Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

«Հմայիչ Հայաստանը Պիքֆայայի Մէջ» Երկօրեայ Փառատօնը

$
0
0

Շաբաթ, 13 եւ կիրակի 14 յուլիսին Պիքֆայայի քաղաքապետարանի հանրային պարտէզին մէջ երեկոյեան ժամը 5:00-էն 10:00-ը տեղի պիտի ունենայ «Հմայիչ Հայաստանը Պիքֆայայի մէջ» փառատօնը` կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Վահէ Գալինճեանին եւ գործակցութեամբ Պիքֆայայի քաղաքապետարանին: Այս ձեռնարկին նպատակն է հայկական մշակոյթը իր բոլոր երեսներով ներկայացնել լիբանանեան եւ հայ հասարակութեան:

Հայաստանէն ժամանած պատուիրակութեան մաս կը կազմեն «Ժողովրդական արուեստի հանգոյց» կրթամշակութային հիմնադրամը` հայկական գորգերու  ցուցադրութեամբ ու վարպետութեան դասերով, «Գորիսի կանանց զարգացման ռեսուրս կեդրոն հիմնադրամը»` Գորիս քաղաքի բնական բուրդէ պատրաստուած գորգերու, ինչպէս նաեւ այլ ձեռագործ իրերու ու խաղալիքներու ցուցահանդէսով ու վարպետութեան դասով, «ԱրմՌութ» ապրանքանիշը` հայկական ճարտարապետութեան ու ուրարտական արուեստի նիւթերով պատրաստուած արծաթեայ զարդերու ցուցադրութեամբ, «Արփի Աւդալեան» ապրանքանիշը` ասեղնագործերու ու համանուն զարդերու ցուցադրութեամբ, «Մուրադեան» ապրանքանիշը` հայկական ասեղնագործութենէն ներշնչուած զարդերու ու հագուստի ցուցադրութեամբ, ինչպէս նաեւ խումբին կ՛ուղեկցին եւ ելոյթ պիտի ունենան տաղանդաւոր երիտասարդ երաժիշտներ Արփինէ Տորոզեանը տուտուկի ու Սուսաննա Մանասերեանը քանոնի երաժշտական կատարումներու նուագակցութեամբ:

Փառատօնին առաջին օրը` շաբաթ, որպէս հիւրասիրութիւն, բոլոր ներկաներուն պիտի հրամցուին հայկական անուշեղէններու տեսակներ, ղափամայ եւ հայկական քոնեաք, իսկ երկրորդ օրը` աւանդական ճինկալով հաց:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles