ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Արդէն 80 տարի եղաւ:
Մուսալեռցիները, մերժելով ապրիլ թրքական լուծի տակ, կամովին հրաժարելով իրենց կալուածներէն եւ ինչքերէն` եկան կայք հաստատելու Այնճար կոչուած անապատ-տափաստանին մէջ, անգամ մը եւս իրենց կամքը կոփելու եւ ապրելու հոն, ուր ուրիշներ չկրցան ապրիլ ու գոյատեւել:
Ճիշդ բնորոշած էր մուսալեռցի նշանաւոր գրող Եդուարդ Պոյաճեանը. «Գէշ թուականի մը եւ շատ գէշ պայմաններու տակ» հիմնուեցաւ մուսալեռցիներու նոր մայրաքաղաք Մուսա Լեռ- Այնճարը:
Այնճա՜ր, Այնճա՜ր` մուսալեռցիներու մահաբոյր գաղթակայանը, ուր աւելի քան 1000 գաղթականներ զոհ գացին մալարիային, անօթութեան, ցուրտին… Այս անապատը ովասիսի վերածելու համար երեք սերունդ մուսալեռցիներ իրենց ամբողջ կեանքը տուին պայքարելով` կենդանի մնալու, պարտէզներ հիմնելու եւ ստեղծելու իւրայատուկ հայկական կեդրոն մը, որ հպարտութիւնն է իւրաքանչիւր հայու:
80 տարի եղաւ արդէն:
Ոչինչէն ծնունդ առած այս շէն հայկական քաղաքը դիմադրելով բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն` շարունակեց ապրիլ ու զարգանալ: Հայու շինարար ոգին ամէնէն փայլուն կերպով երեւցաւ հոս, այս անապատին մէջ:
Դժուար է հաւատալ, որ կարելի է այսքան փոփոխութիւն կատարել 80 տարուան ընթացքին: Փաստը մէջտեղն է բոլոր թերահաւատներուն համար մանաւանդ:
Մուսալեռցիները իրենց ճակտի քրտինքով կերտեցին այս աւանը` միշտ զգալով իրենց թիկունքին Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որուն կ՛երթայ այս աւանին ստեղծման ու զարգացման պատիւը:
Շնորհիւ Մուսա Լեռ-Այնճարի գոյութեան` կենդանի մնաց թէ՛ Մուսա Լերան հերոսամարտի յիշատակը, թէ՛ նաեւ մուսալեռցիներու անցեալը, աւանդութիւնները, բարբառը…
Արդէն 80 տարի եղաւ: Կանգուն է մուսալեռցիներուն մայրաքաղաքը: Ան ունի նոր տեսք եւ նոր տեսիլք:
Դժուարութիւննե՞ր, շա՜տ. մուսալեռցին, սակայն, ե՞րբ դժուարութիւններէն վախցած է:
1915-ին մեր պապերու «խենթութիւն»-ը փրկեց մեզ:
Հիմա ալ կան «խենթ» մուսալեռցիներ: Այնճարի գոյատեւումն ու զարգացումը փաստեր են այս գծով:
Մեր նախկին տնօրէնը գրած էր.
«Մենք լեռն ենք տակաւին, թող ետ գայ թշնամին». իսկ վերջերս մահացած մեր ընկերներէն մէկը կը մաղթէր. «Լեռնէն վար չիջնէք. վա՜յ մեզի, եթէ լեռնէն իջանք ցած»:
Այս է Մուսա Լեռ-Այնճարի ճանապարհը:
80 տարի լերան վրայ, 80 տարի միշտ պատրաստ, 80 տարի բաց ծովուն մէջ` ընդդէմ բոլոր փոթորիկներուն:
80-ամեակդ շնորհաւոր, մեր հարազա՛տ, հայկակա՛ն աւան:
Մուսա Լեռ-Այնճար
23 յուլիս 2019