Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Յուշերու Շարքէն. Պէյրութը 1960-ական Թուականներուն

$
0
0

ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ

Մարդոց բնական, երբեմն բնազդական սովորութիւններէն մէկն է միշտ ալ այց մը տալ իրենց անցեալին` ընդհանրապէս ալպոմներու, պահուած նամակներու, յուշանուէրներու կամ օրագրութիւններու ընդմէջէն եւ վերյիշել պատանութեան, երիտասարդութեան տարիները, երբ սեւ էին մազ ու մoրուք, եղնիկանման` ոտք ու վազք, անմեղ, աներկմիտ, անփոյթ ու անքոյթ` գիտակցական ամէն արարք:

«Նոսթալժիք» այս վերադարձը միշտ ալ օծանուած է յուզումով, փշաքաղումով, երբ անցեալի երգեր, եղանակներ, ժապաւէններ, դասընկերներ, դէմքեր, դէպքեր, պտոյտներ, հաւաքոյթներ մէջ ընդ մէջ կը տողանցեն մտքի արահետներէն եւ ուղեղային բջիջներու ֆրոյտեան հոգեբանութեան կենսաբանական խաղով անկատար ապրում մը կը փոխադրեն երազներու մէջ` տուն տալով զարմանքի, թէ ինչպէ՛ս տարիներէ ի վեր չտեսնուած անձ մը յանկարծ այցելութեան կու գայ գիշերային բարձի ենթագիտակցութեան մէջ: Եւ քանի որ այլեւս ընդմիշտ գալիք չեն այդ օրերը, որքա՜ն անուշ, որքա՜ն հեշտ, որքա՜ն երանելի կը թուին ափսոսանքի անսփոփ իրողութեան առջեւ:

Քաղաքներն ալ այդպէս են եւ յաճախ կ՛որոնեն իրենց անցեալը, փառքի օրերը, ոսկեշրջանը:

Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութը բացառութիւն մը չէ այս ճշմարտութենէն, վաթսունական թուականներուն` մագնիսական իր հրապոյրով, գեղեցկութեամբ, կենցաղով ու կենդանութեամբ: Եւրոպական տարազով միջինարեւելեան այս քաղաքը արդիականութեան եւ նահապետականութեան միաձուլումն էր` նորը եւ հինը կամրջող ինքնուրոյնութեամբ, երբ խօսքը չկար դեռ ո՛չ Տուպային, ո՛չ Ապու Տապիին եւ ո՛չ ալ Քաթարին: Երկնասլացներէն մինչեւ իր պատմական շէնքերը, քաղքենիութեան իր վայրերէն մինչեւ արգահատելի անկիւնները, քարակուտային լաբիւրինթոսէն մինչեւ զինք դիտող բնութեան հրաշակերտ  լեռնալանջը, վերելք-վայրէջք նեղլիկ ու ոլորուն փողոցներէն մինչեւ ինքնաշարժի խառնարան պողոտաները, համբաւաւոր Համրայի գերարդիական վաճառատուներէն մինչեւ Սուք Սուրսոք բանուկ շուկայի ոսկերիչները, խանութպանները, մինչեւ մսավաճառներու միս ու ձուկ լուացող արիւնախառն ջուրերու գարշահոտ վտակը, քիթ-բերան բռնող գլխարկաւոր-ֆեսաւոր անցորդներու կամ յաճախորդներու ոտքերուն տակ:

Գլխաւոր հրապարակ Պուրճը` սիրտը քաղաքին, եռուզեռի կաթսայ մըն էր, արշակաւան մը` հանրակառք, օթոպիւս, թաքսի, սերվիսներ, ժողովուրդ, գոռում-գոչում եւ այս բոլորը ամբողջացնող մութ կանաչ տարազով խելակորոյս ոստիկաններ` զէնք ունենալով իրենց բերնի «անզէն» սուլիչը: Կեդրոնական Նահատակաց յուշարձանն ու արմաւենիներու արտայայտիչ շարանը խոցող երեւոյթը օթոպիւսներու եւ թաքսիներու կայանն էր դէպի տարբեր գիւղեր, քաղաքներ ուղղուող ճամբորդներու համար` Թրիփոլի, Զահլէ, Պաալպեք, Սայտա, մինչեւ իսկ Հալէպ կամ Դամասկոս, որուն արաբական անունը` «աշշե՜մ, աշշե՜մ», մունետիկեան կանչով կը լսուէր շա՜տ շա՛տ հեռուներէն: Յաճախորդ սիրաշահելու մրցակցութիւնը` տաք գլուխներէն յորդող փարթամ հայհոյանքներով, պարագայական բնակիչներու աչքին առջեւ կը ստեղծէր պոռչտուքի, իրարանցումի եւ յաճախ անխուսափելի կռփամարտի բեմահարթակ մը, ուղեւորները սարսափեցնելու աստիճան:

Կէս ճերմակ, կէս կարմիր ներկուած հանրակառքերը իրենց անդադրում «տինկ-տինկ»-ով սպասարկութիւն կը կատարէին քաղաքին մէկ ծայրէն միւսը` մինչեւ ուշ գիշեր: Մէկ գիծը Պուրճէն` Ժըմմէյզի, Փոլիքարպոս, Տորա, իսկ միւս կողմէն դէպի արեւմուտք, մինչեւ Պասթա: Միւս գիծը կ՛ուղղուէր ամերիկեան համալսարան, այսպէս կոչուած` «քիւլլիէ». իսկ դէպի հարաւ-արեւելք մինչեւ Պատարօ, թանգարան: Իրենց փութկոտութեանը մէջ կայարանը սպասելու համբերութիւնը ժամավաճառութիւն սեպելով` շատեր անմտօրէն կը ցատկէին սուրացող հանրակառքէն կա՛մ վեր, կա՛մ վար` լրջօրէն վտանգելով իրենց կեանքը: Մեր երիտասարդական տարիներուն մենք ալ ետ չէինք մնար այս արկածախնդրութենէն, համալսարան երթեւեկի ճամբուն վրայ: Անդին` կը վխտային հարկաւ սերվիսները, ընդհանրապէս` Մերսետես, որոնց անտաշ ու բերնի անպակաս սիկարէթով վարորդները` ի գործ կը դնէին գլխու-ձեռքի անվերջ պալէն` յաճախորդ որսալու արհեստին յատուկ խորամանկութեամբ, մինչ իրենց ինքնաշարժին ձայնասփիւռը բարձրաձայն կ՛աղաղակէր եգիպտացի առասպելական երգիչներ` Ում Քալսումի եւ Ապտել Ուահապի երկարապատում երգերը:

Այս հրապարակին երկու կողմերուն վրայ տարածուող Սուք Սուրսոքէն եւ վատահամբաւ հանրատուներէն զատ` աչքառու ներկայութիւն էին քաղաքի ամէնէն ժողովրդական շարժապատկերի սրահները` Ռոքսի, Ամփիր, Տիւնիա, Մեթրոփոլ, Ռիվոլի եւ քիչ մը անդին` Կրան Թէաթր եւ Քափիթոլ, որոնք միշտ խռնուած կ՛ըլլային ժապաւէններու սիրահարներով, վայելելու համար հիչքոքեան բեմադրութիւններէն մինչեւ «քաուպոյ»-ականը, պատմական-պատերազմականներէն մինչեւ Տրաքուլան եւ երգախառն կատակերգութիւնները:

Սրահներու ճակատին գլխաւոր դերասաններու գծագրութիւններով մեծածաւալ պաստառներ գրաւիչ ծանուցումներն էին ցուցադրուող ժապաւէնին: Եւ ո՞վ կ՛ըլլար առհասարակ այս նկարներուն տակ մեծատառ ստորագրութեամբ երեւցող արուեստագէտը` H. Torossian:

Հոլիվուտը այն ատեն անհասանելի աշխարհ մըն էր մեզի համար, իսկ դերասանները` մէկական կուռքեր, որոնց նկարները պատի մշտական զարդեր էին կօշկակարներու պատերուն վրայ: Չէի կրնար երեւակայել, որ տարիներ ետք բախտը պիտի ժպտէր ինծի բազմիցս այցելելու սպիտակ պաստառի այդ մայրաքաղաքը, քալելու անոր աստղազարդ մայթերուն վրայէն եւ թեթեւ յուսախաբութեամբ մը ծանօթանալու մեծ սթիւտիոներէն ներս կիրարկուող նկարահանումի խաբուսիկ երեւոյթներուն, Կարմիր ծովուն ճեղքուելէն մինչեւ ET-ի թռչող հեծիկը…

Շարժասրահներէն ներս, դադարին իսկական հաճոյք էր լսել Տալիտայի, Ազնաւուրի, Փեփինօ Տի Քափրիի եւ Լոս Փարակուայոսի երգերը: Տակաւին, Պոպ Ազզամի «Luna Capresse»-ն, սքանչելի կտորը` ծագումով լիբանանցի-եգիպտացի երգիչին, որ ծանօթ է նաեւ իր «Մուսթաֆա»-ով եւ «Ecrit dans le ciel»-ով: Իսկ Les Ascarson-ի «Gardez la derniere dance pour moi»-ն, որուն բառերը` «Գնա՛, պարէ՛ անոր բազուկներուն մէջ, գնա՛, ժպտա՛ անոր աչքերուն, բայց չմոռնա՛ս, վերջին պարը պահելու ինծի՛»… Ինչպիսի՜ թրթռումով կը քերէին մեր երիտասարդութեան հոգեբանական լարերը:

Սինեմաներէն կ՛ելլէինք դուրս` անյագուրդ, ներսի ապականած օդէն կարմրած երեսներով, երբեմն նոյն ժապաւէնը երեք ժամ ետք կրկին դիտելու մարմաջով, եթէ շատ սիրած ըլլայինք: Մայթերու երկայնքին դէմ-դիմաց կու գայինք տեսակաւոր վաճառորդներու հետ: Նիհար, բարձրահասակ, ցցուն ուսերով սուտանցի սեւամորթ կիներ` կոնաձեւ ոլորուած թերթիկներու մէջ տաք պիստակով, «Եա նասիպ» պոռացող վիճակահանութեան տոմս ծախողներ եւ կամ մետաղեայ գաւաթները մէջ-մէջի շխրտացնող «շերպեթճի»-ներ, սնուպարի միջուկը անպակաս: Կրկրացող ստամոքսներուն համար, անդին, ֆելեֆիլի ճաշարանները պահանջին համեմատ, մեքենայի պէս սենտուիչ կ՛արտադրէին աչքի առջեւ, քով-քովի շարուած տասնեակ մը կլոր բարակ հացերով: Հանրածանօթ ուտելիքները, սակայն, կը կրէին այլ կնիք ու հասցէ: Հաւը «Մարրուշ»-ն էր, անուշեղէն-պիսքոթը` «Ղանտուր», պաղպաղակը` «Սեմիրամիս»:

Արեւելքի Փարիզն էր Պէյրութը փառքի այդ օրերուն ոչ միայն ֆրանսական ճարտարապետութեան իր դրոշմով` այլեւ` «La dolce vita»-ի (անուշ կեանք) ինքնուրոյն հմայքով ու համբաւով: Իբրեւ «Jet-set»-ի կեդրոն` Ալեն Տըլոն, Պրիժիթ Պարտօ, Օմար Շարիֆ, Ֆարիտ Աթրաշ հո՛ն էին, Այն Մրեյսիէի երկայնքին` «Ֆենիսիա», «Սեն Ժորժ» պանդոկներուն եւ կամ քիչ մը աւելի հիւսիս քաղաքէն` «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի կարմիր գորգերուն վրայ: Անգիր օրէնք էր Սուք Թաուիլի, Համրայի, Մաարատի, Վերտէօնի կամ Արլըքենի նման  առաջնակարգ փողոցներու վաճառատուներու ցուցափեղկի արուեստագիտական գեղեցիկ յարդարանքը` ամէն շաբաթ փոխուելու պայմանաւ, իբրեւ քաշողական մղիչ հրաւէր արաբական երկիրներու արքայական ընտանիքներուն, մեծահարուստներուն, իրենց խոշոր թսպեհները շխրտացնելով` խորունկ գրպանները պարպելու: Լիբանանցին գիտէր իր ապրանքին գովքը հիւսել, դիւթել, հմայել, հրապուրել, լեզու թափել, մինչեւ որ ապրանքը «պայ-պայ» ըսէր խանութին, ընկալեալ սովորութեան համաձայն, սակարկուած գինով, բայց` կարծուածէն աւելի մեծ շահ մը ապահովելով խորամանկ վաճառականին…

Լիբանանի տարեկան փառատօններն ալ շուկաներուն չափ մագնիս էին  Եւրոպայէն, Ամերիկայէն, Ծոցէն ժամանող արուեստասէր զբօսաշրջիկներուն համար` Պաալպեքի, Պիպլոսի եւ Պէյթէտտինի պատմական բերդերն ու պալատները վերակենդանացնող գեղարուեստական ձեռնարկներով: Իսկ տեղւոյն երիտասարդութիւնը ամերիկեան, ֆրանսական եւ լիբանանեան համալսարաններու շրջափակերէն բացի` հաւաքավայր կ՛ընտրէր Wimpy-ն, Café de Paris-ը, Horseshoe-ն, Pigeon de Rock-ը, եւ կամ ուշ ժամերուն` Kit Kat-ն ու Cave de Roi-ն` Gauloise-ի, Kent-ի եւ Lucky Strike-ի ծուխերուն հետ շաղախելով Guerlain-ի եւ Christian Dior-ի զգլխիչ անուշահոտերու բուրմունքը, արբեցուցիչ հրապոյր մը պարգեւելով թէ՛ շրջապատին եւ թէ՛ բարեկամ-բարեկամուհիներուն:

Հայկական կեանքն ալ ետ չէր մնար հաճելի եւ հարուստ այս օրերէն: Պուրճ Համուտը զուտ հայկական իր բնոյթով փոքրիկ Հայաստան մըն էր` կենսունակ դպրոցներու, եկեղեցիներու, ակումբներու եւ շուկաներու լայն գործունէութեամբ, թէեւ ամերիկեան ազդեցութիւն մըն ալ կ՛արտայայտուէր նեղ փողոցներէն տողանցող ծանրաբարոյ ինքնաշարժներու անվերջանալի ճչակներէն:

Քաղաքի շրջանն ալ ունէր գաղութը զօրացնող եւ հպարտացնող իր կառոյցները: Սերայի բարձունքին` Ս. Նշան առաջնորդանիստ եկեղեցին, հայեցի ուսման միջնաբերդեր` Համազգայինի ճեմարանն ու ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանը, Ալեք Մանուկեան կեդրոնի համալիրը, Ճորճ Սարգիսեանի «Գասպար Իփէկեան», Պերճ Ֆազլեանի եւ Գրիգոր Սաթամեանի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբերը, Բարսեղ Կանաչեանի «Գուսան», Գէորգ Գանտահարեանի «Կոմիտաս» եւ Համբարձում Պէրպէրեանի «Նայիրի» երգչախումբերը աղն ու հացն էին կրթական, մարզական եւ գեղարուեստական աշխուժութեան: Համակ ապրում էր ունկնդրել Պէրպէրեանի «Անոր»-ը եւ Կանաչեանի «Օրօր»-ը համերգներու յայտագրին վրայ, իրենց «Եկեղեցին հայկական» օրաթորիոյին եւ «Նանոր» վիպական խմբերգին զուգահեռ: Գրական-հասարակական թերթերը ժողովուրդի կարեւոր մէկ հատուածին յափշտակութեան առարկան էին, իսկ եկեղեցիներու անուանակոչութեան տօները` հին սովորութիւններու վերանորոգում, վեհափառի ու իր շքախումբի ոտքերուն առջեւ զենուող ոչխարներով` աւանդական մատաղի առ ի պատրաստութիւն: Պարի տարեկան համոյթներ, ոգեկոչումներ, տողանցքներ, ազգային տօներ քով-քովի կը բերէին հայութիւնը` յարգանքի եւ երախտագիտութեան տուրք մատուցելու մեր հերոսներուն, գրական դէմքերուն, նուիրեալներուն: ՀՄԸՄ – ՀՄՄ  Ա. կարգի ֆութպոլի ճակատումներն ալ մոլեռանդ կողմնակիցներուն ջիղերը լարող զբաղումներ կը դառնային, ոչ տարբեր` Կիպրոսի ԱԲՕԷԼ-Օմոնիա մրցակցութենէն, կիրակիներու ազատ յետմիջօրէին:

Մէջ ընդ մէջ Հայաստանէն ժամանած խումբեր աւիշ ու արիւն կը սրսկէին ժողովուրդին խանդավառութեան վրայ: Հայաստանի երգի ու պարի անսամպլը Թաթուլ Ալթունեանի ղեկավարութեան տակ կը թնդացնէր «Unesco»-ի սրահը, օրեր շարունակ, մինչ «Արարատ Երեւան» անուանի ֆութպոլի խումբը` նոյն տարուան Խորհրդային Միութեան ախոյեանն ու բաժակակիրը, բարեկամական իրերայաջորդ մրցումներ կը կայացնէր «Քամիլ Շամուն» հսկայ մարզադաշտին վրայ, տեղական խումբերու դէմ, Նահրի կամուրջէն օթոպիւսներով հազարաւորներու փոխադրութիւնը դէպի հոն` վերածելով տեսակ մը ուխտագնացութեան: Գոհար Գասպարեանը կու գար իր աննման ձայնը հնչեցնելու «Casino du Liban»-ի ընդարձակ հանդիսասրահին մէջ, մինչ Փարիզէն հրաւիրուած Նշան Պէշիկթաշլեանը իր սրամիտ երգիծաբանութիւններով կը հարստացնէր գրականասէր հասարակութիւնը` ամերիկեան համալսարանի «Assembly Hall»-ին մէջ:

