Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Նախարար Ապու Ֆաուր Այցելեց «ten-ten» Հաստատութիւն, Որ 53 Տարիէ Մանուկներու Որակաւոր, Գեղեցիկ Եւ Մատչելի Կօշիկներու Արտադրութեան Լծուած Է

$
0
0

1966 թուականին, քանի մը հազար ոսկի պարտքի առնելով, Յակոբ Հաքիմեանը կը նախաձեռնէ հիմնումին մանուկներու եւ պատանիներու յատուկ կօշիկներու գործարանի մը, որ այսօր` 53 տարի ետք, արդէն վերածուած է նշանաւոր անունի, որակաւոր, հանգստաւէտ, գեղեցիկ, մատչելի ու բժշկական պայմաններուն համապատասխանող մակնիշի` շուրջ 24 մասնաճիւղերով (ֆրենչայզ + 100 վաճառական խանութներ):

«ԹԵՆ-ԹԵՆ»: Հաւանաբար չկայ լիբանանահայ մը, որ լսած չըլլայ այս անունը, որ յատկապէս մանկական աշխարհին մէջ սերունդներ շարունակ հոլոված են: Փոքրիկներուն հաճելի թուելու նպատակով որդեգրուած է այդ անունը, որ այս թուականներուն մեծ հռչակ ունեցող կերպար էր, սիրուած էր մանուկներուն եւ պատանիներուն կողմէ, ինչպէս նաեւ գծագրուած է համապատասխան նշանակ` կրկին մանուկներու սիրուած կերպարին հետեւողութեամբ:

Կօշկակարութեան ասպարէզին մէջ գործող Յակոբ Հաքիմեանը աւելի քան 50 տարի առաջ որոշած է սեփականատէր դառնալ եւ դադրիլ գործաւորի կարգավիճակին մէջ ըլլալէ: «Անուն կ՛ուզեմ, դրամ չեմ ուզեր» կարգախօսով ճամբայ ելայ: Շուրջ տասը տարի աշխատած եմ` առանց շահի, որպէսզի անուն կերտեմ: Մանուկները չեն կրնար արտայայտուիլ եւ խօսիլ իրենց կարիքներուն մասին, ուստի նպատակն էր լաւորակ, հանգստաւէտ եւ գեղեցիկ կօշիկներ տրամադրել անոնց, որպէսզի անոնց ոտքերը պաշտպանուին, չփճանան եւ չայլանդակուին: Մտածեցի, թէ ի՛նչ աշխատանքի ալ լծուիմ, յոգնութիւն պիտի ապրիմ, ուստի ուզեցի մանուկներուն համար յոգնիլ, որովհետեւ անոր փոխարէն` Աստուած պիտի հատուցէ: Այդպէս ալ եղաւ, Աստուած հատուցեց, օգնեց ինծի, եւ ես այսօր կրցած եմ երազս իրականացած տեսնել: Ես երեխաներուն կը ծառայեմ, ատոր համար ալ Աստուծոյ ուժը միշտ մեր վրայ է», կ՛ըսէ Յ. Հաքիմեանը:

Աշխատանքը սկսած են տան մէկ սենեակէն` երկու կարի մեքենայով, ապա փոխադրուած են անջատ յարկաբաժիններու մէջ` աւելի ուշ ունենալով համապատասխան գործարան, ցուցադրութեան սրահ եւ մեծաթիւ վաճառման կեդրոններ: 8 գործաւորներու աշխատանք ապահովող հաստատութիւնը աւելի ուշ իր երդիքին տակ աշխատանք տուած է 180 անձերու, իսկ ներկայիս 80 պաշտօնեայ ունի:

Տարիներ ետք` 1990-էն ետք, անոր միացած են իր որդիները` Մհեր ու Հրայր Հաքիմեանները, որոնք աւելի մասնագիտական մակարդակի բարձրացուցին աշխատանքը, յատկապէս` գործարարութեան առումով, աշխատանքը ընդարձակելու, աւելի լայն հորիզոններ բանալու իմաստով:  12 տարի առաջ բացումը կատարեցին առաջին ֆրենչայզ խանութին, Զալքայի մէջ, անկէ ետք լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ ֆրենչայզի ցանցով տարածուեցան, նաեւ կօշիկները ուղարկուեցան Լիբանանէն դուրս` Ափրիկէ, Ֆրանսա (Նիս), Քաթար եւ այլն: Սակայն շեշտը դրուած է լիբանանեան շուկային վրայ, ուր աւելի դիւրին է գործել ու գանձումներ կատարել:

«ԹԵՆ-ԹԵՆ»-ին կօշիկները յատկանշական են իրենց արքերով, կէս բժշկական ըլլալու հանգամանքով եւ բժշիկներուն կողմէ յանձնարարուած ըլլալով, ինչպէս նաեւ, հակառակ այս բոլորին եւ եւրոպական արտադրութեան հետ մրցելուն, յարմարաւէտ գիներով : Նշանաւոր են դպրոցական կօշիկներով, զորս 9 ամիս ամէնօրեայ դրութեամբ կը կրեն աշակերտները, սակայն անոնք չեն մաշիր իսկ: Կօշիկներու պատրաստութեան համար օգտագործուած բոլոր նիւթերը իտալական են կամ սպանական:

«ԹԵՆ-ԹԵՆ»-ին կողքին, շուրջ 20 տարի առաջ, որոշում տրուած է մրցակցութիւն ստեղծելու միտումով որդեգրել նաեւ այլ մակնիշ մը` «Մինի պոթ», որ նաեւ Հաքիմեաններուն կը պատկանի:

«ԹԵՆ-ԹԵՆ»-ը` իբրեւ հայկական հաստատութիւն, նաեւ իր ազգային պարտականութիւնը կը կատարէ, իւրաքանչիւր Նոր տարիին ու Ծաղկազարդին «Թռչնոց բոյն»-ի, Զմմառի, Այնճարի աշակերտներուն եւ «Ճինիշեան» կեդրոնի եւ այլ կարիքաւոր փոքրիկներու կօշիկներ կը ղրկուին, այդ պատճառով ալ Յակոբ Հաքիմեանը եւ անոր որդիները կը հաւատան, որ յաջողութեան ուղին բաց կը մնայ իրենց դիմաց, մանաւանդ որ անմեղ մանուկներուն կը տրուի նուէրը: «Անոնց շնորհակալական նամակները, գոհունակութեան խօսքերը աղօթքի համազօր են», կը հաստատէ ան:

«ԹԵՆ-ԹԵՆ» հաստատութիւնը այս տարի տիրացաւ 2019-2020-ի առաջին մրցանակի` որակին եւ ստեղծագործութեան համար, կաշիի ճարտարարուեստի երկրորդ համագումարին կողմէ, որ տեղի ունեցաւ 21 ապրիլ 2019-ին, Լիբանանի մէջ:

Ի զուր չէ, որ ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր 11 յունիսին Պուրճ Համուտի եւ Սըտ Պաուշրիէի մէջ գտնուող կօշկակարութեան երեք գործարաններ տուած այցելութեան ընթացքին փափաքած է յատուկ կերպով   մանուկներու կօշիկի «ԹԵՆ-ԹԵՆ» հաստատութիւն այցելել: Սեփականատէրերուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան ըսաւ, որ հայրը միշտ իրեն «ԹԵՆ-ԹԵՆ» հագցուցած է, ուստի ինք ուզած է անպայման այցելել այն գործարանը, ուր իր հագած կօշիկները կը պատրաստուին:

Նախարարը շրջագայեցաւ գործարաններուն մէջ եւ ծանօթացաւ համաշխարհային չափանիշներուն համապատասխանող աշխատանքներուն եւ կօշիկի պատրաստութեան բոլոր փուլերուն: Այդ չափանիշներուն շնորհիւ է, որ կարելի կ՛ըլլայ  արաբական, Ծոցի եւ եւրոպական երկիրներ արտածել տեղական կօշիկները:

Ուաէլ Ապու Ֆաուր շնորհաւորեց արտադրութեան որակին համար` նշելով, որ լիբանանան արտադրութիւնը հպարտութիւն է: Ան կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն` փնտռելու լիբանանեան դրոշմ ունեցող ապրանքներ եւ զանոնք գնելու, որպէսզի այսպիսով քաջալերեն լիբանանեան ճարտարարուեստը: Ան դիտել տուաւ, որ կան քայլեր, որոնք սկզբնաւորութիւնն են տեղական արտադրութիւններու պահպանման, աւելցնելով, որ այս մարզի վերականգնման, պաշտպանութեան եւ զօրակցութեան համար աշխատանքի պիտի ձեռնարկուի:

Ճարտարարուեստի նախարարը յայտնեց, որ տարբեր գործարաններ իր այցելութիւնները հետեւողական պիտի ըլլան: Ան խոստովանեցաւ, որ անակնկալի եկած է` տեսնելով լիբանանեան արտադրութիւններուն որակը եւ բարձր չափանիշները, որոնք իսկական հպարտութիւն են, եւ որոնցմով տեղականները կրնան մրցիլ ներածուած բազմաթիւ մակնիշներու հետ: Ան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր լիբանանցի, նաեւ` նախարարաց խորհուրդին շուրջ նստած պատասխանատուներ, պէտք է լաւապէս գիտակցին, որ կօշիկի արտադրութիւնը շատ կարեւոր արհեստ է լիբանանեան շուկային մէջ, նաեւ պէտք է գիտնան, որ պետութեան կողմէ զօրակցութեան եւ պահպանման բացակայութեան պատճառով այս մարզը բաւական դժուար ու տագնապալի վիճակի մէջ է:

Ան նաեւ անդրադարձաւ արհեստաւորներու թիւի նուազումին` դիտել տալով, որ աւելի քան հարիւր պաշտօնեայի աշխատանք հայթայթող գործարաններուն մէջ աշխատողներուն թիւը մեծապէս նուազած է արդէն:

Ճարտարարուեստի նախարարը յոյս յայտեց, որ վերջին փուլին որդեգրուած քայլերը` յաւելեալ տուրք դնելու այն ներածուող արտադրութիւններուն վրայ, որոնց երկիրներուն եւ Լիբանանի միջեւ համաձայնութիւն չկայ, կը ծառայեն այս բնագաւառի պաշտպանութեան: Ըստ անոր, կառավարութեան առաջարկուելիք նախագիծները լաւագոյնս պիտի օժանդակեն մաքսանենգութեան եւ զեղծարարութեան կասեցման, որպէսզի կարելի ըլլայ կրկին շունչ տալ այս մարզին, ուր մեծաթիւ գործարաններ կը բանէին եւ զայն վերակենդանացնել` այսպիսով աշխատանքի մեծաթիւ առիթներ ստեղծելով լիբանանցիներուն: Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ լիբանանեան կօշկակարութիւնը յատկանշուած է իր որակով եւ իւրայատկութեամբ:

Ան հաստատեց, որ նախարարաց խորհուրդը պէտք է անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկէ եւ լիբանանեան շուկան պաշտպանէ ներածուած արտադրութիւններով ողողուելէ, որովհետեւ այսօր Լիբանան կօշիկ կը ներածէ 83 պետութիւններէ, որոնց կարգին` Հնդկաստան, Փաքիստան, Պենկլատէշ, Քամպոտիա, Թուրքիա, Վիեթնամ: Նախարարը ըսաւ, թէ կը կասկածի, որ այս արտադրութիւնները լիբանանեանը գերազանցեն իրենց որակով եւ ճաշակով:

Իր այցելութեան աւարտին Ուաէլ Ապու Ֆաուր մաղթեց, որ լիբանանցի սպառողը փնտռէ լիբանանեան արտադրութիւնները, ինչպէս նաեւ մաղթեց, որ որոշում կայացնողները գործակցին` որդեգրելու այնպիսի որոշումներ, որոնք մեծապէս պիտի օժանդակեն լիբանանեան աւելի լաւ ապագայի մը ապահովման:

Լիբանանահայութեան համար եւս հպարտութիւն հանդիսացող «ԹԵՆ-ԹԵՆ» հաստատութիւնը կը շարունակէ գործել, ընդարձակուիլ եւ նոր ծրագիրներ մշակել` միշտ հաւատարիմ մնալով որակաւոր եւ մատչելի ըլլալու սկզբունքին:

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>