Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սխալներէն Սորվիլ

$
0
0

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

1983 թուականի ամառն էր, երբ ընտանեօք ճամբորդական նաւով դէպի Կիպրոս կ՛ուղղուէինք օդակայանին փակ ըլլալուն պատճառով` փախուստ տալով լիբանանեան պատերազմի անապահով վիճակէն: Նաւուն մէջ մայրս իր 3 զաւակներուն համար ծամօն գնած էր, ինչպէս նաեւ, պատկերազարդ գիրքերու կողքին, իր զաւակներուն երկար ճամբորդութեան ժամանակը լեցնող եւ հանդարտեցնող սահմանափակ իրեր առած էր, նկատի ունենալով, որ ռումբերու ձայները մեզի բնականէն աւելի անհանդարտ դարձուցած էին…

Երեկոյեան, երբ մեր սենեակէն դէպի ճաշարան կ՛ուղղուէինք ընթրելու համար, ուշադրութիւնս գրաւեցին բախտախաղի լուսաւոր մեքենաները, որոնց առջեւ մարդիկ կեցած` մետաղադրամ կը նետէին. շատերու բազմապատիկ դրամ դուրս կը թափէր, իսկ ուրիշներու ալ` ոչինչ… Հետաքրքրութիւնս արթնցաւ եւ սկսայ ծնողքս համոզել, որ ես ալ բախտս փորձեմ եւ կարողացայ իրենցմէ փոքր գումար մը ստանալ: Քանի մը փորձէ ետք ես ալ իմ կարգիս շահաւոր դուրս եկայ եւ պէտք ունեցայ երկու կերպընկալէ գաւաթի, որպէսզի շահած գումարներս հաւաքեմ: Այդ վայրկեանին ինձմէ ուրախը չկար, ուստի սկսայ ծնողքս այպանել, որ դէմ կեցած էին ու սկիզբէն թոյլ չէին տուած եւ նոյնիսկ դժուարութեամբ ընդունած էին առաջարկս: Շատ չանցած` սկսած էի ձանձրանալ եւ շահած դրամներս, որոնք ուրախութիւն պատճառած էին, տարօրինակօրէն սկսած էին ձանձրոյթի աղբիւր դառնալ: Միտքս սկսած էր պղտորիլ, եւ վերստին բախտ փորձելու ախորժակ բացուած էր մէջս` յուսալով, որ շատ աւելին շահելու առիթ պիտի ունենամ: Դժբախտաբար այս անգամ շահած գումարս բախտախաղի մեքենան յափշտակեց եւ յուսախաբ դարձուց զիս: Երկրորդ անգամ, երբ ծնողքս խնդրանքս հաստատօրէն մերժեց, միտք մը ծագեցաւ մէջս` ամէն գնով յափշտակուած դրամները վերադարձնելու. առանց ծնողքիս լուրին` նաւուն պաշտօնեային մօրս գնած ծամօնի իմ բաժինս վերադարձուցի եւ շատ փոքր գումար մը կարողացայ ձեռք ձգել… Այդ գումարը նոյնպէս մեքենային զոհը գնաց եւ առանց դրամի, առանց ծամօնի ձգեց զիս:

8 տարեկան հասակիս շատ դասեր ունէի սորվելիք պատահածէն : Այսօրուան աշխարհը ուրիշը ընդօրինակելու եւ կապկելու ընթացքի մէջ է` ճիշդ է, թէ սխալ. կարծէք` ուրիշին սխալը մեզի դաս չ՛ըլլար եւ նոյնիսկ մեր սխալներէն բան մը չենք սորվիր, իսկ երբեմն ալ, սխալը գիտնալով հանդերձ, կը շարունակենք մեր սխալ ընթացքը:

Համացանցի եւ բջիջային հեռաձայնի մոլութիւնը դժբախտաբար եղած է մեր եւ մեր զաւակներուն կեանքի առաջնահերթութիւնը եւ նոյնիսկ շատ անգամ` ապրելու պատճառը: Իբրեւ ծնող` շատ դէմ կեցած եմ զաւակներուս, բայց ձախողած եմ, երբ ես անձնապէս չեմ յաջողած սրբագրել համացանցի գործածութեան իմ ընթացքս: Մանկավարժներ կ՛առաջարկեն մեր զաւակներուն համացանցի գործածութեան ժամանակը սահմանափակել, որպէսզի անոնք մոլի չդառնան: Մենք ալ` որպէս չափահաս, պէտք է մեր ժամանակը բաժնենք, որպէսզի մեր անձին, ընտանիքին, ընկերներուն, ազգին ու եկեղեցիին պէտք եղած ժամանակը ընծայենք եւ մեր կեանքի մոլութիւններէն ձերբազատինք: Այս ձեւով մենք ալ, մեր կարգին, մեր սխալը սրբագրելով, օրինակ կրնանք հանդիսանալ մեր զաւակներուն եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ շրջապատին:

Առտու մը, երբ զաւակներս դպրոց կը հասցնէի, մանկապարտէզի պատին վրայ տեսայ կախուած պաստառ մը, որուն վրայ օգտակար ու վնասակար ուտելիքներու եւ խմիչքներու նկարներ զետեղուած էին: Տղուս ուշադրութիւնը զովացուցիչին վնասակարներու ցանկին մէջ ըլլալը գրաւեց, եւ ան հարց տուաւ, թէ իր հայրը ինչպէ՞ս այդ վնասակար խմիչքէն կը խմէ, երբ իր զաւակներուն արգիլած է: Հոգ չէ, թէ հազուադէպօրէն կը խմեմ, բայայց եւ այնպէս սխալ օրինակ դարձած եմ զաւակներուս :

Վերջերս թուղթի եւ մատիտի գործածութիւնս աւելցնելով` պակսեցուցած եմ համակարգիչի գործածութիւնս : Թուղթի եւ մատիտի հերթական գործածութիւնս մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ իմ մտքի գրական արմատներուս վերադառնալուն: Կը խորհիմ, որ ամէն մարդ պէտք է թուղթ եւ մատիտ գործածէ, որպէսզի կարողանայ սխալներէն ձերբազատելով` իր մէջ պահուած արժէքները երեւան հանել: Նաւուն մէջ, եթէ ծնողքիս մտիկ ընէի, պիտի չվնասէի ամէն ինչ… Բայց եւ այնպէս սխալս դաս եղաւ, որ չկրկնեմ ու սորվիմ մտիկ ընել: Պէտք չէ միայն մեր սխալներէն դաս առնենք, այլ մեր շրջապատին սխալներէն ալ սորվելու պատրաստ պէտք է ըլլանք: Ինչպէս գրուած է Աւետարանի Առակաց գիրքին մէջ( 22:3)`  «Խորագէտը կը տեսնէ չարիքը ու ետ կը քաշուի, իսկ պարզամիտը առաջ կ՛երթայ ու կը վնասէ »: Ըլլանք այդ խորագէտը, որ նախքան վնասին հասնիլը, ետ կը դառնայ… Ուշադիր ըլլանք, որ ժամանակաւոր հաճոյքի համար մեր կեանքի հարստութիւնները չվատնենք պարզամիտ մարդուն նման…

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>