Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Ազգային Ֆենոմեն» -1-. Սրտցաւութեամբ Հայ Մամուլը Չ՛ապրիր («Հայ Մամուլի Տարի»)

$
0
0

 ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Ըստ երեւոյթին, ժամանակի սահանքը, այլ խօսքով` ժամավաճառութիւնը, մեր ազգին ուղեկցող ամենատխուր երեւոյթներէն մէկն է եղած դարեր շարունակ: Հակիրճ ակնարկ մը, վերլուծութիւն թէ քննական մօտեցում մը հայոց հասարակական կեանքի պատմութեան տարբեր ելեւէջներուն, ակներեւ կ՛ըլլան աչք ծակող երկու իրաւացի տուեալներ, անհերքելի ճշմարտութիւններ:

Յայտնապէս, ազգին ու հայ մտքին պատկանող իրողութիւններու մասին է խօսքը, անշուշտ, առանց նսեմացնելու անոնց իմաստն ու անյեղլի արժէքը:

Անոնք են`ցեղային առանձնայատկութենէն ցայտող մտքի անհասանելի ուժն ու բացառիկ կարողականութիւնը, հանճարը, եւ երկրորդ` այդ գերազանց ուժին (թէեւ շատ անգամ անհատական մակարդակի) հասարակութեան կողմէ չհասկցուելու եւ կամ ճիշդ պահուն ու տեղին չարժեւորուելու երեւոյթը:

Այլ ըսած, մէկ կողմէ հայ քաղաքական թէ հասարակական մտածողութիւնը յստակօրէն ի յայտ կը բերէ այնպիսի հասունութիւն, որով կարելի է հպարտանալ եւ զգօն դառնալ, առաւել եւս` ուժեղանալ եւ ապագայակերտ աշխատանքներ սնուցել, միւս կողմէ` նոյնինքն հասարակութեան առաջնորդութիւնը ստանձնած եւ ի հարկին կողմնորոշիչ դերին մէջ գտնուող ղեկավար դաս մը կը զլանայ, կը խարխափի, կը տուայտի, ի զուր կը փորձէ ազգային խնդրայարոյց մտահոգութիւններ ու անմիջական ցաւեր ամոքել, անոնց լուծում առաջարկել կամ գտնել եւ այլն, եւ այլն:

Հակոտնեայ իրավիճակ, հակասական կացութիւն, մեղմ ըսած, անորոշութիւն, եւ այս` հաւաքական կեանքի ուղին ու ճակատագիրը ձեւաւորելու ընթացքին մէջ:

Առանց վերապահութեան յայտնենք, որ նման բնորոշում կը վերաբերի ազգային բոլոր բնագաւառներուն, պետական-քաղաքական, ազգային-կրօնական եւ մանաւանդ` գաղութային-յարանուանական:

Հարցադրում մը, տեղին, պիտի ըսէր, թէ ի՞նչ է վերոյիշեալ մտածումներուն առնչութիւնը հայ մամուլին հետ: Ինչո՞ւ բարդացնել առկայ մտահոգութիւնները, երբ փորձ կը կատարուի զանոնք հասկնալու եւ սրբագրելու:

Մեր պատասխանը, յստակ ու մեկին. 21-րդ դար եւ մասամբ նորին:

Այլ խօսքով` երբ համաշխարհային քաղաքակրթական նուաճումներ ա՛լ դարձած են ամէնօրեայ երեւոյթներ, երբ արհեստագիտութիւնը հազարասմբակ կ՛արշաւէ դէպի նոր հորիզոններ, երբ մարդու ճարտարագիտական միտքն ու երեւակայութիւնը այլեւս չունին սահման, երբ մարդկային հասարակական կեանքի բազում ոլորտներ կը գտնուին ինքնաբիւրեղացման հարկադրանքին տակ, երբ մարդ արարածին գոյութիւնն անգամ, տեղ մը, պահ մը, հարցականի տակ կ՛առնուի, երբ համաշխարհային հզօր ուժեր թէ որոշումի կեդրոններ անգամ կը ստիպուին տուրք տալ արդիականութեան, հրահրելով բնաջինջ եւ անըմբռնելի խօլ պատերազմներ, երբ լիպերալիզմը, այլ խօսքով` մարդակեր դրամատիրութիւնը կը հանդիսանայ մեր օրերու միակ ու անշրջանցելի կայսրութիւնը, ուրեմն, ա՛լ ի՛նչ խօսք փոքր ազգերու թէ պետութիւններու ճակատագիրին մասին:

Այո՛, բազո՜ւմ մտածումներ ու մտահոգութիւններ:

Աւելի քան երկու հարիւր տարուան կեանք ունեցող հայ մամուլը, որ եզակի ու պատկառելի պատմութիւն է կերտած, ազգային քաղաքական ու գաղափարական միտք ձեւաւորելու հարթակ է հանդիսացած, հասարակական տարբեր շերտերու ու շրջանակներու ինքնադրսեւորման յենարան դարձած, սերունդներու ինքնաճանաչման եւ դաստիարակութեան ապահով միջավայր եղած, քննական մտքի զարգացման թէ պայքարի թատերաբեմ հռչակուած, այսօր կը դիմագրաւէ, կ՛ապրի իր լինելութեան ամէնէն դժուար եւ անըմբռնելի պահերը: Ինչո՛ւ:

Պատճառները շա՜տ ու բազմաճակատ են. վստահաբար անոնք քննարկման արժանացան հայազգի համեստ խմբագիրներու, փորձառու լրագրողներու, փորձագէտներու, համապատասխան մասնագէտներու եւ սրտցաւ հայորդիներու կողմէ, որոնք հաւաքուեցան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, 2-4 յուլիսին, «Հայ մամուլ»-ին նուիրուած գիտաժողովի մը ծիրին մէջ:

Իրօք, կայ սրտցաւութիւն մը համատարած, որուն դառն հառաչանքը դարերէ ի վեր դեռ կը լսուի, առանց վճռակամ ու գործնական քայլերու որդեգրումին:

Մեր կարծի՞քը, առանց յորդորի ու մտքի պճնասիրութեան այն է, որ երբ ազգ մը որոշած է ապրիլ ու ստեղծագործել, քաղաքակրթական իր հանճարը պաշտպանել, տէր ու տիրական դառնալ իր ազգային հարստութեան, արժէքներուն, առնչուիլ արդի կեանքի բոլոր մանրամասնութիւններուն, մնալ պատնէշի վրայ ու պայքարիլ յանուն ազգային համոզումներու եւ ըմբռնումներու, ապա լուծման բանալիներ, ուղիներ եւ միջոցներ կը յայտնուին հորիզոնին վրայ, լուսաճաճանչ եւ արդիւնաւէտ:

Անտարակոյս, ոչ ոք կրնայ դէմ դնել արդիականութեան ուժին, հոսանքին:

Պետութիւններ թէ ժողովուրդներ այլեւս անկարող են կասեցնել բոլոր տեսակի համաշխարհայանացման յորձանուտերը, ընդհակառակը, անոնք պարտաւոր են ելք գտնել, միտք ու հոգի մաշեցնել, որպէսզի կարողանան պաշտպանել իրենց եզակի տեսակն ու ազգային առանձնայատկութիւնը:

Արդ, հայ մամուլի տպագիր տեսակը, որ վերջին տասնամեակներուն կը դիմագրաւէ գոյութենական պայքար, խորքին մէջ առաջին հարուածը ստացաւ նոյնինքն տուեալ հաւաքականութենէն, որուն լծուած է սպասարկելու դարերէ ի վեր:

Փաստօրէն, հայ մամուլը, որ արդէն ունէր բազում ցաւ ու դժուարութիւն, արդի պայմաններու տակ, աւելի մխրճուեցաւ հատուածականութեան մէջ, զիջեցաւ իր հիմնական դերակատարութենէն` ազգային կեանքի բիւրեղացման աշխատանքէ եւ հունաւորումէ, պարզապէս չուզեց տեսնել իրեն սպասող գալիքի մարտահրաւէրները:

Ճիշդ է, որ հայ մամուլի նուիրեալ պաշտօնեաներ, որոնք կեանք մը ամբողջ մաշեցուցին, տիտան խմբագիրներ անկորնչելի ներդրում ունեցան, զինուորագրեալ յօդուածագիրներու իրերայաջորդ սերունդներ, հոգիի ու մտքի ապառաժներ կառուցեցին, գիշերները լուսցուցին, գիտականութեամբ ուզեցին օժտել իրենց գրութիւնները, եղան անսակարկ նուիրեալներ գիր ու գրականութեան, մատնանշեցին թերութիւնները, մերժեցին ապազգայինը, խրախուսեցին ազգային արժէքները եւ, ի հարկին, խարազանեցին սուտն ու կեղծիքը, ժամանակ մը ետք, կեանքի թաւալքին առընթեր մնացին առանձին, շիջեցան, քիչ ետք հեռացան եւ հրապարակը թողուցին, այսպէս ըսած, նոր ըմբռնումի մը, հայ մամուլը վերածելու տեղեկատու լրագիրի մը,   այլապէս` հաճոյախօսական բեմահարթակի:

Կը կարծենք, թէ նման հաստատում չի պարփակեր ամբողջ հայ մամուլը, որովհետեւ դեռ յանձնառու եւ հեղինակութիւն ունեցող գրիչներ կը շարունակեն արարել` հաւատալով վաղուան ծիլերու ծաղկումին:

Միւս կողմէ, պէտք չէ մտահան ընել առարկայական պայմաներու գոյութիւնը, որոնք պատճառ դարձան հայ մամուլի տկարացումին, ինչպէս`գաղութահայ կեանքի դառնութիւններու հրմշտուք, հայ վարժարաններու փակում, օտարացած միջավայրի առաւել շեշտադրում, մայրենի լեզուին, գրականութեան ու պատմութեան հանդէպ անհանդուրժողի վերաբերում, չըսելու համար «թշնամանք», արտագաղթ դէպի աւետեաց երկիրներ, անհայրենիք ըլլալու զգացողութիւն, օտար բարքերու հետ ջերմ ողջագուրում եւ այլն, եւ այլն:

Տարբեր պատեհ առիթներու յայտնած ենք, թէ հայ տպագիր մամուլի կեանքը կրնանք երկարաձգել, նոյնիսկ մատնանշուած պայմաններու առկայութեան, եթէ երբեք որդեգրենք արհեստավարժութիւնը, որուն անմիջական արտայայտութիւններն են` համապատասխան վարձատրութիւն, հետազօտողի եւ հետախոյզի մակդիրներու ապահովում, բաց հասարակութեան մէջ քննական մտքի առաւել զարգացում, ներքին ու արտաքին թեմաներու ընդգրկում, ի հարկին բացայայտում եւ յախուռն կեցուածք որդեգրելու ունակութիւն:

Ուրիշ խօսքով, երբ հայ իրականութեան մէջ դադրի գործելէ դասական եւ հնաբոյր մտածողութիւնը, նախաքայլ առած կ՛ըլլանք դէպի նորարարութիւն, երիտասարդացում, ազատ, բայց հաւասարակշռուած մտքի դրսեւորում:

Փաստօրէն, երբ գաղութահայ կեանքի աղէտալի վիճակները սրբագրելու  յստակ ծրագիր, կամք եւ ռազմավարութիւն ճշդուի, անհանդուրժողի եւ մրցակիցի ախտավարակ բարդոյթներէ ձերբազատի հասարակութիւնը, ապա այն ատեն հայ լեզուն` իր հրաշք գեղեցկութեամբ, պիտի փայլի սպիտակ էջի թէ ելեկտրոնային պաստառին վրայ, որովհետեւ երիտասարդական խանդավառութիւնը, եռանդն ու ոգեկան արժէքներ փնտռելու ելած հասարակութիւն մը պիտի վստահի հայ մամուլին եւ թիկունք կանգին անոր, նիւթապէս եւ բարոյապէս:

Երազային յորջորջուած այս մտածումին առիթ տալ է պէտք, որպէսզի հայ մամուլը ինք կարենայ հաւատալ իր արժէքին եւ առաքելութեան: Այս առումով ապացոյց կրնայ ըլլալ այն, երբ լիբանանահայ գաղութի օրաթերթերը որոշեն ու լծուին աշխատանքի մը, յօդուածներու փոխանակութեան, որով պիտի կարենան յաղթահարել գաղափարական, կուսակցական թէ յարանուանական արգելքները` ցոյց տալով հայ ասպետական ոգիի փայլատակում, զիրար հասկնալու եւ յարգելու ունակութիւն, բայց մանաւանդ` իրարմով զօրանալու հայավայել վարքագիծ:

Գործնական ուղիներ փնտռելու ճակատագրուած ենք բոլորս, որպէսզի մօտիկ ապագային չկրկնենք այն դառն հաստատումը, որ առանց հայ ընթերցասէր մարդու կամ սերունդներու, ի՛նչ կ՛արժեն մամուլ, վարժարան եւ միութիւն:

30 յունիս 2019


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles