ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Ռուսիոյ Տուման 24 յուլիսին վաւերացուց Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) կանոնադրութիւնը փոխող երկրորդ եւ երրորդ արձանագրութիւնները: Վերջինիս հիմամբ կը նախատեսուի ՀԱՊԿ-ի դէտի եւ գործընկերոջ կարգավիճակ շնորհել կազմակերպութեան անդամ չեղող երկիրներու, ինչ որ Հայաստանի համար կը բարձրացնէ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի` ՀԱՊԿ-ի նիստերուն մասնակցութեան ուրուականը, մանաւանդ այդ երկու երկիրներուն Ռուսիոյ հետ ունեցած յարաբերութիւններուն լոյսին տակ:
Վերոնշեալ արձանագրութիւնները պէտք է վաւերացուին ՀԱՊԿ-ի մնացեալ անդամ երկիրներուն խորհրդարաններուն կողմէ: Հայաստանի խորհրդարանին պարագային զանոնք կտրուկ կերպով մերժելու փորձութիւնը բնականաբար շատ մեծ է:
Նախքան այդ քայլը առնելը, սակայն, պէտք է նկատի ունենալ հետեւեալ երկու իրողութիւնները. առաջին` դէտի եւ գործընկերոջ կարգավիճակի երեւոյթը բնորոշ է միջազգային կազմակերպութիւններուն, եւ Մոսկուան զայն ստեղծելով կը փորձէ ՀԱՊԿ-ին շնորհել միջազգային հեղինակութիւն եւ դերակատարութիւն, բան մը, որմէ մինչեւ օրս զրկուած էր ան: Երկրորդ` Հայաստանի Հանրապետութիւնը ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովը իր լիազօրութիւններու աւարտէն առաջ տուն կանչելով եւ ՀԱՊԿ-ի մէջ երկարատեւ բաց մը եւ տագնապ մը ստեղծելով արդէն հարուածած է կամ առնուազն վնաս պատճառած այդ կազմակերպութեան հեղինակութեան: Մոսկուայի նպատակին իրագործումը արգելակող յաւելեալ քայլ մը կրնայ զայրացնել իր կոշտ ու կոպիտ հակազդեցութիւններով ծանօթ ռուսական արջը:
Պէտք է ըլլալ զգուշ եւ փորձել Հայաստանի գլխուն վրայ կախուած այս երկսայրի սուրին տակէն դուրս գալ` որդեգրելով կառուցողական մօտեցում մը. միաձայնութեամբ որդեգրել երկրորդ արձանագրութիւնը, իսկ խնդրայարոյց երրորդին պարագային ներկայացնել բարեփոխման հետեւեալ առաջարկը. ՀԱՊԿ-ի դէտի կամ գործընկերոջ կարգավիճակ կրնայ ստանալ այն երկիրը, որ դիւանագիտական բնականոն յարաբերութիւններ ունի կազմակերպութեան անդամ երկիրներէն իւրաքանչիւրին հետ եւ չունի անոնցմէ որեւէ մէկուն հետ փակ սահման կամ տագնապ: