Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Տհուր Շուէրի Մէջ Հայկական Երեկոյ

$
0
0

Հայեր միշտ ալ նախասիրութիւն ունեցած են ամառնային հանգիստը անցընել Տհուր Շուէրի, Մրուժի եւ Պոլոնիայի մէջ: Այս առումով ալ Տհուր Շուէրի քաղաքապետարանը առաջարկած է, որ իր հրապարակին վրայ հայ մշակոյթի օր մը կազմակերպել, որպէսզի կարելի ըլլայ վերականգնել անցեալի օրերու յիշողութիւնը: Այս մասին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի  խորհուրդի անդամներ Յովիկ Գարապաճաքեանը եւ Դաւիթ Գազանճեանը ըսին, որ այս երեւոյթը առիթ է հաստատելու հայերու խաղաղ համակեցութեան եւ բարիդրացիական յարաբերութեան մշակումը բոլոր ժամանակներուն ալ:

Հայկական երեկոն տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 13 յուլիս 2019-ին, երեկոյեան 8:00-էն սկսեալ: Յայտագիրը պիտի բաղկանայ երկու բաժինէ. գեղարուեստական առաջին բաժինով հանդէս պիտի գան Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները` երգով, պարով, նուագով, իսկ երկրորդ բաժինով պիտի տեղադրուին հայկական ճաշատեսակներու կրպակներ` անհատական կամ ընկերութիւններու եւ միութիւններու պատրաստութեամբ: Իրենց կարգին,  երգիչներ ալ պիտի ճոխացնեն մթնոլորտը:

Անոնք  յայտնեցին նաեւ, որ հայկական եւ տեղական հաստատութիւններ եւ ընկերութիւններուն մեծ մասը պատրաստակամութիւն ցուցաբերած են հովանաւորելու հայ մշակոյթին նուիրուած այս երեկոն, որ տեղի պիտի ունենայ ժողովրդային ջերմիկ մթնոլորտի մէջ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>