ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Նախագահ Տանըլտ Թրամփ լուրջ սխալ մը գործելու եզրին է` վտանգի ենթարկելով Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի այլ անդամներու ապահովութիւնը, եթէ որոշէ պատժամիջոցներ չկիրարկել Թուրքիոյ դէմ` ռուսական Ս-400 հրթիռները ձեռք բերելուն համար. հրթիռներ, որոնք անհամատեղելի են ՕԹԱՆ-ի զինական համակարգին հետ եւ կը բացայայտեն ամերիկեան օդուժի նորագոյն Էֆ-35 հալածիչներու գործողութեան գաղտնիքները:
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը երեք բանաձեւ ընդունած է նախազգուշացնելով Թուրքիան` չգնել ռուսական հիթիռները, նաեւ սպառնացած է Թուրքիոյ` արգիլել Էֆ-35 հալածիչներու վաճառքը: Աւելի՛ն. արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ եւ ազգային անվտանգութեան պաշտօնեաները հրապարակայնօրէն յայտարարած են, որ Միացեալ Նահանգներ խիստ պատժամիջոցներ կը կիրարկեն Թուրքիոյ դէմ` ռուսական հրթիռներու ձեռքբերման համար: Թրամփ, ըլլալով անվճռական մարդ եւ սէր տածելով բռնապետներու եւ յատկապէս Թուրքիոյ բռնակալ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նկատմամբ, իր ամէնէն գլխաւոր խորհրդականներն ու Քոնկրեսի մեծամասնութիւնը անտեսելու եզրին է` թոյլ տալով Թուրքիոյ, որ խախտէ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներու մասին օրէնքը:
29 յունիս 2019-ին, երբ G-20-ի երկիրներու ղեկավարները հաւաքուեցան Ճափոնի Օսաքա քաղաքին մէջ, Էրտողան վերջին հնարաւորութիւն մը ունէր համոզելու Թրամփը, որ չպատժէ Թուրքիան հրթիռներու ձեռքբերման համար:
Ստորեւ հատուածներ` Թրամփի խիստ մտահոգիչ յայտարարութիւններէն, զորս ան կատարած է Էրտողանի հետ տեսակցութեան ընթացքին, լրագրողներու ներկայութեամբ:
Նախագահ Թրամփ. «… Ինծի համար մեծ պատիւ է ըլլալ ընկերոջս հետ, մարդու մը հետ, որուն հետ շատ մտերիմ եղած եմ բազմաթիւ առումներով, ան շատ լաւ աշխատանք կ՛ընէ, Թուրքիոյ նախագահն է: Եւ մեր հանդիպումը հիմնականին մէջ կապուած է առեւտուրի հետ: Մենք հետզհետէ աւելի շատ գործարք կ՛ընենք եւ կ՛ակնկալենք, որ կարելի կ՛ըլլայ քառապատկել այս գործարքին ծաւալները Թուրքիոյ հետ: Մենք կը կարծենք, որ ասիկա հոյակապ կ՛ըլլայ: Անոնք (թուրքերը) հմուտ վարպետներ են եւ հոյակապ արտադրանք ունին: Եւ մենք կը բացայայտենք այդ: Մենք նաեւ ռազմական արտադրանքի առեւտուր կ՛ընենք, անոնք բաւական շատ կը գնեն մեր ռազմական սարքաւորումներէն: Եւ ինծի համար մեծ պատիւ է ըլլալ ձեզի հետ, պարո՛ն նախագահ»:
Այնուհետեւ, մատնացոյց ընելով սենեակին մէջ գտնուող Էրտողանի շքախումբը, Թրամփ ըսաւ. «Նայեցէք այս մարդոց, որքան լաւ են անոնք: Նայեցէք անոնց: Այնքան դիւրին է անոնց հետ բանակցիլ: Նայեցէք անոնց: Հիմնական դերասաններ: Հոլիվուտեան շրջանակներուն մէջ անոնց պէս մարդիկ չեն պատրաստուիր»:
Էրտողան պատասխանեց. «Պարո՛ն նախագահ, նախ կ՛ուզեմ յայտնել, որ մեզի համար շատ կարեւոր է միասին ըլլալը Օսաքայի վեհաժողովին: Եւ մենք այժմ նպատակ ունինք հասնելու 75 միլիառ տոլարնոց առեւտուրի մակարդակի: Շատ քայլեր կան, զորս մենք պէտք է առնենք պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ, բայց աւելի կարեւորը այն է, որ մենք ունինք ռազմավարական գործընկերութիւն: Իսկ ռազմավարական գործընկերութիւնը նաեւ մեզ կը խրախուսէ, որ համերաշխութիւն ստեղծենք բազմաթիւ ոլորտներու մէջ, եւ ես լիովին համոզուած եմ, որ մեր համերաշխութիւնը կը շարունակուի ռազմավարական գործընկերութեան շրջանակներու մէջ»:
Այս ներածական ելոյթներէն ետք Թրամփ պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն:
Լրագրող. «Պարո՛ն նախագահ, ի՞նչ պիտի ընէք Ս-400-ներու հետ: Միացեալ Նահանգներ պատժամիջոցներ կիրարկելու կը պատրաստուի՞ն, եթէ Թուրքիա ձեռք բերէ զանոնք»:
Թրամփ. «Դե՛հ, մենք կը քննարկենք ատիկա: Բարդ իրավիճակի մէջ կը գտնուինք, քանի որ նախագահին թոյլ չէ տրուած գնել «Փեթրիոթ» հրթիռներ: Հետեւաբար, երբ ան գնած է միւսները` Ս-200-ներ կամ 400-ներ, երբ ան գնած է զանոնք, ուրեմն ուզած է գնել, սակայն Օպամայի վարչակազմը թոյլ չէ տուած գնելու, մինչեւ որ ան գործարք կնքած է ուրիշ հրթիռներ ձեռք ձգելու համար: Այսպիսով, ան կը գնէ ուրիշ հրթիռ, իսկ յետոյ անոնք յանկարծ կ՛ըսեն իրեն` «Հիմա դուք կրնաք գնել մեր հրթիռը»: Դուն չես կրնար նման բան ընել: Սա լաւ բան չէ, լաւ չէ»:
Լրագրող. «Արդեօք սա կը նշանակէ՞, որ կարելի է, այնպէս որ, կրնաք…»:
Թրամփ. «Մենք կը փնտռենք տարբեր լուծումներ: Այդ խնդիր է, ատոր մասին հարց չկայ: Մենք կը փնտռենք տարբեր լուծումներ: Բայց անոր արգիլուած էր գնել, մինչեւ որ ըսաւ, որ ուրիշ բան կը գնէ: Իսկ յետոյ, երբ ան ուրիշ բան գնէ, բոլորը կ՛ըսեն` «Լա՛ւ, դուք կրնաք ատիկա գնել: Չէք կրնար ասանկ գործ ընել: Թուրքիա եղած է մեր ընկերը, եւ անոնք ըրած են, մենք միասին մեծ բաներ ըրած ենք: Մենք առեւտրական մեծ գործընկերներ ենք: Մենք աւելի մեծնալու կը պատրաստուինք: Կը կարծեմ, որ 75 միլիառը քիչ է: Կը կարծեմ, որ անիկա շուտով կ՛ըլլայ աւելի քան 100 միլիառ տոլար: Դուք չէք կրնար մարդոց հետ վարուիլ այնպէս, ինչպէս որ Օպամայի վարչակազմը կ՛ուզէր ընել…»:
Լրագրող. «Միացեալ Նահանգներ արդեօք պատժամիջոցներ կը կիրարկե՞ն Թուրքիոյ դէմ` Ս-400 ունենալուն համար»:
Թրամփ. «Մենք կը հետեւինք ատոր: Բայց ատիկա երկիմաստ, ատիկա երկկողմանի փողոց է: Անոնք չեն ծախած նախագահին, անոր թոյլ չեն տուած գնել հրթիռը, զոր ան ուզած է գնել, որ «Փեթրիոթ»-ն էր: Իսկ յետոյ, երբ ան գնեց ուրիշէն, ըսաւ. «Հիմա մե՛նք ձեզի կը ծախենք «Փեթրիոթը»: Այնպէս որ, ես պէտք է ձեզի ըսեմ` ան ՕԹԱՆ-ի անդամ է, անոր հետ ես ընկերացած եմ: Պէտք է արդարացի վերաբերիք մարդոց հետ: Դուք կը հասկնաք ատիկա: Դուք պէտք է արդարացի վերաբերիք մարդոց հետ: Եւ ես չեմ կարծեր, որ անոր հետ արդարացի վարուեցան: Չեմ կարծեր, որ անոր հետ արդարացի վարուեցան»:
Լրագրող. «Գնդակը ձեր դաշտն է, պարո՛ն նախագահ: Դուք կ՛ընէ՞ք: Դո՛ւք էք որոշում կայացնողը: Պատժամիջոցներ կը կիրարկէ՞ք»:
Թրամփ. «Լա՛ւ, կը տեսնուինք պանդոկը, ժամը 3:30-ին…»:
Լրագրող. «Պարո՛ն նախագահ, դուք կը պատրաստուի՞ք Թուրքիա երթալու յուլիսին: Դուք յուլիսին պիտի երթա՞ք Թուրքիա, պարո՛ն նախագահ: Ե՞րբ պիտի երթաք Թուրքիա»:
Թրամփ. «Առիթով մը կ՛երթամ Թուրքիա: Զիս հրաւիրած են, եւ ես կ՛երթամ Թուրքիա, այո՛»:
Լրագրող. «Ա՞յս տարի, պարո՛ն նախագահ: Ա՞յս տարի կ՛երթաք Թուրքիա: Յուլիսի՞ն կ՛երթաք»:
Թրամփ. «Մենք թուական չենք ճշդած»:
Ապշեցուցիչ է, որ Թրամփ կողմնակից է թուրք ղեկավարին` ընդդէմ նախկին նախագահ Օպամայի, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին եւ իր երկրի ազգային անվտանգութեան պաշտօնեաներուն: Երկրորդ` սուտ է այն, որ նախագահ Օպամա մերժած է Թուրքիոյ ծախել ամերիկեան «Փեթրիոթ» հրթիռները: Թուրքիան չէ ընդունած վաճառքի պայմանները:
Ինչպէս որ իր որոշումներէն շատերուն պարագային, Թրամփ կարծես թէ իր անձնական շահերը, քանի մը միլիոն տոլարի եկամուտ` Պոլսոյ մէջ Թրամփի երկու շէնքերուն վրայ իր անունը ունենալու համար, վեր կը դասէ Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերէն: Հապա ինչո՞ւ ան բազմիցս կը գովաբանէր բռնապետ եւ մարդու իրաւունքներու գլխաւոր ոտնահարող Էրտողանը:
Այս յօդուածը գրելու պահուն ռուսական հրթիռները արդէն ճամբայ ելած էին դէպի Թուրքիա: Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ Թրամփին վերջնական որոշումը պատժամիջոցներու վերաբերեալ: Արդեօք ան վտանգի կ՛ենթարկէ՞ ՕԹԱՆ-ի եւ Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերը` պարզապէս Էրտողանը գոհացնելու համար: Եթէ ան այդպէս վարուի, յոյսով եմ, որ ոչ մէկ ամերիկահայ կամ ուրիշ ոչ ոք կը քուէարկէ յօգուտ Թրամփի, 2020 թուականին…
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