Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն. 100-ամեակ Գիւղատնտեսութեան Եւ Թեթեւ Ճարտարարուեստի Զարգացումը Հայաստանի Մէջ –Բ.

$
0
0

Նոյն հրատարակութեան մէջ (էջ 66-77) Մ.Տ. Իսհակեան գրած է «Մի համառօտ ակնարկ խնամատարութեան եւ վերաշինութեան «Աշխատանքի կազմակերպութեան» բաժանմունքի 1918-1919 գործունէութեան» տեղեկագիրը, որ կը վերաբերի խնամատարութեան նախարարութեան կողմէ պետակա՛ն ծրագիրով հիմնուած արտադրողական ձեռնարկութիւններուն (ոչ պետականին կ՛անդրադառնամ յաջորդիւ*)` թեթեւ եւ միջին ճարտարարուեստի գործունէութեան, ինչպէս նաեւ` պետական նոր շէնքերու կառուցումին եւ հիներու վերանորոգումին, որ կ՛արժէր ամբողջութեամբ արտատպել (1): Սակայն ստորեւ հատուածներ` արեւմտահայերէն եւ ամփոփ:

Խնամատարութեան եւ Վերաշինութեան «Աշխատանքի Կազմակերպութեան» բաժանմունքի 1918-1919 գործունէութեան» տեղեկագիրին սկիզբը:

«Աշխատանքի բաժանմունքը նոյեմբեր 1918-ի տագնապալից օրերուն սկսաւ իր գործունէութիւնը,  երբ թրքական բանակին կողմէ հայութիւնը բնաջնջելու սպառնալիքին պատճառով զանազան գաւառներէն փախուստ տուած եւ հայ ժողովուրդի զանազան խառնուածքի տէր գաղթականներ խռնուեցան Երեւան, որ վերածուեցաւ սովահարներու եւ դատարկապորտներու աննկարագրելի բնակավայրի մը:

«Նորակազմ կառավարութիւնը այս վիճակը թեթեւցնելու եւ անգործներուն աշխատանք գտնելու նպատակով ստեղծեց «Աշխատանքի բաժանմունք»-ը: Սակայն սկիզբը բաժանմունքը աւելի բարեգործական դերակատարութիւն ունեցաւ: Խորհրդարանին կողմէ 57 միլիոն ռուբլի յատկացուցած գումարը ծախսուեցաւ սովահար ու կիսամեռ գաղթականութեան գոյատեւումին, որոնք հեղեղի նման լեցուցած էին Երեւանը եւ Ալեքսանտրապոլը (Գիւմրի*):

«Սակայն բաժանմունքը այլ կոչում ունէր` հեռու խնամատար ու բարեգործական ըլլալէ եւ գաղթականներուն գործ հայթայթելէ ու շնորհիւ բաժանմունքի բանիմաց ղեկավար ճարտարապետ Յ. (Յովհաննէս*) Ակունեանին, պետութեան նպատակը` արդիւնաբերական ճարտարարուեստի զարգացումը կ՛իրականանայ` այս ծանր վիճակին մէջ պետութեան պահանջներո՛ւն նաեւ գոհացում տալով:

Երեւանի քաղաքային հիւանդանոցը 1919-ին կառուցուած եւ Ջուլհականոց մը:

«Յատկացուած գումարով կը բացուին շարք մը արհեստանոցներ, սակայն մասնագէտ վարպետներու պակասը, նիւթական յատկացումներուն ուշացումը եւ ընդհանուր աննպաստ պայմանները կը խոչընդոտեն ծրագիրին արագ ծաւալումը: 1919-ն զուտ կազմակերպչական շրջան էր` յատկապէս ջուլհականոցներ հիմնելու:

