ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
Հա՛յր, ինչ գրեմ քու մասիդ,
Գովասանքներ պանծալի,
Տխուր նիւթեր ցաւագին
Կամ նորավէպ ծիծաղի:
Մի՛ նեղուիր այս խօսքերէս,
Զոր պիտ ըսեմ: Պարզապէս
Ճշմարտութիւնը այսպէս
Կը պահանջէ տողերէս:
Դուն ինկեր ես փոսին մէջ,
Զոր լարած է մայրս հեստ,
Չարչարած է քեզ երկար
Տարիներ ու դեռ յարմար
Առիթներ ան կը փնտռէ
Դրամ ուզելու յար քեզմէ:
Կարծես ստրուկն ես դուն իր
Կամ բանտարկեալ պարտադիր:
Գործի կ՛երթաս, կ՛աշխատիս,
Երեկոյեան տուն դարձիդ
Երբ քեզ տեսնեմ յոգնաջան`
Մտքիս մէջ կը շշնջամ
– Խեղճ նահատակ, ով հայր իմ,
Դեռ տակաւին շատ ունիս
Մօրս ձեռքէն քաշելիք,
Բայց դուն նորէն քաջարի`
Չնահանջես` պայքարիր,
Խիղճդ պահէ անբասիր,
Մօրմէս ալ մի՛ դառնանար:
Խորքին մէջ ան ալ պայքար
կը մղէ հետդ երկար
Իր տանը մէջ անբարբառ`
Պայմաններով շատ դժուար`
Հայ օճախին համար վառ:
Լիբանան