իր ամերիկացի բարեկամին:
* * *
Ճաշարանին մուտքին, սեղանէ մը, հալէպահայ կնոջ մը նայուածքը իսկոյն կը սառի` ներս մտնողը տեսնելով. միջին տարիքով տղամարդը կ՛որսայ նայուածքը, կը բանայ յիշողութեան դարպասները ու կը գտնէ անոր տէրը, ապա մօտենալով` ջերմօրէն կը բարեւէ. աչքերը կը խօսին, ակնթարթային պահ մը լուռ երկխօսութիւն մը կ՛ընթանայ, կնոջ աչքերէն կը հոսին անցեալէն յուզիչ ապրումներ, ապա` «Կը ներես», կ՛ըսէ ան, երբ յուշին ազդեցութենէն սթափիլ կը ջանայ, ջերմ, մտերմիկ գրկախառնումէ մը ետք. «Գիտեմ` ո՛ւր գացիր», կու գայ սփոփիչ պատասխանը, որուն նմանը տարիներ առաջ արտաբերած էր նոյն կինը սփոփելու:
Հալէպը կ՛ապրի հալէպահայուն մէջ, անբաժան է անկէ. անոր մէջ կ՛ապրին` կորուստը, ցաւը, չար ու բարի յուշերը, նոյնիսկ կը զարթնին մոռցուած պատառիկները, կամ` այդպէս կարծուածները, ու պահու մը ներգործութեամբ, կը բռնկին անոնք, լաւայի պէս կ՛այրեն, կը ճեղքեն կարծրացած դռներն յիշողութեան, կը հոսին այրող սպրդումով մը անխօս, անշշունջ, պահն է ժայթքումին, ինչպէ՞ս կարելի է բանտել զայն, մէկդի շպրտել… բայց անկէ ետք կու գայ հանգստութիւն մը, կը խորհի միտքը պատահածներուն նախախնամութեան որոշումի մը հետեւանքը ըլլալուն մասին, հապա ո՞վ գիտէր, որ այսպէս պիտի պատահէր…
Մինչ հոն` ճաշարանատէրը, դարձեալ սուրիահայ, հալէպահայերը համախմբող կեդրոն մը ստեղծած ըլլալու գոհունակութեամբ կը դիտէ բոլորը, եւ ինք եւս, թերեւս, յուշի մը վերապրումին մասնակից կ՛ըլլայ…