Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Երգչուհիին Տունը` Թանգարան

$
0
0

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Յունիսի 1-ին երգչուհի Լուսինէ Զաքարեանի ծննդեան օրը, Երեւանի իր բնակած տան մէջ բացուեցաւ երգչուհիին տուն-թանգարանը…

Երեւանի Եզնիկ Կողբացի 42 տուն 3 հասցէն երկար ժամանակ մշակութասէր հանրութեան ուշադրութեան կեդրոնն էր: Լրատուամիջոցները յաճախ կ’այցելէին այդ տունը, ուր բնակած է հոգեւոր երգերու եւ կոմիտասեան տաղերու անզուգական մեկնաբան Լուսինէ Զաքարեանը իր ամուսինին` հայագէտ, մանկավարժ ու երգիչ Խորէն Պալեանին հետ: Հեռատեսիլէն յաճախ ցոյց կու տային երկուքին մահէն ետք լքուած, անտէրութեան մատնուած տունը, ուր փտած խողովակներէն ջուրը կը հոսէր պատերուն վրայէն, կը քայքայէր յատակը, կը վնասէր տան իրերը: Անտէր բնակարանը կորսուած էր աղտի եւ թափթփածութեան մէջ: Միայն երբեմն-երբեմն մօտիկ դրացի մը կը բանար բնակարանին դուռը եւ կոյուղիին հերթական վթարին մասին կ’ահազանգէր…

Լուսինէ Զաքարեան եւ Խորէն Պալեան զաւակ չունէին, եւ երկու արուեստագէտներուն մահէն ետք բնակարանը «կռուախնձոր» դարձած էր Պալեանի` արտասահման ապրող երկու հարազատներուն միջեւ: Վերջապէս, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան միջամտութեամբ, անոնք լուծումի մը յանգեցան եւ բնակարանի սեփականատէր ճանչցուած Րաֆֆի Պալեանը` Խորէն Պալեանի եղբօրորդին, համաձայնեցաւ տունը դարձնել Լուսինէ Զաքարեանի տուն-թանգարան եւ ստանձնեց նորոգութեան ծախսերը:

Լուսինէ Զաքարեան կանուխ հեռացած է կեանքէն: Հիւանդութիւնը, 1992 թուականի դեկտեմբեր 30-ին, խլած է 55 տարեկան երգչուհիին կեանքը: Խորէն Պալեան իր շատ սիրելի կնոջ մահէն ետք չէ ուզած տեղաշարժել այն իրերն ու ապրանքները, որոնք դասաւորուած են կնոջ ձեռքով, չէ նորոգած բնակարանը: Բնակարանը խորհրդային իշխանութիւնը 1967 թուականին տուած է Լուսինէ Զաքարեանին: Այդ տարիներուն ան արդէն յայտնի երգչուհի էր ու հոգեւոր երգերու իր կատարումներով յայտնի դարձած էր նաեւ արտասահմանի մէջ: Մինչ այդ, Լուսինէ Զաքարեան, Վրաստանի Ախալցխա քաղաքէն Հայաստան գալով, հայերէն բառ մը իսկ չէր գիտեր, բայց շատ կը սիրէր հայ հոգեւոր երգերը. ուստի սկզբնական շրջանին ռուսերէն տառերով կը գրէր անոնք եւ այդպէս կը սորվէր: Մեծ ջանքերու շնորհիւ տիրապետած է ոչ միայն հայերէնին, գրաբարին, այլեւ այն ամբողջ հոգեւոր ժառանգութեան, որ Հայ եկեղեցին պահած է դարեր շարունակ: Մինչեւ տասնհինգ տարեկան Լուսինէ Զաքարեանը ապրած է Վրաստանի Ախալցխա քաղաքը, ուր ծնած է: 1952 թուականին ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Երեւան, իր ունեցած երաժշտական բացայայտ ունակութիւններուն շնորհիւ` յաճախած է Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանը, 1957 թուականին ընդունուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցը: Միայն երաժշտական տաղանդը չէ, որ զայն տարած է այդ ուղիով. ան ունեցած է նաեւ երաժշտական յատկութիւններով օժտուած ընտանիք. իր մօր կողմէ մեծ հայրը` Եուսուֆ Տոմաշեւիչը (ծագումով լեհահայ) եղած է Ս. Փեթերսպուրկի Կայսերական օփերայի թատրոնի մեներգիչ, ձայնային հարուստ տուեալներով օժտուած արուեստագէտ մը, որ իր ձայնը մշակած է Իտալիա: Իսկ Լուսինէ Զաքարեանին մեծ մայրը` Էլենա Տոմաշեւսկայան, դաշնակահարուհի էր: Երաժիշտներ եղած են նաեւ հայրը` Յաբեթը եւ եղբայրը:

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, լսելով Լուսինէ Զաքարեանին ձայնը, զայն հրաւիրած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երգչախումբ: Երգչուհին արդէն կը տիրապետէր հայերէնին, աւելի ուշ ան հայկական դարձուցած էր իր «Սվետլանա» ռուսական անունը, որուն իմաստին մէջ նոյնպէս լոյս բառը կայ: Զաքարեանի առաջին համերգներու յայտագրերուն մէջ իր անունը գրուած էր «Սվետլանա» Զաքարեան, իսկ «Լուսինէ» անունը Հայաստանի մէջ տարածում գտած է իր անունը փոխելէն ետք: Երգչուհին գերազանցօրէն կը կատարէր ոչ միայն հոգեւոր երգեր, այլ` արեւմտաեւրոպական ստեղծագործութիւններ, հայկական ժողովրդական երգեր: Բայց անոր տարերքը, անշուշտ, հոգեւոր երաժշտական ժառանգութեան մեկնաբանութիւնն էր, եւ խորհրդային տարիներուն, երբ որոշ երաժշտական ժանրերու հետ նաեւ հոգեւոր երգերը կ՛արգելուէին, ան կրցած է համարձակ կերպով այդ երգերը բեմ հանել:

1972 թուականին Լուսինէ Զաքարեանը արժանացած է Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտի կոչումին: Բազմիցս համերգներով գտնուած է արտասահման, եւ շատ վայրերու մէջ իր ձայնին միջոցով ճանչցած են Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները, հայ ժողովրդական երգերը, տաղերը եւ շարականները: Պարբերաբար համերգներ ունեցած է հայազգի աշխարհահռչակ երգեհոնահար Պերճ Ժամկոչեանին հետ:

Լուսինէ Զաքարեանին համար ստեղծագործութիւն գրած է յայտնի երգահան Առնօ Բաբաջանեանը, երգչուհիին բանաստեղծութիւններ ձօնած են` Սիլվա Կապուտիկեանը, Վահագն Դաւթեանը, Արշալոյս Մարգարեանը, օտարազգի բանաստեղծներ: Անոր ձայնագրութիւնները մտած են հայ երաժշտութեան ոսկեայ ֆոնտ եւ տեղ գտած են համաշխարհային երաժշտութեան ձայնադարանին մէջ:

Դժբախտաբար իր կենդանութեան Լուսինէ Զաքարեանը չէ ունեցած այն գնահատանքն ու ճանաչումը, ինչ որ ունեցաւ իր մահէն ետք, մանաւանդ` վերջին տարիներուն: Այսպիսի պատմութիւն մը կայ. երգչուհիին մահէն ետք անոր ամուսինին` Խորէն Պալեանին եւ հայագէտ Լիտա Գէորգեանին կողմէ կը կազմուի եւ 1999 թուականին Երեւանի մէջ կը հրատարակուի «Լուսինէ» խորագրով ժողովածուն: Սակայն, տեսնելով ընթերցող հասարակութեան անտարբերութիւնը, Խորէն Պալեանը կը գնէ գիրքին բոլոր չվաճառուած օրինակները եւ կը տեղափոխէ իր բնակարանը… Այդ` չվաճառուած գիրքերը նոյնպէս, իբրեւ արժէքաւոր ցուցանմուշներ, տեղ գտած են նորաբաց թանգարանին մէջ: Կը պատմուի նաեւ, որ 1993 թուականին Հայաստանի այդ ժամանակուան կառավարութիւնը մերժած էր երգչուհին յուղարկաւորել Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ` հայ մեծերու կողքին: Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը այդ հարցով իր մօտ գտնուող մտաւորականներուն ըսած էր, թէ լաւ կ’ըլլար, որ Լուսինէն իր արժանի տեղը գտնէր Կոմիտասի կողքին, բայց քանի որ իշխանութիւնը մերժած էր, ուստի Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոսին համաձայնութեամբ Լուսինէ Զաքարեանի մարմինը 1993 թուականի յունուար 4-ին հողին յանձնած են Էջմիածնի Ս. Գայեանէ եկեղեցւոյ գաւիթի գերեզմանատան մէջ:

Լուսինէ Զաքարեանի մասին առաջին գիրքը լոյս տեսած է 1981 թուականին, սակայն աւելի մեծ ճանաչման արժանացած է անոր մասին գրուած երրորդ գիրքը, որ տպագրուած է 2015 թուականին Երեւանի մէջ: Անոր հեղինակը արեւելագէտ Սերգէյ Մանուէլեանն է, որ երկար տարիներու աշխատասիրութեամբ կազմած եւ հրատարակած է «Լուսինէ Զաքարեանը ժամանակակիցներու յուշերուն մէջ» ժողովածուն: Հեղինակը այդ գիրքին մէջ ամփոփած է անտիպ յուշեր երգչուհիին մասին` Հայաստանէն եւ սփիւռքէն հաւաքելով արուեստագէտներու, մտաւորականներու, երգչուհիին հետ մտերմութիւն ունեցող մարդոց յուշերը, տպաւորութիւններն ու պատմութիւնները: Գիրքին մէջ տպագրուած են Օֆելիա Համբարձումեանի, Վարդուհի Վարդերեսեանի, Տիգրան Մանսուրեանի, Յովհաննէս Չեքիճեանի, Արաքս Մանսուրեանի, Ռոզի Արմէնի եւ այլ նշանաւոր մարդոց յուշերը:

Իր ժամանակակիցներուն հետ Լուսինէ Զաքարեանը ունեցած է բազմաթիւ լուսանկարներ, որոնք իր նորաբաց տուն-թանգարանին պատերը զարդարած են: Թանգարանը մեծ չէ` ընդամէնը երկու սենեակ, եւ այդ երկու սենեակները ամբողջութեամբ լեցուած են Լուսինէ Զաքարեանի եւ Խորէն Պալեանի մասին պատմող լուսանկարներով, փաստաթուղթերով, իրերով, նամակներով, մրցանակներով եւ շնորհակալագրերով… Ցուցադրութեան կազմակերպման գործին մէջ իր աջակցութիւնը բերած է նաեւ Մայր Աթոռը` Պալեաններուն հետ ամբողջացնելով թանգարանի բացման եւ ցուցադրութեան կազմակերպման ծախսերը:

Համեստ կեանք մը ունեցած են արուեստագէտ ամուսինները: Ամբողջութեամբ նուիրուած ըլլալով հայ երգին, հայագիտութեան` անոնք կենցաղին շատ ուշադրութիւն չեն դարձուցած, չեն պաճուճած տունը. երգչուհին ինքն ալ կենցաղէն վերացած կեանքով մը ապրած է: Պահպանուած իրերը կը խօսին այդ զուսպ եւ համեստ կեանքին մասին: Որոշ իրեր վնասուած են խողովակներէն հոսող ջուրերէն, իսկ բնակարանը քանի մը անգամ կողոպուտի ենթարկուած է. ուստի կարելի է պատկերացնել, թէ համեստ կեանքով ապրած այս ընտանիքին ժառանգութենէն որքա՛ն քիչ բան մնացած է: Հիւրասենեակին կեդրոնը պզտիկ սեղան մը դրուած է` պարզ աթոռներով, կոշտ բազմոց մը, եւ գրապահարաններ, որոնք լեցուն են գիրքերով: Պահպանուած է նաեւ դաշնամուրը, զոր նուագած են անոնց տուն եկած յայտնի դաշնակահարներ: Հիւրասենեակը պահպանուած է իբրեւ հիւրասենեակ, ուր այցելուները կը նստին աթոռներուն վրայ, կը լսեն Լուսինէ Զաքարեանի ձայնագրութիւնները, անոր մասին պատմութիւններ: Իբրեւ ցուցասրահ` կահաւորուած է ննջասենեակը: Ցուցադրուած են երգչուհիին հագուստները, կահոյքը` գրեթէ առանց փոփոխութեան: Տունէն կը լսուի Լուսինէ Զաքարեանի երգեցողութեան հրաշալի ձայնը, եւ քանի որ բնակարանը շէնքին առաջին յարկն է` ձայնը կը տարածուի նաեւ բակին մէջ:

Թանգարանի բացումին ներկայ էին Լուսինէ Զաքարեանի քոյրը, Խորէն Պալեանի ազգականները, մտաւորականներ, երգչուհիին երաժշտութեան երկրպագուները: Նաթան արք. Յովհաննիսեանի օրհնութեամբ բացուեցաւ թանգարանը: Սրբազան հօր խօսքով, երբ Լուսինէն կը մտնէր տաճար, այնպէս կը թուէր, որ մոմավառութեան անկիւնին վրայ մոմ մը եւս կը վառէր: «Ան չէր երգեր, այլ երգի միջոցով իր անկեղծ աղօթքը կը յղէր առ Աստուած», թանգարանին բացման ընթացքին ըսաւ սրբազան հայրը: Տուն-թանգարանի տնօրէնը Սուսաննա Դաւթեանն է, որ 1965 թուականէն ի վեր, իբրեւ դաշնակահարուհի, նուագակցած է Խորէն Պալեանին եւ մօտ եղած է ընտանիքին: Խորէն Պալեան նոյնպէս, իբրեւ հայագէտ եւ մանկավարժ, մեծ ներդրում ունեցած է, ան եղած է սիրուած դասախօս` իբրեւ շարականագէտ, ծիսագէտ, գրաբարի մասնագէտ: Ան Հայաստան եկած է Լիբանանէն: Խորէն Պալեանի հայրը նոյնպէս մանկավարժ էր` սփիւռքի մէջ բազմամեայ մանկավարժական եւ հասարակական գործունէութիւն ունեցած Յարութիւն Պալեանը: Անոնք Հայաստան հայրենադարձ եղած են 1946 թուականին: Խորէն Պալեանը աւարտած է Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը: 1955 թուականին մայր տաճարի մէջ ձեռնադրուած է սարկաւագ, իսկ 1961 թուականին` Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոսի ձեռամբ ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ: 1962 թուականին Օշականի մէջ պաշտպանած է վարդապետական աւարտաճառ եւ ստացած է վարդապետական չորս աստիճաններ: Սուրբ Էջմիածնի մէջ զբաղեցուցած է պատասխանատու պաշտօններ:

1965 թուականին Խորէն Պալեանը ձգած է հոգեւոր ասպարէզը եւ ամուսնացած` Լուսինէ Զաքարեանին հետ: 1965-1968 թուականներուն ուսանած է Երեւանի պետական համալսարանի հայագիտութեան բաժինը, եղած է հայոց լեզուի պատմութեան ամպիոնի դասախօս, դասաւանդած է լեզուի պատմութիւն եւ գրաբար, 1995-2005 թուականներուն աստուածաբանութեան բաժնին մէջ` ծիսագիտութիւն, վարքաբանութիւն: Տասնհինգ տարի ղեկավարած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրութեան բաժնի «Հայ տոհմիկ» երգչախումբը, որ բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած է Հայաստանի զանազան շրջաններու եւ Արցախի մէջ: Պալեան դասաւանդած է Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի, ապա Սեւանի Վազգէնեան դպրանոցին մէջ:

Իր սիրելի կնոջ` Լուսինէ Զաքարեանին հետ Խորէն Պալեանն ալ երգած է մայր տաճարէն ներս, միասին շարականներ կատարած են ս. պատարագէն:

Բարձր գնահատելով անոր վաստակը` Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Խորէն Պալեանին շնորհած է «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանը:

Պալեանի աճիւնը նոյնպէս ամփոփուած է Էջմիածնի Սուրբ Գայեանէ եկեղեցւոյ բակի գերեզմանատան մէջ:

Տուն-թանգարանը Լուսինէ Զաքարեանի եւ Խորէն Պալեանին յիշատակի մէկ վայրն է, ուր երիտասարդ սերունդը մօտէն կրնայ ծանօթանալ գործունէութեան հայրենադարձ ամուսիններուն, որոնք Հայաստան գալով` իրենց ողջ կեանքը նուիրած են հոգեւոր ժառանգութեան պահպանմանն ու տարածման:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>