Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան Ժբ. Աւարտական Դասարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն

$
0
0

Հինգշաբթի, 4 յուլիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի ներկայացուցիչ Նարեկ Աւագ քհնյ. Հեճինեանի, Հայկական երեսփոխանաան պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի, քաղաքական կուսակցութիւններու, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, հայկական վարժարաններու տնօրէններու, Ճեմարանի ծնողներուն, շրջանաւարտներուն, դպրոցի բարեկամներուն, անձնակազմին, տնօրէնութեան, խնամակալութեան ու Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք հանդէսը սկսաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն մանկապարտէզի հանդէսին, ապա 2018-2019 տարեշրջանի նկարներուն ցուցադրութեամբ, որուն յաջորդեց շրջանաւարտներուն հանդիսաւոր մուտքը սրահ:

ԺԱ. դասարանին կողմէ  Ռուբէն Խաչատուրեան ողջերթի ուղերձով անդրադարձաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ իրենց ապրած յիշատակելի օրերուն, ապա յաջողութիւն եւ բարի երթ մաղթեց անոնց: Այնուհետեւ յայտագիրը ընթացաւ շրջանաւարտներուն հրաժեշտի խօսքերուն եւ գեղարուեստական բաժինի համադրական ներկայացումով: Մնաս բարովի իրենց խօսքերէն կարդացին` Կալի Միսիրեան, Նարօտ Մերտխանեան, Լէա Խաչատուրեան, Լեւոն Գալայճեան, Վանայ Պաքալեան եւ Նարեկ Մեսրոպեան: Կայէլ Գրիգորեան քանոնով, Նարեկ Մեսրոպեան կիթառով եւ Կարօ Գրիգորեան դաշնամուրով նուագեցին կոմիտասեան երգերու շարք մը, ապա Շարլ Ազնաւուրի «Լա պոէմը»` Վագօ Հաշէօլեան սրինգով եւ Կարօ Գրիգորեան դաշնամուրով: Նուագներուն յաջորդեց Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններու աշակերտներուն վրացական պարը, որմէ ետք աւարտական դասարանէն խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն»-էն «Ղօղանջ թաղման եւ յարութեան»:

Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան բեմ բարձրացաւ մրցանակաբաշխութեան համար: Կալի Միսիրեան եւ Լէա Խաչատուրեան արժանացան աւարտական դասարանի բարձրագոյն միջին ապահովողի «Մարք Արտալճեան» եւ աւարտական դասարանի ուսողութեան լաւագոյն միջին ապահովողի «Զաւէն Գույումճեան» մրցանակներուն:Աւարտական դասարաններու գիտական նիւթերու բարձրագոյն միջին ապահովողի «Կարօ Գաբլանեան» մրցանակը ստացաւ Կալի Միսիրեան: Աւարտական դասարաններու մէջ հայերէնագիտական լաւագոյն միջին ապահովողի «Սօսի յիշատակի ֆոնտ»-ի մրցանակներուն արժանացան գրական բաժինէն` Պեթի Փաչանեան, իսկ գիտական բաժինէն` Կալի Միսիրեան: Գերազանց արդիւնքներ ապահովող ու միաժամանակ հասարակական գործունէութիւն ունեցողի «Արշաւիր Յովսէփեան» մրցանակները ստացան գրական բաժինէն` Վանայ Պաքալեան եւ Մարի-Քրիսթել Աճեմեան, գիտական բաժինէն` Նարեկ Մեսրոպեան եւ Նարօտ Մերտխանեան: «Ջահակիր»-ի պատրաստութեան լաւագոյն մասնակցութեան «Վիգէն Զաքարեան» մրցանակին արժանացան Մարի-Քրիսթել Աճեմեան եւ Նարօտ Մերտխանեան: Երկրորդական դասարաններու մէջ հայերէնագիտական նիւթերու բարձրագոյն միջին ապահովողի Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ տրամադրուած Ֆորումի մասնակցութեան մրցանակին արժանացան Կալի Միսիրեան եւ Նարօտ Մերտխանեան: Թ. դասարանի արաբերէնի լաւագոյն միջին ապահովողի «Սօսէ Սեփեթճեան» մրցանակը ստացաւ Վառակ-Նարեկ Մանուկեան: Է. դասարանի ֆրանսերէնի լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Արտա Պեքերեճեան» մրցանակին արժանացաւ Լոռի Մխճեան: Նախակրթարանի մէջ հայերէնագիտական նիւթերու լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Սօսի Մաւիսաքալեան» մրցանակը ստացաւ Ժուլիանա Թրթռեան: Տիպար մարզիկի եւ տիպար մարզիկուհիի «Վարդգէս եւ Լուսին Ծատուրեան» մրցանակները ստացան Հրակ Թորոսեան եւ Էնճըլա Պուժիքեան: ԺԲ. դասարանի ծառայասէր ու խանդավառ աշակերտի «Վիգէն Աղասարգիսեան» մրցանակին արժանացաւ Հրանդ Գալեմքերեան:

Մրցանակաբաշխութենէն ետք  Փաուլա Եղիայեան արտասանեց տնօրէնութեան խօսքը, որուն մէջ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ այս տարի համայն հայութիւնը կը նշէ Կոմիտաս վարդապետին, Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանին եւ Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ հայ կրթութեան ջահակիր Հայ Ճեմարանի հիմնադիրներէն Լեւոն Շանթին ծննդեան 150-ամեակը` նշելով, որ կոմիտասեան «Կաքաւիկ»-ի եւ «Կռունկ»-ի երաժշտութեամբ հասակ առած, Թումանեանի «Կաթիլ մը մեղր»-ով սնած եւ Շանթի մանկավարժական սկզբունքներով դաստիարակուած Ճեմարանաւարտներու մեծ ընտանիքին այսօր կը միանան 30 նոր շրջանաւարտներ:

«Երիտասարդուհիներ եւ երիտասարդներ, որոնք, թէեւ այսօր ֆիզիքապէս կը բաժնուին իրենց դպրոցէն, սակայն վստահ ենք, որ իրենց հոգիներուն մէջ պիտի պահեն Ճեմարանի յատուկ հայաբոյր ու մտերմիկ մթնոլորտը, պիտի առաջնորդուին Ճեմարանական ոգիով եւ ամուր կառչած պիտի մնան այն բոլոր սկզբունքներուն, որոնց հիման վրայ կազմաւորուեցան ու ծաղկեցան»: Ապա ան  ներկայացուց փակուող տարեշրջանին Ճեմարանի դպրոցական եւ արտադպրոցական աշխատանքները, աշակերտներուն իրագործումներն ու արձանագրած յաջողութիւնները, որոնց կարգին` յաջողութիւնը պըրըվէի պետական քննութիւններուն ներկայացած 25 աշակերտներէն 24-ին, որոնցմէ 9-ը արժանացած են յիշատակութիւններու, իսկ աւարտական դասարանի Ֆրանսական պաքալորէայի քննութիւններուն ներկայացած 30 աշակերտներուն ամբողջական յաջողութիւնն ու 30-էն 20-ին յիշատակութիւններու ստանալը:  Իր խօսքին մէջ ան յատուկ տեղ տուաւ այս տարեշրջանին սկիզբը ծնունդ առած  «Րաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրին, որ այսօր կ՛ընդունի 3 ամսականէն 3 տարեկան 74 երեխաներ, որոնք կը վայելեն իրենց դաստիարակներուն գուրգուրանքն ու հոգատարութիւնը:

Փաուլա Եղիայեան նաեւ անդրադարձաւ Ճեմարանի դիմագրաւած նոր մարտահրաւէրներու: «2019-2020 տարեշրջանին Ճեմարանի երկրորդական բաժինի աշակերտները պիտի սկսին հետեւելու Ֆրանսական պաքալորէայի վերանայուած նոր ծրագիրին, որ իր այլազանութեամբ ու նորութիւններով վստահաբար նորանոր յաջողութիւններ պիտի ընծայէ մեր աշակերտներուն: Ինչ կը վերաբերի մեզ բոլորս յուզող լիբանանեան իրականութեան տնտեսական այս դժուար պայմաններուն, մենք յաճախ կը գտնուինք նիւթական նեղ կացութիւններու առջեւ: Այս առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնենք նախ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, եւ ապա` Ճեմարանի ծնողներուն ու բարեկամներուն, որոնք իրենց բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւններով միշտ մեր կողքին են, որովհետեւ բոլորս կը հաւատանք, որ 89 տարիներ առաջ հիմնուած այս կրթօճախը տակաւին շատ հայ երիտասարդներ պատրաստելու պատասխանատուութիւնը կը կրէ իր ուսերուն», ըսաւ տնօրէնը` շեշտելով, որ Ճեմարանը սոսկ դպրոցական հաստատութիւն մը չէ եղած. «Թէեւ այսօր չկան հայ մտքի ու մշակոյթի մեծանուն առաքեալներ Շանթն ու Աղբալեանը, սակայն կայ անոնց տեսլականը, կայ անոնց սկսած սրբազան գործը, կայ սերունդներ կերտող դարբնոցը, կայ 89 տարեկան, բայց երիտասարդ ու նոր նուաճումներու վճռական տրամադրութեամբ ոգեւորուած կանգուն Ճեմարանը, որ նոյն վճռակամութեամբ կը պատրաստուի 2019-2020 տարեշրջանին դիմաւորելու իր հիմնադրութեան 90-ամեակը: Կայ, կը գոյատեւէ ու կը բարգաւաճի Ճեմարանը` շնորհիւ հայ դպրոցին հաւատացող ու վստահող մեր ծնողներուն, ինչպէս նաեւ` շնորհիւ մեր աշակերտներուն ուղեկցող ու անոնց կազմաւորման համար շունչ ու եռանդ սպառող նուիրեալ ուսուցիչներուն. ձեր վարձքը կատար Ճեմարանի անձնակազմի անդամներ, ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր իւրայատուկ ներդրումը ունի ճեմարանի յաջողութիւններուն մէջ», եզրափակեց ան:

Վկայականներու բաշխումէն առաջ Փաուլա Եղիայեան խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն, շնորհաւորեց անոնց յաջողութիւնը, ծնողներուն եւ դաստիարակներուն կողմէ անոնց նկատմամբ ցուցաբերուած հոգատարութեան ու համբերութեան անդրադարձաւ եւ ըսաւ. «Սիրելի՛ շրջանաւարտներ, մի՛շտ եղէք լայնախոհ, ինքնավստահ, շրջահայեաց ու պարկեշտ, մի՛շտ մնացէք ազնիւ, անկեղծ, յարգալիր ու արդարամիտ, սորվեցէ՛ք լեզուներ, զա՛րկ տուէք ձեր գիտելիքներուն ու կարողութիւններուն եւ ձգտեցէ՛ք միշտ լաւագոյնին` ձեր ընտրած մասնագիտութիւններուն ու ասպարէզներուն մէջ, բայց մանաւանդ եղէ՛ք տէրն ու պաշտպանը`հայոց լեզուին, գրականութեան ու պատմութեան, հայ մշակոյթին ու աւանդութիւններուն, հայ դպրոցին ու Դատին- Խօսեցէ՛ք հայերէն, գրեցէ՛ք հայերէն եւ կազմեցէ՛ք հայ ընտանիքներ, եւ վերջապէս, եղէ՛ք «Մեր բոլորին ուխտավայր Ճեմարանի» հպարտ շրջանաւարտներ ու մանաւա՛նդ հպարտ հայեր: Բարի՛ երթ ու կանաչ ճանապարհ ձեր բոլորին»:

Իր խօսքէն ետք տնօրէնուհին բեմ հրաւիրեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը` մասնակցելու վկայականներու յանձնումին:

Շրջանաւարտի վկայականներ ստացան.

Գրական ճիւղէն` Աճեմեան Մարի-Քրիսթել, Պաքալեան Վանայ, Տէյիրմենճեան Սելին, Խաշոլեան Կալի, Քիւրքճեան Նարէ, Փաչանեան Պեթի, Զաքարեան Մեղրի, Չաթալեան Սեւակ, Գալեմքերեան Հրանդ, Թորոսեան Հրակ:

Գիտական ճիւղէն` Յակոբեան Փաթիլ, Աթթարեան Ռիթա, Պուժիքեան Էնճըլա, Տէր Խաչատուրեան Գալին, Խաչատուրեան Լէա, Մերտխանեան Նարօտ, Միսիրեան Կալի, Աւետիս Արի, Տեքերմենճեան Անթոնի, Գալայճեան Լեւոն, Գալեմքերեան Վարանդ, Գաբրիէլեան Աբրահամ-Անթոնի, Գարաճեան Երուանդ, Հաշէօլեան Վարդգէս-Վարագ, Գրիգորեան Կարօ, Մեսրոպեան Նարեկ, Միքայէլեան Սիմոն, Թաշճեան Կարօտ, Չաքրեան Վարագ-Կայծ, Եափուճեան Աւետիս:

Վկայականներու բաշխումէն ետք հանդիսութիւնը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով, որմէ ետք ներկաները շնորհաւորեցին շրջանաւարտները, եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>