Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Իրաւ Եւ Աչքերէ Հեռու Չգրանցուած Հինգ Մանուկներու Հայաստանը

$
0
0

Հայաստանի Հեռատեսիլի «Կենտրոն» Կայանի Հաղորդումէն Թելադրուած

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

«Երբ մանուկը մեզի կը նայի, կը զգանք, որ Աստուած մեզ կը պեղէ,
Երբ ան կու լայ, կը լսեմ, որ որոտումը կը դղրդայ..»
ՎԻՔԹՈՐ ՀԻՒԿՕ*

Ա.- Հակազդեցութիւն

Խորագիրը կրնայ ենթադրել տալ, որ խոստացուած, իրականացած եւ չիրականացած հրաշքներու մասին պիտի խօսիմ: Անոնք այս էջերու առարկան չեն:

Հեռատեսիլէն սփռեցին ոչ քարոզչական ընդվզեցուցիչ պատկերներ, որոնք կը բաւէին, որպէսզի հին եւ նոր իշխանութիւնները տուն ճամբուէին:

Երէկի քննադատուած եւ այսօրուան սիրոյ եւ համերաշխութեան նոր Հայաստանի մէջ Մանհաթթան դարձող մայրաքաղաքին կից գիւղի մը մէջ խաղատուներէն եւ պերճ հիւրանոցներէն չտեսնուող մարդիկ եւ տուներ կան, կան եւ կ’ապրին չգրանցուած հինգ մանուկներ, հինգ քոյր-եղբայրներ, որոնք գրանցուած չըլլալով` դպրոց չեն երթար, որոնք այնքան ճակատագրապաշտ են իրենց մատղաշ տարիքին, որ չեն բողոքեր, երբ անօթի կը պառկին:

Գիւղ է, եւ յաճախ կ’ըսուի, որ գիւղին մէջ փոխօգնութիւնը աւանդութիւն է: Այս հինգ քոյր-եղբայրները կ’ըսեն, որ իրենց տունը մարդ չի գար:

Ի՜նչ իմաստ ունի խօսիլ երկրի բնակեցման մասին, երբ կան դպրոցէ զրկուած եւ անօթի հինգ մանուկներ: Անօթութիւնը չի յաղթահարուիր մատաղի եւ Զատկուան հացով: Եւ` ճառով:

Չգրանցուած` հինգ հայ արեւանման մանուկներ, որոնք Հայաստանի բնակչութեան թիւին մէջ չեն հաշուառուած: Չկա՛ն:

Ինչպէ՞ս նման դէպք կրնայ պատահիլ արդիական Հայաստանի մէջ, ուր կեանքի բոլոր ոլորտները կը գտնուին համակարգիչներու մէջ:

Ինչ որ պատկերասփռեց «Էպիկենտրոն» կայանը,  ամբաստանագիր էր` ուղղուած ընկերային հարցերու, կրթութեան, ազգային անվտանգութեան նախարարութիւններուն, հիմնադրամներուն, վարչապետին, նախագահին, կրօնապետներուն, եկեղեցաշէններուն եւ հաղորդումը լսողներուն: Կարելի է երկարել շարքը:

Հինգ հայ մանուկներ կ’ապրին Հայաստանի գիւղին մէջ, մայրաքաղաքին դրկից, բայց ցանկերուն վրայ չկան, այդ պատճառով ալ դպրոց չեն երթար, կուշտ չեն: Լուսնի վրայ ապրողներ: Հայաստանեան գիւղի` այլամոլորակայիններ: Կ’ըսեն, որ իրենց հայրը «չոբան» է, եւ մայրը կով կը կթէ:

«Ռոզա Ծառուկեան բարեսիրական հաստատութեան» նուէրները բերած էր քահանայ մը:

Պոլսահայ երգչուհի Սիպիլին նամակ գրած էր տան աղջնակը, գրած էր իր տատիկը, եւ Սիպիլ եկած էր զիրենք տեսնելու: Իր կեանքին մէջ առաջին անգամն ալ ըլլալով աղջնակը գիւղէն ելած էր, Երեւան տարուած եւ` «պիցցա» կերած…

Քահանան եւ երգչուհին նուէրներ բերած էին:

Այդ չգրանցուած հինգ մանուկները դպրոցի պէտք ունին:

Կրթութիւնը քաղաքացիին իրաւունքն է:

Այդ իրաւունքը խլուած է այդ հինգ քոյր-եղբայր մանուկներէն:

Ընտանիքը անդադար բնակարան կը փոխէ, որովհետեւ վարձքը չի կրնար վճարել…

Ո՞ւր են ընկերային ծառայողները (social worker)… Հայաստանի եւ սփիւռքի բարեսիրական կազմակերպութիւնները եւ բարեսէրները, «էլիտար» բնակարաններու բնակիչները, գեղագիտական հաստատութիւններու կուշտ յաճախորդները, խաղատուներու բախտ որոնողները, Դուբայի, Նիցցայի, Էյֆելեան աշտարակի, Սէյշելեան կղզիներու տուրիստները…

Ուզեցի գիւղ երթալ եւ գտնել չգրանցուած հինգ մանուկները…

Ինչո՞ւ մամուլը չի հետախուզեր այս կացութիւնը, որ բացառութիւն ըլլալու չէ:

Ո՞վ պատասխանատուութեան պիտի կանչէ գիւղապետը: Ան կրնա՞յ անտեղեակ ըլլալ գիւղի նեղ սահմաններուն մէջ տեղի ունեցող ողբերգութենէն, նաեւ` մարզպետը, մարզի պատգամաւորը, մինչեւ` նախարար, վարչապետ եւ նախագահ…

Հարցում էր` մեր ազգի «գենեֆոնդ»-ի պաշտպանութեան մտահոգութեամբ:

Հեռատեսիլը սփռեց տխրութեան պատկերները: Յաջորդ օր կրկին սփռեց: Տեսնողները հաւանօրէն յուզուեցան:

Յետո՞յ… Թէժ գիծով հեռաձայնող եղա՞ւ…

Հաղորդումը դիտողները տեսան, որ մայրը, ինչպէս թռչունը իր ձագերը կը կերակրէ իր կտուցով, այդպէս կը կերակրէր չգրանցուած քոյր-եղբայրները` նոյն դգալով, նոյն պնակէն, մէկ առ մէկ, հերթով…

Ո՞ր դարը կ’ապրինք, ո՞ւր կ’ապրինք:

Չենք կրնար արդարանալ` ըսելով, որ տեղեակ չէինք, ըլլանք շարքային քաղաքացի, կուսակցական, գիւղապետ, մարզպետ, պատգամաւոր, վարչապետ, նախագահ, բազմագոյն միութիւնները եւ հիմնադրամներ…

Երեւանէն կէս ժամ հեռու գիւղի մը մէջ կան չգրանցուած հինգ հայ մանուկներ, դպրոցազուրկ եւ սոված…

Այդ բանաստեղծական անունով գիւղը ուզեցի երթալ` հետախուզական մամուլի սկզբունքին անսալով, որպէսզի ճշմարտութիւնը եւ իրականութիւնը անշպար ներկայացուի: Այդ եթէ ընեն լրագրողները, թերեւս երկիրը յուզող դատերուն եւ սահմանադրական յօդուածներուն կու տանք մարդկային եւ բարոյական իրաւութիւն` իմաստասէրին պէս ըսելով, որ ուրիշին իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է: Այդ ուրիշը, ուրիշները հինգ քոյր-եղբայրներն են, որոնց երէցը եօթը տարեկան է…

Գտնել այդ չգրանցուած, անօթի պառկող, դպրոցէ զրկուած, այցելու չունեցող եւ մօտակայ Երեւանը չտեսած հինգ քոյր-եղբայրները, որոնք չկան Հայաստանի բնակչութեան ցանկերուն վրայ, գրել, խօսիլ, դռներ բախել:

Յուզում եւ ընդվզում լայն կը բանան կրկնութիւններու դռները եւ` մեր աչքերը, եւ` հոգիի ու խիղճի դռները:

Լռելը մեղանչում է: Կրկնելը եւ մրճահարելը շատախօսութիւն չէ, խիղճի հարց է:

Առասպել չէ: Երգչուհի Սիպիլ տուաւ գիւղին բանաստեղծական անունը:

25 յունիս 2019, Երեւան

* Quand l’enfant nous regarde, on sent Dieu nous sonder;
Quand il pleure, j’entends le tonnerre gronder.
Victor Hugo

Բ.- Հետախուզել Թշուառութիւնը

Պոլսահայ երգչուհի Սիպիլ տուած էր գիւղին անունը: Չուզեցի անմիջական հակազդեցութեամբ եւ զգացական վերաբերումով գոհանալ` գրելով այս յօդուածի առաջին մասը:

Երեք հոգիով, ազնիւ մամուլի ըմբռնումով, ձեռնարկեցինք հետախուզութեան: Ո՛չ անուն գիտէինք, ո՛չ ալ հասցէ ունէինք: Եւ այդպէս փնտռելով` գտանք Զովունի գիւղը:

Հոս ալ կանոնաւոր ճամբաներու եզրին նորակառոյց բնակարաններ կան: Ինչպէ՞ս գտնել հինգ չգրանցուած մանուկներու տունը, մանաւանդ որ անոնք յաճախ տուն կը փոխէին, որովհետեւ չէին կրնար վարձք վճարել: Հարցուցինք շինանիւթ վաճառողին, հարցուցինք ճաշարանի մը աշխատաւորին: Ըսին, որ դպրոց հանդիպինք: Յունիսի վերջին օրերուն մանկապարտէզ եւ դպրոց փակուած կ’ըլլան:

Հրաշք: Մանկապարտէզը մարդիկ կային, որոնց հետ զրոյցի աւարտին կարելի եղաւ գտնել հետքը հինգ մանուկներուն: Դպրոցի գործակիցներէն մին իր ինքնաշարժով մեր առջեւէն ընթացաւ եւ զիկզակելէ ետք կանգ առաւ: Ըսաւ, որ հասած էինք փողոցը, բայց ինքնաշարժները այդ քարքարուտ եւ աւերակ փողոցէն չէին կրնար անցնիլ: Իջանք ինքնաշարժէն եւ քալեցինք` ամէն վայրկեան քարերուն վրայ սահելու վտանգով:

Փողոցի միւս կողմէն եկաւ մայրը, ճանչցանք: Տեսած էինք հեռատեսիլէն:

Դուռ չկար: Բակի նման տարածութեան մը առջեւ քանի մը քարով սանդխամատեր կային: Մտանք նեղլիկ սենեակ մը: Չորս մանուկներ հոն էին, իրենց տատիկին հետ: Կողքի սենեակի մեծ անկողինին մէջ կը քնանար հինգերորդը:

Չլուսանկարեցինք:

Լուսանկարը անզօր է պատմելու լքուածութեան ահաւորութիւնը:

Կը խօսինք: Մխիթարութիւն: Հինգ պզտիկներէն երկուքը այս տարի դպրոց պիտի երթան, վերջապէս կարգադրուած է: Քաղաքական ղեկավարի մը կինը այցելած է եւ տան մայիս ամսուան վարձքը վճարած է. 50.000 դրամ: Դպրոցական մանուկներու համար աթոռ-սեղան չտեսայ: Անոնց գլուխները կը շոյէի, չէին խրտչեր: Բոպիկ էին:

Մայրը պատասխանելով հարցումի` ըսաւ, որ ամուսինը աշխատասէր է եւ ընտանիքը` սիրով: Ըսաւ, որ գէթ բնակարան մը ունենային…

Ձմեռը երբ հասնի, այդ փոքրիկները ինչպէ՞ս դպրոց պիտի երթան, ցուրտին դէմ ինչպէ՞ս պիտի պաշտպանուին: Չհասկցայ, թէ այդ երկու նեղլիկ սենեակները ինչպէ՞ս կը տաքցնէին ձմրան օրերուն:

Մօր եւ տատիկի սէրն ու ջերմութիւնը բաւարար չեն ձմրան ցուրտին դէմ պայքարելու:

Այս փոքրիկները դպրոց չեն կրնար երթալ, որովհետեւ պատշաճ հագուստ-կապուստ եւ կօշիկ չունին:

Ինչպէ՞ս իրենց դասերը պիտի պատրաստեն այդ փոքրիկները, երբ աթոռ-սեղան չունին:

Խոստացայ վերադառնալ: Խոստացայ, որ այս մասին պիտի գրեմ:

Միամիտ պէտք չէ ըլլալ: Այս հինգ մանուկներու պարագան բացառութիւն չէ:

Կը դիտեմ Երեւանի դէպի երկինք սլացող մանհաթանեան շէնքերը:

Կը դիտեմ Երեւանի փողոցներէն սլացող ինքնաշարժները, որոնցմէ ոմանք կարծէք ափրիկեան սաֆարիի կը մասնակցին:

Կը դիտեմ Հանրապետութեան հրապարակի, Հիւսիսային պողոտայի, ճաշարանները եւ սրճարանները խճողող մարդիկը, հեռատեսիլէն օրնիբուն լսուող աղմկարար մրցակցութիւնները, նախարարներ, վարչապետ, կուսակցապետ, մետալակիրներ…

Եւ կը լսեմ անդադրում ճեպազրոյցները, որոնց ընթացքին մէկ բառ անգամ չի լսուիր տնազուրկ ու դպրոցազուրկ հինգ չգրանցուած մանուկներուն եւ անոնց նմաններուն մասին:

Ինչո՞ւ ամէն գոյնի ղեկավարներ չեն առաջարկեր ստեղծել զօրակցութեան նախարարութիւն մը (Minisitère de la solidarité), որպէսզի չգրանցուած մանուկներ չըլլան, սոված պառկող մանուկներ չըլլան, բոպիկ եւ դպրոցազուրկ մանուկներ չըլլան, որ անոնք իրենց գլխուն վրայ ապահով ծածկ մը ունենան:

Երբեմն չարանալով` կը մտածեմ, որ եթէ արտասահման կատարուած բազմանդամ պատուիրակութիւններու անդամներու թիւը կրճատուէր (ըրէք բազմապատկութիւնը ճամբորդական եւ հիւրանոցային ծախսերուն), եթէ նոյնը ընէինք սփիւռքէն եկող բազմանուն եւ բազմագոյն պատուիրակութիւններու համար (կրկին ըրէք բազմապատկութիւնը ճամբորդական եւ հիւրանոցային ծախսերուն), եթէ կրճատուէր թիւը ծառայողական մեքենաներուն եւ «թիկնապահ»-ներուն, զեղչուէին ամէն առիթով կազմակերպուած հիւրասիրութիւնները եւ ճաշասեղանները, եւ խնայուած գումարները յատկացուէին երդիք չունեցողներու, բոպիկ մանուկներու, գրասեղան չունեցողներու, չգրանցուածներու, դպրոցազուրկներու…

Յաճախ կը խօսիմ եւ կը գրեմ հետախուզական մամուլի մասին: Եթէ այս կամ այն քաղաքական գործիչին շուրջ խաղողի ողկոյզի պէս կախուած լրագրողներու գէթ կէսը երթար եւ լոյսի բերէր անտեսանելիները եւ մոռցուածները, կը կենսագործուէր, թերեւս, սիրոյ եւ համերաշխութեան համայնքը…

Քաղաքական, կրօնական թէ այլ բնոյթի ղեկավար, եթէ ամէն օր կրկնէր ֆրանսացի իմաստասէրին վերեւ յիշուած խօսքը` որ ուրիշի իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է (René le Senne), եւ ըստ այնմ գործէր, այս էջերուն տուն տուող չգրանցուած հինգ պզտիկներուն եւ անոնց նմաններուն թիւը կը նուազէր, օր մըն ալ անհետանալու համար:

Ըսի` զօրակցութեան նախարարութիւն` Ministère de la Solidarité, այսինքն` ոչ բարեսիրութիւն, այլ` ազգային-պետական կազմակերպուած վերաբերում, քանի որ մասնակին մասնակի է միայն, գեղեցկութեան սրահէն գնուած շպար… Հայաստան կ’ըսեն` կոսմետիկ:

Ներսը եւ դուրսը` գերանցել պատկերները եւ կոսմետիկը…

28 յունիս 2019, Երեւան

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>