Նահրի պողոտան բանուկ շուկան էր կօշիկի, հագուստեղէնի, ոսկերիչներու` նորաձեւութիւններու շաբաթական ցուցադրութեամբ, մինչ Մարտիրոսեաններու երաժշտական վաճառատունէն գեղեցիկ երգերու արձագանգը, հայկականէն մինչեւ արժանթինեան թանկոները, սփոփանքի աղբիւր էր օրուան պրկումներով տուայտող անցորդներուն համար:

Ժողովուրդը բարի սովորութեամբ ամրան եղանակին Պէյրութի տաքն ու խոնաւութիւնը կը լքէր` օդասուն հանգիստ որոնելու դէպի գիւղեր իր արշաւանքին մէջ, Ալէյ, Պհամտուն, Շթորա, Այնճար, Զահլէ եւ կամ միւս գիծէն` Պիքֆայա, Տհուր Շուէյր, Պոլոնիա, Մրուժ, իր քաղցն ու ծարաւը յագեցնելու տեղւոյն համեղ տանձերով, կեռասներով, խաղողով ու ակերուն զուլալ ջուրերով…

Այս ամբողջ գեղեցկութեան ու բնականութեան ետին քաղաքական կեանքը կրնար վարդագոյն չըլլալ, բայց Լիբանանը, լիբանանցին ու լիբանանահայը, սիրտ ունենալով Պէյրութը, կ՛ապրէր ու կ՛ապրեցնէր` առանց լրջօրէն մտածել տալու «երազի երկիրներ»` Ամերիկա, Քանատա, Ֆրանսա գաղթելու գաղափարին մասին: Շատ քիչեր կը ծրագրէին այս դրախտէն հեռանալ եւ ճակատագիր որոնել այլ երկնակամարներու տակ աւելի խոստումնալից ապագայի մը հեռանկարներով:

Սակայն, ափսո՜ս, մարդիկ չգիտցան յարգը իրենց նախանձելի հանգիստին, հանդարտութեան եւ հարստութեան: Կրօնական, քաղաքական, հատուածական ու անձնական հակառակութիւններու տագնապին մէջ չտեսան նոյն ատեն վտանգը արտաքին միջամտութեան, ազդեցութեան եւ կամ շահերու: Երկրին հրաբուխը լերան տակ չմնաց, այլ տաքցաւ, փոթորկեցաւ եւ ահաւոր կերպով անիծեալ օր մըն ալ յանկարծ պայթեցաւ` տասնեօթը տարի շարունակ Միջին Արեւելքի Զուիցերիան թաղելով փոշիի, փեռեկտումի եւ փլատակներու տակ: Հազարներ զոհ գացին, հազարներ դուրս գացին, որոնցմէ անմասն չմնաց նաեւ մեր աղուոր, շէ՛ն, ստեղծագործ գաղութը:

Հիմա, տարիներ ետք այս աղէտէն, Լիբանանը վերագտած կը թուի ըլլալ իր «բնականոն» վիճակը եւ արդիականացած` աւելիով: Նոր օդակայան, նոր երկնասլացներ, նոր հրապարակներ, նոր շուկաներ նոր գոյն ու գեղեցկութիւն կու տան անոր դիմագծին` բազմապատկելով նոյն ատեն ճամբաներու անհանդուրժելի խճողումը եւ քաոսային վիճակը: Տեղ-տեղ, սակայն, ակներեւ է քաղաքացիական պատերազմի անջնջելի սպին, իբրեւ զգաստութեան կանչ գուցէ` գալիք սերունդներուն այսուհետեւ գէթ սիրով, համերաշխութեամբ եւ իմաստութեամբ առաջնորդելու երկիրը դէպի մշտատեւ բարօրութիւն ու խաղաղութիւն, դաս առնելով անցեալի ծանր սխալներէն եւ մանաւանդ` դրացի երկիրներու այժմու ցաւալի կացութենէն:

Պէյրութը, այո՛, նոր համ առած է հիմա, կասկած չկայ, բայց, ի՛նչ ալ ըլլայ պարագան, ուրի՜շ էր համը, ուրի՛շ, վաթսունական թուականներու Պէյրութին:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

22 յունուար 2019
Նիկոսիա

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>