Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Նոր Ոճ

$
0
0

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Վերջին երկու տարիներուն սփիւռքի եւ Հայաստանի մամուլէն, տպագիր եւ առցանց, հաւաքած եմ անուանացանկերը բոլոր այն անհատներուն, որոնք ուղղակի Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներ ու նուիրատուութիւններ կատարած են:

Բաւական մեծ թիւով սփիւռքահայեր, մանաւանդ` Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն եւ Ռուսիայէն, տարբեր ծրագիրներու իրենց նիւթական օժանդակութիւնը բերած են:

Այս երեւոյթը ուրախալի եւ քաջալերական ըլլալով մէկտեղ` յստակ ընթացք մը կայ, որ հայ բարերարը իր նուիրատուութիւնները սկսած է ընել ուղղակի իր միջոցով եւ ոչ թէ պետութեան կամ կրօնական կամ աւանդական կազմակերպութիւններու միջնորդութեամբ:

Այսօր ձեզի կրնամ նշել հարիւրաւոր բարերարներու անուններ, որոնք իրենք իրենց  միջոցներով Հայաստանի եւ Արցախի մէջ զանազան ծրագիրներ կը հովանաւորեն: Փաստօրէն նոր ոճ եւ քաղաքականութիւն մը ընթացք առած է բնականաբար, ամէն մարդ լուռ, ուրախ, սակայն ափսոսանքով կը հետեւի եղելութեան:

Անհատներ երբեմն կազմակերպութեան մը չափ, նոյնիսկ աւելի մեծ յանձնառութիւններ կը ստանձնեն, եւ կը զարմանանք, որ այդ բարերարները այս կամ այն կրօնական կամ բարեսիրական, մշակութային, քաղաքական հոսանքին կը պատկանին, սակայն որոշած են անձնական նախաձեռնութեամբ օգտակար ըլլալ հայրենիքին:

Անշուշտ խօսքս միայն մարդասիրական, բնակարանային, կենցաղային եւ առողջապահական մարզերը չեն, ընդհակառակը, երկրագործական, տնտեսական, կրթական եւ այլ մարզերուն մէջ ալ անհատական նախաձեռնութիւնները նկատելի են:

Այո՛, կարեւորը Հայաստանին եւ Արցախին օգտակար ըլլալն է: Միջոցները, ձեւերը կը փոխուին: Սակայն հայ բարերարը անպայման իր պարտականութիւնը  կ՛ընէ, եթէ ճիշդ անձը գտնէ, եթէ վստահութիւն ներշնչող կառոյց մը ստանձնէ գործը, եթէ շարունակականութիւն ապահովող աշխատանք տեսնէ: Այս բոլորէն անկախ` կան հիմնադրամներ, որոնք կը փորձեն այդ կամուրջի դերը ստանձնել, սակայն անհատ բարերարներու ուղղակի ներդրումի ալիքը տարուէ տարի  բարձրանալու վրայ է:

Եզրակացնելով` ըսեմ, որ Հայաստանը ծով կարիքներ ունի զանազան մարզերու մէջ: Սփիւռքը Հայաստանի քարիւղն է: Ճիշդ կամրջումի եղանակը տակաւին չենք գտած: Այս ուղղութեամբ  լուրջ նախաձեռնութիւններ անհրաժեշտ են` երկարաշունչ, թափանցիկ եւ հեղինակաւոր անձերով:

Ուշ չէ: Հայաստանը բոլորիս պէտք ունի:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>