ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Անորոշութեամբ եւ հակասութեամբ յատկանշուող քանի մը ամիսներ ետք, թէ՛ Եւրոպական Միութիւնը, թէ՛ Միացեալ Նահանգները նոյն շաբթուան ընթացքին որոշեցին պատժել Թուրքիան` երկու տարբեր խախտումներու համար:
«Ասոշիէյթըտ փրես» գործակալութիւնը 16 յուլիսին հաղորդած է, որ Եւրպական Միութեան արտաքին գործերու նախարարները «հաստատած են պատժամիջոցներ Թուրքիոյ դէմ` կազի հորատման աշխատանքներ կատարելուն համար այն ջուրերուն մէջ, ուր Եւրոպական Միութեան անդամ Կիպրոսը ունի տնտեսական իւրայատուկ իրաւունքներ: Անոնք յայտարարած են, որ կը կասեցնեն օդային փոխադրումներու մասին համաձայնագիրին բանակցութիւնները, ինչպէս նաեւ` բարձր մակարդակի Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն երկխօսութիւնները եւ կոչ կ՛ընեն Եւրոպական ներդրումային դրամատան` վերանայելու իր վարկաւորումը Թուրքիոյ:
Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարները դժգոհեցան, որ` «Հակառակ Եւրոպական Միութեան բազմաթիւ կոչերուն` դադրեցնելու անօրինական գործունէութիւնը Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածին մէջ, Թուրքիա շարունակեց իր հորատման աշխատանքները Կիպրոսի արեւմտեան մասը եւ սկսաւ երկրորդ հորատման աշխատանքը` Կիպրոսի հիւսիս-արեւելքը, կիպրական տարածքային ջուրերուն մէջ»:
Անգարայի իշխանութիւնները, թրքական յատուկ ամբարտաւանութեամբ, Եւրոպական Միութեան որոշումը «անպէտք» անուանեցին: Աւելի՛ն. Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց. «Մենք երեք նաւ ունինք Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածին մէջ, պիտի ղրկենք չորրորդը»:
Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարները զգուշացուցին, որ Թուրքիոյ նկատմամբ պիտի կիրարկուին լրացուցիչ պատժամիջոցներ, եթէ Թուրքիա չհրաժարի Կիպրոսի շուրջ ծաւալող անօրինական հորատման աշխատանքներէն:
Միեւնոյն ժամանակ, ամիսներու անվճռականութենէ ետք, նախագահ Թրամփ վերջապէս որոշեց արգիլել Թուրքիոյ` ձեռք բերել Միացեալ Նահանգներու նորագոյն Էֆ-35 հալածիչները, հակառակ անոր որ Թուրքիա արդէն վճարած էր մէկ միլիառ տոլար` 116 հալածիչ ստանալու համար եւ մասնակցած` օդանաւի որոշ մասերու արտադրութեան ծրագիրին, որուն դադրեցման պատճառով Թուրքիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութեան կը հասցուի մօտաւորապէս 10 միլիառ տոլարի վնաս:
Քանի մը առիթներով Թրամփ արդարացուցած է Թուրքիոյ կողմէ ռուսական Էս-400 հրթիռներու ձեռքբերումը` սխալմամբ մեղադրելով Օպամայի վարչակազմը, որ ամերիկեան «Փեթրիըթ» հրթիռները Թուրքիոյ ծախելու գաղափարէն հրաժարած էր: Իրականութեան մէջ Թուրքիան է, որ չէ ընդունած Միացեալ Նահանգներու առաջարկած վաճառքի պայմանները:
Միւս կողմէ` Թրամփ գովեստի շռայլ խօսքեր կ՛ըսէր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հասցէին այն պահուն, երբ ՕԹԱՆ-ի ղեկավարները, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը եւ ապահովութեան պաշտօնեաները նախազգուշացուցած էին Թրամփը, որ Թուրքիոյ Էֆ-35-ներու վաճառքը կրնայ վտանգել օդանաւերուն մասին գաղտնի համաձայնութիւնը եւ խախտել ՕԹԱՆ-ի զինական համակարգին հետ ռուսական հրթիռներու գործնական միացումը:
Հաշուի առնելով Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութեան ակնյայտ սպառնալիքները, կապուած Թուրքիոյ` ռուսական հրթիռներ ստացման հարցին, Թրամփ այլընտրանք չունէր, եթէ ոչ` չեղեալ համարել Էֆ-35 օդանաւերը Թուրքիոյ ծախելու համաձայնագիրը: Հակառակ պարագային, Թրամփ կը յայտնուէր ծիծաղելի իրավիճակի մը մէջ` կիրարկելով «Առաջինը Թուրքիան», այլ ոչ թէ իր սիրելի` «Առաջինը Ամերիկան» կարգախօսը:
