Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն
ՎԻԳԷՆ ՎՐԴ. ՏԱԼԳԼԸՃԵԱՆ
Բաբելոնեան աշտարակաշինութեամբ մարդիկ տեսակ մը ապստամբութիւն կազմակերպեցին Աստուծոյ դէմ եւ իրենց հանճարով ուզեցին իրենց փրկութիւնը ապահովել: Այս պատճառով ալ, անոնք աշտարակ շինեցին, որպէսզի եթէ կրկին անգամ ջրհեղեղ տեղի ունենայ, անոր միջոցով պաշտպանուին: Արդ, երբ Աստուած տեսաւ, որ մարդկային այս միտքը մարդուն առաւել կորուստին եւ չարութեան կը ծառայէ, մարդկային ցեղը ազգերու եւ լեզուներու բաժնեց: Այս բաժանումով սկսաւ մարդկային ցեղերու պատմութիւնը: Հետեւաբար, երբ Պենտեկոստէի օրը Սուրբ Հոգին էջքով առաքեալները տարբեր լեզուներով սկսան խօսիլ, տեսակ մը Բաբելոնեան աշտարակաշինութեան հակապատկերը տեղի ունեցաւ: Աշտարակաշինութիւնը եկեղեցաշինութեան վերափոխուեցաւ, որ ճշմարիտ վայրը դարձաւ մարդուս փրկութեան` պահպանելով բոլորին լեզուները, ինքնութիւնը եւ մշակոյթը, ըսելու համար, թէ Աստուծոյ համար բոլոր լեզուները հաճելի են եւ բոլորին աղօթքները` լսելի: Հոգեգալուստով, Աստուած միանգամընդմիշտ հաստատեց, որ ի՛նք է բոլոր ազգերուն Հայրը եւ Ստեղծիչը: Հոգեգալուստի օրը բոլորս Աստուծոյ հետ վերստին խօսելու եւ Անոր միանալու շնորհքը ունեցանք: Գերազանցօրէն Սուրբ Հոգիի տաճար ըլլալու շնորհքը տրուեցաւ բոլորիս անխտիր:
Հոգեգալուստին շատեր երբ տեսան կատարուած իրողութիւնը, ծաղրելով ըսին. «Նոր գինիով գինովցած են» (հմմտ.Գրծ 2.12-13): Աստուածաշունչը մեզի ցոյց կու տայ, թէ երբ մարդը Սուրբ Հոգիին հետ միանայ, իր էութեան մէջ փոփոխութիւններ կը կրէ եւ այդ մէկը ինքնաբերաբար կ՛արտայայտէ: Տեղին է ըսել նաեւ, որ Աստուծոյ մասին խօսած ատեն խոժոռ կամ շատ լուրջ կերպար մը կ՛ունենանք մեր մտքին մէջ: Վստահ, որ Աստուծոյ խորհուրդները շատ լուրջ են, բայց Աստուած սէր է եւ մեր փրկութիւնն է միայն, որ կը հետապնդէ: Երբ Անոր Հոգին մարդուն մէջ մտնէ, այնպիսի ուրախութիւն եւ խաղաղութիւն կը բերէ, որ մինչեւ օրս անբացատրելի կը մնայ մարդկային մտքին համար:
Սուրբ Հոգիին իւրայատկութիւնն է մեր մէջ իր կրակը բոցավառել եւ նոյն ատեն խաղաղութիւն ու զօրութիւն շնորհել: Կրակը շատ կարեւոր է այստեղ, յիշենք Յովհաննէս Մկրտիչին խօսքը. «Ես ձեզ ջուրով կը մկրտեմ, բայց ինձմէ աւելի հզօրը պիտի գայ, որ ձեզ Սուրբ Հոգիով եւ կրակով պիտի մկրտէ» (Ղկ 3.16): Կրակը այստեղ երկու պատկեր ունի. մէկը` մաքրելու ու սրբելու, իսկ միւսը` սիրոյ, նախանձախնդրութեան ու զօրութեան նշան է: Այս իմաստով է, որ Աստուծոյ կրակը կ՛իջնէ մարդոց վրայ եւ կ՛այրէ, այսինքն` Աստուծոյ սիրով կը մաքրէ բոլորս: Մինչեւ այսօր Աստուած իր սիրոյ կրակով մարդոց սրտերն ու հոգիները ատելութեան ախտէն ու մեղքէն կը մաքրէ: Արդ, բոցավառած լեզուները Աստուծոյ սիրոյ խորհուրդներն են, որ իջան առաքեալներուն վրայ: Եթէ սիրենք զիրար, Սուրբ Հոգին իր հրեղէն սիրով կը լեցնէ մեզ եւ կը վանէ ամէն թերութիւն, «որովհետեւ Աստուծոյ սէրը տեղ գտած է մեր սրտերուն մէջ` մեզի տրուած Սուրբ Հոգիին միջոցաւ» (Հռ 5.5): Պօղոս առաքեալ խօսելէ ետք հաւատացեալին սպասող նեղութեան, վիշտին, չարչարանքին, խռովարարներու վայրագութեանց, յոգնութեան եւ զանազան մարդոց կողմէ կատարուելիք թերութիւններուն մասին, կ՛աւելցնէ. «Այս բոլորը տարէք` մաքուր սրտով, գիտակցօրէն, համբերատարութեամբ, քաղցրութեամբ, Սուրբ Հոգիով, անկեղծ սիրով (Բ.Կր 6.4-6):
Սուրբ Հոգիին կրակը միշտ պէտք է ունենանք մեր մէջ: Ինչպէս կանթեղը երբ չվառենք պղինձէ պարզ առարկայի մը կը վերածուի, նոյնպէս` մարդն ալ մարդ ըլլալէ կը դադրի, եթէ Աստուծոյ Հոգիով չլիցքաւորուի եւ չբոցավառի:
Երկրորդ, Սուրբ Հոգին նաեւ ունի ուրիշ նշանակութիւն մը: Ան մեզ կը միացնէ Քրիստոսի հետ: Այլ խօսքով` եկեղեցւոյ խորհուրդներուն ընդմէջէն Սուրբ Հոգին է, որ կը ներգործէ մեր մէջ: Ան մկրտութեան ատեն ջուրին վրայ` եւ Սուրբ պատարագի ընթացքին հացին եւ գինիին վրայ իջնելով խորհրդաւոր կերպով ներկայ կ՛ըլլայ մեր մէջ: Ահաւասիկ Քրիստոսի հետ մաս կազմած կ՛ըլլանք Իր փրկագործական ծրագրին մէջ:
Հոգեգալուստը տէրունական տօներուն լրումն է եւ ամբողջութիւնը: Հոգեգալուստը եկեղեցիի հիմնադրութիւնն է, ճիշդ է, որ տաղաւար տօն մը չէ, բայց տաղաւար տօներէն նուազ կարեւոր չէ: Իրականութեան մէջ բոլոր տօները հոգեգալստեան տօնով իմաստ կը ստանան, որովհետեւ Պենտեկոստէի մէջ բոլոր տօներուն խորհուրդները մեզի կը յայտնուին:
Սուրբ Հոգիին իմաստը եւ գաղափարը կարելի չէ սահմանափակել: Անոր անբացատրելի ներկայութիւնը մարգարէներուն, առաքեալներուն, եկեղեցւոյ հայրերուն եւ աստուածաբաններուն համար ամէնէն մեծ խորհուրդը եւ ամէնէն զօրաւոր մղիչ ուժը հանդիսացաւ: Սուրբ Հոգիի զօրութեան եւ ներգործութեան նկատմամբ յատուկ շեշտ եւ կարեւորութիւն պէտք է տալ, որպէսզի մեր հաւատքի հորիզոնները աւելի ընդարձակուին եւ ըմբռնելի դառնան մեր մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ:
Մենք Սուրբ Հոգիին հետ պէտք է գործակցինք, որպէսզի աստուածային ամբողջ խորհուրդներն ու ուսուցումները Անոր միջոցաւ կեանքի վերածելու կարողութիւնը ունենանք: Պօղոս Առաքեալ կ՛ըսէ. «Սուրբ Հոգիով լեցուեցէք, իրարու հետ Սաղմոսներով, օրհնութիւններով երգեցէք եւ խօսեցէք® ամէն բանի միշտ շնորհակալութիւն յայտնելով Հօր Աստուծոյ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով» (Եփ 5.18-20): Հետեւաբար, հոգեգալուստը մեզի դարձեալ խորհուրդ մը կու տայ առաքեալներուն կատարած օրինակով քալելու` «միասնաբար յարատեւ աղօթքով» անցընելու մեր օրերը (հմմտ. Գրծ 1.14)` սպասելով աստուածային խոստումին կատարման, Սուրբ Հոգիին միջոցաւ դէպի զուարթառատ եւ երջանիկ կեանքին առաջնորդելու նպատակով: