Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Խելամիտ մարդիկ զարմանքով իմացան, որ նախագահ Տոնըլտ Թրամփի անունը առաջարկուած է իբրեւ Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի թեկնածու: Զարմանալի կը նկատուի, որ Թրամփ ի՛նք յանձնարարած է Ճափոնի վարչապետին` առաջարկել իր անունը, ան ալ չէ հերքած նման քայլի մը դիմած ըլլալը: Ի վերջոյ, ան ալ թրամփեան աղբիւրէ ջուր խմողներու շարքին կը դասուի…
Ես ալ կը զարմանամ, թէ մարդիկ ինչո՞ւ կը զարմանան Թրամփի թեկնածութեան ի լուր: Ինչո՞ւ զարմանալ, բարեկամնե՜ր, Թրամփ ինչո՞վ ետ կը մնայ Օպամայէն, որ հազիւ նախագահութեան հասած` մրցանակի արժանացաւ ծափողջոյններով, յետոյ խաղաղութիւնը տապկեց ու կերաւ Միջին Արեւելքի մէջ եւ այլուր: Չէ՞ որ բազմաթիւ արժանաւորներու կողքին, քաղաքական հազար ու մէկ հաշիւներով անցեալի մրցանակաւորներու ցանկին վրայ արձանագրուած են անունները պաշտօնական ոճրագործներու, որոնք կը կոչուէին` Մենահիմ Պեկին, Իցհաք Ռապին, Շիմոն Փերես, Հենրի Քիսինճըր. չէ՞ որ Աունկ Սան Սու Քիի մը անունը եւս արձանագրուած է հոն, ղեկավար մը, որ տարիներ շարունակ արդարատենչի վարկ ու վաստակ կերտելէ ետք, օր մըն ալ «ակամայ» ինկաւ իր երկրի իսլամները զանգուածային ջարդերու ենթարկողներու եւ բռնագաղթի ենթարկողներու հոսանքին մէջ: Չէ՞ որ, ի վերջոյ, այս մրցանակը շնորհուած է այնպիսիներու, որոնք ո՛չ միայն կը նուաստացնեն այս մրցանակն ու անոր արդարօրէն տիրացողները, ինչպէս` Նելսըն Մանտելան, Մայր Թերեզան եւ բազում ուրիշներ, այլեւ կը խարանեն ողջ մարդկութեան ճակատը: (Բնականաբար չենք կրնար զիրար մխիթարել` ըսելով, որ Նոպելեան այլ մրցանակներ եւս տասնամեակներէ ի վեր կը շնորհուին ծուռ հաշիւներով…):
Չ՛արժեր երկար կանգ առնել անուններուն վրայ այլ մրցանակաւորներու, որոնք վարձատրուեցան քաղաքական այլօրինակ հաշիւներով. յիշենք միայն քանի մը անուն. Անուար Սատաթ, Եասեր Արաֆաթ, Միխայիլ Կորպաչով եւ Ալ Կոր:
Վերոյիշեալ անարժան պարգեւատրուողներու ցանկը հետզհետէ պիտի երկարի յայտնապէս. կ՛արժէ պրպտում մը կատարել եւ ստուգել, որ դատական կազմը ինչպիսի՞ «բարեփոխութիւններու» ենթարկած է իր սկզբնական չափանիշները. կը թուի, որ ուրուագծուած են նոր չափանիշներ, որոնց հիմամբ գնահատում կը կատարուի, թէ թեկնածուն որքա՛ն զէնք ծախած է, ինչպիսի՛ հմտութիւն ունի տնտեսական եւ այլ հակադրութիւնները խորացնելու մէջ, որքա՛ն մարդ ջարդած է, ինչպիսի՛ դամոկլեան սուրեր կը կախէ խաղաղութեան գլխուն վերեւ, խաղաղութիւն կը հետապնդեմ ըսելով (ականջը խօսի Փանջունիին)` խաղաղութեան քանի՛ աղաւնի սպաննած է ու վճռած է շարունակել անոնց ջարդը:
Եթէ այս բոլորը աչքի առջեւ ունենանք, ա՛լ զարմանալու տեղ չի մնար: Աւելի՛ն. վաղը այս մրցանակին թեկնածու կրնան դառնալ` Ալիեւն ու Էրտողանը, անոր հովանաւորութիւնը վայելող ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավարները` Ապու Պաքըր Պաղտատին եւ զինակիցները, տակաւին` Պենիամին Նեթանիահուն ու իր խունթան, նաեւ ընդդիմադիրներէն շատեր, որոնք մրցակից են իր բռնարարքներուն ու ջարդարարի վարքագիծին… Ինչո՞վ ետ կը մնան Ճոն Պոլթընն ու Փոմփէոն… Չէ՞ որ այս ցանկը երկարողները ամէն օր խաղաղութեան աղաւնիները աղցանի կը վերածեն ու կը գինովնան… զիրար գովերգելով, իրարու կռնակ շփելով…
3 յունիս 2019