17 յուլիսին Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ «Էֆ-35»-ը չի կրնար տեղ գտնել ռուսական հետախուզական տուեալներու հաւաքագրման ծրագրին մէջ, որ կ՛օգտագործուի Ռուսիոյ նորագոյն կարելիութիւնները հասկնալու համար»: Կը նշուէր, որ Թուրքիոյ կողմէ ռուսական Էս-400 հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի ձեռքբերման որոշումը անկարելի կը դարձնէ անոր հետագայ մասնակցութիւնը Էֆ-35 հալածիչներու համատեղ ծրագրին:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի` գնումներու եւ կայուն զարգացման հարցերով տեղակալ Էլեն Լորտ յայտարարած է. «Ամերիկան եւ Էֆ-35-ի գծով գործընկերները համաձայն են կասեցնելու Թուրքիոյ մասնակցութիւնը այս ծրագրին, ինչպէս նաեւ` Թուրքիան այդ ծրագրէն պաշտօնապէս հեռացնելու համար յատուկ գործընթացի մը նախաձեռնելու որոշումին»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր ամբարտաւանի սովորական ոճով զգուշացուցած է Միացեալ Նահանգները, որ եթէ վերջինս պատժամիջոցներ կիրարկէ Թուրքիոյ դէմ, ապա իր երկիրը վրէժխնդիր կ՛ըլլայ իր սեփական պատժամիջոցներուն փաթեթովը` ընդդէմ Միացեալ Նահանգներու: Եկէք` տեսնենք, թէ արդեօք Թուրքիա իր բարձրակոչ յայտարարութիւններէն բացի` կ՛իրականացնէ՞ իր սպառնալիքները: Ակնյայտ է, որ Ամերիկայի տնտեսական պատժամիջոցները կրնան յանգեցնել Թուրքիոյ փխրուն տնտեսութեան ամբողջական փլուզման:
Նախագահ Թրամփ, որ շատ յաճախ կ՛անտեսէ Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերը` գործարարական շահութաբեր համաձայնութիւններու հաշուոյն, յայտարարած էր, որ Թուրքիա կը փափաքի գնել միլիառաւոր տոլարներ արժողութեամբ Էֆ-35 հալածիչներ: Ըստ սովորութեան, Թրամփ չափազանցած է թիւերը: Իրականութիւնը այն է, որ Թուրքիա կը ծրագրէր ծախսել միայն մէկ միլիառ տոլար` Էֆ-35 օդանաւեր ստանալու համար, այլ ոչ թէ` միլիառներ: Ասկէ զատ, կարգ մը երկիրներ, որոնց շարքին` Հոլանտա, Իսրայէլ եւ Ծոցի երկիրներէն մէկը, արդէն նշած են, որ լրացուցիչ հալածիչներ ստանալու միջոցով փոխհատուցում պիտի կատարեն` Թուրքիոյ կողմէ ձեռք չբերուած հալածիչներու դիմաց:
Այսուամենայնիւ, Էֆ-35 հալածիչներու թրքական ձեռքբերման արգիլումը միակ պատժամիջոցը չէ, որ կրնայ կիրարկուիլ Թուրքիոյ դէմ: Թրամփ 2017-ին ստորագրած է «Պատժամիջոցներու միջոցով Ամերիկայի հակառակորդներուն հակազդելու մասին» օրէնքը (CAATSA): Ան պարտաւոր է այս օրէնքով պատժամիջոցներ կիրարկել Թուրքիոյ դէմ` Ռուսիայէն հրթիռներ գնելուն պատճառով: Նման որոշում մը կախուած չէ Թրամփէն: Այսուհանդերձ, «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ը 21 յուլիսին հաղորդած է, որ Թրամփ դէմ է Թուրքիոյ նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրարկելու հարցին: Նախագահը այս շաբաթ կը նախատեսէ տեսակցիլ խումբ մը ծերակուտականներու հետ եւ քննարկել Թուրքիոյ դէմ հնարաւոր պատժամիջոցները, քանի որ օրէնսդիրներու կողմէ ճնշում կը գործադրուի Անգարան պատժելու համար: Թրամփ ունի երեք տարբերակ. առաջին` խուսափիլ որեւէ պատժամիջոցէ, երկրորդ` յետաձգել պատժամիջոցները, եւ երրորդ` առաջարկել պատժամիջոցներու աւելի մեղմ տարբերակ: Ամենայն հաւանականութեամբ, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը պատժամիջոցներ կը կիրարկէ Թուրքիոյ դէմ, եթէ նախագահը նման բան չընէ…
Նոյնիսկ առանց պատժամիջոցներու` Թուրքիա արդէն վնաս կրած է միլիոնաւոր տոլարներու բացասական գովազդէն: Անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու շարք մը մեծ հրատարակութիւններ խմբագրականներ գրեցին` հարցականի տակ դնելով Թուրքիոյ անդամակցութիւնը ՕԹԱՆ-ին:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի խմբագրութիւնը գրեց. «Միացեալ Նահանգներ եւ ՕԹԱՆ այժմ այլընտրանք չունին` բացի վերանայելէ, թէ արդեօ՞ք Թուրքիա կը շարունակէ մնալ իբրեւ դաշինքի անդամ»:
«Պլումպըրկ» հրապարակեց խմբագրական մը` «Թուրքիան կը լքէ Արեւմուտքը: Երթա՛ս բարով» վերնագիրով:
Ճետ Պապպին «Ուաշինկթըն Թայմզ» թերթին մէջ խմբագրական յօդուած գրեց` «Թուրքիան վռնտեցէ՛ք ՕԹԱՆ-էն» վերնագիրով:
Անցնող իւրաքանչիւր օրուան հետ Թուրքիա աւելի ու աւելի կը հեռանայ ՕԹԱՆ-էն` յօգուտ Ռուսիոյ: Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներու համադրումը մահացու կ՛ըլլայ Թուրքիոյ տնտեսութեան եւ ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան համար…
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