«1918-1919-ի առաջադրուած ծրագիրն էր ունենալ`

  1. Կեդրոնական վարչութիւն,
  2. Շինարարական-արհեստագիտական բաժին,
  3. Ջուլհականոցներ եւ մանարաններ (բուրդը եւ բամպակը դերձանի վերածելու*),
  4. Ատաղձագործարաններ,
  5. Փականագործական եւ մեքենական պահեստանոցներ,
  6. Կար ու ձեւի արհեստանոցներ,
  7. Կաշիի գործարաններ,
  8. Գիւղատնտեսական կազմակերպութիւն,
  9. Չուան, պարան պատրաստելու արհեստանոցներ,
  10. Սղոցարաններ,
  11. Մետաղամշակման արհեստանոց,
  12. Տնային արհեստներու բաժին,
  13. Փայտի չոր թորման (փայտածուխ*) գործարան, 15. Փեթակներ շինելու եւ մթերելու բաժին,
  14. Օճառի գործարան,
  15. Մեքենական գործարան:

«… Սկիզբը 8 միլիոն 400 հազար ռուբլի յատկացուած էր այս ծրագիրին, որուն 276 հազարը` վարչական ծախսերու. սակայն, երբ գոյութիւն ունեցող արհեստանոցները կ՛ընդարձակուին, ծախսը կը հասնի 250 միլիոն 208 հազար 597 ռուբլիի, պաշտօնեաներու աշխատավարձով միասին: Հաշուապահութիւնը կը կատարուէր շրջաններուն եւ կեդրոնական գրասենեակին մէջ իտալական (Մեսսարի կամ Լուքա Փաքիոլի*) կրկնակի դրութեամբ (պարզ` իւրաքանչիւր գործողութեան դիմաց մուտքի եւ ելքի արձանագրութիւն*):

«Շինարարական-արհեստագիտական բաժանմունքը (աշխատանքի գործիքներու եւ մեքենաներու*) իր արհեստանոցներուն միջոցով հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ մեծաքանակ ապսպրանքներու, կապալներու եւ համայնական, հասարակական աշխատանքներու կատարման մէջ: Այդ կապալներէն էին` համալսարանի շէնքին աւարտումը, զօրանոցներու նորոգութիւնը, խորհրդարանը, հիւանդանոցները, բարձրագոյն (ուսման*) հիմնարկը, եւ այս բոլորին եթէ աւելցնենք ապագայ շինարարութիւնը ամբողջ Հայաստանի մէջ, կը տեսնենք, որ այս անբաժան մասն է Աշխատանքի բաժանմունքին: Նախահաշիւ կը պահանջուի 100 միլիոն 145 հազար 700 ռուբլի, որուն 90 միլիոնը` նիւթերու համար:

«Այս բաժանմունքը իր գոյութեան կարճ ժամանակամիջոցին շատ գործ կը կատարէ, որուն ապացոյցն է պետական բոլոր հիմնարկութիւնները` նոր գիմնազիայի (միջնակարգ վարժարան*) շէնքը, քաղաքային հիւանդանոցը, խորհրդարանի վերանորոգումը, Ջալալ-Օղլուի (Ստեփանաւան*) զօրանոցներու նորոգումը, ուր տեղաւորուեցան 10 հազար որբեր եւ այլ մեծ ու փոքր պետական պատուէրներու գործադրութիւնը զանազան վայրերու մէջ:

«Ջուլհականոցներն ու մանարանները ամենափայլուն ձեռնարկութիւնները կը դառնան, քանի որ անոնք հագուստ հասցուցին կիսամերկ ժողովուրդին` բուրդով ու կտաւով, որ հագաւ ամբողջ հայութիւնը` մեծ ու փոքր: «Հայաստանի կտորը շալը» (կարելի չեղաւ ստուգել թէ այս մակնի՞շ էր, թէ՞ այլ բան*) զգեստաւորեց մեր հիւանդանոցները, որբանոցները եւ մանաւանդ մեր աննման զօրքը, որուն հագած այժմու միատեսակ տարազը գոհունակութիւն կը պատճառէ:

«Մանարանները դերձան կ՛արտադրէին, ջուլհականոցները` կերպաս, յամառ կերպով` հակառակ բամպակի, բուրդի եւ դրամական խոչընդոտներուն: Այս արհեստանոցներուն ծախսուած է 149 միլիոն 664 հազար 979 ռուբլի, որ ծառայած է երկու նպատակի, առաջինը` կերպասի մատակարարումին եւ երկրորդ` անգործ ժողովուրդին գործ հայթայթելու:

Աշխատանքի բաժանմունքի 1919-ի տեղեկագիրը՝ պաշտօնէութեան եւ բանուորներու ցուցակը, ըստ հիմնարկութեան եւ ընդհանուր ծախսը:

«Ատաղձագործարաններ: Այս գործարանները առաջին օրէն կլանուեցան պետական հիմնարկութիւններուն եւ անհատներու հսկայական ապսպրանքներով: Հագուստի նման, երկրին մէջ բոլոր տեսակի կահ կարասիներու խիստ կարիքը կար: Այս արհեստանոցներն ալ, հակառակ շինարարական նիւթերու պակասին, գերմարդկային ջանքերով կահաւորեցին մեր դպրոցները, զօրանոցները, հիւանդանոցները, որբանոցները եւ բազմաթիւ պետական ու անձնական հիմնարկութիւնները, որոնց անսպառ  ապսպրանքներուն գոհացում կը տրուէր:

«Փականագործարաններ, մեքենական եւ մետաղամշակման արհեստանոցներ: Պատերազմը կլանեց ամէն ինչ` մշակուած մետաղի բոլոր տեսակի գործիքներ, պիտոյքներ, իրեր եւ այլն, որոնք անհետացան` եւ հողագործութենէն մինչեւ ամէն տեսակի արհեստանոցները անգործութեան մատնուեցան: Այս գործարաններուն յաջողութեան կը նպաստէ Սարիղամիշը` իր անսպառ մետաղի եւ զանազան գործիքներու եւ մեքենաներու մասերով եւ երկաթի տեսակներով, որ բաւարարեց հասարակութեան, հողագործութեան եւ ամենակարեւոր ծառայութիւնը մատուցեց զօրքին:

«Կօշկակարանոցներ: Այս արհեստանոցները նախ Էջմիածինի մէջ սկսան արտադրել ասիական (կարելի չեղաւ այս տեսակին մասին տեղեկութիւն գտնել*) կօշիկներ, բայց կարճ ժամանակ ետք պահանջը այնքան մեծցաւ նոյնպէս եւրոպական կօշիկներու, որ Ղամարլուի (Արտաշատ*) մէջ նաեւ աշխատանոցներ հիմնուեցան`աժան գինով կօշիկներ արտադրելով ժողովուրդին, յատկապէս` բոկոտն որբերուն եւ անշուշտ բանակին, ձերբազատուելով շուկան խեղդած (ներածուած սուղ ապրանքներու*) ագահ վաճառականներէն:

«Կար ու ձեւի արհեստանոցներ: Կիներն ու օրիորդներն ալ աշխատանքի լծուեցան` տաք հագուստներ պատրաստելու, հլունով զարդարանք կատարելու, որոնք Երեւանի ու Ալեքսանտրապոլի մէջ բաւարար քանակով զանազան տեսակի հագուստներ արտադրեցին ` գոհացում տալով ժողովուրդին: Այս արհեստանոցները ապագային պիտի վերածուին դպրոցներու, ուր տնարարութիւն, կարել ու ձեւել, ասեղնագործութիւն ու գեղարուեստական ձեռագործեր պատրաստել պիտի ուսուցանուին: Այս արհեստանոցներն ալ մեծապէս սատարեցին զօրքին, որբանոցներուն եւ հիւանդանոցներուն:

«Կաշիի գործարաններ: Մինչեւ օրս զանազան տեսակի անասուններու մորթերով հարուստ մեր երկրին հում նիւթը` մորթը կ՛արտահանուէր աշխարհի արդիւնաբերական կեդրոնները` կաշիի եւ մուշտակի վերածուելու եւ միւս կողմէ` ներածուած կօշիկներուն եւ այլ կաշիէ իրերուն ահռելի չափի հասած սղութիւնը բնականաբար կը պարտաւորեցնէր մորթերը մշակել սեփական կաշիի գործարաններու մէջ: Ղարաքիլիսայի (Վանաձոր*) եւ Նոր Պայազիտի (Գեղարքունիք*) մէջ  կը հիմնուին կաշիի գործարաններ, որոնց առաջին նմուշները մեծ յոյս կու տան գործի զարգացումին եւ ընտիր արտադրութեան: Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր մատակարարը շատ հաւնելով Ղարաքիլիսայի գործարանին պատրաստած կիսամուշտակները` կ՛որոշէ յառաջիկայ ձմեռ զօրքը այս արտադրութիւնով զգեստաւորել:

«Կաւային անօթներու եւ այլ ամաններու գործարանները Իւվայի (Արտաշատի գիւղերէն*) մէջ: Ցարդ նախնական ձեւով կը պատրաստուէին ամաններ,  կուժեր, գաւաթներ, բղուղներ կարասներ եւ այլն, բայց երկրի աղէտներուն պատճառով այս արհեստը անհետանալու շեմին հասած էր: Սակայն,  բաժանմունքին աջակցութեամբ, անոնք շարունակեցին աւանդական ձեւով մեծաքանակ արտադրել` գոհացում տալով ժողովուրդի կարիքներուն: Սակայն, զուգահեռաբար, բաժանմունքը արդիականացուց եւ կատարելագործեց Իւվայի գործարանը, որպէսզի  Հայաստանի ընտիր կաւէն ընտիր (արդիական*) պնակեղէն պատրաստուի: Խեցեգործութիւնը մեծ տեղ պիտի ունենայ այս գործարանին մէջ: Այդ կաւէն կղմինտր պիտի արտադրուի, որ պիտի փոխարինէ մեր անտառազուրկ երկրին տախտակեայ եւ մանաւանդ չափազանց սուղ արժող եւ ամառը տաքցնող ներածուած թիթեղեայ տանիքները:

Մեքենայացուած մանարան մը                                                                                           Կաւային պնակեղէն

«Սղոցարաններ: Երկու անտառապատ շրջաններուն մէջ` Սարիղամիշ եւ Դիլիջան, կը հիմնուին երեք սղոցարաններ, որոնք կը բաւարարեն երկրին փայտի պահանջը: Սարիղամիշի մէջ երկու սղոցարաններ կը պատրաստեն յատկապէս սոճի ծառէն շինարարական փայտ` ամիսը 300 հազար արշին երկարութեամբ (210 հազար 330 մեթր` արշին=70,11 սմ.), որ անձնականի կողքին, կը մատակարարէ մանաւանդ հաղորդակցութեան եւ խնամատարութեան նախարարութիւնները: Իսկ Դիլիջանի մէջ կը պատրաստուի ատաղձագործութեան յարմար` կաղնիի, դեղին լորիի, ընկոյզի եւ կարմիր փայտ, որ կը բաւարարէ մեր բոլոր հիմնարկութիւններուն, մանաւանդ դպրոցական կահ կարասիներուն կարիքները: Նաեւ այստեղ կայ զանազան տեսակի փայտի հսկայական պահեստ` ատաղձագործարաններուն եւ հողագործութեան, ինչպէս` անիւներու մասեր, սայլի շինութեան փայտեր եւ այլն:

«Սարիղամիշի մէջ կը հիմնուի քիմիական գործարան մը, ուր սղոցարաններու ճիւղերու եւ փայտի փշրանքներէն կ՛արտադրուի շատ անհրաժեշտ փայտածուխ, ինչպէս նաեւ` քիմիական միջոցներով ալքոլային վառելանիւթ, ձիւթ, սոսինձ եւ ուրիշ նիւթեր:

«Բաժանմունքը աչալուրջ գործունէութեամբ, շնորհիւ մասնագէտ վարիչներու, կը վերականգնէր հայրենիքին իւրաքանչիւր քայքայուած տնտեսութիւն: Դիլիջանի մէջ սկսաւ, մասնագէտ մեղուաբոյծի հսկողութեամբ. փեթակներ պատրաստելու գործը` վերականգնելու համար գրեթէ անհետացած մեղուաբուծութիւնը: Օգտագործուեցաւ ամէն հնարաւորութիւն, որ հայ աշխատաւորն  ու գիւղացին պիտի զբաղեցնէ իր ձմեռնային անգործ ամիսներուն` այսպէս, կը կազմակերպէ կանեփի թելէն պարան պատրաստելու գործարաններ` Ապարանի եւ նոր Պայազիտի մէջ եւ գտալնիշմելը (կարելի չեղաւ իմաստը գտնել*)` Դարաչիչակի (Ծաղկաձոր*) մէջ:

«Ընթացքի մէջ է օճառի գործարանը, որ պիտի օգտագործէ Սուրմալու գաւառի մէջ բուսնող «շօրա» բոյսը, որ աւանդական օճառի արտադրութեան մէջ կը փոխարինէ սոտան (ջրածնատը*):

«Զանազան գործածութեան զամբիւղներու գործարան կը հիմնուի, որ կ՛օգտագործէ Ղարաքիլիսայի եւ Ղամարլուի շրջաններու ճիլուռը` կնիւնը:

«Վերջապէս, բոլոր արդիւնաբերութիւններու ծնողին` հողին, որ պէտք էր նախ ձեռք բերել եւ ապա մշակել: Բաժանմունքը Ղամարլու շրջանի (Արտաշատ*) Դօխկուզ գիւղին մէջ կառավարութեան յատկացուցած 50 դեսեատին (54,5 հեկտար, կամ` 545 հազար քառ.մ) հողին չնչին մասը մշակելով ծաղկեցուց բանջարանոցներ, իր բոլոր տեսակի պտուղներով ու բոյսերով եւ ամենադժուար պայմաններու տակ կրցաւ լիուլի բաւարարել այդ շրջանի ժողովուրդին ու զօրքին մթերքները` շուկայէն 50 տոկոս աժան գիներով:

«Անդրկովկասի մէջ առաջինը այստեղ  կ՛օգտագործուին հողագործական ջերմածուներ եւ ջերմոցներ` ցուրտ եղանակին համար: Այսպիսի փորձառական դաշտերու կազմակերպումով, օրինակելի տնտեսութիւնով, մեքենաներու եւ գործիքներու ցուցադրութեամբ կ՛արդիականացուի փոքր ու մեծ հողագործութիւնը: Բարերար Միրզոյեանը կառավարիչին տրամադրութեան տակ դրած է 100 հազար ռուբլի` գիւղատնտեսական դպրոց բանալու համար, խոստանալով յաւելեալ օժանդակութիւն:

«Բաժանմունքը նաեւ փրկարար աշխատանք կը ծաւալէ` արգիլելով թանկարժէք գորգերու արտահանումը, հաւաքելով նաեւ արժէքաւոր գորգերը` իբրեւ մշակութային հարստութիւն: Եւ վերջապէս, կը քաջալերէ տնայնագործները` տան մէջ զանազան իրեր արտադրողները, անոնց գործիք եւ հում նիւթ մատակարարելով եւ ձերբազատուելով միջնորդ վաճառականներէն:

Աշխատանքի բաժանմունքի 1919-ի տեղեկագիրին ցուցակը կը թուէ զանազան վայրերու մէջ իր հիմնած 35 գործարանները, որ կեդրոնական գրասենեակով միասին կը հաշուէ 183 պաշտօնեայ, մնայուն բանուորներ` 638, ժամանակաւոր` 8145, ընդհանուր` 8943: Իսկ ծախսուած է 10 միլիոն 331 հազար 919 ռուբլի եւ 4 կոպեկ: Իսկապէս խնամատար կառավարութիւն:

26 մայիս 2019
Շար. 2 եւ վերջ

* Լուսաբանութիւնները եւ ընդգծումները իմս:
Ծանօթ.- Լուսանկարները այլ աղբիւրներէ առնուած են:
(1)  «Գիւղատնտեսական հանդէս», թիւ 1, 1920, Երեւան, 113 էջ, «Կուլտուրա» տպարան, http://tert.nla.am/mamul/gyughatntesakan-handes/Table.htm


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>